Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ

Եդի պահապանս աչաց իմոց

ՅՈԲ

1. Ֆերրանդէս՝ զԱլոզիոսն ու անոր պզտի եղբայրն որուն անունն էր Ռոտոլփոս մէկ տեղ Ֆիորենցա տարաւ դպրատուն դրաւ, հոն Ալոզիոսի մեծ ջանքն եղաւ, որ ատեն գողնայ հոգեւոր ճամբուն մէջ աւելի առաջ երթալու։ Սկսաւ մէկ նոր ու աւելի տաք ջերմեռանդութիւն մ’ալ սուրբ Աստուածածնայ․ որ երթալով անանկ աւելցուց, որ երբոր Աստուածածնայ վրայ խօսք կ’ըլլար՝ անկարելի էր որ սիրտը չելլեր. Գրիգորիկ, մօրմէդ անուշ՝ սիրելի ու հարկաւոր մէկը ճանչցե՞ր ես պզտիկութեանդ ատեն. ահա մարդն ալ իր տկարութեամբը միշտ տղայ է. միշտ կարօտ է անանկ մօր մը, որ է սուրբ Աստուածածինն

2. Հաստատ ճանչցաւ Ալոզիոս, որ Աստուծմէ վերջը սիրելի բան Աստուածածինն է, բոլոր կեանքը Աստուծոյ ընծայած՝ Աստուածածնայ ընծայ բերաւ անոր սիրելի ողջախոհ մաքրութիւնը․ չափահասի խելքով՝ մտածեց կուսութեան ի՞նչ ազնիւ փափուկ բան ըլլալն, ու անոր դէմ եղած հազար ու մէկ վտանգներն, ելաւ գնաց Աստուածածնայ աւետման եկեղեցին, հոն ուխտ ըրաւ Աստուածածնայ իրեն նման միշտ կուսութիւն պահելու։

3․ Աս ուխտին պատճառովը սկսաւ նոր զգուշութիւններ, նոր խստութիւններ ընել․ անկէ վերջը չէր թողուր որ ծառայները գան զինքը հագուեցընեն, ինչպէս որ սովորութիւն էր. հանգստութիւնը իրեն նեղութիւն կը սեպէր, նեղութիւնը՝ հանգստութիւն. կը թողուր ամէն դիւրութիւն, ոչ խաղի կ’երթար եւ ոչ թէատրոն։

4. Գիտէր որ շատ հեղ եւ գրեթէ ամէն զգայութենէ աւելի աչքն է որ զմարդ փորձութեան մէջ կը ձգէ. անոր համար ինքն ալ անանկ զգուշութիւն մը դրաւ աչքին՝ որ ինչուան մօրը հետ խօսելու ատենն ալ՝ վար կը նայէր։ Սուրբ Աստուածածին ալ ասոր փոխարէն զԱլոզիոս ամէն այն առաքինութեան դէմ եղած փորձանքներէն պահեց, թէ արքունեաց մէջ, թէ հօրը տունը եղած ատենը, եւ թէ վանքը ինչուան որ մարմինը մաքուր զգեստի մը պէս վրայէն թօթուելով՝հրեշտականման հոգին վեր թռաւ։