Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

/1/

Ա. ԴԱՍ
ԱՐՇԱԿԻ ՄԱՀԸ [1]

Երբ պարսիկներու թագաւորը՝ Շապուհ [2], Ասորեստան [3] վերադարձաւ, խորապէս շնորհապարտ կը զգար զինքը ներքինի Դրաստամատի [4] հանդէպ: Կանչեց զանիկա ու ըսաւ:

Ուզէ ինձմէ, ինչ որ կ՚ուզես [5]: Ինչ որ ալ ուզես, պիտի տրուի քեզի։

Ու Դրաստամատ ըսաւ թագաւորին,

Ուրիշ բան չեմ ուզեր քենէ, եթէ ոչ՝ տաս ինծի հրաման, որպէսզի երթամ տեսնեմ իմ բնիկ [6] տէրս՝ Հայոց արքայ Արշակը: Ու հրաման տուր որ, երբ ես երթամ անոր քով, մէկ օրուան համար միայն քակեմ անոր կապանքները, լուամ գլուխը եւ օծեմ [7], պատմուճան [8] հագցնեմ ու սեղան շտկեմ [9], խորտիկներ դնեմ առջին, գինի տամ, ու, ամբողջ օր մը ուրախ ընեմ անիկա նուագով ու երաժշտութեամբ [10] ։

Ու Շապուհ թագաւորը ըսաւ.

Դժուար բան ուզեցիր: Պարսիկներու թագաւորութեան հաստատումէն ու այդ բերդը Անյուշ կոչուելէն ի վեր, չէ եղած մէկը որ համարձակած ըլլայ թագաւորին յիշեցնելու հոն նետուածները։ Ատով՝ դուն ինքզինքդ մահուան դատապարտեցիր։ Բայց որովհետեւ քու ծառայութիւնները շատ մեծ եղան ինծի, ուզածդ պիտի տրուի քեզի: Աւելի լաւ էր անշուշտ որ աշխարհներ, գաւառներ, գանձեր ուզած ըլլայիր քեզի համար:

Ու անոր տուաւ հաւատարիմ փշտիպան [11] մը ու արքունի մատնիով կնքուած հրովարտակ, որպէսզի երթայ Անդմըշըն բերդը եւ ուզածին պէս վարուի Արշակին հետ։

Ու Դրաստամատ գնաց Անյուշ բերդը, հրովարտակով ու փշտիպանով, ու տեսաւ իր տէրը: Ու ազատեց անիկա Արշակը իր կապանքներէն, երկաթեայ ձեռնակապերէն եւ ոտնակապերէն, ու անոր պարանոցէն քակեց շղթաներու սարուածները։ Լուաց անոր գլուխը եւ լոգցուց ամբողջ մարմինը: Ու հագցուց անոր ազնիւ պատմուճան: Ու սեղան շտկեց: Ու բազմեցուց զայն: Ու դրաւ անոր առջեւ ընթրիք, թագաւորական արարողութիւններով։ Ու դրաւ անոր առջեւ գինի, այնպէս՝ ինչպէս օրէնք էր ընել թագաւորներուն: Սթափեցուց զայն ու մխիթարեց: Ուրախացուց գուսաններով [12] ։

/2/ Եւ աղանդեր մատուցանելու [13] ժամուն, անոր առջեւ դրին միրգ, խնձոր, վարունգ եւ ամիճ [14] ։ Ու դրին դանակ մըն ալ որպէսզի կտրէ եւ ուտէ ուզածին պէս։ Ու Դրաստամատ կ՚ուրախացնէր զայն մեծապէս։ Ոտքի էր անոր քովը, եւ կը մխիթարէր:

Երբ Արշակ գինովցաւ, ու աչքերը դարձան [15], վերագտնելով իր հին հպարտութիւնը, ըսաւ.

Վա՜յ ինծի: Ա՞յսպէս պիտի ըլլայի: Ա՞յսչափ: Ասո՞նք ալ պիտի անցնին եղեր ինձմէ…

Ու ձեռքի դանակը, որով պիտի կտրէր ամիճը, անիկա մխեց իր սիրտը: Ու սեղանէն չելած մեռաւ անիկա։ Դրաստամատ, տեսնելով ասիկա, նետուեցաւ, հանեց մխուած դանակը Արշակի սիրտէն ու զարկաւ իր կուշտին: Ու ան ալ մեռաւ հոն, նոյն ժամուն:

  (Բիւզանդարան)

ՓԱՒՍՏՈՍ ԲԻՒԶԱՆԴ [16]

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Վերամուտը

Թելադրութիւններ:

