Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ԳՈՐԾԻՆ ԿՇԻՌԸ

Այդ գործին ծանրութեան կեդրոնները։ 

1. Դաւանաբանական. Իմ ձեռնհասութենէս դուրս է հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանական լիակատար ըմբռնումը, գիտեմ միայն, թէ Շնորհալին կը նկատուի այդ եկեղեցւոյ ամենէն ուղղափառ, ընդհանուր եկեղեցւոյ ոգին ամենէն հարազատ արտայայտող եւ աստուածաբանական հարցերը կարելի պայծառութեամբ դատաւորող մեր մեծ հայրապետը։ Իր նամակները, միութեան անդրոյն շուրջ, առ յունաց կայսրը, ստեղծած են խոր հետաքրքրութիւն մը, հիացման հասնող։ Թարգմանուած օտար լեզուներու, ԺԹ. դարուն անոնք կը պահեն իրենց այդ հանգամանքը։ Կարդացած եմ Օձնեցի, Մագիստրոսի դաւանաբանական քանի մը նամակները։ Անձնական վկայութիւնս է, թէ Շնորհալիի արձակը, լեզուին լոկ նկարագիրը, մտքին պայծառատեսութիւնը, հայ աւանդութիւններուն մէջ իր ստացած փրաթիքը, իր խոր հմտութիւնը իր եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն, զիս տպաւորած են շատ բարեբախտ կերպով մը։ 

Օձնեցին հերետիկոս կը հալածէ։ 

Մագիստրոս մթութիւն կը ծախէ։ 

Շնորհալին Հայ եկեղեցւոյ տրամաբանութիւնն է։ 

Ասկէ աւելի չեմ արտօնուած խօսելու իր գործերուն այս երեսին վրայ, բայց կը խորհիմ, թէ ոեւէ հայ վարդապետ զմայլելի առիթը կ՚ունենայ Շնորհալիի մէջ հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանական պատկերը ամբողջութեամբ յօրինելու։– Մատենագիրները մեր բանասիրութեան անսպառ աղբիւրներ են, արդի հմտութեան եւ քննադատ ոգիին ու պատմական վերարտադրման կարիքներով զինուած ամէն փնտռող, գիտցէք, թէ նոր գեղեցկութեան կը հասնի։ Յիշել ԺԹ. դարու քննադատ դպրոցը։

