Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔ։ Գիրքը կը գնահատուի իբրեւ ճշգրտաբան մէկու մը գործը։ Ես չեմ կրնար այդ վերագրումը քննութեան եթարկել։ Բայց ինծի համար երկրորդական նշանակութիւն ունի այդ վաւերականութիւնը։ Գաւազանագիրքի ճշդութիւն, ուր յաջորդութիւններ եւ գահակալումներ կը նոթուին, բայց ուր չի մտներ ժողովուրդի վաւերական զգայնութիւնը՝ տրուած պահէ մը, շրջանէ մը։ Պատմաբանի այս կարեւոր առաքինութիւնը մինակը չի բաւեր՝ դէմք մը արուեստին բարձրացնելու համար։ 

ՈՃ։ Յովհաննէս կաթողիկոս կը փորձէ այն ոճը, որում նախատիպը կու գայ Խորենացիէն։ Անիկա արհամարհանք ունի գրեթէ Շապուհ Բագրատունիին դէմ, որուն պատմելու ձեւը կորակի «գեղջուկ բարբառ»։ Ու քերթողօրէն արտայայտելու իր ձեւը մնայուն նկարագիր մը կը դառնայ եւ կը կազմէ անոր ոճը։ Յատկանիշներ են.  

1. Հոմանիշներու առատութիւն

2. Քաղցրահնչեղութեան հոգ.

3. Քերականական օրէնքներու դէմ զանցառութիւն (ոչ միշտ).

4. Կուտակում բառերու, բացատրութիւններու (երբեմն իմաստի).

5. Թափ.

6. Արագութիւն

7. Խորացման ճիգ

8. Հռետորութիւն.

9. Ուռուցիկութիւն

10. Մթութիւն