Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ

Բազում նեղութեամբք պարտ է մեզ մտանել յայն հանգիստ 

ՊՕՂ. ԱՌԱՔ

1. Ալոզիոս Գասդիլիոն դառնալէն վերջը կարգ դրաւ որ շաբաթը իրեք օր ծոմ բռնէ․ ուրբաթ օրը միայն հացով ու ջրով կ’անցընէր, թէպէտ կերածն ալ ութը տրամէն աւելի չէր. անանկ որ լսողը կը զարմանար թէ ինչպէ՞ս կրնայ ապրիլ անով, բայց աստուածասէր տղան ան ալ շատ կը սեպէր, որպէս զի իմանանք թէ կեանքերնիս պահելու համար քիչ մը ու պարզ կերակուր մ’ալ բաւական է. եւ թէ պզտիկ կարծած որկրամոլութիւնն ալ զզուելի բան է։ Չկայ մէկ գործք մը որ զմարդ աւելի կենդանիներուն նմանցընէ՝ ինչպէս որկրամոլութիւնն:

2․ Ծոմը ու պաքը բաւական չի սեպեց իր անմեղ մարմինը տանջելու, սկսաւ ինքըզինքը խարազանով ծեծել. նախ շաբաթը իրեք անգամ, վերջը վերջը օրը իրեք անգամ, եւ անանկ ալ սաստիկ՝ որ ամէն հեղ մարմինը կը ծակծըկէր։ Քանի՜ անգամ ան արիւնոտ շապիկներն տարին ծառայները մօրը ցըցուցին, խշխշուքէն սիրտը փրթաւ, տեսնալով իր փափուկ զաւկին սուրբ արիւնը՝ որուն վրայ այնչափ կը դողդըղար։ Հայրն ալ տեսաւ, ու սիրտը ելաւ․ «Կարծեմ որ ատ տղան ատանկով կեանքը պիտի ուտէ»․ ըսաւ։ 

3. Կուզէի Գրիգորիկ, որ դու ալ մտքովդ տեսնաս ան արիւնլըւայ հագուստը ու հարցընես թէ ո՞ր անզգամինն է. Ասիկայ է տասուիրեք տարուան ու անմեղ տղու մը զգեստ, որ ոսկիով զարդարելու տեղ իր արիւնովը ներկեր է. տանը մէջ գտած չուանի՝ երկըթի կտորն իրեն ձաղկոց կ’ընէ․ անկիւն մը քաշուած, խաչելութեան ոտքը կ’ինկնայ, ու Հո՛ս, կ’ըսէ, որչափ ալ տանջուինք քիչ է, որչափ ալ անմեղ ըլլանք, աս խաչուած Յիսուսէն անմեղ չենք։ Եւ յոգնած մարմինն հանգչեցընելու համար՝ խորտուբորտ անկողնի մէջ, Յիսուսի սիրով անուշ քուն կ’ըլլայ։ 

4. Ատանկ տղայ մը որ ծնած չի ծնած աշխարհքէ գաներ էր, ինչ կրնայ ընել աշխարհքիս մէջ. առաւօտը ելլելուն պէս՝ իր վառած սիրտը Աստուծոյ կը վազէր, ժամերով աղօթք կ’ընէր՝ վերջը պատարագներ կը տեսնար, ետքը սենեակը կարդալով աղօթքով օրը կ'անցընէր, թէ որ հորը հնազանդելու համար դուրս ելլեր ալ, սիրտը իր սենեկին մէջ Աստուծոյ հետ էր. իրիկունը անկողին չի մտած երկան աղօթքէն զատ, գիշերն ասել կ’ելլեր շապկանց՝ չոր գետնի վրա ծունկ դրած աղօթքի կը կենար․ ցուրտ ձմեռներն ալ՝ երբոր ամէնքն տաք անկողնի մէջ կը հանգչէին պալատը, ինքը անկողնէն դուրս, պաղէն դողալով սառած մատուըները շարժելով կը ջանար որ աղօթքըն չի թողու․ շատ հեղ նորէն անկողին մտնելու ատեն՝ հազալու չափ ալ ուժ չէր մնար վրան։ Այսչափ չարչարանքով հիւանդութիւն՝ մ’ալ չի քաշեց․ միայն զլխու ցաւ մը ունեցաւ, որ Քրիստոսի փուչ պսակին քով՝ իրեն վարդէ պսակ կը սեպէր:

5. Թէ որ ճգնաւորներու քով մեծցած ըլլար Ալոզիոս՝ այնչափ զարմանալի չէր իր գործքերը, բայց միշտ պալատներու մէջ կեցաւ, փառք ու խնտում ամէն օր աչքին առջին էին, կը տեսնար որ մեծ պզտիկ անոնց ետեւէն ընկեր են ինքը որչափ կ’ատէր զանոնք, այնչափ ալ զանոնք սիրողներուն վրայ կը զարմանար: Ահա ասանկ սիրով՝ հօրը հրամանովը եղբօրը հետ գնաց Սպանիայի թագաւորին քովը, որ իրենց պատիւ տուաւ։

6. Ինքը տեսնալով որ աս պատիւը կրնայ իր ջերմեռանդութեանը արգելք ըլլալ, արքունեաց մէջ ալ ճգնութեան կեանք բռնեց, իր մխիթարութիւնն էր ստէպ հաղորդուիլ․ խոստովանահայրը կը վկայէր թէ արձակում առնելու չափ ալ մեղք չունէր։ Թագաւորին քով գացած ատենը, ինքն որ իր մօրը երեսը չէր համարձակեր նայելու, հոս ալ թագաւորին դէմքը չիտեսած՝ ելաւ Մատրիտէն։ Մենք մեծ մարդու մը վրայ լսենք նէ, ա՜խ ո՜ւր է թէ տեսնայինք կ’ըսենք․ Ալոզիոսին միշտ աչքը վար կը պտըտէր անոնց քով, եւ ոչ պալատին ճամբայները գիտէր։

7. Ալոզիոս Քրիստոսի աղքատաց նման՝ հին զգեստով կը պըտըտէր, հայրը նոր հագուստ շինել ալ տար՝ երկու անգամ հագնելէն ետեւ՝ իր հին զգեստիկը կ’առնուր․ զարմացուց իր հայրն ալ, թագաւորն ալ, իշխաններն ալ․ տղաք՝ կտրիճներ, ծերեր երբոր կը լսէին թէ Ալոզիոս կու զայ, խաղերնին խօսքերնին կը թողուին: Ահա ասանկ է սուրբին օրինակը․ բերանն չիբացած դէմքն զդիմացինը կը խրատէ