Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ

Ուսարուք յինէն զի հեզ եմ եւ խոնարհ սրտիւ

ՄԱՏԹ

1․ Թէ որ մեծատանը աղքատին վրայ պարծիլը իրաւունք սեպէինք, որչա՞փ աւելի պէտք էր որ սուրբերը պարծէին, որովհետեւ ճշմարիտ գանձ է իրենց ունեցած գանձը. մանաւանդ Ալոզիոս որ մեծ իշխանի մը զաւակ ալ էր, ու դեռ տղայութեան մէջ ըլլալով՝ սո՜ւրբ, հրեշտակ լսելու ականջը վարժած էր․ բայց ինքը ինչպէս որ սուրբերուն սովորութիւնն է իր վրայ պարծելու բան մը չէր տեսներ, ունեցած շնորհքը պարզապէս Աստուծոյ տւած ընծայ մը կը սեպէր. որչափ որ շնորհալի էր՝ այնչափ ալ պայծառ խոնարհութեամբ զարդարած։

2. Իր ազնուական տնէ ըլլալուն վրայօք ամենեւին խօսք չէր ըրած, եւ ուրիշներէն ալ բան մը որ լսեր՝ ամըչնալէն սիրտը կը կոտրէր, ո՜րչափ ջանք ըրեր էր որ մեծաւորները իրեն դիւրութիւն մը չընեն փափուկ ու հիւանդոտ ըլլալուն համար պաշտօններու մէջ էն ցածր կ’ընտրէր, քաղաքը պտըտելու ատեն՝ կ'ուզէր ամենէն վարի եղբայրներուն հետ քալել։

3. Իրեն սիրելի ծառայութիւններն էին ամաններ լուանալ, աւլել, կանթեղներուն եղ լեցընել, եւ ուրիշ ցած պաշտօններ՝ որ կը ջանար ուրիշի չի թողուլ, անոր համար ընկերները կ’ըսէին՝ թէ ասանկ բաներու մէջ Ալոզիոս միշտ յաղթող է։ Ի՞նչ աղւոր յաղթութիւն, բայց շատերուն ի՜նչ դժար. ոմանք կ’ընեն այսպիսի բաներ, բայց ո՛ գիտէ երբեմն սնափառութեամբ իրենց վարձքը չե՞ն կորսնցներ։