Դ.
–
ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀԻՆ
ԵՒ
ՆՈՐ
ՄԵՐ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ
ՄԷՋ
ՀԱՄԱՍԵՌՆԵՐՈՒՆ
ա.
Իբրեւ
ծաւալ
։
Գրեթէ
կը
մնայ
եզակի,
եթե
նկատի
չունենանք
Տաթեւացիի
«Գիրք
Հարցմանց»ը
եւ
ԺԵ.
դարու
շատաբանները,
մէջը
ըլլալով
Վենետիկեան
դպրոցի
առաջին
երկու
դարերը։
Տուի
թիւը
իր
ոտանաւորներուն՝
15000
տող,
որոնց
վրայ
երբ
բարդէն
շարականներն
ու
երգերը,
կունենաք
մրցանիշը
չափուած
խօսքերուն։
Իբրեւ
որակ.
Անիկա
վար
չէ
առաջին
գծի
մեզի
հասած
մեր
մատենագիրներէն
ոչ
մէկուն
գործէն։
Անշուշտ
իր
Աստուածածին
ը
տժգոյն
է՝
բաղդատուած
Նարեկացիի
Աստուածածին
ին։
Իր
Սատանան
նուազ
ահաւոր
է
քան
«
Աղօթամատեան
»ին
տխրահռչակ
հերոսը,
բայց
իր
երկինքը,
իր
մարդկային
ը,
իր
ազգային
ը,
իր
տառապագին
անձնաւորութեան
ցոլքը,
նոյնիսկ
առանց
սրբութեան
շղարշին,
կը
բաւեն
իր
գործը
ազատագրելու,
պաշտպանելու,
իր
լաւագոյն
մասերուն
մէջ։
Պիտի
չկրնայինք
ըմբռնել
Ժամագիրք
մը
առանց
անոր
երգերուն։
Մեր
շարակնոցին
ամենէն
նուիրական
ածուներէն
մին
պիտի
մնար
ամայի,
ազդելու
չափ
ամբողջին,
եթէ
չար
ձեռք
մը
յանդգնէր
զեղչել
անկէ
Շնորհալիի
կտակածը
մեզի։
Հակառակ
մեծ
մեղքերու,
ձգձգումներու,
աստուածաբանական
կնճիռներու,
դաւանաբանական
Litigeներու,
էջեր
կան
իր
մօտ
ուր
աստուածաբանութիւնը
ամբողջութեամբ
կը
մարդկայնանայ,
կը
տաղաւարուի։
Անշուշտ
պատմած
է
այս
մարդը
Կտակարանները,
փոխանակ
ստեղծելու,
բայց,
–
այդ
պատմութիւնն
իսկ
հոս
ու
հոն,
կը
բուսցնէ
մեզի
հրաշալի
ծաղիկները
անոր
անմահ
զգայնութեան։
Մարդն
է
անիկա,
որուն
հետ
միշտ
վստահ
էք
գտնելու
զգացման
անտիպ
գեղեցկութիւն,
հայեցի
գողտր
քաղցրութիւն,
ցեղային
այն
տրտում,
թեւաբեկ
յոյսը,
որ
մեր
գրականութեան
նկարագիրները
կազմեց,
երբ
կոտրեցաւ
մականը
մեր
թագաւորներուն
ձեռքին
մէջ
եւ
մեր
ժողովուրդին
սպասը
անցաւ
իր
եկեղեցականներուն։
Կ՚ըսեն,
թէ
կորովի
չէ
իր
մտածումը,
չեմ
գիտեր,
թէ
ինչ
կ՚ուզեն
ըսել,
եթէ
խոյանքն
է,
աստուածաբանական
սաւառնումներն
են,
խոշոր
գրագէտներու
անձնական
փորձառութիւնները
խտացնող
հոգեբանական
խոր
եւ
նուրբ
դիտողութիւններն
են,
որոնց
կ՚ուզեն
ակնարկել,
մեր
մէջ
Շնորհալին
ոչ
մէկէ
ետ
չի
մնար։
Վենետիկցիները
Լամբրոնացին
աստուածացնելու
իրենց
փոյթին
մէջ,
մեղմ
կը
տեսնեն
Շնորհալիով
մեզի
եկած
սա
շնորհքները։
Իրենց
համակարծիք
չեմ,
զի
յունական
արքունիքը
եւ
աստուածաբանները
հոգեպէս
նուաճող
այս
մարդը
յստակ
կերպով
մտածած
է
այդ
խնդիրներուն
շուրջը,
որքան
կը
ներուի
այս
բացատրութիւնը։
Ինչ
որ
մտածած
էին
եկեղեցւոյ
Հայրերը,
Շնորհալի
կրցաւ
տանիլ
զանոնք:
Եթէ
չէ
նորոգած
այդ
մարզերը
մտածումին,
աւանդութեան
իսկ
ճնշումին
տակ
եղած
է
ատիկա։
Գլխաւորաբար
այս
գործերուն
ամենէն
անուշ
մասերը
կ՚իյնան
երգերուն
եւ
աղօթքներուն
մէջ:
Բաղդատութեանց
այս
գլուխին
տակ
նկատի
ունիմ
Լամբրոնացին,
Օձնեցին,
Նարեկացին,
Սարկաւագը,
մեծ
անունները
մեր
գրականութեան։
Պիտի
չզուգակշռեմ
զանոնք
երկու
առ
երկու։
Բաւ
է
միայն
դիտել
տալ,
թէ
ոչ
մէկէն
վար
է
ան։
գ.
