Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե

Մի սիրէք զաշխարհ եւ մի որ ինչ յաշխարհի է

ՅՈՎՀ. ԱՒԵՏ․ 

1. Հայրը կը պատուիրէր Ալոզիոսի որ առողջութեան համար՝ ատ ճգնութիւններէն ետ կենայ, ու կ’ուզէր որ զուարճութիւններու ետեւէ ըլլայ․ բայց ի՞նչ զուարճութիւն կրնար ունենալ այն՝ որուն զուարճութիւնն էր միայն հոգեւոր կրթութիւններ ու զբօսանք, եւ ուզած տեղին՝ կրօնաւորներուն վանքը երթալ․ քանի որ կը տեսնար անոնց աշխարհքէ փախչիլը ու հանդարտութիւնը՝ ա՜խ, ե՞րբ ես ալ անոնց պէս պիտի ըլլամ՝ կ’ըսէր, ի՞նչ օգուտ է սա ունեցած կարճ կեանքերնիս աշխարհքիս ունայնութեանցը տալ․ պէտք չէ՞ որ ամէն վայրկեաննիս ալ Աստուծոյ նուիրուած ըլլայ․ աշխարհականք  հանգստութիւն կարծելով նեղութեանց խաղալիկ են. աս կրօնաւորները նեղութիւն փնտռելով գըտեր են իրենց ճշմարիտ հանգիստը. ինչո՞ւ ես ալ չեմ թողուր իմ ունեցածս չունեցածս որ կարենամ միայն Աստուծոյ ծառայել։

2․ Գիշեր ցորեկ կը մտածէր կ’աղաչէր Աստուծոյ որ իրեն ճամբայ մը ցուցընէ, մէյ մ'ալ սրտին նորէն ազդումն եկաւ որ կրօնաւոր ըլլայ․ աս բանս որոշեց մտքին մէջ․ բայց թողուց որ մեծնալով աւելի հասուն խելքով ընտրէ իրեն յարմար կրօնք մը․ բայց ան ատենէն իբր թէ կրօնք մտած ըլլար՝ նոր ճգնութիւններ աւելցուց․ ինչպէս, ձմեռը ցրտէն ձեռուըները՝ ոտուըները ճաթռտելուն համար սենեակը կրակ կը դնէին, անկէ վերջը ոչ կրակ կը դնէր եւ ոչ եղ կը քսէր։

3. Միլան մեծ հանդէս մը պիտի ըլլար հեծեալներու, Ֆերրանդես պէտք էր որ հոն գտնուի, զԱլոզիոս ալ հետը տարաւ անոր կամքին դէմ. անիկայ հանդէսին ատենը գնաց զինուորներուն ետին կեցաւ՝ ջանալով, որ զուարճանալու բան մը չի տեսնէ․ ուրիշները հեռու քաղքըներէ թափեր էին զբօսանքի համար, Ալոզիոս ճգնութեան համար եկեր էր․ ուրիշները իրաւ բան մը տեսան, բայց ի՞նչ եղաւ տեսածնին։ Ալոզիոս բան մը չի տեսաւ՝ բայց առաքինութիւն մը աւելցուց․ անոնց վայելքը ժամ մը չի քշեց, բայց Ալոզիոսինը դեռ կը քշէ։