Ը
Երթ
վաճառեա
զինչս
քո
ՄԱՏԹ․
1.
Կրօնաւորը
վանք
մտած
ատենը
ունեցածէն
հրաժարելով՝
աղքատ
կ’ըսուի.
Ալոզիոս
վանք
չի
մտած
իր
պալատին,
իր
իշխանութեանը
մէջն
ալ
աղքատ
ապրեցաւ.
ու
ան
ատենէն
արժանի
եղաւ
Քրիստոսի
երանութեանը՝
հոգւով
աղքատութիւն
սիրողներուն
կու
տայ․
թագաւորներ,
իշխաններ,
որոնց
հետ
կը
տեսնուէր՝
չէին
կրնար
իրեն
հարստութեան
սէր
ձգել
տալ․
որովհետեւ
ինքը
ամէն
բանի
մէջ
առաջին
օրինակը
կ’ուզէր
Քրիստոսէ
առնուլ,
կը
տեսնէր
որ
Յիսուս
մսրի
մէջ
ծներ
է,
չոր
փայտի
մը
վրայ
մեռեր
է,
ասկէ
ազդու
դաս
կրնա՞ր
ըլլալ
իրեն:
2.
Թէ
որ
պալատին
մէջ
ճշմարիտ
աղքատ
էր,
հապա
վանքը
որ
բուն
աղքատութեան
տեղ
է,
ու
զաղքատութիւնն
ուխտով
յանձն
առնելու
է,
ի՞նչ
եղած
պիտի
ըլլա․
ինձի
կ’երեւայ
թէ
ինչպէս
ագահները
ստակ
վաստըկելու
հազար
հնարք
կը
բանեցընեն,
Ալոզիոս
աղքատութեան
համար
անոնցմէ
աւելի
ըրաւ.
ամեն
էն
պզտի
բաներուն
մէջն
ալ
անարգը
կը
փնտռէր,
սենեակը
դրած
պատկերներն
ալ
թէ
որ
քիչ
մը
զարդարուն
ըլլային՝
սիրտը
չէր
հանգչեր.
հրաման
կ’առնուր
կը
փոխէր,
ասանկ
ալ
թէ
որ
ընծայ
մը
ընդունէր։
Առանց
հրաման
առնելու
ամենեւին
եւ
ոչ
կտոր
մը
թուղթ
տուեր
կամ
առեր
էր։
3.
Յիսուսեանց
արդէն
կանոնն
ալ
էր՝
որ
ամենէն
ցած
բաները
իրենց
յարմար
սեպեն
Ալոզիոս
անանկ
կըպած
էր
ան
կանոնին
որ
պաշտօնատէրն
ամենէն
անպիտան
բանն
ալ
տար
ու
հարցընէր
թէ
ինչպէ՞ս
է,
շատ
աղէկ
է
կ’ըսէր.
Թագաւորի
պէս
մարդու
զաւակ՝
մուրողի
պէս
ապրիլ
կուզէր,
բայց
մուրողի
չափ
ալ
բան
չունէր.
վասն
զի
իրեն
տուածներէն
ալ
սրտով
հրաժարերէր,
ասէ
հոգւով
աղքատ
ըլլալը։
Մարդկանց
մեծ
մասը
ունեցածնին
շատցընել
կը
մտածեն,
փոխանակ
մտածելու
թէ
մեր
բնութեան
աղքատութիւնը
աս
անցաւոր
բարիքներով
չի
հարստանար։