Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա

Որ ոչ առնու զխաչ իւր եւ գայ զկնի իմ չէ ինձ արժանի

ՄԱՏԹ

1․ ԹԷ որ խաչ քաշելու համար բարեպաշտք կրօնք կամ վանք կը մտնեն, Ալոզիոս՝ որ բոլոր կեանքը աշխարհքիս մէջ ալ խաչով անցուցեր էր, ի՞նչ պիտի ընէր կրօնքի մէջ։ Աս էր մեծ ընելիքը՝ որ հոն աշխարհքի մէջ ինչ որ ըներ՝ իր ազատ կամքովը կ’ընէր, հոս կամքն ալ թողուց ուրիշի ձեռք, մարդուս  իր կամքը թողլէն մեծ խաչ չի կըրնար ըլլալ։ Վանք մտածին պէս մեծաւորները քիչցուցին անոր չափէ վեր ճգնութիւններն, ասանկ հրաման մը շատ բարեպաշտներու խիստ ծանր եկած է, բայց Ալոզիոս խոնարհութեամբ յանձն առաւ։ Որչափ որ ճգնութիւն ընելը մեծ բան է, սուրբի մը` ան ճգնութիւններէն հնազանդութեամբ ետ կենալը՝ աւելի մեծ է։

2․ Բայց Ալոզիոսի դժարը կու գար որ մեծաւորները իրեն վրայ շատ հոգ կը ցուցընէին, եւ իրեն փափուկ բնութեամբ ու ազնիւ ըլլալուն համար՝ մէկ քանի դիւրութիւններ ըրին. Ալոզիոս հազար անգամ շնորհակալ եղաւ անոնց եւ աղաչեց որ ամեն բանի մէջ ընկերներուն հաւասար բռնեն զինքը։ Տեսաւ որ իրեն տրուած գործածելու բաները ալ աւելի ազնիւ են քան զուրիշներունը՝ զանոնք ալ հրամանով փոխեց։ Կանոնները անանկ ճիշդ կը պահէր՝որ շատ տարի վանքի մէջ եղողները իրմէ բարի օրինակ կ'առնուին. եւ իբր թէ իրմէ կը սորվէին կանոն պահելն։

3. Աստուած իրեն սիրած զաւակը կը տանջէ, կ’ըսէ սուրբ Գիրքը, վասն զի նեղութիւնը զմարդ՝ ոսկւոյ պէս կրակի մէջ կը զտէ, հիմայ ալ Ալոզիոսի խաչ մը մէկ փորձութիւն մը խրկեց, որ ինչուան ան ատենը չէր հանդիպած իրեն: Վանք մտնալէն շատ չանցաւ, Ալոզիոսին վրայէն վերցուց այն քաղցրութիւնը, այն եռանդը՝ որ աղօթքի մէջ կ’իմանար, եւ այն հոգեւոր շնորհքով ծաղկած սիրտը՝ խորշակով ցամքած պարտէզի պէս տրտմեցաւ: Բայց Ալոզիոսի սէրը պակսեցա՜ւ արդեօք. չէ՛. վասն զի այն եռանդն որ կը զգար ներքին կրակին բոցն էր, Աստուած իբրեւ թէ անոր սիրտը գոցելով՝ միայն բոցը կըտրեց, կըրակը միշտ ներսը կը վառէր, դուրս ելլալու տեղ չգտնալով ինքըզինքն կը տանջէր։ Ալոզիոս չի վհատիր, զգալի քաղցրութիւն իմանայ չիմանայ՝ կը վազէ Աստուծոյ․ Աստուած ալ որ իբրեւ կատակ մը կ’ընէր անոր  հետ՝ թողուց որ արգիլուած բոցը  առջինէն աւելի բարձրանայ ու պայծառանայ:

4. Մէկ նոր խաչ մ'ալ սեպելու  է՝ հօրը մահը, որ Ալոզիոս կրօնք մտնալէն երկու իրեք ամիս վերջը լսեց․ ցաւեցաւ ինչպէս որ բնական է առաքինի տղու մը՝ որ հօրմէն նեղութիւն քաշած ըլլայ՝ կարծես թէ աւելի կը սիրէ զինքը, մխիթարեց գրով ընտանիքը, եւ ինքն ալ շատ մխիթարուեցաւ, երբոր լսեց թէ հայրը՝ իր երթալէն վերջը՝ դադրեցուցեր էր իր գեշ սովորութիւնը ստըկով խաղալու, որով շատ բան կորսնցուցեր էր. վերջի ատենները ոտքի ցաւուն պատճառաւ՝ անկողնին մէջ նստած, հոգեւոր պատրաստութիւններ ընելով՝ կ’առնուր ձեռքը Ալոզիոսի թողուցած խաչելութիւնը, եւ Ողորմեա ինձ Աստուած իմ, կ’ըսէր, ու արցունքովը կը թըրջէր ան խաչելութիւնը՝ զոր Ալոզիոս ամէն օր աչքին աղբիւրներովը կը լըւար, եւ կ’ըսէր հայրը։ Այս արցունքներս իմ Ալոզիոսիս աղօթքին պտուղն են։ Ո՜վ ո՜րչափ զօրաւոր բան է բարի օրինակը, որչա՛փ ազդու է առաքինութեան յիշատակը։