Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է

Բուռն ՝ իբրեւ զմահ սէր

ԵՐԳ 

1. Երբոր իմացաւ Ալոզիոս՝թէ իր սիրով հալած մաշած սիրտը արքայութեան հաuնելու մօտեցերէ, մխիթարեց իր ընկերները ինչպէս Քրիստոս իր աշկերտները. անկէ վերջը ուզեց` ծնողքը պատուելու վերջը պարտքն ալ կատարել․ մեռնելէն տասը օր առաջ` մօրը գիր մը գրեց․ տեսնանք թէ մէկ սուրբ մը երկու աշխարքի մէջ կեցած ատենը ինչ սրտով կը կատարէ իր որդիական պարտքը, ի՞նչ կը մտածէ ան երկ րին վրայ ուր 23 տարի կենալէն վերը՝ ելլալու վրայ է. ի՞նչ կը մտածէ ան երկնքին վրայ ուր որ 23 տարի փափաքելէն վերջը հասնելու  վրայ է:

2. Ազնիւ եւ պատուելի տիկինն մայր իմ, խաղաղութիւն Քրիստոսի

Հոգւոյն սրբոյ շնորհքը ու մխիթարութիւնը միշտ հետդ ըլլայ, ազնուական տիկին մայր․ հրամանոցդ նամակը առի աս անցաւոր երկրիս մէջ ուսկից որ ելլալու մօտ եմ, որպէս զի երթամ զԱստուած օրհնելու յաւիտեան. թէպէտ ես կը կարծէի որ շատոնց աս ճամբայն ըրած ըլլամ, բայց ինչպէս որ առաջ գրեցի՝ ջերմս քիչ մը դադրեր էր, ու կամաց կամաց հասուց զիս համբարձման սուրբ օրուան ալ․ ետքը սկսաւ նորէն սաստկանալ հարբուխով ու հազով մը՝ որ քչիկ քչիկ զիս կը տանի կը մօտեցընէ իմ երկնաւոր հօրս գիրկը հասցընելու, ուր որ հաստատ կը յուսամ՝ յաւիտենական հանգիստս գտնելու, ասով կրնաք իրաւ սեպել այն լուրերն որ իմ մահուանս համար հոն լսեր էք՝ ինչպէս իմ մարգէզ եղբօրս ալ գրեցի։

Թէ որ սէրը կը պահանջէ Պօղոս առաքելոյն ըսածին պէս լացողներուն հետ լալ, խնդացողներուն հետ խնդալ, մեծ ուրախութիւն պիտի ունենաս, Տիկին մայր, Աստուծոյ փառք տալով իր ինձի ըրած շնորհքին վրայ, որ զիս ճշմարիտ ուրախութեան կը կանչէ։ Հաւատա՛ զաւկիդ ազնիւ Տիկին, ինքզինքս կը կորսնցընեմ` քանի որ Աստուծոյ բարերար գթութիւնը կը մտածեմ, որ անեզր ծով մ' է. եւ զիս աս պզտի աշխատանացս համար յաւիտենական հանգստութեան կը կանչէ, երկնքէն ձայն ձգեր զիս կը հրաւիրէ այն գերազանց բարին վայելելու, որուն որ այսչափ անհոգութեամբ ետեւէ եղեր եմ. պտուղ կը խոստանայ իմ արցունքներուս որ ասանկ խնայելով ցանեցի։ Կը խնդրեմ, Տիկին մայր, չըլլայ թէ այսչափ բարերարութեան հակառակ ընէք լալով ու ողբալով անանկ մէկը՝ որ Աստուծոյ վայելքին մէջ աւելի օգտակար կրնայ ըլլալ ձեզի, քան թէ երկրիս վրայ ըրած աղոթքովը։ Շատ չի քշեր աս մեր հեռաւորութիւնը, քիչ ատենէն հոն կը տեսնանք մէկըզմէկ եւ առանց մէկ մ’ալ մէկ մէկէ զատուելու, Յիսուսի հետ միանալով իրեն փառք կուտանք բոլոր սրտով ու իր ողորմութիւնը կ’օրհնենք յաւիտեան:

Անտարակոյս թէ որ աղէկ մը նայինք մեր անցաւոր վիճակին վրայ՝ յօժարութեամբ կը բանանք առաքինութեան դուռը, եւ մեզի պէտք եղած խոնարհ հնազանդութեամբ՝ կու տանք Աստուծոյ՝ ինչ որ Աստուծոյ է, եւ այնչափ աւելի սիրով կու տանք՝ որչափ որ տուածնիս սիրելի ըլլայ՝ հաստատ գիտնալով որ Աստուծոյ ուզածէն աղէկը չի կայ, եւ թէ մեզի տուածը՝ ուրիշ բանի համար ետ չառնուր, բայց եթէ աւելի ապահով տեղ դնելու համար․ եւ ան իր կանչածին անանկ բան մը կու տայ որուն ամենքնիս կը փափագինք։

