Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե

Հիւանդ էի եւ տեսիլք զիս

ՄԱՏԹ․

1. Իտալիա սովէն վերջը գէշ ցաւ մը ընկաւ, որ շատ մարդ գերեզման տարաւ․ շատոնք գիտնալով որ Հռովմ աղէկ կը հոգան կարօտները՝ հոն թափեցան, ցաւն ալ հետերնին բերին, այն ցաւն՝ որ Ալոզիուսի մահուան կարապետ եղաւ։ Յիսուսեանք շատ ողորմութեան գործքերէ ’ի զատ, մէկ հիւանդանոց մ’ալ շինեցին ու ձեռուընուն եկած օգնութիւնը կ’ընէին նեղելոց։ Ալոզիոս ալ գտաւ իր փնտռած առիթն, եղբայրսիրութեամբ լըցած սիրտը թափելու կարօտներուն վրայ։

2. Տընէ տուն տեղէ տեղ կը պտըտէր ողորմութիւն մուրալու. մէկ իշխան մ’ալ որ առաջ Ալոզիոսի ճանչւոր էր, այն օրերը Հռովմ եկեր էր: Ալոզիոս հրաման առաւ ու գնաց անկէց ալ մուրալու. իշխանը երբոր տեսաւ այն թագաւորի պէս տղան կարկըտած հին կապայ մը հագած, վզէն ողորմութեան քսակը կախած, ամչնալէն չէր գիտեր ինչ ընէ. ողորմութիւն տուաւ, բարի օրինակ գնեց։

3․ Բայց Ալոզիոսի լայն սրտին աս գործքն ալ պզտիկ էր, մեծաւորաց այնչափ աղաչեց այնչափ խելացի խօսեցաւ՝ որ վերջապէս հրաման տուին հիւանդանոցին մէջ ծառայելու։ Ո՞վ կրնար անոր ուրախութիւնն եւ սէրն չափել որով կը ծառայէր հիւանդաց․ շատը իր օրինակէն վառուած իրեն հետեւեցան. ինչուան մէկն ալ սիրով կը մեռնիմ կ’ըսէր, հոս, որովհետեւ Ալոզիոս ասանկ տաք սրտով կ’աշխատի. եւ ըսածին պէս սիրով ծառայեց ու առջինը եղաւ մեռնողներուն մէջ այն վանքէն. Ալոզիոսի ալ նախանձը շարժեց։

4. Ամենէն վտանգաւոր ամենէն աղտոտ հիւանդներուն քովը կ’երթար կը ծառայէր. մէկուն անկողինը կը շինէր, մէկալին կերակուր կը կերցընէր. մէկը կը լըւար, մէկալը կը հագուեցընէր. մէկը կը մխիթարէր՝ մէկալին հետ աղօթք կ’ընէր․ Աստուծոյ ու եղբարց սէրը գետի պէս կը բղխէին սրտէն ու բերնէն. Պօղոս առաքելոյն ըսածին պէս ամենուն հետ ամէն բան եղաւ որ զանոնք շահի։ Լացողին հետ կու լար, մխիթարուողին հետ կը մխիթարուէր որ զանոնք շահի։

5. Ալ ի՞նչ բան կը մնար։ Մեռնողին հետ մեռնի՞լ։ Ա՜խ. աս ցաւալի բան է, բայց Ալոզիոսի չէ, հապա իր ընկերներուն եւ զինքը ճանչցողներուն. ինքն որ ամէն մեռնողի երանի կու տար, օր մը ըսաւ Պելարմինոսի, թէ կարծեմ իմ օրերս ալ կարճըցեր են: Ինչո՞ւ, ըսաւ խոստովանահայրը․ Վասն զի, պատասխանեց Ալոզիոս, անանկ սաստիկ եռանդ մը կ’իմանամ՝ Աստուծոյ ու ընկերներուս ծառայելով չարչարուելու, որ կարծեմ թէ Աստուած ինձի չէր տար՝ թէ որ մահս մօտեցած չըլար։