Ը
Արքայութիւն
երկնից
բռնաբարի
եւ
բռունք
յափշտակեն
զնա
ՄԱՏԹ.
1.
Երբոր
Ալոզիոս
իր
իշխանութենէն
հրաժարելու
համար
կ’աշխատէր,
հայրը
Միլանի
մէջ
դատաստան
մը
ունեցաւ․
ինքը
ոտքին
ցաւովը
հիւանդ
ըլլալուն
համար՝
Ալոզիոսը
ղրկեց
որ
հոգայ
բաները։
Տղան
թէպէտ
կամքին
դէմ
էր՝
հնազանդեցաւ,
ինչուան
ութը
ինը
ամիս
հոն
մնաց,
եւ
անանկ
աղէկ
առաջ
տարաւ
գործքը՝
որ
հայրը
խիստ
շատ
ուրախացուց։
Իրեն
երկու
փառաւոր
կառք
ալ
տուեր
էին,
բայց
ինքը
միշտ
ոտքով
կ’երթար,
հին
զգեստը
հագած.
մէկու
մը
հետ
ալ
չէր
տեսնուեր
բաց
’ի
հոգէսէր
անձինքներէն։
2.
Ան
տարին
Միլան
բարեկենդանի
մէջ
հանդէս
ըրին
հեծեալներու,
ամէն
ազնուականք
զարդարուած
ձիով
կ’երթային․
Մարգէզն
ալ
ղրկեց
Ալոզիոսի
ջուխտ
մը
աղուոր
ձի,
զարդարանքներ
ու
ծառայներ,
որով
ամէն
իշխաններէ
փառաւոր
պիտի
երեւար․
ինքը
անոնք
ամէնն
ալ
մէկ
դի
թողուց,
ծերացած
ջորիի
մը
վրայ
նստած
իր
ամէն
օրուան
հագուստովը
հանդիսի
մէջ
մտաւ,
ոմանք
կը
զարմանային,
ոմանք
ալ
ծաղր
կ’ընէին,
բայց
իրեն
համար
ասիկայ
աշխարհքիս
վերջի
բարեւ
տալն
էր.
ան
աղքատ
զգեստը
իրեն
անանկ
ուրախութիւն
կու
տար,
որուն
ուրիշները
իրենց
ոսկիովը
չէին
հաւասարեր։
3.
Բայց
Մարգէզը
երբոր
տեսաւ
Ալոզիոսի
անանկ
խոհեմութեամբ
գործքը
առաջ
տանելը՝
ուրախութենէն
միտքը
փոխեց․
Ասանկ
խելացի
տղան
ձեռքէ
հանելը՝
անխելքութիւն
է
կըսէր.
մեր
տանը
պատիւը
շատ
աղէկ
պիտի
մեծցընէ
իմ՝
Ալոզիոսս.
աս
բանիս
համար
ելաւ
Միլան
գնաց,
փորձեց
տղան,
տեսաւ
որ
ան
իր
կամքին
վրայ
հաստատ
է.
առաջ
սկսաւ
բարկանալ,
վերջը
անուշութեամբ
ըսաւ:
4.
Գիտես
Ալոզիոս,
որ
ես
Աստուծոյ
կամքին
դէմ
բան
չեմ
ուզեր
ընել․
բայց
քու
ուզածդ
ալ
Աստուծոյ
կամքն
է՝
չեմ
կրնար
ըսել,
ինչու
որ՝
ինքը
քեզի
տուեր
է
աս
մարգէզ
իշխանութիւնը։
Ինչէ՞ն
կը
վախնաս
տղաս,
կը
կարծես
թէ
պալատի
մէջ
հոգին
փրկել
չըլլա՞ր․
անանկ
է
նէ՝
պէտք
էր
որ
ամէն
իշխան
անապատ
քաշուեր․
թող
որ
Աստուած
քեզի
անանկ
շնորք
մը
տուեր
է՝
որ
սուրբ
ըլլալու
արգել
մը
չունիս։
Չե՞ս
տեսնար
որչափ
հպատակներու
աղէկութեան
մէջ
մնալը
քեզմէ
կախուած
է.
