Յ
Ա
Ւ
Ե
Լ
Ո
Ւ
Ա
Ծ
ԳՐՔՈՒԿԻՍ
առաջաբան
չի
գտնալով,
թերեւս
հետաքնին
ընթերցող
մը
ուզէ
իմանալ՝
թէ
ո՞վ
եւ
ինչո՞ւ
գրած
է․
եւ
այսպիսի
ժամանակ
մը`
յորում՝
կրօնական
խնդրոց
մէջ
օտարազգի
եկեղեցեաց
վրայ
ալ
խօսք
կ’ըլլայ,
արդեօք
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ
ըսէ,
այս
օտար
եւ
շատոնց
անծանօթ
մանուկ
սրբոյ
մը
վարքն
ընծայել
մեր
եկեղեցւոյն
մանկանց։
Ուրիշ
մ’ալ
թերեւս
արժանապէս
զարմանալով
եւ
սիրելով
զայն՝
որուն
վարքն
կարդաց,
փափագի
կամ
ախորժի`
անոր
վրայ
աւելի
եւ
նոր
տեղեկութիւններ
առնուլ։
Երկուքին
միտքն
ալ
հանգչեցընելու
համար
է
այս
Յաւելուածս,
եւ
այսպէս
կոչուած՝
վասն
զի
բուն
վարքն
շատ
տարի
առաջ
զրուած
էր:
Այս
սուրբս
Ալոզիոս
կամ
Ալոյիսոս՝
լատին
եկեղեցւոյ
ամենէն
աւելի
հռչակած
եւ
սիրելի
սրբոց
մեկն
է,
եւ
բոլոր
մարդկային
ազգիս
մէջ
գերմարդկային
անձանց
մէկն.
որ
եւ
տղայական
հասակի
մէջ
սրբազան
վարքով
կատարուելով՝
մասնաւոր
պաշտպան
սեպուած
է
մանկութեան
եւ
մաքրութեան
վարուց։
Գրեթէ
ամէն
ուղղափառ
եկեղեցիք
արեւմտից
մեծահանդէս
կը
տօնեն
եւ
կը
յարգեն
այս
սուրբս,
բազմօրեայ
նախապատրաստութեամբ
եւ
նախատօնակօք.
եւ
բուն
տօնին
օրն՝
որ
է
յունիսի
21,
ամէն
մէկ
ժողովրդապետական
եկեղեցեաց
մանկունք
թափօրապէս
կ’երթան
յեկեղեցի
ի
պատիւ
իրենց
հասակակից
սրբոյն,
կը
հաղորդուին
աստուածային
խորհրդոց,
եւ
եկեղեցական
պաշտամանց
կատարելէն
ետեւ,
իրենց
դպրոցներուն
մէջ
ալ
կը
պատուեն
իրենց
պաշտպանը՝
ներբողներով
եւ
երգերով։
Յիրաւի
մեզի
կատարելութեան
կենաց
նախօրինակ
եւ
գաղափար
են՝
Քրիստոսի
Փրկչին
մերոյ
եւ
իրեն
ընտրեալ
առաքելոց
եւ
անոնց
հետեւող
հայրապետաց
եւ
վկայից
եւ
ճգնաւորաց
վարքն,
բայց
տղայ
հասակի
դիմաց՝
անոնք
բարձր
կամ՝
հեռու
բաներ
կ’երեւան.
իրենց
համար՝
դիւրաւ
հասկանալի,
եթէ
չըսեմ՝
ալ
դիւրաւ
հասանելի,
օրինակ
մը՝
աւելի
երենց
հասակէն
տալն
յարմար
եւ
օգտակար
է.
անոր
համար
արեւմտեայք՝
որոնց
եկեղեցին
այսպիսի
դեռահասակ
սրբութիւններով
ալ
զարդարուած
է,
զայս
սուրբս՝
իբրեւ
ամենածաղիկ
օրինակ
մը
կ’ընծայեն
իրենց
մանկանց․
որոնք
այն
հասակին
վտանգաւոր
շարժմանց
մէջ՝
այսպիսի
հեզ
եւ
քաղցր
կառավար
մը
կամ
խրատող
մը
ունենալով,
յօժարութեամբ
եւ
սիրով
կը
լսեն
խղճի
ազդմանց,
եւ
հասակին
հետ՝
սրբոյն
սէրն
ալ
աճեցընելով՝
բոլոր
կենաց
ալ
բարեխօս
եւ
պաշտպան
կը
բռնեն
ըզնոյն,
եւ
ջերմեռանդն
հանդիսիւ
կը
կատարեն
անոր
յիշատակն։
Որուն
շատ
հեղ
ականատես
ալ
եղած
է
գրողս,
եւ
տեսած
ծեր
հասակներ
ալ
եւ
սրբազան
կարգի
անձինք
ալ՝
որ
մանկական
պարզութեամբ,
այլ
իմաստուն
մտօք՝
այս
մանկահասակ
սրբոյս
պաշտօնատար
էին,
եւ
մեծ
փափագով
անոր
մէկ
նշխարիկն
կամ
պատկերիկն
քովերնին
կը
պահէին։
Ո՜վ
կրնայ
տարակուսիկ՝
թէ
այսպիսի
ջերմեռանդութիւն
մը
իրեն
դիտած
նպատակին
շատ
յաջողութեամբ
կը
հասնի,
քան
ուրիշ
հնարքներով,
այսինքն
է,
տնկելու
ի
սիրտ
մանկութեան
սէր
եւ
ջանք
մաքուր
վարուց՝
Աստուծոյ
վախուն
եւ
սիրոյն,
եւ
զգուշանալու
ի
փորձութեանց՝
որով
լի
է
կեանքս
եւ
աշխարհքս,
սկսեալ
ամէն
մէկու
իր
անձէն:
Անոր
համար
ա՛լ
աւելի
պիտի
չտարակուսի՝
որ
այսպիսի
վարք
մը
հռչակելն՝
քաղաքականօրէն
ալ
եկեղեցականօրէն
ալ՝
մարդկութեան
պարծանք
եւ
օգուտ
պետք
է
սեպուի.
