Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը

Սիրելին իմ ինձ եւ ես նմա

ԵՐԳ 

1․ Հասաւ տօնին ութերորդ օրը՝ որուն ետեւի առաւօտը արքայութեան մէջ պիտի ծագէր Ալոզիոսի, իր ընկերները՝ գանձին գլուխը ժողվուած դողացող ագահի մը պէս Ալոզիոսի չորս դին առած կեցեր էին. տեսնալով որ անոր վրայ մեռնելու նշան չէր երեւնար, սկսան ուրախանալ ու ըսել․ Տեսնա՞ս ահա եկաւ աս օրս եւ դու աւելի առողջ ես. Ալոզիոս անուշիկ մը ժպտեցաւ ու ըսաւ․ Այս օրս եկաւ բայց դեռ չանցաւ․ կ’անցնի աս գիշերս ալ, բայց ես չեմ անցըներ աս գիշերս։

2․ Սրբազան պապը Գրիգոր ԺԴ լսելով Ալոզիոսի ծանրացած ըլլալը՝ իր ձեռքովը վերջի օրհնութիւն եւ լիակատար ներողութիւն խաւրեց: Ալոզիոս շատ ուրախացաւ. մէկ  մ’ալ միտքը եկաւ թէ ինչպէ՞ս սրբազան պապը զինքը յիշած պիտի ըլլայ թէ որ ուրիշը իրեն ըսած չըլլար, ամչցաւ երեսը գոցեց. ներողութիւն բերողը զինքը չի խպնեցընելու համար ըսաւ, թէ պապը դիպուածով լսեր իմացեր է, ու քեզի ատ շնորհքը ըրաւ։ Ալոզիոս որ կը հաւատար քիչ աոենէն արքայութիւն երթալուն, կենացը մնացած մէկ երկու ժամն ալ կ’ուզէր խոնարհութեամբ անցընել, որ իմացընէ թէ ինքը Աստուծոյ շնորհացը վստահ արքայութիւն կ’երթայ, չէ թէ իր լաւութեանը համար։

3․ Կէսօրուընէ վերջը խնդրեր էր որ սրբութիւն բերեն. անոնք ինչուան իրիկուն ուշացընելով երբոր իրիկուան մօտ նորէն ուզեց ու բերին, իր վառած սրտովը առաւ այն յավիտենական ճամբուն թոշակը։ Հոն պէտք էր գտուիլ տեսնելու եղածը․ իրեն եռանդը, տեսնողներուն մէկ ձայնով լալը, ընկերներուն ցավը, իր անպատմելի խընտումը, մանաւանդ թէ պէտք էր  տեսնել այն սուրբ սիրտը ուր Յիսուս վերջի անգամ այցելութեան ու հրաւիրելու կու գար․ լսել ան ձայնը որ Ալոզիոս ու Յիսուս մէկ մէկու կ’ըսէին. Սիրելին իմ ինձ եւ ես նմա։

4. Աղօթքէն վերջը մեծաւորէն խնդրելով հրաման առաւ, ու ինչպէս սովորութիւն կար հեռու աշխարհք գացողներուն՝ ընկերներուն հետ պագտուեցաւ ետքը ամենէն թողութիւն ուզեց, ամենուն սիրտը ճմլեց անուշ խօսքերովը, ամենուն խոստացաւ անկէ վերջը աւելի սիրելու զանոնք ու աւելի օգնելու անոնց։ Վերջը մեծաւորը հարցուց, թէ՝ Ալոզիոս, ինչպէ՞ս ես։ Հայր երթամ պիտի, ըսաւ։ Ո՞ւր։ Թէ որ  մեղքերս չարգիլեն՝ շիտակ արքայութիւն»։ Ա՜խ, ան արգելք եղող մեղքերը քեզի համար չեն, Ալոզիոս, հապա քուկին առաքինութիւններդ են որ գքեզ կ’արգիլեն չուշանալու երկրիս վրայ։

5. Գիշերուան մօտ Ալոզիոս գլուխը թեւին կըռթընցուցած խաչելութեան կը նայէր, կարծեմ նախանձելով թէ ինչպէ՞ս ինքն ալ խաչի վրայ չի մեռաւ․ մէկ մ' ալ մէկալ ձեռքովը գլխէն գտակը վար առաւ․ քահանային մէկը (ան՝ որ ետքը իր վարքը գրեց) կարծելով որ դիպուածով ինկաւ, նորէն գլուխը դրաւ Ալոզիոս դարձեալ վար առաւ․ քահանայն ըսաւ թէ աս գիշերուան օդը կարծեմ աղէկ չէ բաց զլխի․ Ալոզիոս կամացուկ մը պատասխան տուաւ, թէ Քրիստոս ալ բաց գլխով մեռաւ։