Ասոնք կ’ըսեմ, Տիկին մայր, փափագս լեցընելու համար, փափագս ալ աս է որ մեր ընտանիքը իմ բաժնուիլս Աստուծոյ ընծայ մը կամ շնորհք մը սեպեն, եւ հրամանքդ ալ մայրական օրհնութեամդ օգնես ինձի աս ծովածոցէն անցնելու՝ յայն նաւահանգիստը, ուր բոլոր յոյսս դրեր եմ։ Աս է իմ փափաքս որ յօժարութեամբ հրամանքիդ կը յայտնեմ, վասն զի չունիմ ուրիշ բան մը որով ցուցընեմ իմ որդիական պարտքս ու սէրս։ Չունիմ ուրիշ բան ըսելու բայց եթէ նորէն կը խնդրեմ՝ օրհնութիւնդ

Հռովմ՝ 10 յունիս 1591

Ազնուական Տիկին մայր իմ

Որդի քո հնազանդ ’ի Քրիստոս 

ԱԼՈԶԻՈՍ ԳՈՆԶԱԿԱ

3. Տեսեր ես հեռու ծովէ դարձած նաւ մը. ինչպէս նաւահանգստին բերանը առագաստները բացած ժուռ կու գայ ինչուան որ հովը յարմարցընէ ու ուժով մը ներս մտնէ. ասանկ ալ Ալոզիոս առաքինութեան վաճառքով բեռցած  այն երջանիկ յաւիտենական նաւահանգստին դուռը կը պտտէր. սիրոյն սուրբ խարիսխը յուսոյն ամուր չուանովը կապած պատրաստ էր ձգելու, կը սպասէր որ Քրիստոսի ձայնը անուշ հովի մը պէս իրեն հասնի։ Ալ ան օրուան մէջ անցուցած վարքը՝ մէկ կեանք մ' էր որ երկրաւոր կեանքէն վեր է, երկնաւոր կեանքէն քիչ պակաս։

4. Հիւանդութեանը մէջ ցաւ մը տհաճութիւն մը չի ցըցուց․ քանի որ վրան քիչ մը ուժ կար՝ կը հագուէր կ’ելլար խաչելութեան ոտքը կ’ինկնար կը գրկէր կը պագնէր, Քրիստոսի հետ խօսելով կը մխիթարուեր։ Օր մը հարցուց խոստովանահօրը, թէ կարելի է որ հոգի մը առանց քաւարանէն անցնելու շիտակ արքայութիւն երթայ։ Պելարմինոս. Քիչ մարդ կ’ըլլայ, ըսաւ, որ աս շնորհքը ունենայ․ դու ալ կարծեմ ան քիչերէն մէկն ես, վասն զի Աստուծոյ շնորհքովը մահացու մեղքէն ազատ մնացիր բոլոր կենացդ մէջ։

5. Ալոզիոս անանկ ուրախացաւ անանկ ցնծաց աս բանս լսելով, որ մէկէն յափշտակուած մտքով արքայութեան փառքը տեսաւ, եւ իմացաւ որ մարմնոյ եւ արեան տօնին ութերորդ օրը պիտի ելլեր աշխարհքէս, խնտումէն՝ քովը եղող եղբօրը հետ Զքեզ Աստուած գոհաբանեմք շնորհակալութեան երգը ըսաւ Աստուծոյ, որ ութը օրէն զինքը պիտի կանչեր: մէկ երկու երախտաւոր քահանայից նամակ գրել տուաւ, իր ձեռքովը ստորագրեց խաչին նշանով, ու կ’ըսէր թէ ես Աստուծոյ տունը երթալու վրայ եմ. Յիրաւի, ասանկ մահուան երթալը՝ մահ չէ, Աստուծոյ սիրոյ տունը մընալ է ցնծալով։

6. Ամէն օր մէկ մտերիմ քահանայի մը՝ ապաշխարութեան սաղմոսները ըսել կու տար, ինքը խաչելութեան նայելով կուլար ու կը լացընէր տեսնողներն։ Ուրախ սրտով ստէպ ստէպ կ’ըսէր աս խօսքերը։ Ուրախ եղէ ես ընդ այնոսիկ ոյք ասէին ցիս ’ի տուն տեառն  երթիցուք մեք։ Որպէս փափաքէ եղջերու յաղբերս ջուրց՝ այնպէս փափաքէ անձն իմ առ քեզ Աստուած:

7․ Ընկերները երբոր տեսան թէ Ալոզիոս հաստատ կ’ըսէ թէ մէկ երկու օրէն պիտի մեռնիմ, սկսան իրեն զանազան խնդիրներ յանձնել որ արքայութիւն երթայ նէ՝ իրենց ընէ․ ինչպէս թէ բարեկամ մը բարեկամի կը ղրկէին կամ ճանչուոր իշխան մը թագաւորին. ինքն ալ ուրախութեամբ կը խոստանար ըսածնին ընելու։ Բաց մէկ կողմէն ալ անոնք կը սկսէին տրտմիլ, թէ հիմայ մեզմէ պիտի բաժնուի սուրբը։ Սակայն թէ որ մարդիկ բարի բանը կը սիրեն, որչա՞փ աւելի Աստուած որ է աղբիւր բարութեան կը սիրէ եւ կը փափագի բարւոյն։