Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

/36/

Թ. ԴԱՍ
ԻՄ ՄԱՀԸ

Եթէ տըժգոյն մահու [1] հրեշտակ
Անհուն ժըպտով [2] մ՚իջնէ իմ դէմ,
Շոգիանան ցաւքս ու հոգիս,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:


Եթէ սընարըս, [3] իմ տիպար [4]
Մոմ մը վըտիտ ու մահադէմ [5],
Ո՜հ, նըշուլէ [6] ցուրտ ճառագայթ,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:

 
Եթէ ճակտովս արտouրազօծ [7]
Զիս պատանի մէջ ցուրտ զերթ վէմ
Փաթթեն դընեն սեւ դագաղը,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:

 
Եթէ հընչէ տըխուր կոչնակ,
Թըրթռուն ծիծաղն մահու դըժխեմ [8],
Դագաղս առնէ իր յամըր քայլ,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:


Եթէ մարդիկն այն մահերգակ [9],
Որք սեւ ունին ու խոժոռ դէմ [10],
Համասըփռեն խունկ ու աղօթք,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ։


Եթ՚ [11] յարդարեն իմ հողակոյտ,
Եւ հեծեծմամբ ու սըգալէն
Իմ սիրելիքը բաժնըւին,
Գիտցէ՛ք որ մի՜շտ կենդանի եմ:


Իսկ աննըշան եթէ մընայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ:

 

(Տաղք եւ Թատրերգութիւնք)

ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ [12]

/38/

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

Ա.

1. Մատենագրական տեղեկութիւններ:

2. Շրջանին րօմանթիզմը. տարրեր՝ ա) Օտար ազդեցութիւններ. մեր մտաւորականները դեռ կը կրեն ազդեցութիւնը ֆրանսական մեծ րօմանթիքներուն (Հիւկօ, Լամարթին, Միւսէ), բ) Մխիթարեան ազդեցութիւն (Ալիշան, Պէշիկթաշլեան եւ դպրոցը)։ գ) Արեւելք։

3. Դուրեանին մէջ րօմանթիք տարրը։

 

Բ.

1. Քերթուածին մասերը:

2. Հիմնական գաղափարը։

3. Երկրորդական գաղափարները (որոնք տեսիլքներ են հոս, ու իբր այդ պէտք է խտացուին)։

Գ.

1. Իրապաշտութիւնը այս քերթուածին մէջ։

2. Երեւակայութեան աստիճանը:

3. Վիճակներուն ամփոփ, սակայն թելադրող շրջագիծը։

 

Դ.

1. Փոխաբերութիւններ:

2. Կշռոյթ։

3. Լեզուական դիտողութիւններ (մեր աշխարհաբարը դեռ նոր կը սկսի)։

 

ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ազատ ընդլայնումի ենթարկել քերթուածին վեցերորդ տունը։

 

1. Անպատճառ մասնաւորել տեսարանը։ (Ձեր անձը պիտի խառնէք աշխատութեան։ Ստիպուած էք տալու մեռելի անուն մը որուն վերջին յարգանք մը ընծայելու համար կը գտնուիք գերեզման մը: Տեղ, եղանակ, անմիջական տպաւորութիւններ։ Բնաւ կամ շատ քիչ պատմողական կենսագրութիւն)։ 2. Մանրամասնութեանց հասնիլ։ (Խորացէք ձեր յիշատակներուն մէջ։ Պիտի երեւան հանէք, այդ ճամբով, ձեւեր, շարժումներ, արցունքներ, խօսքի ծուէններ որոնք ձեր այդ պահու կեանքը շինեցին։ Աւելի խորացէք ու այն ատեն պիտի հասնինք նաեւ ձեզի ընկերացողներուն կեանքին։ Քահանաներ, դագաղակիր, անտարբերներ, հաշիւի դէմքեր, յուսահատ կսկիծ, թեթեւ ու կեղծ /39/ ցաւ ու դեռ շատ բաներ): 3. Բաժանումը գերեզմանէն։ (Ծանրանալ՝ ա. Յուղարկաւորներուն, բուն մեռելտէրին, յետոյ ձեր վրայ: բ. Այն խորունկ յուզումին՝ որ կ՚արթննայ ձեր մէջ երբ հողքը կը յարդարուի. գ. Պառկողին վերջին պատկերին որ կարծես չուզեր համակերպիլ ճակատագրին ու կը թափառի ձեր հոգիին դաշտերուն վրայ: Տեղն է, որ քանի մը կենսագրական նօթեր սեւեռուին, որոնք տեղեկութիւն պէտք չէ ըլլան, այլ կեանք: Քանի մը մտածումներ՝ որոնք սովորական ու տափակ բանաձեւը չյիշեցնեն)։