Գործը
իր
ժամանակին
մէջ։
Իր
Ընդհանրական
թուղթերը
՝
իր
ժամանակը
տալէ
զատ,
մեր
միջին
դարէն
բաւական
բան
մը
կը
սեւեռեն։
Սխալ
իր
կեցուածքը
հանդէպ
Հայոց
պատմութեան
–
«
Եդեսիոյ
ողբ
»ը,
«
Վիպասանութիւն
»ը
–
թէեւ
զրկած
է
մեզ
վաւերագրային
արժէքով
գործէ
մը,
բայց
իր
քերթողութեան
մէջ
մեր
հոգիին
որոշ
բարեխառնութիւնը
կը
գտնենք
խտացած։
Չեմ
գիտեր
ո՞ւր
պետք
է
փնտռել
այդ
հոգին,
երբ
մեր
հայ
մատենագիրներուն
ուսումը
կ՚ընենք։
Մեր
պատմիչները
փշրանքներ
միայն
ունին
անկէ։
Ժողովրդական
բանաստեղծութիւնը
անմասն
է
անոր
խորագոյն
տագնապներէն,
–
աշխարհիկ,
ընթացիկ
լարեր
են,
որոնցմէ
ան
կ՚ախորժէր
–
մեր
ներբողները,
որոնք
այնքան
առատ
են
դեռ
Ե.
դարէն
սկսած,
կը
պատկանին
աշխարհի,
քանի
որ
հիւսուած
են
ընդհանրական
եկեղեցւոյ
ընդհանրական
թեմաները
փառաբանելու։
Ի
վերջոյ
Առաքելոց
գովեստի
մը
մէջ
հայ
գրագէտը
չէր
կրնար
ինքնատպութիւն
հետապնդել։
Ու
ստիպուած
ենք
այդ
հոգեղէնը
գտնելու
մեր
երգերուն,
շարականներուն
լաւագոյն
բաժնին
մէջ։
Կը
հետեւի,
թէ
ուր
է
արժէքը
Շնորհալիի
գործին։
Ու
ազգը
չէ
խաբուած
իր
գնահատումին
մէջ
ներս
առնելով
իր
սրբազան
գրականութեան
մէջ
ամենէն
շատ
Ներսէս
Շնորհալիէն։
Ծանօթ.
–
Իր
մահէն
քառորդ
դար
յետոյ,
Գրիգոր
Տղայ
կաթողիկոսին
խնդրանքով,
երէց
մը
գրած
է
ներբողը
Շնորհալիին։
Պարտք
կը
զգամ
յայտարարելու,
թէ
Սոփերքի
ԺԴ.
հատորը
կազմող
այդ
գրքոյկը
ամենէն
կատարեալ
հատորներէն
մէկն
է
մեր
հին
մատենագրութեան։
Եւ
գիտցէք
ինչու։
Զի
զայն
կը
լեցնէ
Շնորհալին,
որուն
իմացական,
հոգեւոր,
վարչական
բարեմասնութիւնները
շքեղ
երեւոյթի
մը
պէս
կը
զգետնեն
միամիտ
երէցը։
Ներշնչումը
զուր
բառ
մը
չէ։
Անկէ
շատ
աւելի
վարպետ
գրագէտ
մը
Գր.