1. Ո՞ւրկէ, օրուան ո՛ր պահուն, լոյսի, օդի, արտաքին շրջապատի ի՛նչ ազդեցութիւններու տակ կը գրէք (այս պզտիկ գիծերը ձեր նամակին պիտի ճարեն այն իրական գետինը որ շատ օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի, մանաւանդ յոգնութիւն առնելու համար: Այսինքն՝ երբ գրելիքնիդ սպառած կը կարծէք: Զգուշանալ թուումէ եւ խճողումէ):

2. Նորութիւններ . դասարան, բ. ընկերներ, գ, դասեր եւ ուսուցիչներ եւ այլն)։

3. Ձեր տրամադրութիւնը:

4. Ընդհանուր տեղեկութիւններ (Ձեր ծրագիրները: Մասնաւոր դրուագներ):

5. Խնդրանքով մը փակել։

Մտքէ չանցընել երբեք թէ շարադրութեան պարտականութիւն մըն է որ կը գրէք: Ձեր ընելիքը այն իրական նամակն է զոր վաղը նամակատուփ ձգէք պիտի: Հետեւաբար աւելորդ տարազներ, նամականիէ սորվուած բացատրութիւնները մոռցէք բոլորովին։ Ձեզմէ կը խնդրուի` խորունկ անկեղծութիւն մը: Պիտի չգրէք տող մը, որուն տակ իրական զգացում մը, մտածում մը, պատահար մը չծածկուի: Պիտի ըլլաք կարճ։ Լաւ կէտադրութիւնով ու նոր տողերու սկսումով ձեր գրուածքը պիտի կոկէք ու կոճկէք։ Պիտի ընտրեք բան մը ըսելու ամէնէն պարզ ձեւը։ Պիտի զգուշանաք աւելորդ բառերէ, մանաւանդ հասարակ ածականներէ: Պիտի զգուշանաք գիրքերով կաղապարուած լեզուէն:



[1]       Արշակ = Արշակ Երկրորդ, Արշակունեաց Հարստութեան դժբախտ թագաւորներէն։ Յուզումնալից է իր կեանքը որ մանրամասնութիւններով հասած է մեզի տաղանդաւոր պատմիչի մը ձեռքով։ Խօսուած լեզուին մէջ մտած է իր ձեռակերտ Արշակաւանը՝ ծանօթ իմաստով։ Անգութ, կասկածոտ բռնապետ՝ զզուեցուց իր նախարարները, վշտացուց եկեղեցին ու պարտաւորուած ծուղակը ինկաւ Շապուհին որ փորելով անոր աչքերը զայն նետել տուաւ Անյուշ բերդը: (Աչքերը հանելու այս սովորութիւնը ընդհանուր էր այդ շրջանին): Վերի դրուագը կը փակէ այդ դժբախտ կեանքը եղերական եւ յուզիչ մահով մը:

[2]       Շապուհ = Պարսիկ թագաւոր, Երկրորդ Շապուհ, 69 տարի թագաւորեց, կ՚ըսուի նաեւ երկարակեաց:

[3]       Ասորեստան = մեր մատենագրութեան մէջ այս բառը ծառայած է զանազան երկրամասեր անուանելու. 1. Բուն Միջագետքը (Նինուէն ու Բաբելոնը միասին): 2. Վերին Միջագետքը (Տիգրանակերտի հարաւ, Եդեսիա, Մծբին): 3. Սուրիան։ Հոս՝ բուն Միջագետքը, որուն մայրաքաղաքն էր, Դ. դարուն, Տիզբոն։ Պարսիկ կայսրութիւնը դարերու ընթացքին զանազան մայրաքաղաքներ փոխած է։ Դ. դարուն՝ հռովմէական գօտիին աւելի մօտ ըլլալու համար, անոնք ընտրած են Տիգրիսի գիծը։ Այդ աղեղէն՝ անոնք վարեցին կամ դիմաւորեցին այն խոշոր արշաւանքները որոնցմով Արեւելքն ու Արեւմուտքը փոխն ի փոխ աւերեցին զիրար: Այդ բախումներէն ամէնէն շատ տուժողը եղաւ Հայաստան։

[4]       Ուզէ ինձմէ… = ժողովրդական հէքեաթներու մէջ մինչեւ հիմա գործածական բանաձեւը իր ծագումը աւելի հին պէտք է ըլլայ:

[5]       Դրաստամատ ներքինի = Արշակի կանանոցին պետը եւ անոր անձնուէր սպասաւորը։ Արշակի կուրացումէն յետոյ, ան իր ծառայութիւնը տրամադրեց Արքայից Արքային։ Քուշաններու դէմ կռիւին մէջ (Հոները, վրանաբնակ բայց պատերազմիկ ժողովուրդ Կասպից ծովի ափերուն) անիկա իր անձը վտանգված էր, ազատելու համար Շապուհը։