2. Բարոյախօսական. Աւելորդ է շեշտել, թէ մեր դատական ամբողջ գրականութեան մէջ, պատմութենէն յետոյ, դավանաբանականն ալ մէջ առնելով, տիրական երեւոյթ է բարոյախօսութիւնը Բոլոր մեկնութիւնները, քարոզները, թուղթերը, զիրենք թելադրող պարագաներէն զատուելու, անկախ դառնալու խորունկ ախորժանք մը ցոյց կու տան, որպէսզի լայնօրէն կարենան տարածուիլ բարոյախօսութեան։ Շնորհալին բացառութիւն չէր կրնար կազմել։ Աւելի՛ն, գերագոյն պետի իր հանգամանքը, գրագէտի իր յաւակնութիւնները, մեկնողի եւ ուսուցչի ձիրքերը, քերթողական այդ դարու նախասիրութիւնները զինքը կ՚ընեն իր օրերու ամենէն փնտռուած, սիրուած եւ ունկնդրուած խրատատուն։ Աւելորդ է ըսել, թէ իր բոլոր թուղթերը երկար, մանրամասնուած խրատներ են Աւետարանէն բղխող ոգիի մը վրայ։ Դարձեալ աւելորդ է ըսել, թէ այդ խրատները հեռու են մտքի դրութեան մը փաստը ըլլալէ, կ՚ակնարկեմ իմաստասիրական կառուցումներու, յոյն, լատին եւ ասորի դպրոցները կազմող մեծ մտքերու յօրինումներուն, աշխարհը ինքնատիպ կերպով ըմբռնելու եւ մարդը դատելու դարձեալ ինքնեկ հայեացքին։ Ու կը նոյնանան իրմէն առաջ քաջածանօթ կերպին, որ քարոզին եւ գրուածին մէջտեղերը կը թափառի այնքան դիւր գալով զանգուածներուն, միջակներուն, պատրաստ տարրեր շահագործելու ընդունակ մտքերուն։ Թող չառարկուի, թէ հայ եկեղեցւոյ հայրապետ մը պարտաւոր չէ լոկ հայ մը մնալ, բարոյական իր դրութիւնը գունաւորող։ Թող չառարկուի, թէ եկեղեցւոյ հայրապետի մը գերագոյն առաքինութիւնն է հաւատարմութիւնը բնագիրներու, նուիրագործուած դաւանանքներու, թէ՝ որքան աւելի մօտէն ընթանայ մեկնիչը, բարոյախօսը աւանդութեան պատգամներուն եւ զանոնք մեկնելու ընդունուած կերպերուն, այնքան անիկա կ՚արդարացնէ իր իմաստը։ Այսպէս չըրին Գ. եւ Դ. դարերուն եկեղեցւոյ հին հայրապետները, երբ խոշոր ձեռնարկը կար հելէն մտածման կաղապարները որդեգրելու եւ գործածելու, քրիստոնեայ միսթիքը կազմակերպելու եւ աստուածաբանութիւնը լաստակերտելու։ Այսպէս չըրաւ դարձեալ մեր եկեղեցին իր Է. դարու իմաստուններովը Քռթենաւոր, Օձնեցի, որոնց մեզի ձգած աւանդին մէջ անշուշտ դժուար է մեզի յատուկ, մեր նկարագիրները ընդգծող բարոյական ըմբռնողութիւն մը ճշդել։ Շնորհալին թերեւս կամովին զոհած ըլլայ իմաստասիրական հայեցողութիւնները, ի շահ անմիջական օգուտի մը, որ եկեղեցիին պարտքն է հայթայթել իր ժողովուրդին։ Այս է պատճառը թերեւս, որպէսզի Շնորհալիի բարոյախօսութիւնը ըլլայ ժամանակին ձայնը, բայց միշտ զգաստ։ Որ կիրքեր չստեղծէ ու չանցնի յարձակողականի յիշել Ոսկեբերանը, Բարսեղ Կեսարացին, Գր. Նազիանզացին, եւայլն։ Կարծես մեր ժողովուրդին զգայութիւնը, ճկունութիւնը, պարագաներուն յարմարելու ընդունակութիւնը, իր հոգեկան համեստութիւնը ցոլանան սոյն էջերուն մէջ, որոնք թուղթք անունով մեզի հասած են։ Ընդհանրականը գլուխ-գործոց մըն է այդ ուղղութեամբ։ 

Ծանօթ. Այդ անունին տակ խմբուած են Շնորհալիի բոլոր թուղթերը եւ կը բաժնուին , ասոնցմէ առաջինը՝ « Առ համօրէն հայասեռ ազինս », կը մնայ ո՛չ միայն թանկագին վաւերաթուղթ մը միջնադարեան հայ դասակարգին իմացական եւ ֆիզիք պատկերէն, այլեւ՝ մեր պատմութիւնը լուսաւորելու կանչուած այն շատ քիչ թուղթերէն մէկը, ուր մեզի տրուէր հաստատել, մեզի այնքան յաճախ պակսող իրականութիւն մը, վասնզի մեր ժողովուրդին բացակայութիւնը մեր գրականութենէն, ամենէն դառն աղէտներէն մէկն է մեր բախտին։ 

Ինը դասակարգերու առանձինն ուղղուած բարոյախօսական պատուէրներ տեսակ մը առիթ են, որպէսզի այդ դասակարգերը մարմին դառնան մեր աչքերուն

ա. Առ կրօնաւորս «որ ի վանորայս»

բ. Առ առաջնորդս սրբոց ուխտից վանականաց,

գ. Առ առաջնորդս եկեղեցւոյ, որ են յաշխարհի (եպիսկոպոսներ)

դ. Առ դասս քահանայից,

ե. Առ իշխանս աշխարհի

զ. Առ զինուորաց դասս

է. Առ քաղաքականսդ,

ը. Առ երկրագործս եւ համօրէն ժողովրդականuդ

թ. Առ կանանց դասս

Ոչ մէկ վերլուծում պիտի չկրնար փոխարինել անձնական ընթերցումին անհուն հաճոյքը որով՝ ես ձեզ կը ղրկեմ գրքին: Բաւ է ըսել, որ ամբողջ մեր ժողովուրդն է, որ կ՚անցնի մեր առջեւէն մեղքերու ընդդէմ պաշտպանուելու պատրուակի մը տակ, այդ մեղքերով իսկ լուսաորուած։ 