Սկեւռացին
գրած
է
նոյն
ձեւով
ներբող
մը
Լամբրոնացիին
վրայ։
Ոճ
ու
մտածում
առաւելակշիռ
կը
ներկայանան
Սկեւռայ
վանքին
մեծ
վարդապետին
մօտ,
բայց
գիրքը
ձախողանք
մըն
է։
Լամբրոնացին՝
մտքի
որոշ
ուժով
գրագէտ՝
թերեւս
տաղանդով
Շնորհալիէն
մեծ,
բայց
իբրեւ
մարդ
կը
մնար
հեռու
սիրոյ
մեծ
կախարդէն։
Կը
յիշեմ
Լամբրոնացիի
ներբողը
Շնորհալիի
վրայ,
որ
հասարակ
տաղաչափութենէ
անդին
չանցնիր,
ըլլալով
պզտիկ
ոգիի
գործ։–
Այս
բառը
փոքրոգի
իմաստով
չէ
գործածուած
հոս։–
դ.
Գործին
կենդանի
մասը.
Նախ
կու
տամ
իր
անձը,
որուն
համար
բոլոր
ածականները
քիչ
պիտի
գային,
կիսադարեան
անհուն,
աննահանջ
սպասը
որակելու
համար
–
տեսնել
Մարդը
գլուխ
ը
–
եւ
մեր
գործը,
ա՛յն՝
որ
գիրի
կ՚իյնայ,
երբեմն
պակաս
է
մեր
անձէն։
Վճիռը
ճիշդ
է
մա՛նաւանդ
Շնորհալիին
համար։
Չեմ
կարծել,
որ
ոեւէ
հայ
անտարբեր
մնայ
գեղեցկութեան
փարթամ
այն
պսակին
առջեւ,
զոը
իր
գործէն
դիւրութեամբ
կը
ճարենք
իր
անունին
համար։
Իր
«
Ընդհանրական
»ը
այսօր
իսկ
չէ
կորսնցուցած
իր
բարձր
իմաստը։
Հայոց
եպիսկոպոսները
եւ
քահանաները
օգուտով
պիտի
կարդային
զայն։
Կը
խորհիմ,
թէ
հայ
եկեղեցւոյ
դաւանաբանութիւնը
այսօր
իսկ
կը
գործածէ
անոր
յաջող
տարազները։
Անոր
երգերը
մաս
կը
կազմեն
մեր
հոգիի
ամենօրեայ
յուզումներուն։
Անոր
շարականներէն
մէկ
քանին
հայ
գրականութեան
մէջ
անմահ
գեղեցկութիւններն
են։
Չեմ
կրկներ
ինչ
որ
վերը
ըսած
եմ
անոնց
տարողութեանը
մասին։
Դիտել
կու
տամ,
որ
եթէ
պէտք
ըլլայ
հայ
հոգիին
ծաղկաքաղը
կազմել։
Շնորհալին
պիտի
ունենար
հոն
ամենէն
քաղցր
ու
սրտառուչ
մասը,
հայութեան
իսկ
խորհուրդը,
տրտում
շնորհի,
ազնուական
երազի,
գողտր
զգայութեան,
համեստ,
ինքնաբաւ,
հոգեղէնին
լարԼած
ուժերու
համադրում
մը
իբրեւ։
Այս
տպաւորութիւնը
ամենէն
շատ
կը
հաստատենք
Շնորհալիին
մօտ,
համազօր
ըսուելու
չափ
Եղիշէի։
Սխալ
է
Շնորհալին
թարգմանել,
ինչպէս
փորձեց
Դուրեան
Սրբազան,
եւ
ուրիշ
աւելի
անորակ
մարդեր,
վասնզի
բանաստեղծութիւնը
չի
թարգմանուիր,
այս
տեսութիւնը
արդարօրէն
թելադրող
քիչ
հեղինակ
ունինք
մեր
մէջ։
Շնորհալին
գերազանց
քերթողն
է,
հայերէն
չգիտցողներն
իսկ
կը
հասկնան
զինքը։
ե.
Գործին
մեռեալ
տարրը.
