Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ

Յամենայն ժամ աղօթս արարէք 

ՄԱՏԹ․ 

1. Կրնայիր տարակուսիլ Գրիգորիկ, թէ ինչպէ՞ս մարդ ամէն ատեն աղօթք պիտի ընէ. ահա օրինակ քեզիԱլոզիոսն, որուն կեանքը գրեթէ մէկ ժամ աղօթքի կենալ մ' էր․ իրեն պետք չէր ժամու սենեակ, վասն զի ինքն էր կենդանի տաճար Հոգւոյն սրբոյ։ Շատ հեղ չէր կրնար սրտին ելլալը բըռնել, արցունքը աղբիւրի պէս երեսէն վար կ’ինջնար․ շատ հեղ մեծաւորներն խուցը կը մտնային կ’ելլային ինքը չէր իմանար․ վասն զի ինքը, իր հոգին ալ Աստուծոյ քով մտած էր։ 

2. Որովհետեւ կանոն էր յայտնելու, ինքն ալ յայտնեց մեծաւորին, որ վեց ամսուան մէջ՝ աղոթքի ատեն մտքի ցնդիլը թէ որ մէկ բերելու ըլլար՝ ողջոյն քեզ մը ըսելու ատենի չափ հազիւ կ’ըլլար. ուրիշները որ աղօթքի նստելու ատեն կը ջանային մտքերնին ամփոփելու, ինքը դրսէն ջերմեռանդութեան նշան չի տալու համար կը ջանար զինքը զսպելու․ վասն զի մէկ մ'որ  միտքը Աստուծոյ վերանար՝ երեսը  կրակ կը կտրեր, սիրտը կը նետէր չէր կրնար ծածկել այն եռանդը՝ զոր Քրիստոսի չարչարանքը ու հաղորդութեան խորհուրդը մտածելով կ’իմանար։

3. Այսչափ մտաւոր աղօթքով ու Աստուծոյ սաստիկ սիրով իրաւ հոգին օրէ օր կը զօրանար, բայց մարմինն որ հոգւոյն ընկերն է եւ շատ նեղութեանց չի կրնար համբերել՝ սկսաւ վշտանալ, գլխուն ցաւը աւելի սաստկացաւ անոր համար մեծաւորներուն պատուիրեցին որ անկէ վերջը չափ դնէ, միտքը շատ չի յոգնեցընէ, ասոր համար ալ իրեն ուրիշ բաներ յանձնեցին որ անոնց զբաղելով քիչ մը աղօթքէ ետ կենայ․ բայց աղօթքին բոցը՝ որ  է սէրն՝ ո՞վ կրնայ մարել, կրակէ նետ մ'է որ սրտէն կ’ելլայ ու մէկ կերպով մը չի դադրիր ինչուան որ Աստուծոյ չի հասնի։ 

4. Ալոզիոս հնազանդութեան սիրով՝ կ’աշխատի միտքն ուրիշ բանի տալու, բայց ան ապստամբ սիրտը, ան սուրբ ապստամբը՝ միշտ Աստուծոյ կը վազէր. աղօթարանին չէր մօտենար որ չըլլայ թէ միտքը յափշտակուելով հնազանդութեան դէմ ընէ. ձեռքի գործքերը ստէպ կը փոխէր որ միտքը անոնց վրայ պտըտի․ բայց ինքզինքը բռնադատելը՝ միտքը աւելի յոգնեցուց, եւ աս կռուէն գլխին ցաւը աւելի սաստկացաւ, պէտք եղաւ որ մեծաւորներն հրամաննին ետ առնեն: Ամէն բանի յաղթել կ’ըլլայ, Աստուծոյ սիրոյն յաղթել չըլլար։

5․ Մեծաւորը տեսնալով որ Ալոզիոս հիւանդոտ է, զինքն մէկ քանի ուրիշ տկար կրօնաւորներու հետ Նաբոլի ղրկեց օդ փոխելու, հետը կար հիւանդ մ’ալ որ շատ առաքինի մարդ ըլլալով՝ Ալոզիոսի  մեծ ուրախութիւն եղաւ, եւ իր հիւանդութեանը չի նայելով ամէն ծառայութիւն կ’ընէր այն քահանային։ Նաբոլի հասաւ, սրբութիւնը ամենուն յայտնի եղաւ, ամէնքը խնդացին, բայց ինքը ասոր վրայ  կ’ուրախանար որ հոն ալ նոր նեղութիւն կրցաւ քաշել, թէ օդէն թէ կեցած տեղէն։ Վրան ծանր ջերմ մ’եկաւ, պէտք եղաւ զինքը նորէն Հռովմ դարձընել։