Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ

Ամենայն փառք մարդոյ իբրեւ զծաղիկ խոտոյ՝

ԵՍԱՅԻ 

1․ Շատոնցվընէ գրուած էր Գերմանիոյ կայսեր՝ Ալոզիոսի ժառանգութենէն հրաժարելուն համար, միայն քիչ մը ստակ կապեր էին իրեն որ տարուէ տարի տան․ կայսրէն ալ հրաման եկեր էր։ Երբոր  հօրը օրհնութիւնը իմացուեցաւ՝բոլոր պալատին մէջի եղողները սկըսան ձեռուընին զարնել ու լալ․ երբոր ճամբան կ'անցնէր Ալոզիոս, ամէն տուն պատուհանները կը վազէին, սուրբը կը կորսնցընենք կ’ըսէին. վազող վազողի կըլլար, որը ձեռքը, որը ոտքը կը պագներ, որը կը գանգտէր զիրենք թողլուն վրայ: Ալոզիոս ոմանց շնորհակալ կ’ըլլար, ոմանց մխիթարութիւն կու տար, ոմանց ալ կը ցըցընէր  թէ հոգւոյն փրկութիւնը ամէն բանէն վեր դնել պէտք է։

2. Գասդիլիոնէն ելած օրը քաղքին սուգը անանկ եղաւ, որ կարծես թէ ամէնքը մեռելնին կու լան, ճամբայները մարդով լեցուած էր․ երթալէն վերջն ալ օրերով Ալոզիոսին վրայ կը խօսուէր։ Ինքը Մանդուա գնաց, հոն՝ նախ ան քիչ մը ստակէն ալ որ իրեն կապեր էին՝ հրաժարեցաւ. վերջը երբոր մեծերը ժողվըւեցան՝ իշխանութենէն հրաժարելու գիրն ալ կարդաց դիւանադպիրը․ Ֆերրանդէս երբոր լսեց աս գիրը՝ իր սիրուն տղուն դատապարտութեան վճիռ մը սեպեց․ սկսաւ լալ ու զամէնքն ալ լացուց։ Իսկ Ալոզիուս փառք կու տար Աստուծոյ որ ան ծանր բեռէն ազատեցաւ։ 

3. Հանդէսը լըմնցած չի լմընցած երբոր իշխանները դեռ նստած Մարգէզը կը մխիթարէին, յանկարծ ներս մտաւ Ալոզիոս Յիսուսեանց կրօնին սեւ զգեստը հագած. ասանկ ափշեցընելու տեսարան չէր եղած. հայրը մէկէն խելքը  թռուց, չէր զիտեր ինչպէս ցաւի, քովի եղողները սկսան լալ․ բայց Ալոզիոսի պարկեշտ զգեստը այնչափ չի զարմացուց զանոնք որչափ հոն տեղը ծանր ու զուարթ կերպով խօսած ճառը, որով աշխարհքիս ունայնութիւնը ցըցուց ու ամենուն սիրտը նորէն չարժեց։

4. Արդ նոյեմբեր ամսուն մէջ 1585ին ելաւ դքսին պալատէն, ծնողացը վերջի օրհնութիւնը առաւ, ինքը հանդարտ էր սրտով, բայց ծնողքը այնչափ տրտմեր էին՝ որ կը կարծէին թէ անկէ վերջը մխիթարութեան երեսը պիտի չի տեսնան. ճամբայ ելաւ մէկ քանի ազնուականներու հետ, ամէն տեղ բարի օրինակ թողլով։ Ուխտի գնաց Լորետոյ Ս. Աստուածածնայ տունը, շատ պատարագներ տեսաւ, հաղորդուեցաւ․ քանի որ կը մտածէր թէ ան պատերուն մէջ Յիսուս ու Ս. Աստուածածին կեցեր են, չէր ուզեր անկէ բաժնուիլ։ Այնպիսի տան մը մէջ կը վայլէր որ ասանկ սուրբ մը երկայն կենայ

5. Ճամբորդութեան մէջ ալ իր ճգնութիւնները չի թողլով՝ երբոր Հռովմ hասաւ՝ աւելի շատցուց. hոն տեղը քաղաքավարութեամբ բաժնուեցաւ իրեն hետ եկողներէն, ծնողացը սիրով բարեւ ապսպրեց. վերջը գնաց Յիսուսեանց մեծաւորին ոտքը ընկաւ, յանձնեց զինքը անոր իր ազատ կամքովը։ Ան ալ մտուց զինքը վանքին Նորընծայարանը ու իրեն բնակելու սենեակ մը տուաւ. երբոր ներս մտաւ Ալոզիոս՝ խորին ուրախութեամբ մը ըսաւ. «Այս է հանգիստ իմ յաւիտեանս յաւիտենից, ’ի սմա բնակեցայց զի հաճեցայ ընդ սա»։

6. Թագաւորներու, իշխաններու, փառքի, պատուի մէջ մեծցած, ուրախութեան երես չիկրցաւ տեսնալ Ալոզիոս, հապա երբոր ան պզտի խուցը մտաւ․ Ահա, հոս էր, ըսաւ, հոս Էր իմ փափագած հանգիստս. ան է որուն համար բոլոր կենացս մէջ աշխարհք ինձի փուշ եղեր էր. աս է այն հանգիստը որ միայն կրնայ զիս հանգչեցնել։ 

7. Ո՜վ երջանիկ Ալոզիոս, որ տասնըեօթը տարի աշխարհքիս խռոված ալիքներուն վերէն թեթեւ նաւակի մը պէս սահելով՝ հասար հիմայ հանդարտ նաւակայք մր: Քեզ ալ երանի՜ Գրիգորիկ, թէ որ Ալոզիոսի նման ջանաս անմեղութեան սիրովը ապրիլ՝ ո՛ւր որ ըլլաս։