նախանձելի
ըլլայ
այն
ազգն
կամ
եկեղեցին
որ
զսա
կ’ընծայեցընէ
երկրի
եւ
երկնից,
նախանձաւոր
ըլլայ
այն
ալ՝
որ
իր
մեջ
ունեցած
չէ
կամ
յիշուած
չէ
այսպիսւոյ
մը
վարքը,
եւ
յօժարաբար
ընդունի՝
թէ
չէ
ուրիշ
կերպով,
գոնէ
իր
տղայոց
դաստիարակ
եւ
օրինակ
կարգելով
զանոր
վարքն։
Մեր
Հայոց
ազգն
ալ՝
զոր
իրաւամբ
կրնամք
ըսել
թէ
արեւելեայց
մէջ
առաջին
ծաղկած
ազգն
է
եկեղեցական
եւ
բարեպաշտական
հանդիսիւք,
եւ
թերեւս
առաւել
քան
զայլս՝
խոհական
ընտրութեամբ
ընդունած
է
ընդհանուր
եկեղեցւոյ
կարգեր,
եւ
աւելի
ծանօթ
է
արեւմտեայ
եկեղեցւոյ,
ուր
ալ
որ
աւելի
մերձաւոր
գտուեր
է
անոր՝
այս
սուրբիս
ծանօթութիւնն
եւ
պատիւն
ալ
ընդունած
է.
եւ
արդէն
ի
պատիւ
նորա
հայերէն
աղօթքներ,
գովեստներ
եւ
պատկերներ
տպուած
են։
Սակայն
տղայական
հասակի
յարմար
ծանօթութիւն
մը
դեռ
տրուած
չէր,
կը
կարծեմք,
սրբոյս
վրայօք.
ասոր
համար
փափագեցի
եւ
գրեցի
այս
Գրքոյկս՝
ազգային
տղայոց
կրթութեան
վերակեցու
դրուած
ատենս,
եւ
անուանեցի
Նմանութիւն
Ս.
Ալոզիոսի,
նուիրելով
մանկանց
Հայոց,
զորոնք
Գրիգորիկ
անուամբ
կ’իմանայի,
եւ
հիմայ
զնոյն
ի
լոյս
տալով
տպագրութեամբ,
կը
յուսամ՝
որ
գոնէ
ասոր
ընթերցմամբ
այնչափ
օգուտ
ելլէ՝
որ
այն
դժուարին
պաշտամանս
թերութիւնն
բաւականանայ
ծածկելու.
իսկ
աւելին՝
ի
շնորհս
Աստուծոյ,
եւ
ի
վայելս
սիրելի
ազգիս,
որուն
ծայրագոյն
օգուտն
մտածելով՝
աւելի
երախտիք
մը
կը
սեպեմ՝
իրեն`
օտար
մը,
բայց
այսպիսի
սրբազան
օտար
մը`
ծանօթացընելն,
քան
իրմէն
եւ
իրմէ
մոռցուած
դիւցազնագործ
Տիգրան
մը
եւ
Սմբատ
մը։
Եւ
եթէ
մէկն
աշխարհիս
պաղ
պաղ՝
կամ՝
հայրենեաց
տաք
տաք
հովերովն
ծեծուած՝
ծիծաղի
ըսածիս
վրայ,
ներէ՝
ինծի՝
որ
ես
ալ
անխռով
ժպտիմ
իր
վրայ։
Դառնանք
հիմայ
Սրբոյն
եւ
մեզի
հանդիպածին
վրայ։
Ս․
Ալոզիոսի
նմանութիւնն
գրելէս
տասը
տարի
ետեւ՝
համառօտ
ժամանակ
մը
Հռովմ
գտուած
ատենս՝այց
ելայ
այն
վանքին՝
ուր
որ
Սուրբը
իր
կենաց
ետքի
տարիներն
անցուցեր
եւ
աւանդեր
էր.
իր
վարուցը
հետ՝
փափագելի
էր
ինծի
ընծայել
սիրողաց
նաեւ
իր
նշխարքներէն.
բայց
գրեթէ
սփռեր
հատեր
էին
ասոնք,
մնացածն
ալ
ամփոփուած
է
Ս.
Իգնատիոս
եկեղեցւոյն
մէջ,
եւ
ալ
չեն
տար
ուրիշի,
միայն
մարմնոյն
փայտէ
տապանը
կամ
գերեզմանը
կայ
երկաթէ
վանդակով
պատած
եւ
պահած
եկեղեցւոյ
մէջ։
Իսկ
իր
մատուռն՝
Հռովմայական
ըսուած
վարժարանին
մէջ,
ուր
որ
ապրեր
էր
սուրբն,
եւ
փափագելի
ուխտատեղի
է
իր
կրօնակցաց
եւ
բարեպաշտից,
իմ
գտուած
ատենս՝
կիսաւեր
էր,
Հռովմայ
1848ի
խռովութեան
ժամանակէն.
պատարագի
սեղանն
ալ
վերցուած,
որով
ուխտաւորաց
փափագն
կիսակարօտ
կը
մնար։
Յաջորդ
տարին
աւելի
բաղդաւոր
եղայ,
գտուելով
բուն
սրբոյն
Հայրենիքն,
եւ
իր
տղայական
հասակին
եւ
սրբութեան
հանդիսարանն,
որ
է
Գասդիլիոնէ
տելլէ
Սդիվիերէ
ըսուած
քաղաքիկը,
Մանդուա
քաղքէն
չորս
ժամ
հեռու։
Բոլոր
սահմանները
դեռ
սրբոյն
անուամբն
եւ
յիշատակաւն
կը
հնչէին,
բայց
բնութիւն
եւ
սրբութիւն
կարծես
թէ
իրարու
հետ
կը
կռուէին,
վասն
զի
ժամանակն
որ
երբեմն
ուշ
երբեմն
շուտ՝
կ’ախորժի
մարդկանց
յիշատակները
ջնջելու,
հոս
ալ
իր
աւերածու
ձեռքովը
խաղցեր
էր.
