Ժ
Ինձ
յոյժ
մեծարոյ
եղեն
բարեկամք
քո
Աստուած
ՍԱՂՄՈՍ
1.
Այն
սուրբը
որ
երկինքը
խելքէ
վեր
փառք
ունէր,
ու
երկրիս
վրայ
հրաշքներով
ինքըզինքը
փառաւորեց,
պէտք
էր
որ
մարդկանցմէ
ալ
փոխարէն
մը
ընդունի։
Մեռնելէն
վերջը
շատ
չանցաւ,
սրբոց
կարգը
անցուցին
զանիկայ,
ու
իր
պատւոյն
համար
եղած
առջի
պատարագէն
վերջը,
անոր
սուրբ
մասունքը
պագնողներէն
մէկն
ալ
եղաւ՝
Մարթա
Ալոզիոսի
մայրը:
Ո՜վ
նախանձելի
մայր
երջանիկ
զաւկի,
ձեռքովդ
ժողվեցիր
ձեռքովդ
տնկած
ծառին
պտուղը,
այն
ծառին՝
որ
սովորաբար
խիստ
ուշ
կ’աճի։
Արժանի՜
վարձք
բարեպաշտ
մօր,
որ
տղուն
սուրբ
հոգին
աւանդի
մը
պէս
առաւ
Աստուծմէ,
ու
աւելի
փառաւորած
դարձուց
Աստուծոյ։ .
2.
Արդեօք
ո՞ր
բարելաշտ
մայր
ո՞ր
հայր
այս
բանս
գիտնալով
ասանկ
զաւկի
մը
չի
փափաքին,
մանաւանդ
դու
սգաւոր
մայր,
որ
աչուըներդ
լեցուած
մեռած
զաւակդ
կը
յիշես,
ի՞նչ
կը
մտածես
անոր
վրայ,
ըրի՞ր
դու
քո
պարտքդ
ու
մխիթարուա՞ծ
ես
անոր
վրայ։
—
Քանի՞
ծնողքէ
Աստուած
դատաստանին
օրը
պիտի
ուզէ
անոնց
յանձնած
Ալոզիոսներն.
թէ
որ
անոնք
լուսաւոր
հրեշտակ
դառնալու
տեղ՝
սեւցած
ըլլան,
ի՞նչ
պատասխան
պիտի
տան
Աստուծոյ.
չէի՞ն
կըրնար
ան
մատաս
տունկերը
աղէկի
շտկել։
3․
Հապա
ի՞նչ
պիտի
ըսեն
անոնք
որ
իրենց
ծնողաց
եւ
վարդապետաց
բարի
խրատները
բանի
տեղ
չեն
դներ:
Ալոզիոսի
սրբութեան
սկիզբը
եղաւ
հնազանդութիւնը,
որով
ծնողացը
սորվեցուցած
ջերմեռանդութիւնները
ընելով՝
այնչափ
առաջ
գնաց։
Ահա
այն
Ալոզիոսը
ձեզի
բարեխօս
է,
սիրելի
տղաք,
զձեզ
իրեն
եղբայր
կ’ընէ,
թէ
որ
հիմակուընէ
տաք
սրտերնիդ՝
իր
սիրտը
ձեզի
տուող
Յիսուսին.
ո՜հ,
ինքն
ալ
զձեզ
սիրով
կը
ղրկէ,
մէկ
մէկ
հրեշտակ,
մէկմէկ
Ալոզիոս
կ’ընէ՝
երկնքի
սուրբերը
ձեր
վրայ
կը
գուրգուրան։
4.
Իսկ
դու
որ
կեանքդ
ինչուան
հիմայ՝
եկածին
պէս
անցուցեր
ես,
ու
հիմայ
գուցէ
դիպուածով
այս
վարքը
առեր
կը
կարդաս՝
հարցուր
մէկ
մը
քեզի,
ինչո՞ւ
համար
պիտի
ըլլայ
որ
Ալոզիոս
իշխանի
որդի
ըլլալով
կ’երթայ
կամաւ
կ’աղքըտնայ․
աշխարհքի
վայելքը
ամէն
դիաց
իրեն
կուգայ,
ինքը
ամենէն
կը
փախչի,
մեղք
չունի
ու
ապաշխարելէն
չի
դադրիր․
փափուկ
տղայութեան
մարմինը
դահճի
պէս
կը
տանջէ.
իսկ
ես
որ
իրեն
չափ
առիթ
չունիմ
աշխարհք
վայելելու,
ինչո՞ւ
ասանկ
աշխարքի
ետեւէ
եմ.
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ
աս
իմ
բռնած
տարբեր
ճամբաս:
Ուրիշ
բան
չէ.
անիկայ
աշխարհքի
ունայնութիւնը
ճանչնալով
զԱստուած
կը
փնտռէ,
ես
զԱստուած
թողլով
իմ
ունայնութիւնս
կը
փնտռեմ։
5․Ուրեմն
Ալոզիոսի
ըրածները
աւելորդ
բան
չեն,
հապա
հարկաւոր
բան
են.
միայն
իր
բռնած
ճամբայն
է
որ
երկինք
կը
հանէ․․․
ան
ճամբայն
թողուլը
անմտութիւն
է...
առանց
դժարութեան
ան
ճամբէն
անցնիլ
չըլլար․․․
թէ
որ
ինքը
անմեղ
ըլլալով
ան
փուշերուն
մէջէն
անցաւ,
ի՞նչ
պետք
է
ընէ
մեղաւոր
մը.
