Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ

Մինչեւ ’ի մահ ճգնեցէք

1. Վերջապէս՝ Ալոզիոսի փափաքին, ընկերներուն ալ սզոյ դուռը բացուեցաւ․ ինքն ալ պըլըշտըկեցաւ ան հիւանդութենէն, ու ուրիշ տեղ մը դրուեցաւ ուր թեթեւ հիւանդները կը հոգային, հոն անկողին ընկաւ մարտի իրեքին 1591ին. որոնք որ լսեր էին Ալոզիոսի եղած յայտնութիւնը մահուանը վրայօք Միլանի մէջ` իմացան թէ քիչ ատենէն պիտի կորսընցընեն իրենց գանձը ու սրտերնին կոտրեցաւ։ Իսկ Ալոզիոս անանկ անպատում ուրախութիւն կ’իմանար երբոր մահը կը յիշէր՝ որ վախնալով թէ չափէ դուրս կ’ըլլայ խոստովանահօրը յայտնեց ու մխիթարուեցաւ, երբոր լսեց թէ Աստուծոյ համար մահուան փափաքիլը՝ աղէկ բան է, միայն թէ Աստուծոյ յանձնելու է։ 

2. Անկէ վերջը՝ ալ իր մահուանը վրայ կը խօսէր, ինչպէս թէ յայտնի գիտցած ըլլար իր մահուան օրը ու արքայութիւն երթալը: Քանի որ կը մտածէր թէ ան հիւանդութիւնն Աստուծոյ ու ընկերին սիրոյն համար եկաւ վրան, չէր կըշտանար ուրախութենէն, մանաւանդ երբոր շաբաթ մը վերջը ծանրացաւ խընդրեց՝ սրբութիւն առաւ իբրեւ վերջին թոշակ` վերջին օծումն ալ առաւ ու քահանային աղօթքին ինքը պատասխան կու տար։ Ան ատենը Աստուծմէ շարժեալ վկայեց ամենուն առջին՝ թէ ոչ երբէք եղեր է որ բանի մը մէջ իմ կամքիս հետեւած ըլլամ, միշտ մեծաւորին ձեռքով Աստուծոյ կամացը հնազանդ եղայ: Աս լսելով ամէնքը սկսան փառք տալ Աստուծոյ, ուրախ ու կոտրած արտով մը։

3. Բայց դուն տես թէ զԱստուած սիրելը ու իր անձը ատելը ուր կը հասնի, այն ատենը՝ որ ամէնքն Ալոզիոսէ զրկուելուն համար տրտմեր էին՝ անիկայ մեծաւորը տեսաւ․ Խնդրեմ, ըսաւ, աս շնորհքն ալ ըրէ, հրաման տուր որ վերջին անգամ մ’ալ ծեծուիմ։   Որդեակ, ըսաւ Հայրը զարմանալով, քու տկարութիւնդ թող չի տար որ ատիկա ընես․ Գոնէ ուրիշ մը զիս խարազանէ։ Քանի որ ատ վիճակիդ մէջ ես, ըսաւ մեծաւորն՝ սիրտը ելած, ուժդ չի տանիր: Ա՜խ, գոնէ, ըսաւ Ալոզիոս, Յիսուսի խաչին սիրուն համար զիս գետնի վրայ դրէք, որ հոն մեռնիմ»։ Ամէնքը ապշած սկսան բարձր ձայնով լալ։

4. Այն օրը որ հիւանդութեան եօթներորդ օրն էր՝ իր 23 տարին լմնցուց ու կեանքն ալ լմնցընելու վրայ էր, ինչպէս որ կը կարծէին տեսնողներն, ու անոր համար ալ գրեցին ընտանեացը, որ Գասդիլիոնի մէջ հոգւոյն համար պատարագներ զուրցել տուին: Բայց ինչպէս սիրելի ճամբորդ մը՝ որ լեռներու մէջէն կ’երթայ, դու  վերէն կը նայիս մինչեւ որ աչքէդ կը կորսուի եւ ա՛լ կը յուսահատիս  տեսնալէն, մէկ մ’ալ յանկարծ բլրի մը ետեւէն վերջի անգամ մ’ալ կ’երեւնայ քանի որ բոլորովին չէ հեռացած․ կամ ինչպէս թէ արեւը որ մտնալու մօտ ամպի տակէն մէկ մ’ալ կ’երեւայ քանի որ մտած չէ, այսպէս եղաւ Ալազիոսի։