աշխարհային
յիշատակարաններ՝
գետին
ընկած
էին,
սրբութեան
յիշատակն
կանգուն
էր
անոնց
մէջ
եւ
վրան։
Գոնզակեան
իշխանազանց
հարուստ
պալատը
տեսայ
բոլորովին
աւերակ
ամայի
երեսի
վրայ
ընկած,
հազիւ
քանի
մը
աշտարակ
եւ
պատ
կիսականգուն
մնացեր
էին,
վկայ
մարդկային
ունայնութեան,
որոնց
մէջ
չի
կրցայ
գտնել
այն
սենեակն՝
ուր
որ
Ս․
Ալոզիոս
ծնած
էր՝
ասկէ
եւ
ոչ
300
տարի
առաջ․
եւ
իմացայ,
որ
մարդուս
յիշատակարանը
(թէ
որ
ունի
երկրիս
վրայ)
իր
մահարձանն
է՝
եւ
ոչ
թե
խանձարուրքն։
Պալատին
դրսի
եկեղեցին
ալ՝
որ
կը
կոչուէր
Ս․
Սեբաստիանոս
եւ
Ս.
Եւփրոսինէ,
եւ
միայն
կանգուն
մնացեր
էր,
այն
ալ
իմ
այցելութենէս
իրեք
տարի
առաջ,
(1848ին)
կայծակէ
զարնուած՝
մերկ
ամայի
մնացեր
էր․
եւ
ինչպես
լսեցի՝
եկեղեցւոյն
մէջէն
400
հոգի
դուրս
ելլալէն
ժամիկ
մը
ետեւ՝
ինջած
էր
ամպոց
կրակը,
որուն
անկոխ
ճամբան
դեռ
ճաթըռտած
պատերուն
վրայ
կ’երեւար:
-
Այս
աւերակէն
ալ
ելլելով՝
ուրիշ
աւերակ
տեղ
մը
մտայ,
որ
է
այն
Ֆրանչիսկեան
կրօնաւորաց
վանքն,
որ
Ս․
Ալոզիոս
քանի
մը
օր
կեցեր
էր՝
իր
հօրմէն
հեռանալով.
այս
վանքս
ալ,
իր
եօթնախորան
մեծ
եկեղեցին
ալ՝
գրեթէ
բոլոր
աւերակ
եւ
երեսէ
թողած
էր,
բայց
այն
աւերակ
բնակարանին
եւ
պատերուն
մէջ,
որոնց
մէջէն
աղբիւր
մը
մօտիկ
լեռներէն
ինջած՝
տընտընալով
կ’անցնէր,
մէկ
սենեակ
մը
միայն
անաւեր
մնացեր
էր․
սենեակ
մը
պզտիկ,
պարզ,
մէջը
խորանիկ
մը
եւ
քանի
մը
պատկեր․
դրսուանց
դռանը
վերեւ
մարմարիոն
քարի
վրայ
այսպէս
գրած
է
լատիներէն.
«Այս
սենեակն
է
ուր
սուրբն
Ալոզիոս
Գոնզակա՝
զինքն
հօրմէն
վռընտուած
սեպելով,
մարմինը
խարազանով
ձաղկելով
եւաղոթքի
ընկած՝
քանի
մը
օր
անարատ
սրբութեամբ
բնակեցաւ,
յամի
տեառն
1584»։
Այս
պարզ
սենեկին
պարզագոյն
եւս
եւ
սուրբ
յիշատակը՝շուտով
մոռցուց
քովի
եւ
առջի
աւերակաց
տըխրութիւնը,
եւ
աւելի
փափագ
կը
բերէր՝
զինքը
միշտ
անաւեր
տեսնելու,
քան
զանոնք
կանգնելու։
—
Այս
վանքին
քանդեալ
եկեղեցւոյն
մէջ
նախ
թաղուեր
է
սրբոյն
երջանիկ
մայրը
Մ․
Թանա,
զոր
հիմայ
թաղուած
գտայ
քաղքին
մայր
եկեղեցւոյն
մէջ,
ուր
որ
իր
սուրբ
որդւոյն
մէկ
պզտի
նշխարն
ալ
կը
պահուի։
Բայց
Ալոզիոսի
ամենէն
ցանկալի
նշխարն
պահուած
էր
բուն
իրեն
նուիրուած
Սան-Լուիճի
եկեղեցւոյն
մէջ,
զոր
իր
հարազատ
եղբայրն
Ռոտոլփոս
եւ
իր
ազգականներն
շինած
եւ
յետինք
զարդարած
են․
բեմը
եւ
աւագ
խորանը
որ
իրեն
նուիրուած
է՝
շատ
գեղեցիկ
եւ
թանկ
քարերով
շինուած
է.
ձեղունն
ալ
նկարակերպ՝
սրբոյն
վարուց
պատկերներով․
որուն
չորս
անկիւնը
չորս
պատկեր
կայ,
մէկն
սրբոյն
ծնունդը
նկարած,
երկրորդն
իր
առաջին
հաղորդութիւնն,
երրորդն՝
հօրմէն
եւ
յաշխարհէ
հրաժարիլն,
չորրորդն՝
ի
կրօնք
մտնելն
եւ
Յիսուսեանց
մեծաւորէն
ընդունուիլն:
Խորանին
ետին
ազնիւ
տապանակի
մէջ
պահուած
է
սրբոյն
աստուածախոհ
եւ
մաքրամիտ
գլուխը,
զոր
եւ
բանալով
շնորհեցին
ի
յարգութիւն
եւ
ի
համբոյր
փափագողիս․
պզտի
գանկ
մըն
էր,
բարակ
ոսկորներով,
որուն
մէջ
23
տարի
բնակեցաւ
այն
քիչ
հոգիներէն
մէկն՝
որ
երկրիս
վրայ
երկնայնոյ
մը
պէս
անարատութեամբ
ապրեցան,
չըզգալով
ախտաւոր
եւ
թանձր
կրքեր:
․․․
Նոյն
եկեղեցւոյն
մէջ
զանազան
խորանաց
մէջ
պահուած
տեսայ
ապակիէ
փեղկի
ներքեւ
իրեք
կուսանաց
մարմիններ,
որ
էին
իրեք
քորք
դստերք
Ռոտոլփոսի
եղբօր
Ս.
