Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ

Զփառաւորիչս իմ փառաւորեցից

1․ Զորավար մը որ շատ տարի թշնամեաց հետ կռուելով վերջապէս յաղթութեամբ իր թագաւորին կը դառնայ, մեծ վարքի արժանի չէ՞. հապա Աստուծոյ զինուոր մը որ բոլոր կեանքը պատերազմելով այս աշխարհքիս, սատանայի ու իր մարմնոյն հետ, մէկ հեղ մ'ալ չի յաղթելով հապա միշտ յաղթելով՝ կը դառնայ Աստուծոյ, Աստուած ասանկ կտրճի մը ի՞նչ վարձ պէտք է որ տայ։ Անանկ վարձ մը, որ չէ թէ միայն մարդկանց խելքէն վեր ըլլայ, ապա կարծեմ թէ Ալոզիոսի վարձը երկինքն ալ նշանաւոր ըլլայ։

2. Աստուած այս բանս ուզելով յայտնել է սուրբ կուսի մը ցըցուց արքայութեան սուրբերն. աս կոյսը որ Ալոզիոսի փառքը տեսաւ՝ խելքը թռուց․ ինչպէ՞ս իմացընէ տեսածը․ Ո՜հ, կ’ըսէր, ո՞վ կու տար ինձի որ բոլոր աշխարհք երթայի պատմէի Ալոզիոսի վարձքը։ Կարելի է վարքը կարդալով աղէկ մը չարթընցար, ուշ դիր աս խօսքին. Ո՞վ կու տար ինծի որ բոլոր աշխարհք երթամ՝պատմեմ Ալոզիոսի վարձքը։

3. Պատմէ ուրեմն, ի՞նչ էր տեսածդ․ թէ որ սուրբի մը փառք էր նէ, գիտենք որ Ալոզիոս երկրիս վրայ ալ սուրբ էր եւ երկնքի սրբոց մէջ խառնուեցաւ․ թէ որ հրեշտակի փառք էր, գիտենք որ Ալոզիոս երկրիս վրայ ալ հրեշտակ ըսուեցաւ․ քու տեսածդ ինչպէ՞ս փառք էր։ Չի կրնար պատմել կոյսն ալ․ վասն զի ինքն ալ ինքիրմէ յափշտակուած ատենը տեսաւ չէ նէ ան փառքին իր սիրտն ալ չէր դիմանար։ Առաքելոյն ըսածին պէս աստղ քան զաստղ՝ աւելի լուսաւոր է․ Ալոզիոս ալ շատ սրբոց աստղերէ լուսաւոր պիտի ըլլայ․ ո՞վ կու տար մեզի ալ՝ որ այս լուսոյ մէկ ճաճանչը ընդունէինք երկրիս վրայ:

4. Ըսաւ Քրիստոս․ Ի տան հօր իմոյ օթեւանք բազում են, ով որ երկրիս վրայ զԱստուած բարձրացուց, Աստուած ալ զինքը երկնքի մէջ կը բարձրացընէ, եւ իր՝ Զփառաւորիչս իմ փառաւորեցից, ըսած խօսքը՝ մարդկանց յայտնելու համար, շատ հեղ հրաշքներով ալ զինքը կը պատուէ. թէպէտ Ալոզիոսի սրբութիւնը իմանալու համար՝ իր վարքը աշխարհքիս մէջ եղած հրաշքներուն մէջ մեծերէն մէկն է։ Հրաշքներուն շատը Ալոզիոս ցըցուց իր շատ սիրական առաքինութեան վրայօք՝ որ է ողջախոհութիւն. անոր համար Շուշան մաքրութեան ըսուեցաւ․ մէկ քանին յիշենք։

5. Պոլոնիացի առաքինի մարդ մը շատ տարի առաքինութեամբ  ապրելէն վերջը, ողջախոհութեան դէմ անանկ սաստիկ փորձութիւն ունեցաւ, որ ոչ աղօթքով ոչ ճգնութիւններով կրցաւ յաղթել․ անկէ զատ՝ սատանան զԱստուած հայհոյելու նոր փորձութիւն մ'ալ բերաւ վրան. մարդը սրտին նեղութենէն բոլորովին յուսահատելու վրայ էր, երբոր իրեն ճանչուորները Ս. Ալոզիոսի մասունք մը տուին, որ վըզէն կախէ. աս որ ըրաւ մէկէն ամէն փորձութիւն դադրեցաւ։

6․ Սուրբ Ալոզիոսի ջերմեռանդ կնիկ մը ուխտի գացեր ետ կը դառնար․ գիշերանց անտառի մէջէն անզգամ մարդիկ վրան հասան, անիկայ հազիւ կրցաւ՝ Ս․ Ալոզիո՜ս օգնէ ըսել, մէկալնոնք մէկ ձեռքով քսակնին իրեն կու տային որ գլխէ հանեն զանիկայ՝ մէկալ ձեռքով ալ սուրերնին քաշեցին վախցընելու, երբոր անիկայ առաքինութեամբ դէմ կեցաւ՝ մէկը սուրը քաշեց կուրծքին, կնիկը գգեստին տակը Ս. Ալոզիոսի պատկերը ունէր, թուրը պատկերին դպչելուն պէս  ներս չի գնաց. մէկալը` բարկութենէ հրացանը պարպեց, մէկէն հրացանն ալ իր ձեռքն ալ ջարդուբուրդ եղան. առ որ տեսան՝ ամէնքն ալ թողուցին փախան։

7․ Մէկն ալ որ հինգ տարի շատ խրատներ լսելէն վերջը չէր կրնար իր մեղքէն դադրիլ՝ խոստովանահայրը հրամայեց որ Ս. Ալոզիոսն իրեն պաշտպան բռնէ. Առջի անգամ աղօթք ընելուն պես անանկ զղջումի եկաւ՝ որ մէկ մ’ալ իր մեղսակցին երեսը չի նայելէն զատ՝ իր կամքով հինգ ամիս անտանելի ճգնութիւններ ըրաւ․ վերջը խոստովանահօրը յանձնեց պատարագ մը զրուցելու Ս. Ալոզիոսի. թէ որ ըսաւ մեղքերուս ներեր է՝ զիս աս աշխարհքէս հանէ. քանի մը օրէն մեռաւ բարի մահուամբ, սուրբը իրեն ներեր էր. երբոր ժամը տարին ասոր չար ընկերը մարմնոյն մօտեցաւ, մեռելը սեւ արիւն մը թքաւ անոր քթին բերնին՝ որ լեղապատառ ետ դարձաւ։ 

8. Ասչափ հերիք ըլլայ ցուցընելու, թէ ինչպէս Ս. Ալոզիոս երկրիս վրայ սիրեց զմաքրութիւն, երկինքն ալ իր ջերմեռանդներուն աս բանիս համար պաշտպանութիւն կ’ընէ. այնչափ անգին բան է ողջախոհութիւնն, որչափ անմեղութիւն. զղջումով կրնայ մարդ Աստուծոյ շնորհացը հասնիլ, փառաց արժանի ըլլալ, բայց այն՝ միշտ անբիծ մնալու պարծանքը ետ չի դառնար։ Ահա Ալոզիոսի մեծ փառքին պատճառն ալ աս պիտի ըլլայ, որ միշտ մաքուր, միշտ անմեղ մնաց երկրիս վրայ․ փուշերու մէջ մեծցած վարդի մը պէս, մեռած ջրերու քով բացուած պայծառ շուշանի մը պէս