Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

Կրոնաւորութիւն սուրբ ... անարատ պահել զանձն յաշխարհէ

ՅԱԿ․ ԱՌԱՔ

1. Ալոզիոս փառք տուաւ Աստուծոյ որ հօրը մեռնելէն առաջ զինքը աշխարհքէ ազատեց․ Հռովմ մտած ատենը իրեն հետ եկող ճամբու ընկերներուն ապսպրեր էր որ ծնողացը երթան նէ՝ աս խօսքը ըսեն․ Մոռա զժողովուրդ քո եւ զտուն հօր քո։ Ինքն ալ ըսածին պէս ըրաւ ամենեւին չի խօսեցաւ եւ չէր մտածեր տանը վրայօք, անանկ որ երբոր մէկը իրեն hարցուց թէ քանի եղբայր էիք, ամչնալով սկսաւ մտքէն համրել։ 

2. Աշխարհքէ հրաժարիլը բաւական չէր, իր անձն ալ ուրացեր էր, ինչպէս Տէրն մեր կը պատուիրէ. մարմնոյ հանգստութիւն բոլորովին մոռցեր էր. ծաղիկ մը ձեռքը չառաւ որ հոտուըտայ․ բայց փնդի հիւանդներու շատ հեղ սիրով կը ծառայէր․ չի յիշեց ան հարկինքները որ տեսեր էր, իր ուտելիքն էր հաց ու ջուր կամ անժուր անհամ եփած բան մը․ ինքը որ Իտալիոյ անուանի թատրոններ ու երգիչներ տեսեր եւ լսեր էր՝ հիմայ չէ թէ միայն ականջին՝ անուշ ձայն չլսելու զգուշացաւ, հապա նաեւ զուարճալի խօսքերէ ալ կը փախչէր։

3․ Աչքին վրայ ըրած զգուշութիւնն՝ պե՛տք է նորէն ըսել։ Մեծաւորներն երբեմն պտըտցնելու կը տանէին սովորական տեղ մը. անգամ մը պտըտելէն դառնալէն վերջը՝ հարցուցին Ալոզիոսի թէ այս օրուան գացած տեղերնիս ինչպէ՞ս էր, առջի բերանը զարմացաւ մնաց Ալոզիոս, մէկ մ’ալ ալ աղէկ մը մտածելէն վերջը, հազիւ իմացաւ որ այն օրը նոր տեղ գացեր են եղեր: Իրեք ամիս էր որ վանք մտեր էր, եւ չէր գիտեր թէ ի՞նչ կարգով քահանայք սեղան կը նստէին:

4. Ամէն գործքի մէջ Քրիստոսի ըրածը կը յիշէր, մանաւանդ չարչարանքներն. Քրիստոս քղամիդ հագաւ կ’ըսէր, ու մեծաւորաց աղաչելով կ’ընտրէր ամէնէն հին կարկըտած զգեստը եւ անով կը պըտըտէր Հռովմայ մէջ․ Քրիստոս նախատուեցաւ, ինքն ալ կը խնդրէր մեծաւորէն որ զինքը յանդիմանէ ամենուն առջին. մեծաւորը զինքը ղրկեց որ երթայ սեղան դնելու ծառայէ, ան տեղի վրայ կեցողն ալ մեծաւորին հրամանովը կը բարկանար Ալոզիոսի, ամէն ըրածին մէջ պակսութիւն գտնալով, Ալոզիոս ալ թողութիւն կ’ուզէր ու կը խոստանար աւելի աղէկ ընելու։ Ասով ընկերներուն ալ անանկ պատուելի եղաւ, որ սուրբի տեղ դնելով զինքը՝ ան ատենէն կ'ուզէին իրեն գործածած բաներէն մէկը քովերնին պահել։