Ալոզիոսի,
Չինցիա,
Օլիմբիա
եւ
Կրիտոնիա․
որոնք
իրենց
հօրեղբորը
սրբակենցաղ
վարուցը
հետեւելով՝
քան
թէ
իրենց
հօրը
մեծութեանն,
աշխարհքիս
փառքէն
եւ
իշխանազանց
առագաստներէն
հրաժարած՝
ճգնասուն
կեանք
անցուցեր
եւ
սրբութեամբ
մեռեր
էին,
եւ
մարմիննին
ինչուան
հիմա
ամբողջ
անփուտ
չորցած
մնացած
է,
եւ
յարգելի
ըսուած
երջանիկ
հանգուցելոց
դասէն
են:
Ասոնք
մեկ
ընկերութիւն
մը
հաստատուած
են
Վարժարան
Կուսանաց
Յիսուսի
ըսուած,
Collegio
delle
Vergini
di
Gesù,
որ
ինչուան
հիմայ
կայ՝
այն
եկեղեցւոյն
մօտ,
եւ
մէջը
ազնուական
կուսանք
կան
պարզ
ուխտով
եւ
առանց
արգելանի,
որոնք
աղջկանց
դաստիարակութեան
կը
պարապին,
եւ
մասնաւոր
կերպով
մը
պաշտօնատար
են
Ս․
Ալոզիոսի,
որուն
զանազան
յիշատակներն
ալ
կը
պահեն,
ինչ
պէս
են՝
մէկ
ակռայն,
անկողնին
փայտերը՝
մեծամեծ
ապակիէ
տուփերու
մէջ
առած
եւ
եպիսկոպոսական
կնքով
կնքած,
որուն
մանր
կտորներն
ալ
փայտէ
խաչերու
մէջ
անցուցած՝
կը
բաշխեն
փափագողաց.
մէկ
նամակ
մը
սրբոյն
ձեռագիրն՝
իր
եղբօրը
գրած
է
Միլան.
խաչ
մը՝
որուն
դիմաց
ինքն
ալ
իր
հայրն
ալ
շատ
հեղ
աղօթեր
են,
իր
իսկական
պատկերը՝
կրօնաւորութեանն
ատեն
նկարած,
նաեւ
իր
տղայութեան
դէմքն,
նոյնպէս
եւ
իր
ծնողաց
եւ
եղբօրն
եւ
անոր
դստերաց
պատկերներն,
ամէնն
ալ
անոնց
ատեն
նկարուած։
Այս
յիշուած
անձանց
մէջ՝
միայն
Ռոտոլփոսին
յիշատակը
տխրարար
էր.
վասն
զի
յետ
հաշտուելու
Մանդուայի
դքսին
հետ՝
եղբօրը
հնարքով,
ինչպէս
որ
պատմուած
է
պատմութեան
մէջ
(82)
չէ՛
կըրցեր
իր
հարստութիւնը
եւ
փառքն
վայելել․
դարձեալ
թշնամիներն
ետեւէն
ընկեր
են.
դժբաղդ
իշխանն
փախչելով՝
ամենէն
ամուր
տեղ
իր
մօրը
գիրկը
գտեր
է,
եւ
տղու
մը
պէս
հոն
ապաւիներ,
բայց
հոն
ալ
սպանուեր
է։
Զարմանալի
եւ
ահաւո՜ր
դիպուած.
ազնուագութ
մայր
մը,
երկու
որդւոցը
մէկուն
ոսկորները
կը
գրկէ
եւ
կը
համբուրէ
իբրեւ
սրբոյ
նշխարք,
մէկալը՝
աւազակի
պէս
իր
գիրկը
սպանուած
կը
տեսնէ,
եւ
արիւնլուայ
կ’ըլլայ
ծոցը,
ուր
որ
անոր
շունչ
եւ
սնունդ
տուեր
էր։
Այս
երկու
եղբարցմէ
ո՞րն
է
երջանիկ․
բաղդը
ո՞ւր
կը
տանի
․․․
Այս
հարցմանս
պատասխանը
ընթերցողաց
թողլով,
քանի
մը
քերդուածներ
ալ
դնեմք
հոս,
որ
զանազան
ատեն
ի
պատիւ
նոյն
սրբոյն
գրուած
էր,
մասամբ
ի
զբօսանս
անոնց՝
որոնց
համար
որ
վարքն
ալ
գրուեցաւ։
ՅԱՂԹԱՆԱԿ
ՍՐԲՈՅՆ
ԱԼՈՅԻՍԵԱՅ
ՀՐԵՇՏԱԿՔ
Ի
սկիզբն
երգոց
առէք
նըւագ
յաղթական:
Տէ՛ր,
ո՞վ
կացցէ
ի
խորանիգ
սրբութեան:
ԶՈՒԱՐԹՈՒՆՔ
Որոյ
անաղտ
է
սըրբութեց
պատուհան,
Հայելի
ջինջ
սըրտին.
Որոյ
ամբիծ
վառի
մարմին
կուսական
Ի
Ճաճանչս
Անմահին։
ՀՐԵՇՏԱԿՔ
Ոյր
ի
բարձունս
բիրք
երկնապիշք
Լուծանէին
յաղու
աւիշկ.