Իր
տաղաչափութիւնը
ամբողջութեամբ,
շարականներէն
անվաւերները,
միաբանական
խնդիրներուն
վրայ
իր
«
Նամականի
»ն
–
որուն
վաւերագրական
արժէքը
կը
գնահատեմ
չափազանց
բարձր,
բայց
որուն
գրական
տարողութիւնը
այսօր
չի
խօսիր
մեզի
–
գաղջ
են։
«
Ընդհանրական
»ին
մաս
կազմող
ուրիշ
նամակներու
մէկ
մասը,
որոնք
առաւելապէս
վարդապետական
նկարագիր
մը
ունին
կեանքի
քիչ
բաժինով,
գաղջ
են
անոնք
տրտում
գաղջութիւնով
մը։
Այս
անգամ
իր
ատենաբանութիւնն
է,
զոր
կ՚ըսուի,
թէ
ըրած
է,
երբ
իր
եղբօրը
ձեռքէն
ստացած
է
հայոց
կաթողիկոսութեան
քողը
իր
ճակատին։
Պահը,
տարիքը,
աշխարհը,
երկու
եղբայրներուն
Ս.
Խորանին
առջեւ
ծնրադիր
արցունքները
իմ
մէջս
կը
ստեղծեն
խռովիչ
պատկերներ։
Դուք
պիտի
կրնայիք
աւելցնել
ժողովուրդը,
որ
եկած
էր
դիտելու
քիչ
անգամ
պատահող
այդ
հրաշքը։
Ձեր
կարդացածը
տժգոյն
հաւատոյ
խօսք
մըն
է,
պարպուած
իր
յուզման
տարրէն,
անձնականութեան
շեշտէն,
որոնք
այնքան
իրաւ
են
այս
մարդուն
մօտ,
իր
աղօթքներուն,
երգերուն,
շարականներուն
մէջ:
Ըսի,
թէ
քերթողական
իր
վրիպանքը
–
բացի
երգերէն
եւ
շարականներէն
–
վերագրելի
է
որոշ
չափով
դարուն
ախորժակներուն։
Պաշտօնական
թղթակցութիւններուն
մէջ
զգալի
նիհարութիւնը
կեանքին,
դարձեալ
բացատրելի
է
ինծի
կաթողիկոսական
դիւանով
մը,
ուր
տիրող
ոճը,
աւանդութիւնն
ու
ոգին
կրնաք
հաստատել
այսօր
իսկ
Երուսաղէմէն։
զ.
Գործին
համադրական
արժէքը.
70
տարի
ծանրագույն
սպասի
մը
վրայ,
իր
ժողովուրդին
կեդրոնական
անձնաւորութիւնը
եղող
մարդու
մը
գործը
փորձիչ
հանգամանք
մը
ունի
քննադատին
համար,
տրուած
ըլլալով,
որ
հայ
քննադատը
իր
ժողովուրդը
ճանչնալու
–
բառին
տուէք
իր
բոլոր
լայնքը
–
ամենէն
ապահով
միջոցը
նման
մթերքներու
մէջ
է,
որ
կը
հաւատայ
գտնել։
Այս
անկիւնէն
դիտուած,
մեր
հին
մատենագրութիւնը
գրեթե
միշտ
դժգոհ
պիտի
ձգէ
մեզ։
Շնորհալին
բացառութիւն
չէր
կրնար
կազմել։
Կ՚աւելցնեմ
անմիջապէս,
թէ
անիկա
դարձեալ
այն
մէկ
հատիկ
մարդն
է,
որուն
նամակները,
ուղղուած
մեր
ժողովուրդին
այդ
օրերուն
կարելի
խաւերուն,
մեզի
կը
բերեն
ուրուային
պատկեր
մը
հայ
ընկերութեան
մը,
ուր
մեր
միջին
դարը
ոճի,
կերպի
կապուի,
ամենէն
կատարեալ
մարմնառութիւններով։
Նոյնիսկ
իր
խեղճ
հանելուկները
մեզի
կը
խօսին
վիճակներէ,
մտքի
ձեւերէ,
որոնք
առանց
ատոնց
կորսուած
էին։
Ճիշդ
է,
որ
այդ
դարուն,
դարձեալ,
Մխիթար
Գօշի
«
Դատաստանագիրք
»ը
–
այս
մարդը
պիտի
վերլուծենք
լայնօրէն
–
եւ
ընկերութեան
մը
հաստատ
տարրերը
իր
օրէնքներուն
հաւաքածոն
