3.
ՄԱՌԱԽՈՒՂ
Նայ
շոգոլին
կապտորակ,
թեւատարած
կը
նստի
Աւաններուն
լըռանիստ`
նըւաղումին
մէջ
ոսկի.
Կարծես
ծուխ
մը
հողն
անդուլ
դուրս
կու
տայ
իմ
ծերպերէն:
Ու
կը
խայթէ
իմ
հոգիս
պարապն
այս
հոծ
կապոյտին,
Բիլ
պատմուճան
լուսաթել`
որուն
փախեր
է
կոյսն
հին:
Ու
մըշուշը
կը
լայննայ,
ու
մըշուշը
կը
լենայ
Արտերուն
մէջ`
ուր
խարտեաշ
խուրձերն
ինկան
գիրկ
գրկի: