Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՐՔԻՆ ԴԻՐՔԸ։ Սովորութիւն է Եղիշէն արդարացնելու համար, մեր օրերուն անկէ ետ առնել պատմիչի տիտղոսը։ Դուրեան Սրբզան՝ տեսակ մը դիւցազներգութիւն կ՚ուզէ տեսնել անոր մէջ։ Ինծի համար անիկա վրիպած պատմութիւն մըն է, միակողմանի, անբաւական հմտութեամբ, ու documentationով կազմուած։

Անիկա` չունի ինքնատիպ դիւցազնայորդոր ոճը, որ շարժումն ու դերակատարները encadré ընէր։ Չունի հանդարտ, վճիտ պարբերութիւնները, որոնք գործողութեան մը առաւելումը, սաստկացումը  կամ նուազումը տեսանելի կ՚ընեն։ Չունի համադրող, մասերը իրարու զօդող հեղինակութիւն մը դէպքերու շարայարուաին մէջ։

Գիրքին գրեթէ կէսը կը գրաւեն անտեղի նամակներ։ Մէկ քառորդէն աւելի յերիւրուած ճառերու ատենագրութիւններ։ Բուն ստեղծագործութեան մնացած մասը շատ փոքր տոկոս մը կը ներկայացնէ ամբողջութեան վրայ։

Արդէն նիհար այդ էջերէն երբ զեղչենք այս հors d'œuvreները, մենք կ՚ունենանք պատմութեան համար իսկ անբաւական էջերու թիւ մը։ Հապա դիւցազներգութի՞ւնը։ Աշխարհի ոչ մէկ գրականութեան մէջ չենք տեսած նման փորձ մը, ուր բանաստեղծի մը այդքան նեղ շրջանակ ու միջոց տրամադրուած ըլլայ իր հերոսները շարժելու, իր պայքարը լարելու, վարելու եւ լուծումին առաջնորդելու, իր եւ իր ցեղին բարքերէն, խառնուածքէն, բարոյական եւ նիւթական յօրինուածքէն տարրեր կամ երեսներ զետեղելու հսկայօրէն նկատի առնուած գործողութեան մը թափին, իրադարձութիւններուն, տրամին մէջ։ Այս ամենէն ոչ մէկ նշոյլ։ 

Դարձեալ չկայ հոն մեր երկիրը, նոյնիսկ խոտի մը, աղբիւրի մը, ծառի մը ձեւով, եթէ չսեպենք պղտոր գետը, Տղմուտը, որ յատուկ անուն է միայն։ Ու բերդեր, որոնք գլխագիր ըլլալու առաւելութիւնը ունին։ Դիւցազներգութիւնը նախնական թէ մշակուած կ՚ախորժի գետինէն, հողէն, տրուած ըլլալով իր հերոսներուն կեդրոնախոյս նկարագիրը, որով անոնք փախչիլ կ՚ուզեն իրականութեան հակակշիռէն։ 

Եզրակացնելով՝ կ՚ըսենք։ Եղիշէ վկայաբանական տեսակէտներով ձեռնարկած է գրել պատմական դրուագ մը: Զուրկ ըլլալով պատմողի կարեւորագոյն ստորոգելիներէն, նոյն ատեն բաւական գրագէտ՝ վկայաբանական յանկուցիչ պարզութեամբը չգոհանալու աստիճան, անոր գործը տատանած է այդ երկու ձգտումներուն տիրապետութեանը տակ։ Հո՛ն՝ ուր վկայաբանը առաջին գիծին կու գայ, գործը եղած է մանկունակ ու ատով իսկ անշահեկան։ Քիչ տեղեր երկու ձգտումները իրարու չեն հակասած։ Այդ պարագաներուն, անիկա տուած է այն տարօրինակ էջերը, ուր իրականութիւն ու երազ, օրուան կեանքն ու անոր ետին ապաստանած հոգեբանական խռովքը զուգընթաց կ՚երեւան էջերուն վրայ, քաղցրութեամբ, պարզութեամբ, գեղեցկութեամբ մը, որ պիտի բաւէր, որեւէ գրագէտի անուն փրկելու ու յանձնելու՝ սերունդներուն յարգանքին ու սիրոյն