Ներքինիները մասնաւոր դասակարգ մը կը կազմէին: Պաշտօնն էր անոնց՝ հսկել թագաւորին կիներուն: (Հին գրականութեան մէջ կ՚ըսուի նաեւ մարդապետութիւն): Պիրկ, բազմահնար տիպարներ են անոնք։ Ծայրագոյն դաժանութեամբ կը գործադրեն իրենց պաշտօնը։ Կիներու հետ մշտական կենակցութիւնը անոնց մէջ կը զարգացնէր խարդաւանանքի բիւրաւոր ձեւեր։ Անոնց մատը կար պալատական բոլոր դաւերուն մէջ: Դրաստամատ կը ներկայացնէ տիպարին առաքինութիւններէն մէկը` հաւատարմութիւնը։

[6]       Բնիկ = բնագրին մէջ՝ բնակ, որ կը նշանակէ տեղական, բնական: Արդի լեզուին մէջ բնիկ՝ երկրի մը մնայուն, բնածին բնակիչները:

[7]       Օծել = բացի ծիսական գործածութենէն, աշխարհիկ արդուզարդին մէջ ամէնէն կարեւոր արարողութի՛ւնը։ Իւղ, թանձր բոյրեր, իսկութիւններ նիւթը կուտային անոր: Անուշահոտ իւղ մըն է Միւռոնը:

[8]       Պատմուճան = բուրդէ, մետաքսէ ազնիւ կտաւ։ Աւագանիին յատուկ զգեստ մըն էր որ մարմինը կը ծածկէր, թոյլ կերպով մը, առանց զայն հագուեցնելու՝ խորհրդանշան իշխանութեան:

[9]       Սեղան շտկել = բնագիրը կը գործածէ բազմական արկանել։ Բազմականը բազմի մէջ գտնւող մարդն է: Բազմ՝ (պարսկ. ) խումբ, ակումբ, ժողով։ Նստելու տեղերը այդ խնջոյքներուն մէջ կ՚ըսուէին բազմոց ինչպէս նաեւ բազմական: Բազմիլը արքունի մեծափարթամ սեղաններու մասնակցութիւնն էր հիներուն մէջ: Այդ իմաստէն երակ մը կայ տակաւին, թէեւ հեգնական։

[10]     Երաժշտութիւն = բնագրին մէջ՝ արուեստական, որ, իբր գոյական, կը նշանակէ նուագող ու նուագ:

[11]     Փշտիպան = թիկնապահ (պարսկ. ):

[12]     Գուսան = երգողներ, թմբկահար կիներ: Քիչ անգամ՝ ծաղրածու։

[13]     Մատուցանել = հրամցնել, անցողական՝ գրաբարի օրէնքով։ Աշխարհաբարը ուցանելը վերածած է ցընելի:

[14]     Ամիճ = Եղիշէի մէջ իբր թէ եrէի ձագ։ Հոս՝ իբր թէ՝ պտուղ։

[15]     Աչքը դառնալ = ժողովրդական ասութիւն՝ = գիտակցութիւնը կորսնցնել։ Կը նկարէ այն մասնաւոր վիճակը երբ գինիին ազդեցությանը տակ աչքին գունդերը կը կորսնցնեն իրենց հաւասարակշռութիւնը եւ կը շրջին (կը դառնան)։ Նաեւ՝ խելքը, գլուխը, միտքը դառնալ։

[16]     ՓԱՒՍՏՈՍ ԲԻՒԶԱՆԴ. Քրոնիկագիր Դ. դարու: Կ՚ենթադրուի որ յունարէն գրած ըլլայ իր պատմութիւնը որ վաթսուն տարուան շրջան մը կ՚ընդգրկէ։ Կարծողներ կան որ ժողովրդային դիւցազներգութիւններ, արքունի ու նախարարական տարեգրութիւններ իբր ատաղձ ծառայած են գրքին։ Արշակ Բ. ի եւ տղուն՝ Պապի կեանքը, պարսիկներուն եւ յոյներուն պայքարը՝ Հայաստանը գրաւելու համար, նախարարներու կռիւներն ու ըմբոստութիւնները, Մամիկոնեան սպարապետները, Մեծն Ներսէսի կեանքը, գործունէութիւնը եւ մահը, Արշակաւանի, Գնէլի եւ Փառանձեմի վէպերը՝ շատ ինքնատիպ պատմումով ու ականատեսի ակնոցով։ Հոմերական համ մը կայ իր ոճին մէջ։