Աղցաւորաց
դեղ
խաբուսիկ
Ըզնա
չեգիտ
փառատենչիկ․
Յաւերժական
յուխտ
երդմնակուռ՝
Ելս
եդ
թեւել
յովտէն
տըխուր։
ԶՈՒԱՐԹՈԻՆՔ
Սուրբ
է
վեհին
տաղաւար,
Եթերաճեմն
աղաւնեաց
հեշտ
դադար․
Աստղաճաճանչ
ծիրանի
Ի
լերին
Տեառն
եւ
ի
բըլեր
կընգրըկի։
ԱԼՈՅԻՍՈՍ
Փըրկիչ
իմ
Տէր,
սիրող
սըրտից
մաքրութեան,
Հիւծիմ
սիրովդ
եւ
անձկակարօտ․
Տապիմ
տըռփիւ
մըտից
յարկիդ
հանգտստեան,
Զոյր
ըզգաւիթ
դիտեմս
աղօտ։
Քանզի
ճնճղուկ
եգիտ
իւր
բոյն
վարանաց,
Եւ
տատրակին
տըւաւ
տընակ․
Եղունք
վայրիք
ի
զով
ակունս
աղբերաց
Շիջուցանեն
զիւրեանց
պապակ։
Անձն
իմ
խոջեալ՝
ըզկազդուրիչն
հովանի
Ըղձայ
զերկնից
հովանոցաց․
Ծարաւահիւծ
հարցանէ
զուխ
Սիովնի
Ի
տապ
երկրի
խորշակագնաց։
ՀՐԵՇՏԱԿՔ
Գայցէ
ի
յարկս
իւր
սիրելին
Յաւիտենից
կազմեալ
նըմին․
Գայցէ
զուարթունըն
մահացուած
Ալոյիսոս՝
զոյգ
հրեշտակաց։
ԱԼՈՅԻՍՈՍ
Տաժանակիր
հոգւոյս
ընկեր
Յօրհասական
զոփայ
յեբեր․
Այլ
սիրտս
արթուն
առաւօտէ
Ուր
անձկալի
փրկիչ
իմ
է։
ՊԱՀԱՊԱՆ
ՀՐԵՇՏԱԿ
Երկնաչու
շաւղաց
ընթացք
սիրաճեմ
Թեթեւք
են
թեթեւք
թափանց
եւ
վսեմ․
Ալոսեակ,
մերկեա՛
զթեւս
քո
հողեալ,
Եւ
ազատ
ճեմիմք
յօդըս
սըրբափայլ։
ՀՈԳԻՆ
ԱԼՈՅԻՍԵԱՅ
Երկրաւորուղւոյն
Ընկեր
անբաժան,
Քեզ
յաւերժ
ողջոյն,
Ճըգնասուն
իրան․
Աչք
իմ
ցօղախիտ
Զըղջութեան
ի
լաց,
Խըցեք
արդ
զաղիդ
Ուղխ
Աղբերակաց․
Փըրկչին
օրհներգու
Բերան
սըրբասէր,
Դադարեաց
եւ
դու
Շուրթն
իմ
աղօթկեր․
Խոնջեալ
դու
կամար
Ի
ձիգ
տարածմանց,
Անկի՛ր
ի
խոնարհ
Կըթոտ
արմըկանց․
Երերկո՛տ
մասունք՝
Խաչին
նըշանաւ
Զինեալք
աննկունք,
Վաստակոցդ
բաւ․
Գետնախըշտի
ծունկք
Տեռեալք
ի
ճըգանց,
Խարիսխք
զաղփաղփունք՝
Զերծջիք
ի
բեռանց
Ողջախո՛հ
մարմին,
Մատնեալ
չարագան
Խիստ
խարազանին,
Լըւացեալդ
յարեան։
Ի
կըսկիծ
ձմերաց
Անդամք
սառնորակ,
Հանգիստ
դամբանաց
Տըւեալ
ձեզ
երագ։
ԴԷՄՔ
ՄԱՐՄՆՈՅՆ
Ընկե՛ր
վեհափառ
Հողոյս
ապիկար,
Ուղղեցոյց
եւ
զեակ
Հոգիդ
փայլունակ,
Քեզ
ցարդ
դիւրանսաց՝
Վըշտամբեր
կենաց
Իբր
ըստրուկ
ամօք
Փորձ
առի
ցաւօք․
Թողեալ
մըտադիւր
Ըզգահոյից
դիւր,
Զյարկս
ոսկեձեղուն,
Ծառայս
ընդասուն,
Ըզպերճ
ծիրանի
Հարեալ
ըզգետնի,
Ըզշուք
մարտադիր
Զհայրենեան
երկիր,
Նըժդեհ
տարադէմ
Ի
խրճիթ
նըսեմ
Յաշխարհի
փայլմանց
Սարտուցեալ
ի
բաց,
Ի
մութ
թախծագին
Նըստայ
ի
խրճթին։
Արքայից
դարպաս
Խընջոյից
ըսպաս
Պատրաստ
էր
ինձ
միշտ
Չըկայր
ուստեք
վիշտ․
Յիս
գառք
փարաղանց
Բերեին
նախանձ․
Տեսեալ
զիս
կուսանք
Երանեին
ցանկ։
Այլ
զի
քաղցր
էր
քեզ
Վիճակ
գըծուծ
հեղ,
Զանդամս
իմ
քընքուշ
Հարի
քըստմնափուշ,
Եւ
ըզսիրտ
մատաղ
Խիստ
խըղճիդ
ի
խաղ։
Չորաբեկ
պատառ
Ըզքաղց
իմ
եհար․
Չափով
արբի
ջուր
Յարտասուաց
փըրփուր․
Յանկողնոց
փափուկ
Վազեալ
խուսափուկ՝
Ագահեցի
զքուն
Խըշտեաց
կարծրագոյն․
Ինձ
մազ
եւ
փսիաթ
Էր
բազմոց
եւ
զարդ,
Յաչացըս
դիտակ
Կարգեցի
պահմակ․
Ըզգեղ
աշխարհի
Իսպառ
ոչ
տեսի։
Եւ
այս
վեշտասան
Արեւու
շըրջան՝
Լըլկեալ
յերաշխէպ
Չարչարեցայ
ստէպ․
Եւ
ոչ
անհամբոյր
Եղէ
քեզ
հրապոյր
Հոգւոյդ
հակառակ
Գոլ
չարեաց
գըտակ։
Եւ
