Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ

Պատուական է առաջի տեառն մահ սրբոց իւրոց

ՍԱՂՄՈՍ 

1. Թագաւոր մը որ իր ծառայներուն վարձք խոստացած ըլլայ, թէ որ մեծ գործք մը ընելու ըլլան, իր տղան ալ անոնց թիւը խառնելով․ որպէս զի մեծ փառքի հասցընէ զինքը ամենուն առջին, կը թողու զանիկայ որ երկայն ատեն երեւելի գործքերով անուանի ըլլայ. վերջը կը դառնայ․ Աս քանի՜ մէկ իմ սիրելի զաւակս առանց վարձքի պիտի թողում, կ’ըսէ, իրմէ քիչ աշխատողները վարձքերնին առին ու կ’ուրախանան թող գայ իմ սիրելի տղաս ալ իմ փառքս հանգիստ վայելելու։ Ասանկ ալ Աստուած տեսնալով իր սիրուն որդւոյն Ալոզիոսի աշխատանքը՝ փափաքեցաւ իրեն աստուածային փափագովը զինքը հանգչեցընել։

2. Մէկ առաւօտ մը որ անիկայ ջերմեռանդութեամբ աղօթք կ’ընէր՝ սրտին ազդում մը եկաւ․ թէ քիչ ատենէն զքեզ պիտի ինծի կանչեմ, ձեռքէդ եկածին չափ առաջ գնա կատարելութեան մէջ։ Նոր կրակ մը վառեցաւ Ալոզիոսի սուրբ սրտին մէջ, նոր վարք մը սկսաւ դէպ ’ի սրբութիւն երթալով․ մէկ փափագ մը մէկ համակամութիւն մը ունեցաւ Աստուծոյ հետ՝ որ առջինները մոռցուց։ 

3. Կը յօժարէր Հռովմ դառնալ, բայց որովհետեւ իր բոլոր կամքը թողուցեր էր ձայն չի հանեց, ինչուան որ Հռովմ եղողները աղաչեցին մեծաւորին որ իրենց բարի օրինակ տուողն, իրենց մխիթարութիւնն ետ կանչէ՛ Միլանէն. երբոր հրաման եկաւ՝ Ալոզիոս այնչափ ուրախացաւ որ սկսաւ խղճմտանք ընել՝ չըլլայ թէ ասով իմ կամքս կատարած ըլլամ, աղաչեց քահանայի մը որ պատարագ մը զուրցէ, որպէս զի թէ որ Աստուծոյ կամքին դէմ է երթալը՝ արգիլէ։

4. Մայիսի մէջ 1590ին ելաւ ճամբայ մէկ երկու քահանայի հետ, որոնք զինքը կը հոգային, անոր համար ինքն ալ անոնց անուշ գանգատ կ’ընէր թէ զիս չափէ դուրս կը հոգաք կը պատուէք։ Երբ Լոմպարտիա մտան՝ պատահեցան շատերու որ ան տարուան մէջ սովէն աղքըտցեր էին. քահանային մէկը՝ պէտք է փառք տանք Աստուծոյ, ըսաւ, որ զմեզ ասոնց պէս չէ ըրած։ Աւելի փառք տանք, ըսաւ Ալոզիոս, որ անհաւատի զաւակ չենք եղած»։ Աս կ’ըսէր, վասն զի Աստուծմէ ’ի զատ՝ իրեն ամէն բան հաւասար էր, աղքատութիւնն ալ  հարստութիւնն ալ իր աչքին բան չէին . որովհետեւ իր սիրտը անփոփոխ էր։

5․ Սիենա քաղաքը Աստուածածնայ մատուռ մը կար, որ առաջ սուրբ Կատարինէ Սենացիին սենեակն էր․ Ալոզիոս այս սուրբ կուսին ջերմեռանդ ըլլալով, հոն տաք սրտով մի սրբութիւն առաւ․ վերջը ուրիշներուն խնդրելովը ան տեղի դպրատան տղոցը խրատ մը խօսեցաւ. անոնց սիրտը անանկ շարժեց իր սուրբ խօսքերովը որ տղոցմէ շատերը ընտանիքնին թողուցին կրօնաւոր եղան։ Երբոր Հռովմ հասաւ, մեծաւոր, քահանայ, եղբայր՝ ընկեր անանկ ուրախացան, ինչպէս թէ արքայութենէն սուրբ մը գար իրենց։ Թէ որ շատ ատենէ վերջը տեսած բարեկամին վրայ մարդ կ’ուրախանայ, որչա՜փ աւելի հոգին իրենց բարեկամին ու իրեն բարիք ընողին վրայ։