Երկրորդ խումբը թուղթերուն, չափազանց շահեկան եւ տրամաթիք նիւթի մը նուիրուած է։ Հայ եւ յոյն եկեղեցիներու միութիւնն է ատիկա։ Ըսի վերի դաւանաբանութեան հատուածին մէջ, թէ ո՛ր աստիճան պայծառ, ամուր եւ վերջնական են Շնորհալիի եզրերը այդ հարցերուն շուրջ։ Բայց ամէն առիթ Շնորհալիի համար պիտի օգտագործուի իր նկարագրին հիմնական բխումին ի նպաստ, ասոր համար է, որ թերեւս կայսեր պատասխաններուն մէջ իսկ չի դադրիր բարոյախօսելէ։ Չեմ գիտեր, թէ պէտք կա՞յ, ըսելու, թէ իր  բոլոր քերթուածներուն յատակը, իր աղօթքներն ու շարականները դարձեալ կը պաշտպանուին նոյն կարիքէն։ Գիրքին մէջ խմբուած երրորդ տրցակը, ուղղուած զանազաններու, հաճելի լուսամուտներ են այդ դարու թէ՛ բարքերու եւ թէ մտայնութեանց վրայ. յոյներու հետ սիրոյ յորդոր, իրեն ուղղուած լիրբ ամբաստանութեան մը քաղցր պատասխան մը, երեք անգամ։ Գէորգ վարդապետի մը՝ երեք անգամ։ Շրջաբերական Կարս քաղաքի, թուղթ Արեւորդիներու դարձին վրայ (Ղզլպաշ)։ Ուրուկներուն համար եւ ուրիշ զանազան վաւերաթուղթեր, որոնց պատմական արժէքէն աւելի հոս կը ծանրանամ իրենցմով թելադրուած բարոյական զգայարանքի մը վրայ։

Շնորհալիի մեկնութիւնները, ոմանք ոտանաւոր, ոմանք արձակ, դարձեալ բարոյախօսելու առիթներ են։ Կը յիշեմ հրեշտակաց ներբողը, որ հակառակ թարգմանութիւն մը ըլլալուն, լայն չափով բարոյախօսութիւն մըն է։ Նույնիսկ այն քերթուածով, որ հատորիկը կը վերջացնէ։

3. Բանաստեղծական. Մտնելէ առաջ Շնորհալիի քերթողական ընդհանուր վերլուծումին, անհրաժեշտ կը նկատեմ՝ քանի մը դիտողութիւններ ներկայացնել։ 

ա. Քերթուածներուն մէջ գործածուած չափը ։ 

Որ Շնորհալիի կողմէ գրեթէ բռնապետօրէն պարտադրուեցաւ մեր սրբազան քերթողութեան։ Թերեւս ծանօթ ըլլայ ձեզի, թէ մինչեւ Մագիստրոս մեր քերթողութիւնը կը գործածէ հայկական որակուած չափը ամանակային։– Առաջին անգամ Մագիստրոսն է, որ, արաբական ազդեցութեան տակ, կ՚որդեգրէ թուական չափը։ Ընդհանրապէս տաuոտնեանն է տիրապետողը եւ ութոտնեանը, կը ղրկեմ ձեզ Շնորհալիի « Բանք » գիրքին, որուն ետեւը Շնորհալիի քերթուածներուն բոլոր չափերը տարազի ինկած են։ Հակառակ գործածուած չափի զանազանութեան, անկէ առաջ կու գայ ծանր տաղտուկ մը, որ ոտանաւորին ամենէն ծանր մեղքերէն մէկն է միշտ, որեւէ ժամանակ։ Արդի աշխարհաբարի չափերը ընդօրինակութիւններն են Շնորհալիի չափերում։ Եթէ անոնք այսօր մեզ չեն նեղեր, պատճառը այն է, որ հազարաւոր տողերու վրայ չեն տարածուիր։ 

բ. Յանգին.

Ահաւոր նորութիւն դարձեալ Մագիստրոսէն անցած մեզի ու Շնորհալիով հասած անտանելիութեան գերագոյն աստիճանին։ Խորհիլ, թէ չորս հազար տողի մէջ չորս կամ հինգ անգամ՝ միայն պիտի փոխուի տողերուն վերջավանկը՝ եալ, եալ, եալ, կամ ին, ին, ին կամ ական, ական, ական ։– Ոչինչ կ՚աւելցնեմ այս խօսքերէն յետոյ՝ ճշդելու համար անհունութիւնը ձանձրոյթին, որ կը ստեղծուի ջաղացքի քարին բզզիւնովը (ronronement)։ Ուշագրաւ է, որ սրբազան քերթողութեան մէջ շարականներ, երգեր, աղօթքներ Շնորհալի շեղած ըլլայ իր այս մենամոլութենէն։ Հասկնալի՞ է արդեօք անոնց հրապոյրը այս իսկ զանցումով։ « Առաւօտ լուսոյ »ն, « Աշխարհ Ամենայն »ը, յանգ չունին եւ ասոր կարօտ չեն անոնք ինքզինքնին պարտադրելու համար։ Տաղերուն մէջ որոնց ծաւալը փոքր է բարեբախտաբար յանգը չ՚առաջնորդուիր աղէտի։ Կաւելցնեմ, որ ձայնական խաղարկութիւնը խոտելի է Շնորհալիին, բան մը, որ իրեն ներած է ընել Գ. Նարեկացին։ Անշուշտ նկատի պէտք է ունենանք, որ Նարեկացի հանճարեղ բանաստեղծ մըն է, նոյնիսկ արձակի մէջ, մինչ Շնորհալի քիչ անգամ բանաստեղծ է նոյնիսկ քերթուածներու մէջ։

գ. Միջնադարեան կարգ մը ունայնամտութիւններու.

Փոքր իր քերթուածները գրեթե միշտ ագրոսթիշ ներ են։ Երբեմն ընդհանուր է այբուբենի տառերով քերթուած կազմել։ Սիրական մենամոլութիւն մըն է իր մօտ, մա՛նաւանդ տողերուն մէջ քերթուածին սկզբնատառերով իր անունը խմբագրելը։ Այս ձեւը մեր մէջ արաբներէն մտած է: Ատոր թագաւորը Երեմիա Չէլէպին է։ Երբեմն նոյն եղանակով քերթուածը մատուցում մըն է հասցէ տալու։– Աւելի անտանելի է, երբ աճպարարական խաղերու կ՚իջնէ այբուբենի ցուցակ կազմելու համար տողերու վերջին գիրերով Ա–Ք, ու ալ աւելի կատաղին՝ Ք–Ա։ 

Շնորհալիի քերթողական վաստակը կը բաժնեմ երկու մայր երեսներու

ա. Տաղաչափական,

բ. Սրբազան բանաստեղծութիւն ։

ա. Տաղաչափական

Տեսնել գործերուն թւումին մէջ անունները իր կարեւոր քերթուածներուն։– Շնորհալիի « Բանք չափաւ » ընդհանուր վերնագրին տակ Վենետիկցիք խմբած են անոր գրչէն ինկած բոլոր տողերը, դուրս ձգելով միայն « Ողբ Եդեսիոյ »ն։ Երեք կարեւոր խմբումներ կան այդ գիրքին մէջ։

1. « Ողբերգութիւն » անուանուած կարեւոր քերթուածը, երեք գիրքէ բաղկացած, որ կը սկսի « Յիսուս Որդի Հօր Միածին » տողով եւ Ս. Գրքի Նորն ալ մէջ ըլլալով տաղաչափեալ պատմութիւնն է։ Մագիստրոսի ատեն խօսած եմ այս միամտութեան վրայ: Չեմ  դատեր գրուածքը իբրեւ քերթողութիւն, դիտել կու տամ՝ միայն, որ Շնորհալի կ՚ախորժի բոլոր տնօրինական դէպքերը շահագործելէ, անձնաւորելէ, միշտ ի նպաստ բարոյախօսական նպատակներու: Դուք մեթոտը արդէն կը ճանչնաք Ժամագրք ին մէջ առնուած երգերէն։ « Այսօր անճառ »ը նմոյշ մըն է այդ ուղղութեամբ երկու տող պատմել, տող մը խորհրդածել, երեք տող աղաչել։

Նոյնն է պարագան « Վիպասանութիւն » անուանուած ... Հայոց պատմութեան, սկսելով Ադամէն հասնելու համար մինչեւ Պահլաւունիները, Հայոց պատմութեան մեծ դրուագներուն ընդմէջէն։ (Ինք այդ գիրքը կ՚անուանէ « Տղայ տիոց երկունք »։ Իրականութիւն է, որ ամենէն քիչ մեղաւոր գիրքն է իր տաղաչափութեանց մէջ)։ Իբր ծաւալ ուշագրաւ է « Բանք հաւատոյ » դաւանաբանական քերթուածը, որուն բանաստեղծական վրիպանքը թերեւս կը գտնուի դաւանաբանական շատ յաջող արտայայտութեամբ։ Շնորհալի գտած է եզրեր, ճշգրիտ տարազներ, դարու մը մէջ, ուր մարդիկ չէին վարաներ բառի մը համար պատերազմ յայտարարելէ։ Յոյները եւ լատինները զինաթափ էին այդ տարազներուն վճռականութեանը, ճշգրտութեանը, եւ ուղղափառութեանը դէմ։ 