6․ Վրան ժամ մ’ալ անցնելէն վերջը՝ վերակացուն եղբայրներուն հրամմեց որ ալ երթան պառկին, ապահովցընելով որ ան գիշեր չի մեռնիր։ Բայց անոնց սիրտը կը վկայէր թէ մէկ մ’ալ պիտի չի տեսնեն այն մարմնաւոր հրեշտակն, սկսան լալ։ Ալոզիոս ալ աղաչեց որ իրեն համար աղօթք ընեն, ու վերջը տրտմութեամբ դարձան անոնք։ Պելարմինիոս ապսպրեց Ալոզիոսի որ երբոր հոգեվարութեան նշան իմանալ՝ իմացընէ իրեն որ գայ  աղօթքը ըսէ. վրան քիչ մը անցաւ չանցաւ Ալոզիոս՝ Հայր, ատենը հասաւ, ըսաւ․ խոստովանահայրն ալ աւանդման աղօթքը զրուցեց, բայց վրան դեռ հոգեվարի նշան չի տեսաւ, անոր համար քաշուեցաւ իր սենեակը, երկու քահանայ մնացին Ալոզիոսի քով:

7․ Արդ հասաւ գիշերուան այն փառաւոր ժամը, որ պայծառ արեւու պէս Ալոզիոս երկրէ երկինք պիտի ծագեր, ուրախութիւն երկնից, տրտմութիւն երկրիս․ Ալոզիոս՝ Աստուած իմ, հոգիս քեզ կ’աւանդեմ ըսելով, հասաւ ան վայրկեաններուն որոնցմէ ամէն Ադամայ զաւակ եղողը պիտի անցնի․ մաքուր ճակտին վրայ բարակ ցօղի պէս քրտինք մը երեւցաւ․ ուզեց մէկ մը մէկալ դին դառնալ, քովի եղողները իմացան որ կենաց վերջի շարժմունքներն են. Յիսուսի խաչը յիշեցին իրեն․․․ Ա՜խ սուրբ խաչ, քու զօրութիւնդ մահուան անկողնին քով ինչպէ՞ս կը փառաւորուի։ Երբոր խաչը լսեց Ալոզիոս՝ մէկէն աչքը դարձուց խաչելութեան, ու հանդարտելով իմացուց՝ թէ Քրիստոսի համար էն ետքի վայրկեանն, ալ կուզեմ վիշտ քաշել։

8. Քահանայներն տեսնալով որ ալ ձայնը ու շարժելը դադրեցուց` իմացան որ ամէն բան լմննալու վրայ է. մէկ օրհնած մոմ մը վառեցին ձեռքը տուին. Ալոզիոս բըռնեց անիկայ իբրեւ նշան իր վառած սրտին որ երկրէս երկինք կը բարձրանար․․․ Ո՜հ ի՞նչ ըսեմ․ Աստուած չուզեց որ իր սիրելին անկէ վերջը ուշանայ աս վշտալից հովտիս մէջ. կարծեմ ան ատենը լսուեցաւ արքայութեան մէջ ձայն մը որ կ’ըսէր․ Եկա՛յք առ իս աշխատեալք եւ բեռնաւորք եւ ես հանգուցից զձեզ. եկո՛ւ սիրելի զաւակ աստուածային սիրոյս, եկաւ որ ինձի համար այսչափ նեղութիւն քաշեցի՛ր  եկու որ ալ զքեզ հանգչեցընեմ: Ալոզիոս սրտին մէջ լսելով աս ձայնը, Յիսո՜ւս, կ’ըսէր Յիսո՜ւս. Յիսուս ալ թեւերը բացած ընդունեցաւ  զԱլոզիոս... Գիշերուան ժամը իրեքին՝ Ալոզիոս իր 23 տարուան 3 ամսուան եւ 11 օրուան անմեղ կեանքը լմնցուցած էր երկրիս վրայ։

9. Մեռաւ Ալոզիոս ինչպէ՞ս կրնանք մեռաւ ըսել անոր։ Արդարն չի մեռնիր, կ’ըսէ սուրբ գիրքը. Արդարն չի մեռնիր, վասն զի Աստուծոյ ձեռքն է. եւ իրաւցընէ Աստուած իր Ալոզիոսը աս աշխարհքէս անդիի աշխարհք տանելով՝ ուրիշ բան չըրաւ, բայց եթէ ձախ դիէն աջ դին դրած ըլլար։ Ալոզիոսի յոգնած մարմինը ճամբորդի պէս հանգչեցաւ․ արծաթափայլ գլուխը անուշ քունի մէջ կ’երեւար․ մաքուր աչուըները արեւուն դէմ դարցած պատուհաններու պէս գոցուեցան. անբիծ հոգին կրակէ նետի պէս թռաւ իր երջանիկ նպատակին․ Ովկիանոսի նաւուն պէս մտաւ յաւիտենական հանգիստը լուսաւոր աղաւնոյ պէս իջաւ Աստուծոյ գիրկը

Երանի՜ քեզ Ալոզիոս, հազար երանի՜․ անցան քու 20 տարուան քաշած նեղութիւններդ, թափած արցունքներդ. անոնց պտուղը հիմայ կը վայելես նոր կեանքի մը մէջ որ վախճան չունի. օրհնեալ ըլլայ այն օրն՝ որ արքայութեան մէջ զքեզ պսակեց․ դու ալ օրհնէ զանոնք որ զարմանալով զքեզ կ’օրհնեն։