Բ
Որդեակ
տուր
ցիս
զսիրտ
քո։
ԱՌԱԿ
1.
Պզտիկ
ու
տկար
տղեկն
ալ
որ
դեռ
չի
կըրնար
ինքիրմով
ասդիս
անդին
դառնալ,
ունի
հոգի
մը
Աստուծոյ
ծառայութեանը
համար
ստեղծուած.
դեռ
չի
կըրնար
ճանչնալ
իր
պարտքը,
բայց
ծնողքը
որ
իրեն
մարմնաւոր
կենացը
պատճառ
եղան,
պէտք
է
որ
հոգեւոր
կեանքն
ալ
պզտիկուցմէ
հոգան։
Ահա
Ալոզիոս
դեռ
ոտք
չէր
ելած՝
երբ
իրեն
մայրը
իրեն
սորվեցուց
ձեռուըներն
խաչ
բռնել,
Յիսուսի,
Աստուածածնայ
անունը
տալ
քիչ
ատենէն
աղօթքներ
ալ
ու
ծունկ
դնել․
տղան
ալ
կարծես
իր
հոգիէն
ձայն
մը
կը
լսէր
թէ
ես
միայն
Աստուծոյ
համար
ստեղծուած
եմ,
ու
յօժարութեամբ
կը
կատարէր
սովրածները․
շատ
հեղ
նոր
ոտք
ելած
ատենը,
անկիւն
մը
քաշուած
աղօթքի
ծունկ
ինկած
կը
գտնէին,
զինքը։
Ան
ատենէն
երբ
լսէր
թէ
աղքատ
մը
կ'անցնի,
դուռը
կը
վազէր
որ
բան
մը
տայ։
2․
Եօթն
տարուան
որ
եղաւ,
փորձ
մարդու
մը
պէս
լաւ
ճանչցաւ
որ
զԱստուած
սիրելէն
զատ
հարկաւոր
բան
չիկայ
աշխարհքիս
վրայ,
ու
միտքը
հաստատեց
բոլոր
կեանքն
Աստուծոյ
տալու․
ինքնիրէն
աղօթքներ
ընտրեց՝
որ
իր
դրած
կարգովը
եւ
ժամանակովը
ընէ։
Աղօթքի
ատենն
ալ
այնպէս
անշփոթ
ու
պատկառանօք
կը
կենար
որ
տեսնողներն
անթեւ
հրեշտակ
մը
կը
կարծէին
զինքը։
3.
Ան
տարեցը
իմացաւ
երանելի
տղան
որ
մարդս
երկու
տարբեր
գոյութիւններէ
է,
հոգի
եւ
մարմին.
Եւ
թէ
մարմինն
հոգւոյն
թշնամի
է,
հոգւոյն
ըսածը
ետ
կը
թողու
իր
հեշտութիւնն
կ’ուզէ։
Ալոզիուս
հոգւոյն
միտք
դնելով՝
սկսաւ
ամենայն
մարմնոյ
դիւրութեանց
դէմ
կենալ․
ինչուան՝
թէ
որ
ծնկան
վրա
գալու
համար
ծնկին
բարձ
դնէին,
վրան
ծունկ
չէր
դներ
Սովորութիւն
ալ
ըրաւ,
քննելու
ամէն
օր
իր
ըրածը
չըրածը։
Որչափ
յստակ
ըլլայ
ջուրն,
այնչափ
յայտնի
կ’երեւայ
մէջի
եղածն․
իսկ
Ալոզիոս
երկայն
ատեն
քննելով
իր
պայծառ
սիրտն,
հաիւ
կրցաւ
երկու
բիծ
գտնալ։
4.
Ի՞նչ
արդեօք.
մէյ
մ’որ
հօրը
հրամանովը
զինուորութիւն
սորվելու
ատենը,
օր
մը
առանց
հարցնելու
վառօդ
առեր՝
եւ
իր
պզտի
հրացանովն
այնպէս
պարպեր
էր,
որ
մազ
մնաց
իր
վրայ
պիտի
դառնար
կրակը։
Մէյմ'
ալ
որ
զինուորներէն
անշնորհք
խօսք
մը
լսեր
ու
քանի
մը
անգամ
առանց
հասկընալու
ըսեր
էր,
աս
ալ
դեռ
հինգ
տարուան
չեղած
ատենը։
5․Ասոնք
որ
իրեն
էն
մեծ
մեղքերն
էին,
անանկ
խոց
մը
եղան
սրտին՝
որ
բոլոր
կեանքը
կարճ
երեւցա
զանոնք
լալու.