Չեմ գիտեր, թէ որքա՞ն բանաստեղծական տաղանդ է անհրաժեշտ, դաւանաբանական սա ստուգութեան հասնելու համար: Մի մոռնաք, որ վտանգը տեւական կերպով կախ էր եկեղեցւոյ հայրերուն տարազներուն համար։ Երբեմն բառ մը 15 դար դիմացաւ ժողովուրդներու հակառակութեան, եւ մինչեւ այսօր չէ գտած իր որո՛շ իմաստը Միաբնակ, Երկաբնակ . Այսօր ալ չենք գիտեր, թե ինչ կայ անոնց տակ, մենք՝ որքան յոյները։

Շնորհալիի տաղերը չեմ գիտեր, թէ երգուա՞ծ են թէ ոչ, կամ՝ թէ՝ եկեղեցին ընդունա՞ծ է զանոնք իր ծիսակատարութեան մէջ։ Փոքր կամ միջակ ծաւալով կառոյցներ են անոնք՝ զանազան սուրբերու, իմաստուններու, մարգարէներու նուիրուած։ Շեշտօրէն դաւանաբանական, յուզումի որոշ մասով մը, միշտ քաղցրանուագ ներդաշնակութեամբ քերթուածներ են անոնք, որոնց մէջ առնուազն հայ լեզուին փափկութիւնը, թախծագին շնորհը կը յանձնեմ՝ ձեր ուշադրութեան ու գուրգուրանքին։ Անոնց մէջ է իսկական գոհար մը, Ս Հռիփսիմէի նուիրուած, որ ճշմարիտ քերթուած մըն է։

Ծանօթ. Ուշագրաւ է, որ Ս. Կոյսին նուիրուած իր «քերթողութիւնը» այդ անունով քերթուած մը ունի չի հասնիր մեր մեծացուսցէներուն շքեղութեանը։ Իբրեւ եղելութիւն չէ, որ կ՚արձանագրեմ ասիկա հոս։ Նարեկացիի գրչէն ելած ամենէն գեղեցիկ  ողբը նուիրուած է Ս. Կոյսին, պարագան ձեր ուշադրութեան յանձնելով՝ ձեզ կը ձգեմ եզրակացութիւն հանել անկէ։ 

 

Գանձերը ։ 

Վարդավառի, Ծննդեան նուիրուած շարականներուն գնացքը ունին, քիչ մը մթին լեզուով, աստուածաբանութեամբ զրահաւոր, ուր կարծես երգելու տեղ կ՚իմաստասիրէ։ (Մեր եկեղեցիին մէջ Գանձարան անունին տակ հաւաքուած ուրիշ երգերի կազմական տարբերութիւն ունին Շնորհալիի գանձերը։ Մեզի կը յիշեցնեն աւելի աղօթքներ, քան թէ երգեր։ Շնորհալիի լեզուական ուժին եւ մտածման խտութեան ի գերբնականն լաւագոյն փաստերն են այդ գանձերը։ Գանձարաններուն մէջ Շնորհալիի անուան վերագրուած գանձեր կան թէ ոչ, չեմ գիտեր)։ 

 

