Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ

Ծառայեցեք Տեառն երկիւղիւ. Ծառայեցեք միմեանց

ՊՕՂ․ ԱՌԱՔ

1. Իրեք ամիս նորընծայարան կենալէն վերջը՝ զԱլոզիոս ղրկեցին վարժարանը՝ որ հոն տեղը եղողներուն ու եկեղեցւոյ մէջ ծառայէ․ շատ ուրախացաւ այս բանիս. մէկ մ'որ ան ծեր քահանայներէն նոր նոր բարի օրինակ առնելու յոյս ունէր, մէկ մ’ալ որ Աստուծոյ՝ տանը մէջ ծառայութիւն պիտի ընէր։ Օրը հինգ վեց պատարագի սպասաւորութիւն կ’ընէր, ստէպ հաղորդութիւն կ’առնուր. եւ անանկ ջերմեռանդութեամբ մը՝ որ տեսնողը կը զմայլէր. անանկ որ շատ քահանայներ պատարագ չըրած Ալոզիոսի հետ կը խօսէին սրբութեան վրայօք, որ սրտերնին Աստուծոյ սիրովը վառուի. ասկէ գնա՛  իմացիր թէ ի՞նչ կրակ էր իր սիրտը որուն կայծակը ուրիշներուն սիրտը կը բռնկցընէր։

2․ Ինչպէս որ զԱստուած կը պատուէր՝ անանկ ալ իր մեծաւորները Աստուծոյ տեղ դնելով․ երբոր ժամուն լուսարարին կամ իր մէկ վերակեցու դրուած եղբօրը հետ խօսելու ըլլար՝ ոտք կ’ելլար, գլուխը բաց՝ վար նայելով կը կենար, ինչուան որ դիմացինները ամչնալով իր խոնարհութենէն՝ խնդրեցին մեծաւորէն որ Ալոզիոս անոնց դիմացը անանկ խոնարհութիւններ չընէ։ 

3․ Որովհետեւ սեղանատունը երբեմն կը կարդար, երբեմն ալ լըսող կ’ըլլար, կարդալը լմննալէն վերջը մէկէն աղօթքի հետ կ’ըլլար․ իսկ վերակեցուն չուզելով որ միտքը շատ յոգնեցընէ՝ ապսպրեց իրեն որ սեղան ուշ եկողներուն հետն ալ կենայ հոն. ան տեղի պաշտօնատէրն ալ աս բանը չի գիտնալով՝ յանդիմանեց զԱլոզիոս ու պատժեց, թէ դու նորընծայ ըլլալով ինչպէ՞ս ատենէ դուրս հոս կը գտնուիս։  Ալոզիոս լռութեամբ ապաշխարանքը քաշեց, ու երկրորդ անգամ նորէն ամենուն առջին յանդիմանելով ձայն չի հանեց: Վերջը պաշտօնատէրն իմանալով վերակացուին հրամանը՝ սկսաւ գանգտիլ Ալոզիոսի թէ ինչո՞ւ չըսիր. ան ալ պատասխանեց․ Ըրած յանդիմանութիւններդ ինձի անուշ խօսքեր էին բայց զուրիշներն չի գայթակղեցնելու համար՝ մէկ մ’ալ պատահելու ըլլար՝ միտքս դրեր էի որ յայտնեմ հրամանը։

4. Իր կանոնապահութիւնը չէ թէ սովորութեան համար էր կամ պարզ յօժարութեամբ մը, հապա բոլոր սրտանց անոնց ետեւէն էր․ անանկ որ կրօնք մտնալէն վեց ամիս վերջը երբոր անցուցած վարքը խիստ դատաւորի մը պէս քննեց՝ մէկ ներելի մեղք մ' ալ չի կրցաւ գտնալ. ասով չէ թէ իրեն հպարտութիւն եկաւ, հապա սկսաւ վախնալ թէ չըլլայ որ խստութեան կամ կուրութիւն մէջ ընկած ըլլամ: Իրեն հետ եղողներն ալ իր վրայ պակասութեան մը նշան ալ չի տեսան։