ամենուն
աչքը
ու
սիրտը
քու
վրադ
է․
պզտի
եղբայրդ
Ռոտոլփոս
կը
տեսնամ՝
որ
չի
կրնար
աղէկ
մը
դարձընել
իմ
իշխանութիւնս։
Չե՞ս
խընայեր
ինձի
ալ,
տղաս,
որ
ինչուան
հիմայ
տաք
սրտով
զքեզ
սիրեր
եմ․
ու
թէ
որ
ինձմէ
բաժնուելու
ըլլաս
աս
տկարութեանս
մէջ,
անանկ
ցաւ
մը
պիտի
տաս՝
որ
առջինները
պիտի
մոռցընէ։
Ես
զքեզ,
սիրելի
տղաս,
ուրախութեամբ
իմ
ծերութեանս
օգնական
ըրեր
էի,
թէ
որ
դուն
զիս
թողուս
երթաս,
ես
աս
ոտքիս
ցաւէն
պաշտօններս
չի
կըրնալով
ընել՝
տրտմութեամբ
պիտի
գերեզման
ինջնեմ:
5.
Խօսքը
չի
լմնցուցած՝
ձայն
ձգեց,
սկաւ
լալ․
աս
անուշ
խոսքերը՝
տղուն
սրտին
աւելի
կը
դիպչէին
քան
թէ
առջի
բարկութիւնը․
աս
կակղցած
հօրը
սրտին
աւելի
դժուար
էր
յաղթելու,
քան
թէ
քարացած
սրտին.
Ի՞նչ
ըսէ
Ալոզիոս․
Սիրելի
հայր
իմ,
դու
ալ
գիտես՝
որ
ինչուան
հիմայ
Աստուծմէ
վերջը
տաք
սրտով
զքեզ
սիրեր
ու
պատուեր
եմ,
ինչպէս
որ
պարտքս
էր․
ըսած
խօսքերուդ
վրայ
ես
ալ
շատ
մտածելով
Աստուծոյ
աղաչեր
եմ,
որ
թէ
որ
իր
կամքին
դէմ
է
ուզածս՝
վերցընէ
սրտէս
աս
փափաքը,
ինչու
փուճ
տեղը
քու
սիրտդ
կոտրեմ:
Այնչափ
անգամ
փորձեցիր
տեսար,
քանի`
մարդիկ
որ
զիս
քննեցին՝
ըսին,
թէ
այս
տղայութեան
փափագ
չէ,
հապա
Աստուծոյ
կոչումն
է.
ասով
ինծի
ուրիշ
բան
չի
մնար,
բայց
եթէ
կամ
հրամանքիդ
կամքը
ընտրել
կամ
Աստուծոյ,
հիմայ
հրամանքդ
ալ
ըսիր
որ
Աստուծոյ
կամքին
կ’ուզես
հնազանդիլ․
ուրեմն
կը
մնայ
որ
Աստուծոյ
ձայնին
լսենք։
Ուրիշ
բաներու
մէջ
ինչուան
հիմայ
հնազանդեր
եմ,
ասկէ
վերջն
ալ
միշտ
քեզի
հնազանդ
եմ,
ու
կը
յուսամ
որ
Աստուած
հրամանքիդ
մխիթարութիւնը
պակաս
չընէր։
6․
Ֆերրանդէսի
բերանը
կապուեցաւ
աս
խելացի
պատասխանէն.
բայց
նորէն
ուրիշներու
ինկաւ
որ
աղէկ
մը
փորձեն
տղան,
ու
իր
առջեւ
ժամ
մը
Յիսուսեան
իմաստուն
քահանայի
մը
քննել
տուաւ․
աս
մարդս
շատ
զօրաւոր
խօսեցաւ
Ալոզիոսի
դէմ,
ամէն
էն
մեծ
դժուարութիւններն
բերաւ,
շատ
նեղը
ձգեց․
բայց
Ալոզիոս
աստուածաշնչի
եւ
սուրբ
հարց
խօսքերովը
անանկ
մը
պապանձեցուց
զքահանայն,
որ
հայրն
ալ
վկայեց
թէ
Աստուած
է
տղան
կանչողը։
Ահա,
ով
Գրիգորիկ,
այնչափ
դժուարութիւն
յանձն
կ’առնեն
սուրբերն
արքայութեան
ճամբուն
համար.
որչա՜փ
պէտք
է
վախնայ
այն՝
որ
հոգւոյն
փրկութեանը
համար
չուզեր
պզտի
նեղութիւն
մ'ալ
քաշել,
ուրիշներուն
արիւն
քրտինքով
վաստըկածը
կ’ուզէ
որ
խաղով
ծիծաղով
ձեռք
բերէ։