« Ողբ Եդեսիոյ »։ 

Տաղաչափուած պատմութիւնն է Եդեսիոյ առման։ Մեր պատմութեան մէջ մեծահամբաւ հատոր մը, բայց ուր Շնորհալիի տկարութիւններն են, որ կը տիրապետեն։ Քերթուածը դիմառնութեամբ է։ Քաղաքը ինքզինքը կը ներկայացնէ բաղդատութեամբ Պոլսոյ, Երուսաղէմի, եւայլն։ Մօտաւորապէս 2500 տողի վրայ Շնորհալի մեզի չէ կրցած թելադրել քաղաքին կործանումը այնպէս՝ ինչպէս եղած ըլլալու էր անիկա իր ժամանակին։ Փոխեցէք Եդեսիա անունը եւ դրէք ուզածնիդ։ Պարունակութիւնը պիտի պատշաճէր ուրիշ որեւէ քաղաքի։ Կը հասկցուի ինքնին, թէ Խաչակիրներու պաշտպանութեան գծին անկիւնաքարը կազմող այդ քաղաքը ունենար արտակարգ արժէք իբրեւ կեդրոն յունա-ասորա-հայկական մշակոյթներուն, որոնց վրայ այդ շրջանին աւելցած էր եւրոպականը, Խաչակիրներուն կողմէ գրամանը հետեւանքով։ Աբգարի քաղաքին հնախօսական, պատմագրական մեծ արժէքները այսօր իսկ կը զբաղեցնեն բոլոր մեծ արեւելագէտները։ Քաղաքը հիմնայատակ կործանեցաւ, բոլոր եկեղեցիները եղան հողի հաւասար, հրկիզուեցան դիւանները, մորթուեցաւ ժողովուրդը։ Իսլամութեան եւ քրիստոնէութեան այս զարհուրելի բախմանը մէջ հետախաղաղ կորսուեցաւ մանաւանդ ասորական մշակոյթին վերջին մնացորդներուն յիշատակը։ Ի՞նչ թանկագին փշրանք պիտի տար մեզի Շնորհալին, իբր ժամանակակից, մեզի ներկայացնելով քաղաքը այնպէս՝ ինչպէս որ էր անիկա Հալէպի ամիրային հոն խուժումէն առաջ։ Պարզուկ քրոնիկագիրներր Խաչակիրներուն արշաւանքներուն, որոնք պատմած են ողբերգութիւնը, լեցուն են տիպարներու հրաշալիով, կեանքին նախնականութիւնով, հաւատքին ուժգնութեամբ, որոնք իրարու հետ կը մրցին կարծես այդ առասպելական եղելութիւնները վճռական քանդակներու ձեւով՝ կարելի գեղեցկութեամբ դարերուն յանձնելու համար։ Անտիոքի առումը, 100 տարի առաջ, ծնունդ է տուած զրոյցներու, որոնց քով կը նսեմանան Իլիականի անմահ էջերը: Եդեսիոյ ողբը շուքը իսկ չէ իրականութեան։

Տաղաչափութիւնը, լեզուն, կ՚իյնան նոյն մեղադրանքին տակ։ Արդէն գիրքը խնդրուածք մըն է, եւ իբրեւ այդ, ըլլալու տեղ իրականութեան հաւատարիմ վկայութիւնը, փորձ մը եղած է յանգերով ուրիշները զարմացնելու, դարուն գերագոյն մեղքը։

Չեմ խօսիր խրատներէն, որոնք ժամանցներ են այս ու ան մարդուն խնդրուածքով գրի ինկած ու կը վնասեն իր վարկին իբր բանաստեղծ։ 

բ. Սրբազան բանաստեղծութիւն

Այս քիչ մը առատաբան տաղաչափէն մեր նեղութիւնը, յուսախաբութիւնը բարեբախտ կերպով մը կը հակակշռուին սրբազան քերթող Շնորհալիէն։– Շարակնոց եւ Ժամագիրք կը պարունակեն այդ քերթուածները։ Ժամագրք ի աղօթքներուն մէջ եւ մեր Մաշտոց ին կարգերուն մէջ, կ՚ենթադրեմ անպայման աղօթքներ, քարոզներ եղած ըլլան իր գրչէն։ Խորացուած ուսումնասիրութիւն մը դիւրութեամբ մէջտեղ պիտի հանէր այդ անանուն կառոյցներէն։ Կ՚ըսեմ դիւրաւ, զի անոր ոճը առաջին իսկ ակնարկով ինքզինքը մատնող նկարագիր մը ունի։ 

