Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ

Փրկէ տէր ի վտանգաց զծառայս իւր

ՍԱՂՄՈՍ 

1. Ֆիորենցայէն Ֆերրանդէս զրկեց զԱլոզիոս իրեն կնքահօրն քով, որ էր Մանդուայի դուքսը․ հոն աւելի շատցուց Ալոզիոս իր աղօթքներն ու ճգնութիւններն։ Վրան հիւանդութիւն մ’ալ եկաւ՝ որ ատեն ատեն զինքը կը չարչըրկէր․ ասոր դեղ քիչ ուտելն է ըսելով, սկսաւ անանկ ժուժկալութիւն մի քիչ ուտելու՝ որ շատ հեղ օրուան կերածը հակըթէ մը աւելի չէր ըլլար։ Կերակուրն մարմինը պահելու համար, եւ ոչ զուարճացնելու համար ըլլալը շատ լաւ ճանչցեր էր։

2. Հայրը օդ փոխելու համար զինքը Գասդիլիոն բերել տուաւ․ հոն ալ իր բռնած ճամբայն չիթողուց․ անոր համար անանկ վատուժցաւ ու տկարացաւ ստամոքսն, որ անկէ վերջը թէ եւ ուզեր՝ քիչ մը ծանր կամ քիչ մը աւելի բան չէր կրնար ուտել։ Կը սիրէր քաշուիլ իր սենեակը աղօթքի ու սրբոց վարք կարդալու հետ ըլլալով․ անով քանի կ’երթար սիրտը կը վառուէր Աստուծոյ սիրով․ երկրիս սէրը աչքին չէր երեւնար, ու ան ատենէն որ տասուերկու տարուան էր՝ մտածեց որ Գասդիլիոն երկրին ժառանգութիւնը՝ որ իրեն պիտի ինկնար՝ իր եղբօրը թողու։

3. Աս առանձնութեանը մէջ իրեն զուարճալի զբօսանք մը ըրաւ մտածական ընելն, որ մտաւոր աղօթք մ’է ամէն աղօթքէ վեր. ամէն օր աչքին առջին կը բերէր Քրիստոսի չարչարանքն ու Աստուծոյ սէրն. խորունկ մտածելով կը սկսէր լալ ու ողբալ․ անանկ որ շատ հեղ ծառայներն կը վազէին դրանը ծակէն կը նայէին թէ ի՛նչ կայ, կը տեսնէին որ իրենց սիրելի տիրուկն գետնի վրայ ծնկի եկած աչուըներն ու ձեռքերն երկինք վերուցած բոլորովին մտքով յափշտակուեր է. դիմացը կու գային ձայն կու տային, չէր իմանար։

4. Աւելի կը վառէր Աստուծոյ սիրով՝ քանի որ կը լսէր Հնդկաստանէ եկած քարոզիչներուն նամակներն, ըրած քարոզութիւննին, կռապաշտներուն դարձը․ կ’ուզէր որ ինքն ալ մէկէն թռչի երթայ ան բարբարոս մարդկանց աւետարան քարոզէ. բայց որովետեւ ձեռքէն չէր գար, սկսաւ տղոց ու աղքատաց ու տանը ծառայներուն քրիստոնէական վարդապետութիւն սորվեցընել․ անոնք ալ սուրբի խօսքի պէս ըսածները կը լսէին։ Կրակ է  միտքը ինկաւ որ աղօթքին մէկ կտորը չէ ըսած․ ճրագ բերել տուաւ անկողնին քով, աղօթքը լըմնցուցածին պէս քունն ալ վրայ հասաւ, մոմը հատաւ, անկողնին վարագոյրները բռնկեցան, տաքութիւնը զարկաւ Ալոզիոսի առանց բոց ելլելու, ան ալ կէս քուն կէս արթուն կը կարծէր՝ թէ ջերմի տաքութիւն է իմացածը, բայց տեսնալով որ չափազանց է՝ դուրս ցատքեց, տեսաւ կրակը, սկսաւ կանչել. մէկէն անկողինը մոխիր դարձաւ. անանկ որ մէկ երկու վայրկեան ալ ուշանար Ալոզիոս, ծուխէն պիտի խղդուեր։