5․ Աստուած իրեն ավելի փառք պատրաստելու կամ մարդկանց աւելի բարի օրինակ թողլու, կամ ընկերաց սիրտը անոր մահուան համար մխիթարելու համար, որ վերջը շատ չի տրտմին, մէկ քանի ամիս ալ երկնցուց անոր կեանքը, թեթեւ ջերմ մը միայն թողլով ’ի նշան մահուն ու արքայութեան։ Ալոզիոս գրեց մօրը թէ Աստուած դեռ չէր ուզած որ մեռնիմ. բայց ժամանակը մօտ է, առողջութիւնս Քրիստոսի ձեռքով երկինքը գըտնամ:

6․ Հիւանդութիւն քաշելն ալ առաքինութիւն է, բայց հիւանդութեան մէջ մահացուցումն ընելը երկու առաքինութիւն է։ Ալոզիոս քիչ մը վրայ գալով, տեսաւ որ անկողնին վրայ ծածկոց մը դրեր են, խնդրեց որ վերցընեն. անոնք ըսին թէ ան քեզի համար չենք շինած ուրիշի ալ կը գործածենք, անատենը լռեց. մէկ լեղի ու զըզուելի դեղ մը տուին, որ ուրիշ հիւանդ մը՝ մէկէն խմեց որ համը չառնէ. Ալոզիոս կամաւ պուտ պուտ կը խմէր անուշ ջրի պէս, Քրիստոսի լեղի խմելէն վերջը ինքն ամենեւին անուշ բան մը չէր ուզեր։

7. Լսեց որ Հռովմ ժանտամահի կասկած կայ, սիրտը եփ ելաւ թէ արդեօք ատոնց ալ պիտի կարենամ օգնել. երբոր մեծաւորը հիւանդանոցը եկաւ՝ Ալոզիոս աղաչեց ու ուխտ ալ ըրաւ որ եթէ առողջանայ՝ ինքն ալ հիւանդաց ծառայէ։ Ինքը՝ վիրաւորած ուրիշ վիրաւորներ փնտռելու ելեր էր: Հռովմ երկու կարդինալ կային Ալոզիոսի ազգական՝ ասոնք շատ հեղ զինքը տեսնալու կու գային, ու քանի որ հետը խօսինք՝ սրտերնէս հոգեւոր մխիթարութիւն կ’իմանանք, կ’ըսէին։

8. Գորպինելլի անունով ծեր պատուական քահանայ մը Ալոզիոսի շատ սիրելի, հիւանդ ըլլալով աղաչեց հիւանդապահին որ մէյմը բերէ զինքը. երբոր բերին Ալոզիոսը՝ քահանայն՝ ուրախութենէն ցաւը մոռցած, սիրելի որդեակ, ըսաւ, խընդիրք մը ունիմ՝ կ’աղաչեմ չէ չըսես, եկու օրհնէ զիս, կանկ առաւ Ալոզիոս, ինծի կ’իյնայ որ քեզմէ օրհնուիմ, ըսաւ, հայր պատուական։ Բայց գտաւ վարպետ հնազանդութիւն մը, որ խոնարհութեան տակ չի մնայ՝ իր երեսը խաչ հանեց ու ըսաւ․ Աստուած օրհնէ երկուքնիս ալ, ու օրհնած ջուրը ցանեց քահանային վրայ:

9. Այս պատուական ծերը մեռնելու իրիկունը երկու անգամ քունի մէջ երեւցաւ Ալոզիոսի ու աղօթք խնդրեց, Ալոզիոս երազ կարծելով քնացաւ, երրորդ անգամ երեւցաւ, վտանգի մէջ եմ ինձի օգնէ, ըսաւ։ Ան ատենը հասկըցաւ որ երազ չէ, ելաւ իր պարտքը ըրաւ, եւ իրաւ ան միջոցին քահանայն հոգեվարք էր. մեռնելէն վերջը Պելարմինոս հարցուց Ալոզիոսի՝ թէ քահանայն ո՞ւր կը կարծես․ Քաւարանէն անցած է, ըսաւ Ալոզիոս․ յայտնի է որ աս ալ տեսիլքով գիտցեր էր։ Իսկ ինքն երբոր ուրիշները կ’ըսէին թէ աղօթք ըրէ որ Աստուած զքեզ մեզի թողու, աս կ’ըսէր. Ցանկամ ելանել ’ի մարմնոյ աստի եւ մտանել առ Աստուած։ Իրաւ որ անանկ սրտի մը մը որուն երկինք կը փափագէին, ամէն մէկ երկրի վրայ անցուցած: վայրկեանը՝ մէյմէկ գերութիւն էր։