 

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ. Ձեր մէջէն` անոնք որ գերեզման մը չեն գացած, կրնան փոխել նիւթը ու գրել՝ Երբ մեռելը կը հանեն տունէն, հոգ տանելով որ նոյն մանրամասնութիւնները եւ կենդանի իրականութիւնը ստեղծուի:



[1]       Մահու (գրաբար) = մահուան։

[2]       Անհուն = ան+հուն: Հուն՝ գետի մը մէջ այն կէտը ուրկէ կարելի է ոտքով անցնիլ մէկ ափէն միւսը: Անհուն՝ առանց հունի։ Իմաստի ընդլայնումով՝ անսահման: Հոմանիշներ՝ անծիր, անծայր, անծայրածիր, ամբաւ, անպարագիծ եւայլն: Անհուն ժպիտը բանաստեղծական շատ յաջող արտայայտութիւն մըն է: Կը նկարէ այն ուրախութիւնը որ դուրս է մարդերուն հատողութենէն: Դիտեցիք անշուշտ որ այդ անհունով ժպտող հրեշտակը տժգոյն ալ է: Բանաստեղծը, քիչ վար, անոր պիտի տայ նաեւ դժխեմ ածականը։ Ասոնք հակասութիւններ չեն, վասնզի մահուան ճամբաներուն վրայ մեր զգացումները շատ կանոնաւոր ճամբով չեն աշխատիր։

[3]       Uընար = գրաբար՝ սնարք: Մեռելին գլխուն կողմը։ Ոտքին կողմը՝ անnտք։

[4]       Տիպար = տիպ + ար: Օրինակ։ (Արը հազուադէպ մասնիկ մըն է. փապ + ար)։ Իմ տիպար՝ ինծի նման։

[5]       Մահադէմ = մահուան դէմք ունեցող:

[6]       Նշուլել = ճառագայթել։ Հոմանիշներ՝ նշողել, փողփողել, շողալ, շողշողալ, ճաճանչել, փայլիլ, փայլփլալ, պսպղալ եւ այլն:

[7]       Արտouրազօծ = արցունքով օծուած։

[8]       Թրթռուն ծիծաղն մահու դժխեմ = զանգակին թրթռումը եւ մահուան ծիծաղը առանձին առանձին պատկերներ են։ Անոնց հասարակաց կողմը թրթռումին եւ ծիծաղին հանգիտութիւնն Է զոր կրնանք բացատրել, երբ երկուքին մէջ ալ շարժուն տարրը մեկուսացնենք: Այն ատեն, թրթռո՛ւմը՝ որ գիծերու բռնկում մըն է, կրնայ նմանցուիլ ու վերածուիլ ծիծաղին, որ ուրիշ բռնկում մըն է գիծերու։ Ու մահն ու զանգակը իրարու կը կապուին նոյն թրթռումին ընդմէջէն։ Դժխեմ, տե՛ս վերը՝ ծանօթութիւն 171։

[9]       Մահերգակ = մահերգող։ Անշուշտ տեսաք որ ամէն տունի կը միջամտի մահուան պատկերը, նոյնիսկ բառը։ Բայց վիճակին իրականութիւնը կը հակակշռէ այս կրկնութեանց թուլցնող միտումը:

[10]     Սեւ ու խոժոռ դէմ ունենալ = սեւ կը հագնին կղերականները, որոնց դէմքին ինքնիրեն կը տեղաւորուի պայմանադրական խոժոռութիւն մը, տարիներու վարժութեամբ:

[11]     Եթ՚ = Եթէ։ Էն զեղջուած՝ բանաստեղծական ազատութեամբ։

[12]     ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ։ Արեւմտահայ բանաստեղծութեան ամէնէն տաղանդաւոր բանաստեղծներէն մէկը։ Երգած է ցաւը, երիտասարդութիւնը, սէրը, հայրենիքը: Գրած է նաեւ թատրերգութիւններ, գրեթէ բոլորն ալ ազգայնական շունչով։ Դուրեանի մէջ կը տիրապետէ հզօր քնարականութիւն մը որուն արտայայտութեանը կը ծառայէ իր անհաւասար, բուռն սակայն կենագործող արուեստը։ Ինքն է որ արդի լեզուին առաջին անկեղծ ոտանաւորները գրեց։ Իր նամակները խորունկ յուզումի, արուեստագէտ զգայնության, գիւտաւոր բացատրության գլուխ-գործոցներ են։ Անկէ կը սկսի մեր նոր քնարերգութիւնը։ (1851-1872)։