կու
տայ
մեզի
կարելի
պայծառութեամբ
–
ու
այդ
դարուն
են
դարձեալ
Հեթումը,
Սմբատ
Գունդսդապլը,
Լամբրոնացի,
որոնց
գործերէն
մենք
կրնանք
հանել
փշրանքներ
մեր
ժողովուրդը
կերպադրող։
Բայց
ոչ
ոք
մեզի
պիտի
տար
Շնորհալիի
բաւարարութիւնը։
Ըստ
տեսութեան,
Շնորհալիի
վաստակը
ամենէն
ընդարձակ
ժառանգութիւնն
է
մեզի
մեր
հին
մատենագրութենէն։
Մտքէս
կ՚անցնին
այդ
դարերուն
յատկանիշ
լատին
հայրերու
բոլոր
հայրագրութիւնները
(Patrologie),
բայց
խորունկ
պարկեշտութիւն,
ինչպէս
չափի
ճանաչողութիւն
մը
մա՛նաւանդ
իմ
ժողովուրդին
վրայ
իմ
ունեցած
նայուածքս
զիս
կը
բերեն
պարկեշտ
տրտմութեան
մը։
Սուտ
չեն
անշուշտ
պատմիչները,
երբ
Շնորհալիի
նամակները
–
Կիռ
Մանուէլ
կայսեր
ուղղուած
–
կը
յայտարարեն
աստուածային
գրականութիւն։
Բայց
մեր
պատմիչներուն
խոշոր
զգալը
եւ
տեսնելը
աւելի
է,
քան
իրենց
միամտութիւնը։
Այս
պատճառով
աստուածաբանական,
իմաստասիրական,
պատմական
գետիններու
վրայ
Շնորհալիին
մեզի
ձգածը
կրնայ
մեզ
գոհացնել։
Ընդհանուր
եկեղեցւոյ
մեծ
հայրերուն
քով
անոր
կշիռը
չեմ
կարծեր,
որ
ըլլայ
բաւարար,
զինքը
արժանաւոր
ընծայելու
այն
որ
հետաքրքրութեան,
որով
արդի
քննադատութիւնը
կը
քրքրէ
միջին
դարը
եւ
կը
ստեղծէ
բարձր
արժեքներ
խեղճուկ
հայրերու
քրտնաթոր
գիրքերէն։
է.
Ստեղծագործ
տարրը.
Պարտաւոր
եմ
ասիկա
փնտռել
եւ
գտնել
միմիայն
իր
սրբազան
գրականութեան
մէջ
–
աղօթքներ,
երգեր,
շարականներ,
որոնց
մասին
լայնօրէն
խօսուած
է
արդէն
–
երբ
հարց
կու
տանք,
թե
ինչ
են
նկարագիրները
այդ
ստեղծագործութեան,
ինչ
են
եղած
այն
կողմերը
հայ
հոգիին,
որոնց
առաջին
անգամ
իր
մօտը
կը
հանդիպինք,
դժուար
է
միակտուր
եւ
վճռական
տարազներ
գործածել։
Շնորհալիինն
է
պատմութիւնը
կարելի
եղածին
չափ
քիչ
մեղքով
բանաստեղծութեան
բարձրացնելու
հանճարային
յաջողուածքը։
Կը
կարդանք
«
Այսօր
անճառ
»ը
ու
չենք
տառապիր,
քանի
որ
երկարաձիգ
այդ
տողերուն
մէջ
Ն.
Կտակարանի
սեղմ,
վսեմ,
ժուժկալ
պատմումը
–
Տնօրինական
պահերէն
–
չի
բռնադատեր
ինքզինքը
մեզի։
Ամէն
նման
պարագայի
մենք
միշտ
գործ
ունինք
սկզբնատիպ
մեծ
արուեստագէտի
մը
հետ։
Իր
աղօթքները
վստահ
եմ,
թէ
յղացուեցան
գրական
որեւէ
յետին
մտքէ
զերծ
ոգիով։
Բայց
զուր
տեղը
չէ,
որ
մարդ
մը
մեծ
է։
Ասոնց
յղացմանը
կերպին
մէջ
իսկ
հայ
ժողովուրդը
ինքզինքը
բիւրեղացուց։
Կրնան
անոնք
բարձրաթռիչ,
վսեմաճաճանչ,
շատ
նրբամաղ
արժանիքներ
չունենալ,
բայց
ունին
գերազանց
արժանիքը
հայ
հոգիին
ամենէն
անարատ
բղխումները
կազմելու։
Սաղմոս
մը
