Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է

Լաւ է ունկնդրութիւն քան զզոհ ընտիր
Ա․ ԹԱԳ

1. Խոնարհութեան պտուղն է հնազանդութիւնը, եւ այնչափ պատուական է՝ որչափ որ հնազանդողը սուրբ է. վասն զի սուրբը արդէն գիտէ Աստուծոյ հասնելու ճամբայն, բայց իր գիտցածը թողլով ուրիշի ցըցուցածին կը հետեւի. եթէ Ալոզիոսի հնազանդութեան կատարելութիւնը իմանալ կ’ուզես հարցուր իրեն. Չեմ յիշեր որ մէկ հեղմ’ ալ առած հրամանիս զանցառութիւն ըրած ըլլամ, կամ հակառակը ուզած ըլլամ, ըսաւ ինքը բերնովը. եւ ասով ալ ինքը իր վրայ hամարմունք չունէր։ 

2. Բայց հեղ մը մեծաւորը կամաւ երեսին զարկաւ թէ ինչպէ՞ս հրամանի դէմ մտքով յափշտակուած աղօթք ըրեր էր։ Ալոզիոս չըսաւ թէ անիկայ իմ ձեռքս չէր, բայց աս սուրբ զանցառութիւնն ալ յանցանք սեպելով ամօթէն մարեցաւ, վերջն ալ մեծաւորին ոտքը ինկած՝ լալով թողութիւն ուզեց։

3. Կարելի է, Գրիգորիկ, զարմացար թէ անանկ ջերմեռանդութեան մէջ ալ պէ՛տք է հնազանդութիւն. հարցուր նորէն Ալոզիոսի, ու կ’իմանաս որ ինքը իր մեծաւորաց խօսքը Աստուծոյ պատգամ սեպելով կը հնազանդի. մեծաւորը զիտուն է թէ չէ՝ իրեն հոգը չէ, բերանը անոնցն է` ձայնը Աստուծոյ է, ինքն ալ բոլոր սիրտը Աստուծոյ տուած՝ Աստուծոյ փոխանորդացը կը հնազանդի։ Շատ աղէկ ըսաւ սուրբ մը, Հնազանդ մը չէ դատապարտուած, անհնազանդ մը չէ փրկուած: Դու ալ աս երկուքին մէկը պիտի ըլլաս. քննէ զքեզ, ու գիտցիր որ շատ վտանգաւոր բան  է ազատ կամքը մարդուս հոգւոյն փրկութեանը, թող որ շատ հեղ մարմնոյ ալ վնաս է։