հազար
անգամ
խոստովանեցաւ,
ու
պատմեց
ուրիշներուն
ալ,
որ
զինքը
մեղաւոր
ճանչնան։
Դու,
Գրիգորիկ,
ի՞նչ
կը
ճանչնաս
զԱլոզիոս,
որ
բոլոր
կեանքը
այս
երկու
կարծած
մեղքերուն
համար
ապաշխարու.
թեամբ
անցուց․
թէ
որ
ինքն
իրաւցընէ
ամչնալու
մեղք
մը
ըրած
ըլլար,
արդեօք
ցաւէն
կրնա՞ր
դիմանալ։
6․
Մեյ
մ’որ
զԱստուած
սիրելը
պարտք
սեպեց
Ալոզիոս՝
ճանչցաւ
թէ
զբօսանքը
փուճ
բան
է,
զուարճութենէ
ետ
կեցաւ․
իր
խաղալիքն
էր՝
նոր
նոր
Աստուծոյ
ծառայելու
ճամբայներ
գտնալ․
աշխարհք
չիտեսած
աշխարհքէ
քաշուեցաւ.
եւ
տեսնալով
որ
աշխարհքէ
գանողը՝
կը
փախչի
աշխարհքէ,
միտքը
դրաւ
որ
ինքն
ալ
հեռանայ՝
կրօնաւոր
ըլլայ․
մօրն
ալ
իմացուց
մտածածը։
7.
Տասը
տարուան
եղած
ատենը
նորէն
առաջադրեց,
որ
ամէն
օր
լաւ
մը
քննէ
իր
ըրածը
չըրածը
եւ
իր
բնութիւնը,
որպէս
զի
ինչ
կերպ
պակսութիւն
որ
ալ
գտնէ
շտկէ.
իրեն
երեւցաւ
որ
խօսելու
ատեն
երբեմն
աղէկ
կշռելով
պատասխան
չի
տար․
անկէ
վերջը
նայեցաւ
պարապ
տեղ
ամենեւին
չխօսելու,
ծանրութեամբ
պատասխան
տալ
ու
առնել։
Ո՛վ
որ
ասանկ
ինքզինքը
քննելու
սովորութիւն
չունի,
իր
կեանքը
կը
նմանի
վազուկ
ջրի
մը,
որ
միայն
կ’անցնի,
առանց
իմանալու
թէ
ո՞ւր
կերթայ
ի՞նչ
կ
ըլլայ։
8.
Ծնողացը
անանկ
հնազանդ
էր
ինչպէս
որ
Աստուած
կ’ուզէ.
նաեւ
ծառայից
հետ
խօսելու
ատեն՝
հրամայելու
կերպ
չէր
բանեցըներ․
խնդրեմ,
կ’ըսէր
ծառայներուն,
աս
բանս
կրնա՞ս
ընել․
թէ
որ
քեզի
ծանրութիւն
չէ
աս
բանս
ընէիր․
անանկ
որ
ծառայները
կ’ամչնային
իր
խոնարհութենէն։
Որչա՜փ
նման
չէր
ան
տղոց,
որ
դեռ
չասակնին
չառած՝
հրամայել
կը
սկսին,
կամ
անոնց
որ
կարծեն
թէ
ամենէն
ծանր
բանն
հնազանդիլն
է.
եւ
չեն
գիտեր
որ
հնազանդելէն
ապահով
ճամբայ
չի
կայ։
9.
Տասնումէկ
տարուան
էր
երբոր
առջի
հեղ
խոստովանանք
ըլլալու
գնաց․
ան
իրեն
կարծած
երկու
մեծ
մեղքերուն
այնչափ
սիրտը
կոտրած
էր,
որ
ամեն
օր
մեղքով
ապրած
անզգամի
մը
պէս՝
երբոր
մօտեցաւ
քահանային
քով,
լեզուն
կապուեցաւ,
աչուըները
մըթնցան,
մարեցաւ
ինկաւ
խոստովանահօրը
ոտքը։
Վերջը
սիրտ
առած
խոստովանեցաւ
ու
փառք
կու
տար
Աստուծոյ
որ
զինքը
արժանացուց
այն
սուրբ
խորհրդոյն։