Երգեր

Մեր Ժամագրք ին անկորնչելի գոհարներն են անոնք։ Կը խորհիմք, թէ բառին չափ եղանակը խանդավառած է այս պատուական հայրապետը։ Աւանդութիւնը կը պատմէ, թէ Հռոմկլայի բերդապահները հեթանոսական անվայել երգերով կը լուսցնէին իրենց հսկումի ժամերը։ Շնորհալի այդ տգեղ սովորութեան դիմակալ՝ յօրինած է իր հանելուկները, բայց մա՛նաւանդ գիշերային ժամու իր երգերը, « Յիշեսցուք », « Առաւօտ լուսոյ », եւայլն։ Սաղմոսներէն բխող, բայց զանոնք որոշ խտութեամբ եւ զգայնութեամբ գերազանցող տաղեր են այդ երգերը։ Անոնց վրայ գրական դատում մը անտեղի է, տրուած ըլլալով 7–8 հարիւր տարիները, որ կը պաշտպանեն զանոնք մեր անգիտակցութեանը խորը։ « Առաւօտ լուսոյ »ն, « Աշխարհ ամենայն »ը, բանաստեղծութենէ աւելի բաներ են, անոնք մեր հոգիին տարրերն են։ Այդ երգերէն անոնք, որ մասնաւոր օրերու եւ տօներու եւ ժամապաշտութեանց՝ կը պատշաճին կամ պահուն կը  գործածուին՝ կը կրեն մասնակի, որքան ընդհանուր կնիքներ։ Ինծի անծանօթ է յոյն եւ լատին Liturgieն, որպէսզի արտօնեմ՝ ինծի ազդեցութիւններ, նախատիպեր ենթադրել Շնորհալիի այս կարգի քերթուածներու համար։ « Այսօր անճառ »ը, « Արարչական »ներու շարքը, « Աստուած անեղ »ը, « Նորոգող »ը, պատմական որոշ տարողութեամբ, աստուածաբանական որոշ բարեխառնութեամբ, Հին եւ Նոր Կտակարաններու լոյսովը լուսաւոր, Յիսուսի աստուածութեանը եւ Ս. Հոգիի շնորհին կարելի քաղցրութիւնովը թրթռագին այդ քերթուածները ընդհանրական մասը անոնց նոյն ատեն տարօրէն մասնաւոր միջնադարեան հայ հոգիի որոշ կնիքով եւ Պահլաւունի Հայրապետներու որոշ հոգեբանութեամբ՝ գոհարներ են, որոնք ժամանակին մէջ փոխանակ հիննալու, այսօր մեզի կը թուի բիւրեղակերպ անվերածելի գեղեցկութիւններ: Պարտաւոր եմ խօսիլ Արեւագալի, Խաղաղականի, Ճաշու ժամերուն այն մէկ–երկու շատ խորունկ, մարդկային իրականութեամբ յօրինումներուն մասին, որոնք ամբողջ հայ բանաստեղծութեան մէջ իբր ներշնչում, թռիչք, ձայնական հեշտանք, մտածման փայլակ ու նոյն ատեն մեր սրտին խօսող անմոռանալի ճիչերն են այս ժողովուրդին։ Անոնց մէջ կայ մեր միջին դարը, մեր գերութիւնը, մեր անմահ երազանքը, մեր հայութիւնը, արեւելեան քաղցրութիւնը ու ինչ որ այս ժողովուրդը ազատեր է` իր հոգեղէն անհուն պայծառութիւնը։ Թող չթուին չափազանց սա վերագրումները արդիւնքի մը առջեւ, որ քանի մը եկեղեցական երգերունն է այս անունին առիթով։ Ժողովուրդի մը հոգին կ՚աղբերանայ հոն՝ ուր ամենէն աւելի անկաշկանդ է ան։ Ոմանցը պիտի կերպադրէ ինքզինքը կռիւի երգերուն վրայ, ոմանցը՝ մոլեռանդութեան վրայ, ուրիշներունը՝ դրամի եւ փառքի վրայ։ Հայ հոգիին համեստութիւնը, երկնայնութիւնը, հայ անուշիկ միսթիքը, մեր երգերուն շարպաթը, ու մեր լեռներուն, մեր դաշտերուն մեզամօտ, մեզմէ բխող հրապոյրը, մեր տրտմութիւնը, մեր խորունկ շէնութիւնը մեր մէջ, մեր զգայնութեան ամբողջ սարուածը, մեր երկինքը, ու ինչ որ իբր կեանք դրուած է մեր ուսերուն օրուան չարիքին ընդմէջէն, ու ինչ որ իբրեւ երազի դրօշակ, իբրեւ Լուսաւորչի Կանթեղ, մեր լեռներէն արձագանգեր է, ծածաներ է մեր վրայ։ Շնորհալիի երգերը կու տան այդ ամէնը։ Չեմ դատեր « Հաւատով խոստովանիմ »ը, այն աստիճան յստակ է հոն ամէն բան։ Կը յիշեցնեմ ձեզի հիացումը, զոր այդ աղօթքին թարգմանութիւնը ստեղծած է միջազգային հոգեւոր գրականութեան մէջ։ Հայ ժողովուրդը քիչ անգամ այսքան յստակ, այսքան իրաւ ու ամուր կերպով իր հոգիին երկինքը աշխարհայնացուցած է։ 

 

