Ե
Իմաստութիւն
գովեսցէ
զանձն
իւր
ՍԻՐԱՔ
1․
Ալոզիոս
պզտիկուցմէ
'ի
վեր
սիրտը
Աստուծոյ
տուեր
էր.
բայց
իրեն
պատշաճ
ուսմունքները
սորվելու
անհոգութիւն
չըրաւ,
վասն
զի
ուսման
լոյսն
ալ
մարդուս
հոգին
լուսաւորելու
գործիք
մ'է,
չի
կարծէք
թէ
ուսմունքը
Աստուծոյ
ծառայութեան
արգելք
կըլլայ,
ուր
որ
հարկաւոր
է։
Միլան
փիլիսոփայութիւն
սորված
ատենը՝
ընկերներուն
ամէնքն
ալ
անցուց․
ասանկ
ալ
վանքին
մէջ
իր
ջերմեռանդութիւնը
արգելք
չեղաւ
հնազանդութեանը,
բայց
ինքը
որ
ամէն
բանի
մէջ
առաքինութիւն
կը
փնտռէր,
կ’ուզէր
որ
ուսմունք
սորվի,
բայց
շատգէտ
չերեւայ,
անոր
համար
շատ
հեղ
մոռնալ
կամ
չգիտնալ
կը
ցըցընէր,
ինչպէս
ինքը
յայտնեց
մեծաւորին,
որ
վրան
զարմանալով
ապսպրեց
որ
անկէ
վերջը
գիտցածը
շտկէ
շիտակ
ըսէ.
ինքն
ալ
այնպէս
ըրաւ:
2.
Քիչ
ատենէն
աստուածաբանութիւն
սկսաւ
սորվիլ
նոյն
ջանքով:
3.
Երբոր
իրեն
բան
մը
հարցըւէր՝
համեստութեամբ
առանց
բան
ծախելու
պատասխան
կու
տար
է
ամենեւին
իր
կարծիքը
չէր
ուզեր
առաջ
տանիլ․
անանկ
կը
խօսէր՝
որ
ամէնքը
կը
զմայլէին
աւելի
իր
կերպին
քան
թէ
գիտցածին
վրայ․
շատերը
միայն
կու
գային
իր
խօսիլը
լսելու
ու
կը
շահուէին
իր
առաքինի
կերպէն.
ասով
յայտնի
ըրաւ
թէ
հոգի
վաստըկելու
համար
հրաշագործութիւն
պէտք
չէ,
առաքինութեամբ
շարժիլ
ու
խօսելն
ալ
է
կ’օգտէ։
Վանքին
մէջ
երկու
հարիւր
հոգի
կային,
ամէնքն
ալ
բարի
օրինակ
կ’առնուին
Ալոզիոսէ։
Մեղուն
միշտ
մեղր
կը
շինէ,.
սուրբն
ալ
միշտ
բարի
գործք։