Թ
Որ
ատեայ
զանձն
իւր
յաշխարհիս
յայսմիկ,
’ի
կեանսն
յաւիտենականս
պահեսցէ
զնա
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
1.
ՄԷկն
որ
ազնուականի
մը
յոյս
ըլլալ,
պալատներու
մէջ
մեծցած,
թագաւորներու,
դքսերու
ձեռքէ
ձեռք
պտըտած,
կարծես
թէ
բնական
իրաւունք
մը
կը
սեպէ
իրեն
եւ
միտքը
կը
դնէ՝
թէ
նեղութիւն
քաշելը
իմ
վիճակիս
համար
չէ,
կամ
թէ
պէտք
է
որ
ես
հանգստութեամբ
ապրիմ,
ինչպէս
որ
իմ
ծընողքս
կ’ապրին
եւ
իմ
պատուոյս
կը
վայլէ:
Ալոզիոս
շատ
հեռու
էր
այսպիսի
մտածմունքէ։
2.
իմաստունը
կ’ըսէ.
Թէ
որ
հարստութիւնը
գետի
պէս
քեզի
գայ,
գու
հեռու
կեցիր․
Ալոզիոս
ալ
ճշմարիտ
ասանկ
ըրաւ,
թէ
հարստութեան
եւ
թէ
հանգստութեան
մէջ.
վանք
չի
մտած
մարմնոյն
ճգնութիւնը
աւելի
էր,
վանքը
մտնալէն
վերջը
մտքինը
աւելցաւ.
միայն
իրեն
սուրբ
յօժարութիւնը
ու
հնազանդութիւնը
ինչ
ճգնութիւն
որ
ըսես՝
կ’արժէր,
ու
անոնց
վարձն
ալ
առաւ։
3.
Քրիստոսի
միամիտ
աղաւնի
էր,
բայց
տես
թէ
ինչ
խորագէտ
հնարք
մ'ալ
մտածեց.
երբ
արտաքին
ճգնութիւններն
դադրեցաւ,
ինքզինքն
խոնարհեցընելու
սաստիկ
ջանք
մը
ըրաւ,
ու
անոր
համար
հրաման
առաւ՝
որ
սպանիոլերէն
քարոզի
պէս
խրատներ
խօսի
շատոնց
առջեւը,
որ
լեզուն
աղէկ
չի
կրնալով
խօսիլ՝
արհամարուի
ամօթ
իյնայ․
շատ
հեղ
կ’երթար
մեծաւորաց
ինքզինքը
կ’ամբաստանէր
ամէն
գործքերուն
մէջ
պակսութիւն
մը
գտնալով
որպէս
զի
յանդիմանութիւն
լսէ:
4.
Եւս
առաւել
Աստուծոյ
դիմացը
կը
խոստովանէր
իր
տկարութիւնը․
բայց
անանկ
երեսը
կախած
տրտում
չէր
երեւար,
ինչպէս
կ’ընեն
երբեմն
ջերմեռանդութիւն
չի
գիտցող
ջերմեռանդներ․
իբրեւ
թէ
իրենք
իրենց
վրայ
բարկացած
ըլլան,
բայց
անանկ
բարկութեամբ
մը
որ
շատ
հեղ
ծայրը
պարծենկոտութեան
կը
տանի.
հապա
խոնարհութեամբ
կ’ըսէր
այն
խելացի
խօսքըն․
Իմ
պարտէզիս
բերքը
աս
է.
ով
տէր,
թէ
որ
ինծի
չօգնէիր
ա՛լ
գէշ
պիտի
ըլլար,
թէ
որ
նորէն
օգնես
աւելի
աղէկ
կը
բերէ։