Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՐՔԻՆ ԴԻՐՔԸ։ Անկախաբար իր գրական թերութիւններէն ու յօրինուածքի անխնամութենէն, գիրքը գերազանցապէս թելադրող է ու կ՚արտայայտէ տեսակ մը իմաստասիրութիւն։ Անիկա մեր միջին դարն է, քաղաքական թէ հոգեբանական տեսակէտներով։ Մեր բարքերէն այն քիչ մը բանը, որ սպրդած է հոն, մեր իշխաններէն այն դժբախտ կեանքը, որուն իրադարձութիւնները կը լեցնեն անոր էջերը, մեր հաւատքին այն կատաղի extaseը, որուն տարփողն է ան, մեզ կը տանին մտապատկերելու այդ մռայլ շրջանը, ուր փառքերէ փառք ու անդունդէ անդունդ անցնող մեր ցեղը իր ետին գալարումները կ՚ապրի՝ դարաւոր գերութեան վերջնական համակերպումէն առաջ։ Կ՚զգաս, որ այդ ցեղը այլեւս մշտապէս կտրած է յոյսը իր քաղաքական ճակատագրէն ու բնազդով կը փաթթուի գերագոյն կռուանին, որ իր խարխլած գոյութիւնը պիտի պաշտպանէ ասիական, թշնամի տարրերուն մէջտեղը։ Վարդանանց նահատակութեան նուիրուած գիրքը (Եղիշէ) տարտամ կը մնայ, հակառակ իր բոլոր շքեղանքին, այս էջերուն մօտ, որոնք արուեստէն չեն առներ իրենց ներզօր կենդանութիւնը։