Ա
Տէր
փառաւորեաց
զհայր
’ի
վերայ
ծննդոց,
եւ
զիրաւունս
մօր
հաստատեաց
’ի
վերայ
որդւոյ։
ՍԻՐԱՔ
1.
ՏԱՐՒՈՅՆ
ծաղկանց
ամսոյն
մէջ՝
գեղեցիկ
օր
մը
գեղեցիկ
ժամ
մը,
որ
կապուտ
երկինք՝
կարմրիկ
ու
ճերմակ
ամպերով
ծիծաղին,
երկիրս
կակուղ
ու
խոնաւ
առաւօտուն
լոյսը
ու
ցօղիկը
ծծէ,
եւ
ծաղկըներն
թմրած
թերթերնին
բանան
արեւուն
դէմ,
եւ
անտառին
ծայրէն
ինչուան
ի
մարգագետին
կամաց
կամաց
երգով,
մայլելով,
արձագանգով
խօսին,
բլուրները
սկսին
իրենց
ըստուերն
տարածել,
երբ
զանազան
արարածոց
անուշիկ
ձայնն,
հոտն
ու
գոյնն,
մէկ
տեղ
խառնած՝
բնութեան
վրայ
տարածէ
զուարթութեան
հոգին.
ո՞վ
կրնայ
առանց
սիրտը
թունդ
ելլալու,
առանց
զմայլելու
տեսնալ
Աստուծոյ
ղրկած
գարունն։
Բայց
այդ
ծխացող
արտերուն
մէջ
ալ
ո՞վ
այնպէս
կըրնայ
զուարճանալ
ինչպես
տղայ
մը՝
որուն
հասակը,
զբօսանքն,
անմեղութիւնն
կարծես
թէ
կ’ըսեն
իրեն
թէ
ատ
գեղեցիկ
օրերն՝
քեզի
համար
են:
2․
Ալոզիոսի
սրբութեամբ
ծաղկած
տղայական
հասակն
ալ
այնպիսի
զուարճալի
տեսարան
մը
կ’ընծայէ
ամենուն,
բայց
աւելի
իրեն
հասակակցացն՝
որոնց
մասնաւոր
պաշտպան
ճանչցուած
է։
Աստուծոյ
ձեռքով
շինած
հայլի
մ’է
իր
վարքը,
ուր
ամէն
հասակի
ամէն
վիճակի
տէր
մարդ
ալ
կըրնայ
տեսնալ
անոր
պայծառութիւնը
եւ
իր
բիծերը։
Սակայն
աւելի
պիտի
ուրախանայ
տղայ
մը
յիշելով
թէ
իր
հասակին
մէջն
ալ
կըրնայ
եղեր
մէկը
այնպէս
Աստուծոյ
հաճոյ
եւ
մարդկանց
օրինակ
ըլլալ։
Անոր
համար
աս
սրբոյն
վարքը
ամէնուն
համար
ալ
գրած
ըլլալով,
մասնաւոր
քեզի
կ’ընծայեմ,
Գրիգորիկ,
որ
քու
վիճանիդ
պարտքերուն
մէջ
հիմըկուց
սկըսիս
կատարելութեան
ճամփան
կոխել,
քեզի
ընկեր
ունենալով
սուրբ
Ալոզիուսը։
3.
Աս
երջանիկ
տղուն
հայրն
էր
Մանդուայի
մէջ
Գասդիլիոն
ըսուած
տեղւոյն
Մարգէզն,
Ֆէրրանդէս
Գոնզակա
կամ
Գոնծակայ
անունով.
մայրն
ալ
Բիէմոնդէի
իշխանին
աղջիկն
էր,
անունը
Մարթա
Թանա․
որոնց
մեծ
մխիթարութիւն
պարգեւեց
Աստուած
զԱլոզիոսն։
Կը
գանգտին
շատ
ծնողք
իրենց
զաւակացը՝
անկրթութեան
վրայ,
կարծեմ
առանց
մտածելու
թէ
զանոնք
առջի
կրթողն
ո՞վ
պիտի
ըլլար․
ամէն
տղու
սիրտ
կակուղ
արտի
մը
կը
նմանի,
ինչ
հունտ
որ
ընկնի
վրան՝
շուտով
մը
կը
բուսցընէ,
թէ
աղէկ
եւ
թէ
գէշ:
4.
Աս
բանս
յաւ
մտածելով
Մարթա,
դեռ
մայր
չեղած
շատ
աղօթքով
եւ
պահքով
Աստուծոյ
եւ
սուրբ
Աստուածածնայ
եւ
կ’աղաչէր
ու
կ’ըսէր։
Թէ
որ
կ՚ուզէք
որ
ես
զաւկի
տէր
ըլլամ,
արքայութեան
արժանի
որդւոյ
մայր
ըրէք
զիս։
Անկէ
ետեւ
ալ
միշտ
աղաչանքէն
չիդադրելով՝
ծնաւ
1568ին
մարտի
9ին,
իր
անդրանիկ
զաւակը,
շատ
դժարութեամբ
աշխարհք
բերելով,
անանկ
որ
ծնանելու
ատեն՝
տղան
հիմակ
կը
մեռնի
ըսելով
մէկէն
մկրտեցին,
անունն
դրին
Ալոզիոյ
կամ
Լուիճի:
5․
Բայց
չմեռաւ
այն
օրհնեալ
զաւակն,
չմեռաւ
Ալոզիոս,
որ
Աստուծոյ
փառքը
պիտի
աւելցըներ
երկրիս
վրայ․
ամէն
ատեն
բարի
օրինակ
ըլլալով
եւ
մարդկանց
նախանձելի,
քեզի
ալ,
ո՜վ
Գրիգորիկ,
մասնաւոր
պաշտպան
պիտի
ըլլար։
Կարծեմ
թէ
ատ
մեռնելու
վտանգովն՝
Աստուած
միայն
ուզեց
ցըցընել՝
թէ
ան
սիրելի
հոգին
ծնած
ատենէն
ալ
կը
փափաքէր
իրեն
կանչելու․
կամ
թէ
ուզեց
որ
ատ
պատՃառով
տղան
ծնած
չիծնած
սրբըւի
Ադամայ
մեղքէն,
եւ
առջի
շունչին
հետ
սրբարար
շնորհքն
ծըծէ.
կենացը
առջի
վայրկենէն
’ի
վեր
արքայութեան
ժառանգ
ըլլայ։