Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է

Մտէք ընդ նեղ դուռն

ՄԱՏԹ․

1. Որովհետեւ շատոնցմէ միտքը դրեր էր Ալոզիոս որ կրօնաւոր ըլլայ, աշխարհքի մէջ ուշանալն ալ իրեն ծանր կու գար, եւ իրեն ճգնութիւններն բան չէին երեւնար աչքին, քանի որ ազատ կամքն ալ չէր թողուցած։ Ջանք դրաւ որ օրը ժամ մի մտաւոր աղօթք ընէ առանց միտքն ուրիշ բանի տալու, թէ որ յանկարծ քիչ մը շփոթէր՝ նորէն կը սկսէր աղօթքը, ասանկով եղաւ անգամ որ ինչուան վեց ժամ աղօթքի նստաւ, վերջապէս յաղթեց տկարութեանը, ու անկէ վերջը աղօթքի որ նստէր՝ կը նմանէր հրեշտակի մը որ երկրէս հեռու՝ միայն զԱստուած կը մտածէր։

2․ Աղէկ մը մտածելէն վերջը՝ ընտրեց Յիսուսեանց ընկերութեան մէջ մտնելու. մէկ մ’որ՝ ան կրօնը նոր հաստատուած ըլլալով՝ կանոնները աղէկ կը պահէին. մէյ մ’ալ որ մասնաւոր ուխտ կ’ընէին եկեղեցական պատուէ փախչելու․ երրորդ որ թէ իր հոգւոյն եւ թէ ընկերին օգտին համար աշխատելու յարմար առիթներ կրնար գտնալ հոն․ չորրորդ որ անհաւատներու քարոզութեան ղրկուելով կը յուսար  Քրիստոսի համար արիւն թափելու․ մէյ մ’ալ որ Յիսուսեանք Ս․ Աստուածածնայ մասնաւոր ջերմեռմանդ էին։

3. Աս որոշելու բաւական չի սեպեց. վերափոխման օրը սրբութեամբ պատրաստուելով՝ ամենասուրբ խորհուրդը առաւ, ու Ս. Աստուածածնայ աղաչելու ատենը՝ իր վառած սրտին դարձեալ ազդումն եկաւ թէ ըրէ ինչ որ միտքդ դրեր ես խոստովանահօրդ խորհըրդովը։ Մէկէն գնաց իր խոստովանահօրը. ան ալ խրատ տուաւ թէ մտածածդ աղէկ է, միայն պետք է որ հօրմէդ հրաման առնուս։

4․Ալոզիոս գիտնալով որ հայրը դէմ պիտի կենայ՝ խոհեմութեամբ նախ գնաց մօրը իմացուց․ ան ալ ուրախութեամբ՝ էրկանը յայտնեց տղուն կամքը, բայց այս մարդս զինուորական իշխան ըլլալով իր պատիւը մեծցընել կը նայէր, ու տեսնալով Ալոզիոսին խելքը՝ մտքէն կ’ըսէր, թէ ինձմէ վերջը ինձմէ աղէկ յաջորդ մը պիտի ունենամ, անոր համար երբոր Ալոզիոս խոնարհութեամբ յայտնեց իր միտքը, հայրն բարկությամբ կրակ կտրեցա․ թէ որ մէյ մ’ալ, ըսաւ, ատ բանիդ վրայ խօսիս, ծեծի տակ գքեզ ամենուն առջին խաղք կընեմ:   Ո՞ւր էր թէ ըսաւ տղան, Քրիստոսի սիրուն համար ատանկ ամօթ մը քաշէի։ Ուսկի՞ց ալ գտար, ըսաւ հայրն, ատանկ մէկ կրօնք մը, որուն մէջ պատիւ մ’ալ չես կրնար ունենալ որ մեր ցեղին պարծանք ըլլաս։ Ես ալ պատուէ փախչելուս համար զայն ընտրեցի, ըսաւ Ալոզիոս, թէ որ քու անդրանիկդ  պատիւ փնտռեր՝ իր հօրը մարգէզ իշխանութիւնը բաւական չէ՞ր իրեն։

5․ Բայց այս բանս հօրը սրտին փուշ եղաւ անկէ վերջը․ հոն Սպանիա բարեկամ քահանայ մը ունէր աղաչեց որ երթայ տղուն միտքը իմանայ ու փոխէ. ան ալ երկու ժամ  քննելէն վերջը, «Աս՝ Աստուծոյ բանն է, ըսաւ, ատոր դէմ կենալը իմ խղճմտանքիս ձեռք չի տար։ Տրտմեցաւ հայրը ու յորդորելով հաւանութիւն առաւ Ալոզիոսէ, որ գոնէ Իտալիայի մէջ կրօնաւոր ըլլայ, ու առաւ իր ընտանիքը դարձաւ Իտալիա եկաւ:

6. Ալոզիոս տասնըվեց տարուան  էր ան ատենը, կը յուuար որ հայրը խոստմունքր կը կատարէ․ իսկ անիկա կը մտածէր թէ ի՛նչ պէս տղուն միտքը դարձընէ: Պէտք է, ըսաւ, եղբայրդ առնես երթաս Իտալիոյ ամէն արքունեաց մէջ վերջի բարեւդ տաս։ Միտքը աս էր՝ որ նոր տեղեր նոր փառքեր տեսնալով, Ալոզիոս ուզածը՝ մոռնայ, սիրտը աշխարհքիս փակչի․ բայց անոր հակառակը եղաւ, վասն զի ալ աւելի գանեցաւ աշխարհքէ․ ու երբոր պզտի եղբայրը՝ վերէն ’ի վար ոսկիով զարդարուած կը պտըտէր, ինքը իր հին հագուստովը կը մտնէր պալատներու մէջ։

