Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ս. ՅՈՎԱԿԻՄ-ԱՆՆԱՅԻ ՎԱՆՔԸ
       Թօքադէն մէկ ժամ հեռի՝ ’ի սպառուածս այգեստանեայց, լեռնակողի մը վրայ կառուցեալ է վանքը։ Պարսպին դուռը կը բացուի ’ի հիւսիս, կայ եւ մէկ փոքրիկ երկաթի դուռն յարեւմուտս։ Վանքին մէջ տեղը շինուած է Տաճարն՝ քարաշէն, արեւելեան կողմը՝ ուխտաւորաց թաղ՝ 14 սենեակներով, միայարկ։ Սոյն բակի մէջ կը հոսի աղբիւր մը, աւազան մը կայ եւ վարդատունկք։ Տաճարին հարաւը շինուած է Միաբանից թաղը՝ 12 սենեակներով, մէջ տեղը՝ փոքրիկ պարտէզ մը՝ շատրուանով, կանանչ տունկերով եւ խաղողոյ բարունակով։ Վերնայարկն ունի երկու սենեակ, հիւրանոց կամ զբօսարան Միաբանից, ուստի կ’երեւին քաղաքին, այգեստանեայց եւ Ղազօվայի գեղեցիկ տեսարանները, լեռները եւ Իրիսը, որ պտուտաւոր կ’ընթանայ։
       Տաճարի հիւսիսային կողմն՝ վերին յարկը, շինուած է կանոնաւոր շէնք մը՝ Ճեմարան կամ Վարժարան, որոյ երկու ծայրը շնորհքով երկերկու սենեակները՝ իբրեւ վարժապետի սենեակ եւ դասարան, զորս կառուցեր է Յակոբոս Ս. Պատրիարքն իւր Առաջնորդութեան օրով։ Սոյն յարկին ներքեւն է սեղանատուն, խոհանոց եւ մառան։ Խոհանոցի դրան քով կը հոսի աղբիւր մը։ Ամբարանոց մը ունի ընդարձակ, որ կը տարածի ’ի ներքոյ միաբանից եւ ուխտաւորներու սենեկաց, ուր կը պահեն արմտիք, ալիւր, գինի, իւղ, պանիր եւ այլ նպարեղէնք եւ զանազան պէտքի նիւթերը։ Մի եւ նոյն չափով տանիքի ծածկոյթ մը կայ (թավան արասի) ’ի վերայ սենեկաց միաբանից եւ ուխտաւորաց, ուր ճէհրիներ կը փռեն, կը չորցընեն, եւ այս յարկին արեւելեան հիւսիսի անկիւնը կը բարձրանայ փայտէ շինուած զանգակատուն մը՝ երկաթ խաչն ի գագաթ։
       Վանքի հիւսիսային մեծ դրան հանդէպ շինուած են անասնոց ախոռները, եւ տուն մը, զոր Չիֆթլիկ կ’անուանեն։
       Ախոռներէն վեր եւ անոր կից է վարդապետաց գերեզմանաթաղը ցանկապատ (ցաւ ’ի սիրտ տեսայ, որ ոչխարները լեցած մէջը՝ կը կթէին եւ կը մակաղէին. աղբերով ծածկուած էին խաչքարերը), իսկ բուն գոմը աւելի վերը՝ լեռան վրայ էր։
       Վանքն ունի պարտէզ մը, որ կցուած կը շրջապատէ արեւելեան եւ հիւսիսային պարիսպը, ուր կան պտղատու ծառեր, եւ կը մշակուին բանջարեղէնք։ Կից նմին կայ մի ճէհրիլիկ. ճէհրիլիկ մի եւս քիչ մը բացակայ ասկէ։ Ունի նաեւ մահլէպի ծառեր, եւ այգի մը՝ այգեստանեայց մէջ։
       Վանիցս 23 կտոր արտ կայ, որոց կէսը ոռոգելու չափ ջուր ալ ունի։ Ասոնցմէ քանիները կուտան վարձքով՝ կիսրար-աֆիոնի եւ թիւթիւնի համար. հերկը, ջուրը, սերմը՝ վանքէն, մշակել, հնձել՝ վարձակալէն։ Իսկ ցորենոյ եւ գարւոյ մշակութիւնը վանքը առանձին կ’ընէ, եւ ասոր համար ունի 8 մշակ, 4 հովիւ, 2 նախրորդ, 50 եզ, կով եւ գոմէշ, 3 էշ, 350 այծ եւ ոչխար։
       Վանքին մէջ կան մէկ ծերունի եւ մէկ պատանի (նոր եկած) աշխարհական միաբան, երկու տնտես, մէկ դռնապան, որ եւ պարտիզպան ալ է։
       Եկեղեցական՝ ոչ ոք. միայն Ս. Առաջնորդը երբեմն-երբեմն վանքը կ’երթայ, եւ ուխտաւորաց օրերը քաղաքէն քահանայ մը կու գայ, կը պատարագէ։
       Վանահայրն էր Թօքադցի աշխարհական Մ. Յօհ. Գալփաքճեան, որ կ’երթայ, կու գայ։ Հոս եկաւ հանրածանօթ Մազլըմեան Առաքել Վ., Ս. Պատրիարքի գրով՝ մնալու իբրեւ ապաշխարող։
       Այս վանքի հիմնարկութիւնը ո՞ր թուին եւ որմէ՞ սկսեալ, չգտանք. բայց յիշատակութիւն մը, որոյ օրինակն ’ի ստորեւ կը յայտնէ քանի մը անձանց անունները՝ աւերողաց եւ շինողաց, իսկ վերջին նորոգողն է եղեր Գէորգ եպիսկոպոս Իզմիրցին, որոյ յիշատակագիրը կայ Տաճարի դրան ճակատին վրայ քանդակուած այսպէս.