իր
բերնին
մէջ
կախարդական
փոփոխութեամբ
մը
կ՚այլափոխուի,
կ՚անձնանայ,
եւ
Տաւրոսեան
լեռներուն
վրայ
գիշերային
հսկում
մը
–
որ
ներշնչուած
է
սաղմոսէ
մը
–
կը
վերածուի
համադրական
սէնֆոնիք
քերթուածի
մը։
Շնորհալի
ո՛չ
միայն
կը
զգայ
իր
Աստուածը
այլ
մա՛նաւանդ
իր
ժողովուրդը
առ
Աստուած
տանելու
իր
ճամբուն
մէջ
–
աղօթք,
երգ,
շարական
–
կը
բարձրանայ
ամբողջ
մարդկութեան
իսկ
խորհրդանշանին։
Այն
ընդունելութիւնը,
զոր
սրբազան
քերթողութիւնը
ըրած
է
իր
աղօթքներուն
վրայ,
վար
չէ
այն
հիացումէն,
զոր
իր
ժողովուրդը
տուած
է
անոնց
–
«
Հաւատով
խոստովանիմ
»ը
30է
աւելի
լեզուներու
թարգմանուած
է
–
մտքէս
կ՚անցնի
«
Նմանութիւն
Յիսուսի
»
գրքոյկը,
ո՛չ
իբր
համեմատական
եզր
այդ
աղօթքներուն,
այլ՝
իբր
նման
հոգեվիճակի
մը
բղխում։
Կը
խորհիմ,
թէ
հրաշալի
մատեանին
անծանօթ
հեղինակը
հաւանաբար
մարդ
մըն
էր,
որուն
սիրտը
կարելի
էր
դուրսէն
տեսնել,
եթէ
կը
ներուի
այս
բացատրութիւնը։
Նոյնն
է
պարագան
Շնորհալիին,
որուն
մեզի
ձգած
յաջող
էջերուն
մէջ
ամենէն
անձնական
մեր
գրագէտը
կը
գտնուի։
ը.
Համազգային
հանճարի
հարց.
Վերի
հատուածէն
այս
անցքը
դժուար
չէ։
Ոչ
խորութիւն,
ո՛չ
ընդարձակութիւն,
ո՛չ
նորութիւն,
ո՛չ
մեծութիւն
թելադիր
են
ինծի,
երբ
հարցը
կը
դնեմ
համազգային
գետնին
վրայ:
Խորունկ
իրականութիւն
է,
որ
Շնորհալին
կը
նուաճէ
նոյնիսկ
այսօրուան
ամենէն
դժուարահաճ
քննադատը։
Երբ
կը
հարցնէք
ինչո՞վ,
պատասխան
կու
տայ
այն
հոգեվիճակը,
որուն
մէջ
կը
մտնէ
ամէն
հայ
ամէն
դաւանանքէ
–
սկեպտիկ
բողոքականէն
մինչեւ
անհաւատը
–
երբ
շփումի
կու
գայ
Խաղաղական
ի
երգերուն
կամ
գիշերային
պաշտամունքի
անորակելի.
անուշութեամբ
մեղեդիներուն։
Տեսնել
բաղդատութիւններ
հատուածին
երկրորդ
բաժանման
մէջ։
Արդարեւ,
ո՞ւր
այս
ժողովուրդը
ինքզինքը
ամենէն
լայն
կերպով
արտայայտուած
գիտէ,
եթէ
ոչ
«
Առաւօտ
լուսոյ
»ի
մէջ,
«
Ի
քէն
հայցեմք
»ի
մէջ,
«
Նորահրաշ
»ի
մէջ,
«
Այսօր
անճառ
»ի
մէջ,
Հանգստեան
կարգի
անհունապէս
գեղեցիկ
յօրինումներուն
մէջ,
որոնք
քրիստոնեայ
խորքի
եւ
հայ
քաղցրութեան,
պարկեշտ
երազի
եւ
ինքնաբաւ
աշխատանքի,
մարդկօրէն
ամենէն
աղուոր
մատչելի
մարդկային
բարոյականի
անմահ
սկզբունքները
կը
բիւրեղացնեն։
Մեր
պապերը՝
ատոնք
ոչ
միայն
երգեր,
այլեւ
ապրեր
են։
Պէտք
չկայ
կասկածի
տակ
դնել
այս
բոլորին
տարողութիւնը,
քանի
որ
գինն
ենք
այդ
ամենուն,
որ
կ՚ապրինք։
Հանճարի
մը
համազգայնացումը
չեմ
կարծեր
աւելի
լայն
արդարացում
մը
հարկադրէ
փնտռել
այս
ամենէն
դուրս:,