7․ Ճամբու ու պանդոկի մէջ եղած ատենն ալ իր սովորական աղօթքները, մտածութիւնները չի թողուց․ պատկերք չի գտնար նէ՝ թղթի վրայ խաչ մը կը ձեւացընէր դիմացը ծունկ կը դնէր աղօթքի: Իրեն տրուած պատիւներէն կրցածին չափ կը փախչէր, անկարգ կամ աշխարհային խօսք մը լսեր՝ խաղ մը տեսներ՝ կը թողուր եղած  տեղը, անկիւն մը կը քաշուէր աղօթքէ կը կենար։

8. Իտալիա պտըտելէն ետքը դարձած Գասդիլիոն. հայրը տեսնալով որ մեղքին դրածը չի յաջողեցաւ, Մանդուայի դքսին աղաչեց որ ճար մը գտնայ ասոր․ ան ալ ղրկեց ճարտասան եպիսկոպոս մը, որ շատ յորդորելէն վերջը, Հօրդ հնազանդելու համար գոնէ, ըսաւ յանձն առ միայն եկեղեցական ըլլալ, ու հօրդ քով մնալ, անով կրնաս սուրբ ըլլալ․ չե՞ս տեսնար Միլանի կարդինալը Ս․ Կարոլոս Պոռոմէոսն։ Ալոզիոս ասոր անանկ խելացի պատասխաններ տուաւ, որ պապանձեցաւ եպիսկոպոսը։

9. Անոր տեղը եկաւ յորդորելու իր հօրեղբայրը, որուն ժառանգութիւնն ալ Ալոզիոսի կ’ինկնար. անկէ վերջը ուրիշ մ’ալ ելաւ Յիսուսեանց ընկերութիւնը վար զարկաւ․ մէկ երեւելի քարոզիչ մը կար, ան ալ Ֆերրանդէսի խօսքէն չանցնելու համար՝ ամէն ջանք թափեց յորդորեց․ բայց մէկն ալ չի կրցաւ  յաղթել անոր հաստատութեանը: Աս որ տեսաւ հայրը՝ կրակը մտաւ՝ կորիր գնա, ըսաւ տղուն։ Ան ալ մէկէն ելաւ տնէն վանք մը մտաւ՝ ու սկսաւ աղաչել որ Աստուած հօրը սիրտը կակղցընէ։

10. Մարգէզը անանկ բարկացեր էր որ ծառայներն ալ չէին համարձակեր Ալոզիոսի երթալը իմացընելու, երբոր լռեց կանչել տուաւ։ Չե՞ս գիտեր, ըսաւ բարկութեամբ, որ ատ ըրածդ զհայրդ նախատել է։ Թողութիւն ըրէ, ըստ տղան խոնարհութեամբ, կարծեցի թէ երթալու հրաման տուիր։ Հայրը ամէն բարկութիւնը թափելով, կծու խօսքերով խեղճ տղուն սիրտը կոտրելէն վերջը, Ելիր սենեակդ քաշուէ, դուրս չելլաս՝ ըսաւ։ Տղան գնաց, գոցեց դուռն, առաւ մէկ ձեռքը խարազանը, մէկալ ձեռքը խաչելութիւնը, ընկաւ գետին, արցունքը աղբիւրի պէս կ’իջնար, չէր ուզեր գետնէն վեր ելլալ․ համբերութիւն կը խնդրէր Աստուծմէ։

44. Ո՜հ, կարելի ըլլար թէ մէկ  մը Ալոզիոսի սենեակը մտնայինք, հարցընէինք, թէ ո՜վ անմեղ տղայ, ինչո՞ւ այդպէս կը վշտանաս, ինչո՞ւ այդչափ կ’աշխատիս՝ դուն որ արքունեաց մէջ հրեշտակ ըսուեցար եւ արքունիքը չեն ուզեր զքեզ թողուլ։ Կ’ուզեմ, կ’ըսէր, Քրիստոսի սիրուն համար՝ իր բացած նեղ դուռը մտնել, զիս բոլորովին իր խաչին վրայ ձգել․ զիս կ’արգիլեն, զիս ետ կը քաշեն, զիս լայն ճամբան կը հրաւիրեն. ես ալ կ’աղաչեմ որ՝ ազատէ զիս անոնցմէ։ 

12․Ասանկ զօրաւոր հաւատքով յուuացողին ո՞վ կրնայ յաղթել․ հօրը սիրտը տակնուվրայ եղած, բարեկամ մը ղրկեց որ երթայ տեսնէ՝ թէ տղան ի՞նչ կ’ընէ, ան ալ լալով ետ դարձաւ, գնա՛ դուն քու աչքովդ տես, ըսաւ։ Երկրորդ օրը ելաւ Մարգէզն դրանը ծակէն նայեցաւ, տեսաւ որ Ալոզիոս հանուեր, ինքըզինքը ծեծելով կասկապուտ եղեր է․ ձայն հանեց, մօրը հետ մէկ տեղ ներս մտան, տեսան որ չորս դին արիւնի ու արցունքի կաթիլները անձրեւի պէս փռուեր են։ Խըշխըշաց հօրը կարծրացած սիրտն ալ, Աս քանի՞ մէկ խեղճ տղան չարչարեմ պիտի, կանչեց, ալ հերիք է։ Գրեց Հռովմ Յիսուսեանց մեծաւորին, ան ալ պատասխան գրեց, թէ աղէկ կ’ըլլայ որ Հռովմ՝ խաւրես տղադ։ Իսկ Ալոզիոսի ուրախութիւնը ո՞վ կրնայ պատմել։