Շարականները ։

Չեմ կրնար վճռական ըլլալ անոնց տարողութեանը մասին։ Ինչպէս երգերու պարագային, աւանդութիւնը ունի ցուցմունքներ, անոնցմէ ոմանց հայրութիւնը Շնորհալիի ապահովող։ 

 

Հարցերը ։ 

Հարց երուն համար ըսուածները չեմ կարծեր, որ պատկանին Շնորհալիին։ Կ՚ըսեմ այսպէս, զի անոնց լարին մէջ իր ռիթմը բացակայ է։ Թերեւս եղանակը ինքը կրնայ ըլլալ շնորհած անոնց, ուրկէ մեզի հասած ըլլայ աւանդութիւնը։ Ըստ տիրացուներու վկայութեան այդ հարցերը իբր եղանակներ, ճշմարիտ գեղեցկութիւններ են, եւ կերպով մը կը բացատրեն վերագրումը։ Ղեւոնդեանց, Վարդանանց, Հոգեգալստեան, Վարդավառի եւ այլն, կանոններու Յաղթող եւ սուրբ հայրապետը իբր բանաստեղծութիւն, հոգեւոր թռիչք, մարդկային զգայութիւն, կու գան բարձրագոյն արուեստի ամենամաքուր ակունքէն։ Այսօրուան գրական ճաշակը շատ քիչ բան կը գտնէ անոնց մէջ զինքը վիրաւորող։– Ատոր փորձը կատարեցինք « Նորահրաշ »ին վրայ եւ հրաշալի արդիւնքի մը հասանք։ Շարակնոց ին ամենէն կատարեալ եւ մեր արուեստին ամենէն վճիտ էջերը կան անոր կապուած, որոնք մեզի հասած են վաւերական ձեւով մը, այդ կտորներուն մէջէն։ Օրհնութիւնները Աղուհացից Կիրակիներուն, Հոգեգալստեան բ. եւ գ. օրերու օրհնութիւնները մեր շարակնոցին մէջ քաղաքացիութեան իրաւունք կու տան մատովի չափին իրմէ առաջ ամանակի չափն էր. (ինծի անծանօթ են աղօթքներ, քարոզները, Ժամագրք էն, Մաշթոց էն, որոնք իրմէ կրնան մտած ըլլալ մեր արարողութեան մէջ)։ 

Քանի մը խօսք ալ Շնորհալիի մեկնութեանց մասին, զորս կարելի է երկուքի բաժնել

ա. Մատթէոսի մեկնութիւն

Որուն համար կ՚ըսեն, թէ մինչեւ Զ. գլուխը իրագործուած է իր գրչով։ Կիրակոս եւ Երզնկացի, շռայլաբան գովեստներ ունին այդ աշխատանքին վրայ։ Ինծի չիյնար նման երկերու գրական կշիռը ճշդել աշխարհիկ տուեալներու վրայ։ Կը խորհիմ, թէ Շնորհալի իբր եկեղեցական, պարտքին տակն էր իր հօտին հայթայթելու հիւթեղ մատեաններ ուրկէ մեր կղերականները կարենային հանել աւուր պատշաճի քարոզներ։ Միակ առարկութիւն այդ աշխատանքին դէմ բոլոր մեկնութիւնները ունիմ նկատի հայոց հին մատենագրութեան Քռթնաւորէն մինչեւ ԺԵ. դարու վարդապետները, մինչեւ  դէզը Էջմիածնի, Երուսաղէմի, Վենետիկի, Վիեննայի մատենադարաններու ձեռագիրներուն, այնքան իրարու նմանակ, իրենց իսկ ժամանակէն օտար, նոյնիսկ ընթացիկ բարոյախօսութիւն մը ըլլալու անկարող անոր ըլլալն է բոլորովին գրքունակ, հետեւակ, առանց անձնական փորձառութեան նպաստին, մնաց որ, Ոսկեբերանի գործին վերամշակումն է, բարեբախտ յաւելումով մը իր սքանչելի լեզուին։ 

բ. Ասորերէնէ եւ յունարէնէ փոխադրութիւններ.

Կատարուած այդ լեզուներուն հմուտ հայազգիներու ձեռքով թերեւս, եւ կամ հայերէնի հմուտ յոյներու եւ ասորիներու ձեռքով։ Կը յիշեմ « Ս. Սարգիսի կենսագրութիւնը », զոր ինքը յղկած է եւ վերածած իր լեզուին ընդհանուր կաղապարին։ Ինք այս աշխատանքը թարգմանութիւն կ՚անուանէ։