Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ

Եղերուք կատարեալք, որպէս եւ Հայրն ձեր երկնաւոր կատարեալ է

ՄԱՏԹ

1․ Քրիստոնէին կեանքը պէտք է որ կատարելութեան սանդուխ մը ըլլայ, ծայրը Աստուած կեցած։ Ալոզիոսի վարքը ասանկ սանդուխ մը եղաւ, մի ըսեր թէ ան շատոնց կատարեալ էր. Տէրն մեր ըսաւ, Եղերուք կատարեալք որպէս եւ Հայրն ձեր երկնաւոր կատարեալ է. սրբութեան չափը սերովբեները չեն՝ հապա Աստուած է որուն հասնիլ չըլլար, անոր համար Ալոզիոս միշտ կրցաւ աւելի կատարեալ ըլլալ, աւելի Աստուծոյ մօտենալ:

2․ Ինչպէս որ ճամբորդը՝ բլրէ մը գլուխը դարձուցած կը դիտէ քալած տեղերը, դու ալ որ մէկիկ մէկիկ տեսար Ալոզիոսի առաքինութիւնները, տե՛ս այս գեղեցիկ ճամբայն ալ որ քիչ ատենէն զինքը արքայութիւն պիտի հանէ։ Ինքն իր բերնովը երբոր Հռովմ հասաւ նէ ըսաւ. Ես իմ մեռելներս թաղեցի, ասկէ վերջը կը մնայ որ աւելի աղէկ անցընեմ իմ վարքս։ Եւ ըսածին պէս ամէն գործոցը մէջ կատարելութիւն կը ցուցընէր։ 

3. Մէկ երկու հոգեւոր խրատներ ու աստուածաբանութեան ճառեր գրեր էր, տարաւ դասատուին տըւաւ, որ քովը պահէ: Ես ամէն բանէս հրաժարեր եմ, ըսաւ, միայն ասոնք մնացեր են՝ որ իմս է ըսելով՝ կրնան սիրտս իրենց քաշել․ անոր համար խնդրեմ աս ծանրութենէն աս փորձութենէն զիս ազատէք։

4. Ալոզիոս ամենուն անանկ սիրելի եղած էր որ ամէնքը իր վրայ կը նայէին, ասոր համար ինքը ընդհակառակն միշտ կը ջանար հնարք մը գտնալ ուրիշներէն աւելի չի սիրուելու, հապա թէ որ կարելի է աւելի քիչ։ Մեծաւորներն ալ չէին կրնար ասանկ գանձի վրա չի դողդըղալ, բայց Ալոզիոսի աս բանիս  ցաւելուն համար, կը ջանային դըրսէն նշան չի տալ։ 

5․ Բայց ինչպէս որ սիրելին հեռացած ատենը աւելի փափագելի է, եւ ինչպէս որ արեւուն ճառագայթները մտնալու ատեն աւելի աղուոր են, ասանկ Ալոզիոս ալ փառքէ փախչելով սիրելի կ’ըլլար, մանաւանդ աս ետքի տարին որ անուշ բնութեան վրայ մէկ նոր քաղցրութիւն մըն ալ աւելցուց․ ով որ տեսնար զինքը՝ կ’ուզէր հետը խօսիլ, որ միշտ Աստուծոյ վրայ կը խօսէր, եւ անանկ ջերմեռանդութիւն կ’իմանային խօսողները՝ որ կարծես թէ նոր հաղորդուած ըլլան։

6․ Իսկ ինքն Ալոզիոս երկնքի սրբոց պէս սկսեր էր զԱստուած անդադար վայելել․ քանի որ Աստուծոյ վրայ խօսեր կամ կարդար կամ լսեր՝ ինքնիրմէ դուրս կ’ելլար․ ինչպէս անգամ մը սեղանատունը Աստուծոյ սիրոյն վրայ բան մը կը կարդային, չի կրցաւ բան ուտել, սիրտը տակն ու վրայ եղաւ, ինքն զինքն կորսնցուց․ եկան հարցուցին թէ ի՞նչ ունիս, ի՞նչ կ’ուզես․ Ալոզիոս տեսնալով որ այլայլութիւնը իմացեր են, խպնելով լռեց։

7. Ինչուան աս ատենս Ալոզիոս ուրիշի հետ մէկ սենեակ կը բնակէր. աս ետքի տարին մեծաւորը հրամմեց որ զատ խուց մը ընտրէ իրեն. ինքն ալ գտաւ սանդուխին վրայ պզտի խուց մը, ուր որ մարդ չէր բնակած, հազիւ թէ անկողնէն զատ աթոռ մը ու ծնրանոց մը դնելու տեղ կար, ան սենեակը մանաւանդ թէ այն ծակը՝ իր թագաւորին պալատէն վեր դրաւ ու հոն նստաւ։ Մարդս սուրբ ընողը տեղը չէ, հապա մարդն է որ զտեղն սուրբ կ’ընէ, խշտեակն ալ Աստուծոյ աթոռն կ’ընէ։ 

8. Սովորութիւն էր որ մէկ խուց կեցողներն մէկ մէկու վրայ տեսած պակսութիւննին ըսեն. ան եղբայրն որ երկու տարի Ալոզիոսի հետ կեցաւ, պակսութեան շուքն ալ չէր տեսած վրան, եւ ինչպէ՞ս կրնար տեսնալ՝ երբոր Ալոզիոսի խոստովանահայրը անոր խոստովանութիւնը լսելով նոր լույս ու բարի օրինակ կ’առնուր. Ինչպէ՞ս կրնար վրան յանցանք մը գտնալ, երբոր շատերը եղան որ զինքը մարդէ վեր դնելով չէին համարձակեր իրեն մօտենալու։

9. Ալոզիոս ան ատենէն տեսաւ իր վիճակին աղէկութիւնը, ան ատենէն սկսաւ ըսել թէ կը փափագիմ այս վիճակին մէջ մեռնիլ՝ քանի որ քահանայ չեմ եղած. վասն զի քահանայութեան ծանր պաշտօնը վրաս գայ նէ՝ կարելի է տակէն պակասաւոր գտնուիմ: Թէ որ ամէն քրիստոնեայ հոգւոյն սրբոյ տաճար պիտի ըլլայ, մէկ քահանայ մը ինչպիսի՜ տաճար պիտի ըլլայ․ թէ որ տապանակին մէջ արատաւոր բան ալ մօտեցընելը հոն օրէնքին մէջ մեղք էր, քահանայն ի՞նչ զգուշութիւն պիտի ընէ իր սրտին տապանակին, ուր Քրիստոս ամէն օր կը հանգչի իր փառքովը. թէ որ Ալոզիոսի վախ կուգար աս բանէն, մենք պետք է դողանք։