Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ

Մի թուլանայք ’ի ճանապարհս արդարութեան

1․ Թէ որ ինչպէս ներսէն՝ դրսէն ալ նոյնպէս դիւրին ըլլար Աստուծոյ ծառայութեան ճամբան, սուրբերուն վարձքն շատ պակաս պիտի ըլլար․ Աստուած կամաւ դժուարութիւններ կը հանէ իր ծառայները կրթելու։ Ալոզիոս ամէն բան  յաջողած կարծելով գրեց Յիսուսեանց մեծաւորին, ան ալ պատասխանեց, հօրդ օրհնութիւնը ա՛ռ ու եկու: Աս բանիս համար ելաւ գնաց Մանդուա, ան օրերը հոն մեծ հանդէսներ կար, անոնք ամէնքը թողուց, սկսաւ պատրաստութիւն տեսնել աշխարհքէ հրաժարելու․ իրեք շաբաթ հոգեւոր կրթութեան մտաւ խելացի քահանայի մը ձեռքով, ընդհանրական խոստովանանք եղաւ. որով՝ չեմ գիտեր մեղքերը իմացուեցաւ թէ սրբութիւնը․ միայն աս գիտեմ որ անկէ վերջը քահանան Ալոզիոսի համար՝ հրեշտակ է, կ’ըսէր։

2. Գասդիլիոն դարձաւ ու Յիսուսեանց կրօնին կանոնները կարդալով՝ սկսաւ զանոնք պահել․ սենեկէն դուրս էր ելլեր․ ճամբան մարդու չէր նայեր․ տանը մէջ միայն հարկաւոր ու հոգեւոր բանի վրայ կը խօսէր, ապաշխարութեամբ եւ ճգնութեամբ ալ կը հալէր կը մաշէր, հազիւ քալելու ուժ մնացեր էր վրան. անոր համար մայրը կ’ըսէր էրկանը թէ շուտով ղրկենք վանք, որ հնազանդութեան տակ մտնալով՝ չափէ դուրս ճգնութիւն չընէ։

3․ Ալոզիոս ալ կամաւ ուշացուց երթալու հօրմէն օրհնութիւն խնդրելու, որ մէկէն սիրտը չելլայ, ու վերջը երբոր հրաման ուզեց հօրմէն բաժնուելու, ի՞նչ կը կարծես թէ ըսէ հայրը․ ինչուան որ քսանըհինգ տարուան չըլլաս, տունէս դուրս պիտի չելլես, չէ նէ այս օրուընէ իմ տղաս չես։ Կայծակ ինջաւ խեղճ տղուն վրայ․ ընկաւ հօրը ոտքը յիշեցուց ըրած խոստմունքները․ բայց որո՞ւն կ’ըսես, Գոնէ ատեն տուր, ըսաւ, որ մտածեմ ու Յիսուսեանց մեծաւորին գրեմ. Բայց ան ալ փուճ։ 

4. Ա՛լ չի դիմացաւ այն համբերող սիրտը․ Իրա՛ւ, ըսաւ, մինչեւ հիմայ ասանկ ծանր տրտմութիւն մը չէի ունեցած՝ փափագէս զրկուելուս վրայ․ սակայն յանձն կ’առնում երկու իրեք տարի ալ սպասելու, միայն թէ հրաման տուր, հայր, որ հիմակուընէ երթամ Հռովմ կենամ, ու խօսք տուր զիս Յիսուսեանց մեծաւորին յանձնելու. եւ թէ որ անոնք ալ չընդունին զիս՝ կ’երթամ ես բոլոր աշխարհքս ժուռ կու գամ գտնալու աս սրտիս հանդարտութիւնը, որ հոս չեմ, չեմ կրնար գտնել։ Դժարեցաւ հայրը աս խօսքիս վրայ ալ, բայց ճար մը չի գտնալով յանձն առաւ խնդիրքը, ու կը մտածէր թէ որուն քով դնէ տղան Հռովմայ մէջ:

5. Իսկ ինքն Ալոզիոս տակնուվրայ սրտով նստէր կու լար, ասանկ հարուստ մարդու զաւակ ըլլալուն վրայ․ թէ որ ծառայիս մէկուն տղան ըլլայի կ’ըսէր, ինչուան հիմայ շատոնց կոչմունքիս հետեւեր էի, ո՜վ ունայն աշխարհք, քանի՜ մէկ կը ջանաս Աստուծոյ ծառայները արգիլելու, հազար ու մէկ փորձութիւն կը հանես որ քեզմէ չի հեռացնես: Բայց դուք՝ որ Ալոզիոսի նման կ’ուզէք աշխարհք ոտքի տակ առնուլ դուք սիրտ ըրէք, նայեցէք հիմայ Ալոզիոս ինչ կ’ընէ. այնչափ դժուարութեանց համբերելով, գիշեր ցորեկ ընկած Աստուծոյ՝ աղօթք ընելէն վերջը, օր մ’ալ հինգ ժամ աղօթք ընելէն ետեւ, սրտին անանկ մը կուգայ որ երթայ վերջին փորձը մ’ընէ հօրը սիրտը շարժելու

6․ Ան ատենները հայրը ոտքին ցաւովը պառկեր էր, Ալոզիոս ծունկ դրաւ անկողնին առջին ու ըսաւ, Հա՜յր, ես քեզի հնազանդելու պատրաստ եմ, բայց գիտցիր  որ Յիսուս զիս իր ընկերութեանը կը կանչէ․ թէ որ հրամանքդ չուզես խաւրել՝ Աստուծոյ կամքը պիտի չի կատարուի հրամանքիդ պատճառաւը․ աս ըսաւ ու ելաւ  իր սենեակը քաշուեցաւ։ Գնաց՝  բայց հայրը երկու սուրի մէջ թողուց. մէկ կողմէն խղճմտանքը զինքը կը տանջէր Աստուծոյ կամքին դէմ ընելուն համար․ մէկալ կողմէն սիրտը կը ճաթէր, Ասանկ պատուական տղան ինչպէս ձեռքէ՞ս հանեմ, կ’ըսէր. անոր վերջի խօսքը կարծես թէ եղաւ իրեն Եսայի մարգարէին վճիռը առ Եզեկիա տուած, երեսը գոցեց սկսաւ բարձր ձայնով լալ. ծառայ, բարեկամ, բոլոր պալատը եկան՝ չի կրցան զինքը մխիթարել. վասն զի Աստուծոյ կամքին դէմ դնելու երկինք երկիր բաւական չեն։ 

7. Հասեր էր Աստուծոյ կամքին փառաւորութեան ու Ալոզիոսի յաղթութեան ժամանակը։ Ֆերրանդէս կանչեց տղան. Ահա իմ սիրուն Ալոզիոսս, ըսաւ, իմ ազնիւ անդրանիկս, ահա գիտցիր որ հիմայ կըրնաս քու փափաքիդ հետեւիլ․ կը բաժնուիս ինձմէ, որդեակ, բայց հօրդ ցաւած սրտին անմխիթար վէրք մը թողլով, բայց որովհետեւ Աստուծոյ կամքը կատարելը մեր պարտքն է, որդեակ իմ, ասկէ վերջը ազատ ես դուն... ա՜խ տղաս... Աստուած զքեզ օրհնէ.... ինչպէս ես ալ հիմայ քեզի իմ հայրական օրհնութիւնս կու տամ... : Անանկ  ելած սրտով մը օրհնեց իր օրհնեալ զաւակը, որ խօսքը, աչքին լոյսը ու շունչը պահ մը կտրեցան, մարեցաւ մնաց։ Ալոզիոս կարճ խօսքով մը շնորհակալ ըլլալով մէկէն հեռըցաւ անկէց, որ հօրը սիրտը աւելի չի ճմլէ. ընկաւ Աստուծոյ շնորհակալ եղաւ։ Ահա այսչափ կ'աշխատի արքայութեան ճամբան բռնել ուզողը, եւ ասանկ կը յաղթէ