հեղոյս
հըլու՝
Ժամ
մի
դիւրի
դու
Զըլացար
ցայս
օր
Ցայս
ժամ
սըգաւոր։
Եւ
արդ
անողոք
Թողո՞ւս
զիս
անոք․
Ծիս
չարչարազգեաց
Ի
պարէն
ճըճեաց։
Թէ
քեզ
էի
բեռն՝
Երկիր
զիս
հակէր․
Արդ
յերկին
դիմես
Յանվիշտ
ի
վայելս։
Օ՜ն,
երկայնաւուրց
Վըշտաց
ինձ
տրիտուրս,
Երկնաչո՜ւ
հոգի,
Ա՛ռ
բարձ
զիս
աստի․
Մի
թողուր
ի
յերր
Զանձկալիդ
ընկեր․
Ճըգանցդ
եմ
հաղորդ,
Ուերկնի
սահահորդ․
Է՞ր
ոչ
եւ
փառաց՝
Որ
ինեւս
աճեաց․
Ընդէ՞ր
վիշտք
ի
կեանս,
Ու
անարգանք
մահուանս․
Զիա՞րդ
յանձկալւոյս
Մընամ
բացագոյնս։
Սուր
բաժանարար,
Յայս
զօդ
սիրաբար
Մարմնոյս
ընդ
հոգւոյ՝
Մի՛
հարցես
ազգոյ։
ՀՈԳԻՆ
Ճըգնասուն
մարմին
Ընկեր
իմ
հնազանդ,
Հրաւէրն
երկնային
Խնդրէ
զքո
աւանդ․
Հոգիս
յԱստուծոյ
Եկն
ի
յԱնմահէ,
Յակն
աղբերն
իւրոյ
Դառնալ
փափաքէ․
Մի՛
քեզ
ծանրասցի
Հողոյն
պահարան․
Դու
ելեր
անտի,
Դարձցիս
արդ
առ
այն։
Իմ
ի
քեզ
զըտեալ
Իբրու
փորձ
ոսկեակ,
Շողշողեմ
սըրբեակ։
Բայց
մեք
միւսանգամ
Լիցուք
մեք
ընկեր,
Ի
կեանս
անթառամ
Փառաց
անեզեր․
Փարիլ
ըզմինեամբ
Յետ
պանդըխտութեան
Ի
գիւտ
մեր
ողջամբ,
Եւ
կեալ
յաւիտեան։
ՄԱՐՄԻՆՆ
Հրաժե՜շտ
ցաւագին
Հոգւոյդ
երկնային․
Հարից
անբամբաս
Եւ
զյետինս
ըսպաս․
Պարտք
անդարձական
Որդւոց
ադամեան․
Եւ
կացից
ի
քուն
Հուպ
յոչընչութիւն․
Մինչեւ
հրաշագործ
Նորոգիչն
հանուրց
Յարուսցէ
զիս
նոր
Ի
կերպ
երկնաշնորհ։
Դո՜ւ
հոգեակ՝
դարձի՛ր
Յոր
յարն
անձկայիր՝
Յաւերժ
ի
հանգիստ,
Հրեշտակաց
ի
նիստ․
Դա՛րձ
առ
հանգիստ
քոյ
Ի
գիրկս
Աստուծոյ․
Ե՛րթ
դա՛րձ
առ
քո
սէր
Հոգի՜
սըրբասէր։
ԱԼՈՅԻՍՈՍ
Ձայնըն
կենաց
հընչի
սըրտիս
յանդաստակ․
Եհաս
կոչող,
հաս
անջատմանն
հրաւիրակ․
Թաքչի
երկիր
ցաւոց
յաչաց
հողեղէն․
Սանդուխք
լուսոյ
յերկրէ
յերկին
ձգեալ
են
․․․
Չէ
բուռըն
մահ,
զի
սէր
մահու
բըռնագոյն
Առեալ
ըզսիրտս՝
հանէ
ի
կայս
գերագոյն։․․․
Ոչ
եւս
մարմին
․․․
վառի
հոգիս
ի
հուր
սէր
․․․
Սէր
ընդհանուր
ծաւալ
․․․
Օրհնեա՜
անձն
իմ
ըզՏէր
․․․
ԱՂԵՐՍ
ՄԱՆԿԱՆՑ
ԱՌ
Ս
․
ՄԱՆՈՒԿՆ
ԱԼՈՅԻՍՈՍ
Ո՜վ
մանուկ
սուրբ
եւ
պայծառ,
Հասակաւ
մեզ
հաւասար,
Վարուք՝
զուարթնոց
զուգապանծ,
Հողազանգուած
քերովբէ․
Վասըն
կենաց
քոց
անյանց
Պատուեալ
յերկնից
եւ
յերկրէ․
Բարեխօսեա՛
վասըն
մեր
Ալոյիսէ՜սըրբասէր։
Որ
ընթացար
միշտ
ուղիղ
Ըզկենցաղոյս
թիւր
շաւիղ,
Եւ
սուրբ
պահեալ
զպատմուճան
Աւազանին
հոգեւոր՝
Պէսպէս
զարդուք
լաւութեան
Փայլեցուցեր
նորանոր․
Բարեխօսեա՛
վասըն
մեր
Ալոյիսէ՜
սրբասէր։
Որ
ընդ
մոխիր
քըրձապատ
Եկեալ
մարմնովդ
անարատ՝
Յանբըծութեան
խըղճին
քում
Ընդ
հարուածովք
վըշտըմբեր
Իբրեւ
դահիճ
ապառում՝
Յարտօսր
յարիւն
զայն
թացեր․
Բարեխօսեա,
եւ
այլն,
Որպէս
մըշակ
փութաջան
Դու
ի
սըրտիցս
անդաստան՝
Ա՛րկ
ըզսերմանս
ուղղութեանց,
Զորոց
յերկինս
արդ
ունիս
Զըշտեմարանս
եւ
ըզգանձ,
Բարգաւաճել
ըզհոգիս։
Բարեխօսեա,
եւ
այլն։
Նախ
քան
զամէն
բարի՝
տո՛ւր
Ըզսիրտ
ու
աչկունս
քո
մաքուր․
Ըզկամս
մարմնոյ
ապըստամբ
Եւ
ըզհրապոյրս
չարին
Մեռուցանել
տուր
ողջամբ
Յանուն
Փրկչիս
եւ
Կուսին։
Բարեխօսեա,
եւ
այլն․