       «Ողորմութեամբն Աստուծոյ նորոգեցաւ սուրբ ուխտս ’ի հիմանէ հանդերձ սենեկօք եւ շրջապատ պարսպօք եւ արտաքին շինուածովք յամի Տեառն 1828, սկսեալ յսկիզբն ապրիլի եւ աւարտեալ ի վերջն սեպտեմբերի, աշխատասիրութեամբ Գէորգ արքեպիսկոպոսի եւ տրօք ժողովրդեան եւ իւրն եւ իւր միաբանութեան ’ի փառս Աստուծոյ»։
       Տաճարի դրան վրայ բոլորակ գմբէթաձեւ ծածկուած է՝ կցեալ ընդ պարիսպն եւ ընդ որմն Տաճարին՝իբրեւ գաւիթ։ Սոյն ծածկին տակ երկու մութ մարմար քարով գերեզմաններ կան. մինը՝ վանքը շինող Գէորգ եպիսկոպոսին եւ միւսն նորին միաբան Գալուստ Վ. ին Պօնճուգեան, որ նոյնպէս Առաջնորդ է եղեր քաղաքին եւ վանիցս։
       Բաւական աղէկ եւ շատ անօթներ ու կահ կարասիներ կան վանքին մէջը, եւ շէնքերը կանոնաւոր շինուած ու աղէկ պահպանուած են։ Գիրքեր ալ ունի, բայց, ըստ ասից բազմաց, աւելի շատ ունեցեր է, եւ տարող տարողի է եղած։ Ինչպէս վարդապետաց սենեակները թափուր էին վարդապետէ, նոյնպէս եւ վարժարանը իր գրասեղաններով ամայի կը կենար՝ մէջը սոխ, սխտոր, եւ այլ չորցընելիք բանջարներ լցուած։
       Դեռ մօտ տարիներս այս վիճակին ինկած է սոյն վանքը, եւ ինչպէս շէնքեր ու պատմողները կը հաստատեն, երբեմն նախանձելի էր եւ բարեաց օրինակ այլոց վանորէից իր ուսումնական վարդապետներով եւ բարեկարգ վարժարանով։
       Վանքի հողերը շատ պտղաբեր չեն. արտերը ամբողջ թափու են. ո՛րը Առաջնորդի անուան, որը միւթէվէլիի մը անուան, բայց քօշանները վանքը կը պահուին։
       Վանքի եկամուտներն են տարեկան՝ աֆիոնէ, թիւթիւնէ, ճէհրիէ, պտղիներէ, քաղաքի մէջ եղած 2 խանութէ, վաճառուած բուրդէ, ուխտաւորաց նուէրներէ եւ այլն, տարեկան 11400 ղրշ. ։ Ասոնցմէ զատ տարին 60 քիլէ ցորեն եւ գարի կ’առնու իր արտերէն եւ պտղիէն, նաեւ մեղր, իւղ, պանիր, եւ այլն, որք վանքին մէջ կը մսխուին։
       Վանքի ծախքերն են՝ մշակաց, հովուաց, տնտեսաց եւ դռնապանին տարեկան վարձքեր եւ զգեստները՝ 10000 ղրշ։ Աղի, եւ այլ ներքին պէտքերու եւ նորոգութեանց՝ 8000 ղրշ. ։ Ջուրի եւ այլն՝ 4500 ղրշ·։ Առաջնորդարանին՝ 1500 ղրշ։ Գումարն է 24000 ղրշ։
       Վանքին պարտքը նախորդ վանահօր Մարտիրոս Վ. ին, որ այժմ ի Ս. Յօհ. Ոսկեբերանն է, 17000 ղրշ., ներկայ վանահայր Մ. Յօհաննէսին՝ 9000 ղրշ. այլ եւ այլ տալիքները 4000 ղրշ. ։
       Վանքէս իբր տասն վայրկեան հեռի է Յունաց Կիքս անուն գեղը եւ փոքր մենաստանը, ուր կայ կառուցեալ սուրբ Աստուածածնի անունով տաճար մը. Յոյն վարդապետ մը կը նստի մէջը։ Ունի քանի մը մշակներ եւ տնտես։