23.
ՀՈՎԸ
Ալիքներուն
վրայ
ոստոստող
հովն
ըլլայի,
Ու
ջուրերուն
խուլ
մըռունջին
մէջ
ամայի`
Ձկնորսներու
ականջն
ի
վար
փսփըսայի
Սիրուած
երգեր,
քաղցրութիւնով
օծուն
բառեր:
Հովն
ըլլայի
կատարներուն
վրայ
պարանցիկ,
Ու
ձիւնին
մէջ
սառող
մարդուն
համար
լայի.
Հովն
ըլլայի`
հողվրտիքին
մէջ
երգեցիկ`
Ու
ծըծէի
տակաւ
գաղտնիքն
ես
Անդիի:
Ձըմեռներուն
ես
ամպավար
հովն
ըլլայի,
Եւ
անճըրագ
խուղերու
ճիչն
հորձքիս
ձուլած,
Անցորդներու
հոգւոյն
վըրայ
փշրըւէի
Իբրեւ
ալիք:
Ու
տանէի
հոն
կոծն
ու
լաց
Տըղաբերին,
որ
հողին
վրայ
կը
գալարի
Եւ
անսըւաղ
մանուկներուն,
ու
գրկաբաց
Մատաղատի,
որդեկորոյս
մօրն
ալ`
որուն
Տարիքին
բոցն
հոգւոյն
մուխին
մէջ
կը
մարի…