Եւ
անըզգաստք
կամ
թէ
հեղգք
Դիմեմք
ի
չար
ինչ
եւ
մեղք,
Յայնժամ
ազդեա
սըրտից
մեր
Զարքայութիւն
եւ
գեհեան,
Ըզտեառն,
ըզՄօրն,
ըզքո
սէր,
Ըզհատուցմունս
անվախճան։
Բարեխօսեա՛,
եւ
այլն։
Թէ
մեղաք՝
եմք
դեռ
մանկունք
Վասն
հայցուածոց
են
շըրթունք․
Քեւ
ըզսըրտիցըս
պասուք
Արբեցուսցէ
սուրբ
Հոգին․
Եւ
ջերմն
աչացս
արտասուք
Քեւ
շարժեսցք
զգութ
Փրկչին։
Բարեխօսեա՛
վասըն
մեր
Ալոյիսէ
սըրբասէ
Տո՛ւր՝
քեզ
նըման
գոլ
հըլու,
Ու
անանց
բարեաց
խուզարկու․
Յուղղութեանց
քոց
գոնեա
մին
Անջինջ
ի
մեզ
հարցէ
կնիք․
Լիցուք՝
թէ
ոչ
գլխովին՝
Գոնեա
միովն
Ալոսիկք։
Բարեխօսեա՛վասըն
մեր
Ալոյիսէ՜
սըրբասէր։
Ի
ՅԻՇԱՏԱԿԻ
ՍՐԲՈՅՆ
ԱԼՈՅԻՍԵԱՅ
Սիրեմ
ես
զօրն
երանեակ
Որ
յիշէ
զիմս
Ալոսեակ,
Հըռչակելով
յերկրի
տօն
Զառաքինւոյն
գերըզգօն։
Ոչ
այնքան
բարձր
արեգակն
Յիւրըն
ճախրէ
պարունակ
Այսօր՝
քան
զայլ
ամէն
օր
[1],
Որքան
իմ
սուրբ
շնորհաւոր,
Ձեռն
ի
սիրոյն
միջալար,
Բարձր
ի
սըրբոց
իսկ
կամար։
Վեհ
յերկրի
վեհ
եւ
յերկինս,
Մոգէ
զներքինս
եւ
վերինս․
Աստուածութիւն
եռադէմ
Ի
հոգւոջ
անդ
սըրբաճեմ
Պայծառափայլ
զիւր
տիպար
Դրոշմեալ
դիտէ
սիրաբար։
Այլ
աչք
եւ
միտք
իմ
յապուշ
Կալ
գէտ
դիմացն
այն
քընքուշ,
Շլացեալ
հայիմ
գետնակոր․
Եւ
գտանեմ
հրաշըս
նոր․
Մանուկ
տիօք
անաւագ՝
Ծընեալ
ի
բաստ
բարձրունակ,
Ըզպերճութիւն
եւ
զաշխարհ
Զամէն
դըրէ
արհամարհ․
Խոնարհագոյն
բընաւից
Համարի՝
զանձն
իւր
ամբիծ։
Ոչ
անհըմուտ
աշխարհի,
Այլ
հըմտագոյն
եթերի․
Եւ
վաճառէ
զամենայն՝
Ի
սէր
միոյ
լոկ
ուլան,
Յիսուսաւանդ
մարգարտին,
Որով
երկինք
հայթհայթին․
Առնու
սիրով
լուծ
ընդ
ուս
Զոր
արկն
հեղոց՝
հեզն
Յիսուս․
Երթայ
նըստիմենադին
Մըխի՞
խորհուրդս
երկնային․
Եւ
բախէ
զսիրտն
անընդհատ,
Եւ
հառաչէ
սըրտահատ,
Եւ
մընչէ
հեզ
եւ
լըռիկ,
Եւ
ցօղէ
գառն
եւ
քաղցրիկ։
Քանզի
պանդուխտ
է
յերկնից՝
Համարի
զայն
անձին
բիծ․
Եւ
արտասուօք
հանապազ
Որ
’ի
սըրտէն
սիրավազ
Կամի
լուանալ
զիւր
աման․
Եւ
զի
նա
ջինջ
է
համայն,
Յանդուլ
տեղոյ
տարափին՝
Մաշի
անօսրըն
մարմին․
Այլ
եւ
զայն
ոչ
գըրէ
շատ․
Ո՜վ
սիրոյ
հնարք
անձնադատ․
Ինքնին
զինի
սէր
փափուկ
Քան
ըզդահիճ
չարաշուք․
Առեալ
խայթող
խարազան
Կոծէ
զսիրտն
սըրբազան․
Եւ
վարդակաթ
ճապաղէք
Չըքնաղ
զամէն
քան
ծաղիկ,
Հոյլ
հոյլ
հոսեն
ի
լանջաց
Եւ
ի
յուսոց
ճըգնազգեաց։
Քանզի
արկեալ
գամ
մի
զաչս՝
Տեսեալ
ըզՏէրն
իւր
ի
խաչ,
«Աստուած
մեռաւ,
ասէ
’նդ
իմ,
Եւ
պատճառք՝
մեղքն
ոխերիմ․
Ո՜հ,
պարտական
եմ
մեղաց,
Եւ
ընդ
մահու
քո
Աստուած»։
Եւ
քան
ըզհուսկ
կենաց
մահ
Կանխէ
կամօք
զանձն
ի
մահ․
Ազգ
ազգ
կատէ
զիւր
մարմին
Որ
չըմեղաւն
ինչ
նըմին․
Ու
որչափ
հեծէ
նա
ի
ցաւս
Հոգին
հարու
ծափ
ի
ծափս։
Եւ
արտասուքն
ըսպիտակ
Ամբըծութեան
նըշանակ
Որպէս
շուշանք
շողաշար
Ի
խաղս
առուաց
հեզավար՝
Խառնին
յարիւն
վարդագոյն,
Զոր
ծընանին
զբղջութիւն․
Այլ
չիք
չարեաց
ի
նմա
փուշ,
Ամենեւին
է
ն’
անուշ,
Եւ
երկոքեան
սուրբ
վըտակք
Իբրեւ
գետոց
օժանդակք,
Մին
ըսպիտակ
միւս
կարմիր
Զուգեալ
վիժեն
ի
յերկիր․