անմեղին
20
տարուան
աշխատանքին
վարձքը՝
մեղաւոր
մը
ե՞րբ
կրնայ
վաստըկիլ․․․
ի՞նչ
նմանութիւն
կայ
Աստուծոյ
սիրով՝
ջրի
պէս
հալած
սրտի
մը,
ու
աշխարհքիս
սիրով
Աստուծմէ
պաղած
քարացած
սրտի
մը
մէջ․․․։
6․
Ի՞նչ
ըսենք
հապա
ինծի
նման
աշխարհք
թողող
վանք
քաշւող
կրօնաւորի
մը.
արդեօք
Ալոզիոսի
պէս
զատե՞ր
ենք
սրտերնիս
աս
աշխարհքէս,
արդեօք
կը
մտածե՞նք՝
որ
Ալոզիոս
աշխարհքի
մէջ
սուրբ
ըլլալը
բաւական
չի
սեպեց,
կրօնք
մտաւ
կատարեալ
ըլլալու
համար․
«Ամէն
ասեմ
ձեզ
եթէ
ոչ
առաւելուցու
արդարութիւն
ձեր
առաւել
քան
զդպրացն
եւ
փարիսեցւոց
ոչ
մտանիցէք
յարքայութիւն
երկնից».
«Դուք
էք
լույս
աշխարհի»․
որո՞նց
համար
զրուցեց
Քրիստոս
այս
խօսքերը.
թէ
որ
Ալոզիոսի
ամէն
ճգնութիւնները
ընելու
հրաման
չունինք,
իրեն
պէս
ուխտապահ
հոգեսէր
ըլլալու
ո՞վ
կրնայ
արգիլել
զմեզ՝
մեզմէ
զատ:
7․
Վերջապէս,
դու,
ով
որ
ես,
որ
բարեմտութեամբ
աս
գրքոյկս
կարդացիր,
գիտնաս
որ
աս
սուրբիս
հետեւիլը՝
մանաւանդ
նմանիլը
մեծ
բան
է,
բայց
նոր
բան
մը
ընել
չէ,
ինչու
որ
կատարեալ
ըլլալ՝
ամէն
քրիստոնէի
պարտք
է։
Ինչպէս
որ
Աստուած
կատարեալ
է,
գքեզ
ալ
կատարեալ
կ’ուզէ
տեսնալ․
շատ
հեղ
մէյմէկ
կերպով
քեզի
ազդարարութիւն
կ’ընէ,
հիմայ
կրնայ
ըլլալ
որ
մէկ
ազդարարութիւն
մ’ալ
աս
գիրքը
կարդալ
տալն
էր,
ինչպե՞ս
անհոգ
կ’ըլլաս
ան
ազդարարութեանը՝
որուն
համար
վերջը
պատասխան
պիտի
տաս։
Անխելք
է
կ’ըսես
ան
մարդուն՝
որ
հրաման
ունենալով
թագաւորին
գանձարանը
պտըտիլ
ու
հաւնած
բանը
առնուլ,
ինքը
միայն
զարմացած
նայի
ու
դուրս
ելլայ.
դու
ալ
Ալոզիոսի
վարքին
գանձատունէն
թէ
որ
ամէն
հաւնածդ
չես
կրնար
առնուլ,
գոնէ
ա՛ռ
քեզի
մէկ
մը,
այսինքն
մէկ
առաքինութիւն
մը,
ու
անոր
ետեւէ
եղիր։
8․
Իսկ
դու
ո՜վ
նախանձելի
սուրբդ
Ալոզիոս,
փառք
երկնից
ու
պարծանք
երկրիս,
ընտրեալ
զաւակ
Աստուծոյ․
դու
որ
չես
կրնար
լաւ
փափաք
մը
արհամարհել՝
շարժէ
կու
վարքդ
կարդացողներուն
սիրտը՝
քեզի
նմանելու․
ու
անոնց
փափաքը
հաստատէ:
Տուր
տղոց,
զորոնք
սիրով
կը
պաշտպանես,
քու
հոգեծաղիկ
սիրտդ․
բուրէ
պատանիներուն
սրտին
մէջ`
քու
մաքրութեան
շուշանիդ
հոտը`
քու
ճգնութիւններովդ
չի
յուսահատի
մեղաւորը,
չի
տրտմի
փորձութեան
մէջ
ընկնողը,
քու
պատրաստ
օգնութեանդ
ապաւինելով:
Տո՛ւր
ծնողաց
եւ
զաւակաց
մէկմէկու
յաւիտենական
մխիթարութեան
պատճառ
ըլլալ,
ինչպէս
դու
քու
ծնողացդ.
ծերոց
ուժ
տուր՝
առաքինութեան
անհատնում
գանձերուն
քեզի
պէս
ետեւէ
ինկնալու
ինչուան
’ի
մահ.
քահանայից
տուր
ան
սիրոյ
կրակ
կտրած
սիրտդ՝
որ
Քրիստոսի
զբօսանաց
տեղն
էր.
տո՛ւր
կրօնաւորներու՝
քեզի
նման
կատարելութեան
ճամբայն
բռնել․
նաեւ
անհաւատներու
եւ
մոլորեալներու՝
որոնց
դարձին
այնչափ
կը
փափաքէիր,
տուր
քու
լուսաւոր
մտքիդ
շնորհքը,
եւ
ամէն
գքեզ
պաշտպան
բռնողներու
ալ
պարգեւէ
քու
մաքրութեանդ
սէրը։