Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐԱԳԷՏԸ. Եղիշէ մեր դասական գրականութեան կարեւոր դէմքերէն մէկն է։ 

Արդի քննադատութիւնը սակայն չէ վերլուծած անոր մէջ գրագէտին ստորոգելիները։ Տրուած ըլլալով անոր ժամանակը, երբ մեր մէջ նա սկսած է բուն գրականութիւնը, տրուած ըլլալով իր անառարկելի ընդունակութիւնը գրելու, մենք կը մօտենանք անոր՝ ընթացիկ տուեալներէն տարբեր տեսակէտներով։ 

Մեզի համար, Եղիշէ ակադեմական գրող մըն է ։ Այս նախադասութիւնը կու տայ ընդհանուր նկարագիրը գրողի մը, որ օրուան գրականութեան բոլոր փնտռուած վայելչութիւնները իւրացուցած, կ՚արտայայտէ շրջանի մը docte ճաշակը, ոճի եւ լեզուի բոլոր սնոտի զարդարանքը աչքէ չվրիպեցնելով։ Միւս կողմէն՝ պէտք չէ մոռնալ, որ մեծ գրագէտի մը քով ամենէն ու դիտուելիք յատկութիւններ են անոնք։ Ոճով գրագէտ մը շատ–շատ սերունդ մը կրնայ խաբել։ 

Եղիշէ ոճով գրագէտ մըն է ։ (Յետոյ պիտի տեսնենք իր հմայքին պատճառները)։ Անոր նախադասութիւնները չեն սնանիր մտածման ջերմութենէն։ Անոնք պատրաստ են կարծես, օդին մէջ առկախուած, բեմերուն ու աղօթարաններուն առաստաղներէն կամ՝ գիրքերու վրայ։ Հեղինակը ոչ մէկ դժուարութիւն ունի ատոնք ուզուած պահուն իբրեւ իրը սեւեռելու իր գիրքին վրայ։ 

Եղիշէ հռետոր գրագէտ մըն է ։ Տրուած ըլլալով մեր գրականութեան այն շատ զօրաւոր ձգտումը, որ միտքը ամբողջութեամբ ի սպաս կը դնէ բարոյականին այն ալ ոչ վերլուծական կամ իմաստասիրական ձեւին եւ որ գրեթէ դիտմամբ կը մոռնայ արուեստը (այս երեւոյթը հասարակ է քրիստոնէական շրջանի բոլոր գրողներուն, մանաւանդ երրորդ կամ չորրորդ դարերուն)։ Եղիշէ իր ընդլայնումի, շղթայումի, զարդարումի, մա՛նաւանդ նախադասութիւններ առատօրէն դարձնել կարենալու ընդունակութիւններով՝ մեր առաջին հռետոր գրագէտն է։ Այս ֆրազը կազմելու, անոր ներքին երաժշտութեան հասնելու ճիգովը, ածականներու յարմարագոյն ընտրութեամբը, պուտ մը մտածումը էջերով դիմացնելու համար ձեւին պարտադիր զանազանութիւնովը, նիհար զգացում մը ճարտարօրէն երակելու, բաշխելու իր ճաշակովը եւ գիտութեամբը անիկա իր նմանը չունի մեր հին մատենագրութեան մէջ։ 

Եղիշէ տարտամ գրագէտ մըն է ։ Վերոգրուած բոլոր ստորոգելիները կրնան դրական վերադիրները վերածուիլ, երբ գրագէտը տեսնելու եւ զգալու կազմած մը ունի։ Այդ չէ պարագան Եղիշէի համար։ 

Իր տեսնելու ձեւը երբեք ուղղակի անմիջական, անձնական ձեւը չէ։ Հակառակ իր ականատեսի հաստատումներուն, անիկա շատ քիչ բան տեսած է իր պատմածներէն։ Դուրեան Սրբազանի  կարծիքը՝ թէ Տիզբոնի մէջ քահանայագործող Երէց մըն է, կ՚արդարանայ մա՛նաւանդ անով, որ Պարսկաստանի վրայ իր տուած նշմարները, Յազկերտին բարկութեան երանգները, մանաւանդ իր գործին ամենէն կարեւոր մասը Ութերորդ Յեղանակին մէջ դատաստանի, անապատի, նահատակութեան պատկերացումները դեն մազդեզին վրայ լայն տեղեկութիւններ շատ աւելի իրականութեան տարրեր ունին, քան բուն իսկ Հայաստանի վրայ իր գրածները։ Միեւնոյն դէպքերը Ղազար Փարպեցիի մէջ ուրիշ իրականութիւն ունին։ Կը զգաս, թէ պատմիչը գիտէ իր դէպքերուն գետինը ու կրնաս տեսնել այդ գետնին վրայ քալող մարդն ալ։ Կը հետեւի, թէ ինչպէս կը ձգտի ապացուցանել ներկայ բանասիրութիւնը, Եղիշէ երեւակայած է իր գործին Հայաստանի մէջ կատարուող մասը։ Ասկէ՝ ահաւասիկ այն անխուսափելի տկարութիւնը զարդարանքին, արուեստին դիմելու։ Ասկէ՝ իր պատմութեան անիրական ըսուելու չափ անորոշութիւնը։ Մեծագոյն գրագէտներ միայն դիմացած են վտանգին։ Բայց մեր գրականութիւնը այդ բախտէն զուրկ է։

Նայուածքի այս տարտամութեան պէտք է աւելցնել իր զգայնութեան ընդհանուր կազմածը, որ հաւատարիմ է միայն ու միայն վկայաբանական տեսիլներ առնել ու տալու։ Որ կը միջամտէ դէպքերուն տեղի կամ անտեղի, զանոնք բացատրելու շատ միամիտ, երբեմն շատ ձախորդ մտադրութեամբ։ Որ Վարդանին ճառը պատերազմի գիշերին աստուածաբանական էջի մը կը վերածէ եւ նահատարկուող սուրբերուն բերանը քրիստոնէականի վայելող (apologique) քարոզներ կը դնէ։ Ամէն տեղ նիհար է անիկա, բացի քրիստոնէութեան ընդհանրական զգայնութիւնը տուող դրուագներէն, մա՛նաւանդ կը տառապի ազգային–զգայնութեան տեսակէտէն։ Իր ամենէն գեղեցիկ էջը տիկիններուն տառապանքին պատկերացումը, հազիւ թէ ազգային երանգ կը հագնի։ Ու թերեւս պատճառը՝ հոս՝ իր իսկ բացակայութիւնն է հայրենիքէն ու, կարօտի նման յուզումներէ անցած ըլլալը։ 

Եղիշէ վկայագիր գրագէտ մըն է ։ Այս վերագրումը եթէ գործածելի է մեր բոլոր հին գրողներուն, մասնաւորաբար շատ պատշաճ կու գայ Եղիշէի գործին։ Անոր մէջ ամէն բան ընտրուած է կարծես գերագոյն նպատակի մը համար։ Յեղանակները, կարճ ու արագ, աճապարանքն ունին մեզ հասցնելու ցանկալի պահին, ուր վերջապէս արիւնը պիտի թափի ու երկինքը պիտի բացուի, մեր կարօտցած, անհունօրէն ցանկագրգիռ աչքերուն առջեւ: Իրաւ է թէ զօրաւոր մտածում մը կամ զօրաւոր յուզում մը գիրքի մը համար յաջողութեան երաշխիք են, բայց վկայաբանական վիճակները գեղեցկութեան հետ շատ մասնաւոր աղերս մը ունին։ Մնաց ոք, դիտողը կամ պատկերողը մութի մէջ կը ձգէ միշտ երեւոյթին ամենէն յուզիչ, ամենէն մարդկային մասը։ Այսպէս է, որ վկայաբանական գրողները շատ աւելի տպաւորիչ եղած են, երբ իրենց հերոսները ապրեցուցած են առօրեայ իրականութեան վրայ։ Ու հոս է անոնց հրապոյրը, այսինքն՝ մենք կը սիրենք մեզմէ անհունօրէն հեռու, օտար ապրող սուրբերը, ճգնողները, հերոսները պարզապէս այն անջրպետին համար, որով կը զատուինք անոնց հոգիներէն ու տեղէն։