Ու
որքան
կայլակք
ի
վայր
գան
Այնքան
ծաղկունք
ամբառնան՝
Հիւսիլ
պըսակ
յերկնից
ծոց
Ի
կաթոգին
զըւարթնոց,
Որք
թացեալ
թեւս
յայն
առուէն
Եւ
առ
Յիսուս
ցուցանեն։
Գըթան
երկինք
բովանդակ․
Կոչէ
Յիսուս
զիւրն
որդեակ․
Եւ
ոչ
այնքան
սիրալիր
Խնամող
հրեշտակն
իջեալ
ժիր
Զհոգի
մանկանն
այն
եբեր
Ու
ի
հողեղէն
ամանն
յեռ,
Որքան
զամանն
այն
յօժար
Արդ
բեկանէ
սիրահար,
Եւ
արձակէ
զհոգին
այն՝
Ընդ
որ
ինքնին
հրաշանայն․
Խոստովանեալ
աննախանձ
Ըզսանն՝
ինքեան
զուգապանծ,
Եւ
քան
զիւր
թեւս
իսկահուր․
Ըզնա
լինել
սիրասուր․
Որ
իբրեւ
փայլ
փայլական՝
Հատեալ
յերկրէ
բացական,
Ի
մի
քըթիթ
յերկնի
ծայր
Ու
ի
բարձրագոյն
եհաս
վայր․
Զիա՜րդ
հողոյ
տարր
անարգ
Տանէր
զհոգին
գերայարգ․
Զիա՜րդ
մանուկ
մ’
ապիկար
Գոյր
որով
բէից
հաւաար,
Եւ
մըտանէր
կայր
անկէզ
Յաստուածային
հուր
պարտէզ։
․․․
Ո՜վ
բարձրամիտ
մահացու,
Հասե՞ր
երբեք
այս
բարձու․
Դու
որ
յուզես
լայն
զեթերս,
Եւ
զանգզընգոց
խոր
ընդերս,
Քանի՞
արդեօք
աստեղց
լոյս
Յարեգական
հասցեն
յոյս․
Որքա՞ն,
ասա՛,
պիտի
հուր
Զայսգոյն
վառել
սիրտ
մաքուր․
Անբըծութիւն
որքանի՞
Կըշիռ
միոյս
այս
լինի։
-
Իսկ
ես
երկնից
չեմ
հասու
Նըժդեհ
հովտիս
մահացու․
Զարմունկն
եդեալ
ի
գետին
Պըշնում
միայն
ընդ
երկին․
Եւ
որոճեմ
զյիշատակ
Զոր
աստ
թողէր
Ալոսեա՜կ,
Եւ
ի
նոսին
տըխրանամ,
Ճարակիմ
եւ
ո՛չ
յագենամ։
Սիրեմ
եւ
ես
սերտ
ըզքեզ
Հետիս՝
սիրոյդ
յասպարէզ․
Ո՜հ,
չունիմ
սիրտ
քեզ
արժան,
Այլ
սէրս
այս
չէ
անարժան․
Չեզէ
այս
քեզ
նըման․
Սակայն
այլոց
ետու
ձայն,
Եւ
բերի
զքո
սեղանով
Սիրտըս
մատաղըս
սիրով,
Եւ
յառկայծեալ
իմ
պատրոյգ
Լուցի
լապտերս
քաջառոյգ։
Ես
իսկ
անցի
’նդ
դաշտ
եւ
գետ
Ի
քո
գաւառ
ըղձահետ,
Զաստուածատուփ
քո
գըլուխ
Համբուրեցի
սըրտաբուխ,
Եւ
զերկնունակ
քո
նըշխար՝
Ետու
մանկանցն
իմ
աւար։
․․․
Իսկ
այսօր
կամ
տարադէմ
Յերախանէն
զոր
սիրեմ,
Ծով
եւ
ցամաք
լեառն
եւ
գետ
Ընդ
իս
եւ
իմսն՝
անջըրպետ․
Եւ
միայնակ
քո
զանունս
Հընչեմ
յօտարս
ինձ
ափունս։
․․․
Սակայն
դու
մերձ
կաս
առ
իս
Մերձ
եւ
իմոցըս
բերիս։
Ե՛ն
ե՛ն
ի
տան
իմ
մանկունք
Ինձ
եւ
յաւէտ
քեզ
սիրունք,
Զի
մերձաւորք
հասակաւ
Մերձ
եւս
սըրտիս
տեսակաւ․
Որք
արդ
պատուեն
ըզքո
տօն,
Քո
պէս
ցանկան
գոլ
ըզգօն․
Սըփռեն
սիրով
քեզ
ծաղկունս
Ըզսըրտից
կիրս
անուշունս․
Նըւիրեն
ուխտըս
պէսպէս,
Զի
հաճութեամբդ
հաստատես։
Հանգի՛ր
ի
տուն՝
ուր
սանք
իմ,
Ընկա՛լ
զաղերս
մըտերիմ.
Միոյ
միոյ
նոցա
տուր
Ջայն
քո
շընորհըս
մաքուր,
Ջոր
բերէիրդ
յամսն
յայն
Յոր
’րաքանչիւր
արդ
նոքայն:
Իսկ
ինձ՝
որ
ա՜նդր
ըստ
քո
տիս,
Եւ
սեաւս
ունիմ
ի
սըրտիս,
Ու
այսօր
հատեալ
ոստ
վայրի
Ի
պարտիզէս՝
որխամրի,
Արկանեմ
յայն
ճանապարհ՝
Զոր
քո
սիրէ
գարշապար,
Ինձ
ի՞նչ
հանցես
ի
պարգեւ
Որ
ճահ
կըշռի
արդարեւ։
-
Ինձ՝
մասն
հանցես
զարտասուս․
Պատուէ
զարտօսր՝
եւ
Յիսուս։
Արդեօք
եւ
քոյդ
պատմուճան
Ոչ
էր
այնքան
հրաշազան,
Թէ
արտասուաց
մարգարիտ
Զայն
չանկանէր
խիտ
առ
խիտ։
1852
Հ․
Ղ․
Ա․
[1]
Օր
արեւադարձին
ի
21
յունիսի։