ԳԱՍՄԱՆ
ԵՒ
ԲԵՆԿԱՅ
Յունիս
5։
Տիւրիկէն
կը
մեկնինք։
Անմիջապէս
կ’սկսի
զառ
’ի
վեր,
քարոտ,
նեղ
ուղին,
հազիւ
ձիու
մը
սմբակներ
կրնան
բռնել։
Գահավէժ
է
եւ
վիհերով
սարսափատես։
Ժամէ
մը
կը
հասնինք
Վանք
գեղ
Գըզըլպաշի։
Դարձեալ
ել,
բարձր
ել,
միշտ
ել,
քար
եւ
վախ
շատ։
Կէօլ
դաղին
ենք,
որ
հռչակաւոր
է
եղեռնագործաց
չարիքներով։
Սարսռեցուցիչ
ցուրտ
կ’զգանք.
ձիւներու
վրայէն
կ’անցնինք։
Հովիւք,
գոմք,
հօտք
զարդարած
են
լերանս
արօտաւոր
վայրեր։
Բոլոր
մեր
շուրջ
երեւցած
լեռները
մետաղի
կերպարանք
կը
ցուցնեն.
կ’ըսուէր,
թէ
մագնիսի,
երկաթի,
պղնձի
եւ
արծաթի
հանքերով
լի
են։
Արդարեւ,
տեղ-տեղ
ալ
կը
պատահէինք
բովերու,
որ
երբեմն
բանած
եղեր
են,
իսկ
այժմ
խափանեալ։
Լերան
գագաթէն
ջորեպան
Հիւսէին
կը
ցուցնէ
մեզ
Գասման,
Զմարա
եւ
Բենկայ
մեծամեծ
եւ
գեղեցիկ
գեղեր։
Իրենց
ձիւնապատ
ճակատները
վսեմափառ
տեսլեամբ
մեզ
հանդէպ
կ’ամբառնան
Մնձուր
լերինք,
այն
է՝
Տուժիկ
կամ
Տէրսիմի
մէկ
կտորը,
եւ
վերջապէս
կոյտ-կոյտ
բարձրաբերձ
սարեր
ամենայն
ուրեք,
որ
կը
ներկայացնեն
Տաւրոսը։
Ո՛րչափ
չար
էր
մեր
ելքը,
գրեթէ
նոյն
չափ
չար
էր
էջքը։
Հինգ
ժամէն
իջանք
Գասման
գեղը։
Գասմանայ
դիրքն
ու
շէնքը
խիստ
վայելուչ
եւ
շքեղ
է,
իւր
տները՝
Տիւրիկի
տներէն
աւելի
ձեւաւոր,
ծառազարդ
է
եւ
ջրաւէտ։
Այս
գեղը
հայրենիք
է
Նորատունկեանց
տոհմին։
Յակոբ
էֆէնտիի
անուան
յիշատակարանը
տեսանք
եկեղեցւոյ
դրան
վրայ,
անոր
ծախքով
շինուած
էր,
որոյ
կից
կար
եւ
վարժարանի
մը
շէնք,
բայց
դուռը
փակ։
Գեղիս
բնակիչք
Հայ
են,
քանի
մը
տուն
Թուրք
ալ
կայ։
Կենցաղավարութիւննին
քաղաքացւոց
պէս
է,
թէպէտ
հողագործ
ալ
են,
բայց
ընդհանրապէս
Պօլիս
հացի
փուռեր
ունին,
անոնցմով
է
իրենց
շահ.
եւ
գրեթէ
ամէն
տունէ
մարդ
կայ
Պօլիս։
Իջեւանեցանք
տէր
Գէորգ
քահանայի
տունը,
ուր
երկու
ժամ
հանգչելէն
եւ
գեղը
շրջելէն
զկնի
մեկնեցանք։
Օրը
տարաժամեալ
է։
Կը
շտապինք
Բենկայ
հասնիլ։
Մեր
ուղին
դիւր
է
եւ
զուարճալի։
Ընտիր-ընտիր
արտեր,
ծառեր,
ջրեր
եւ
գեղացին
ու
գեղուհին
տարածեալ
են
դաշտը.
հնձոց
վաստակի
օրերն
են։
Ջորիներ
որայ
կը
կրեն,
կանայք
եւ
աղջիկներ
գարի
կը
քաղեն,
մանուկները
ծառոց
հով
եւ
ջրոց
ափը
հողերու
եւ
խոտերու
վրայ
պառկած
մրջիւններու
բոյները
կը
խառնեն,
որը
կ’երգէ,
որն
ալ
արտուտի
ետեւէն
կը
վազէ։
Թփոց
միջէն
խօսնակ
թռչունք
ներդաշնակ
կը
նուագեն,
խոտհասուկ
ճպուռին
ձայն՝
ճը՛ռ,
ճը՛ռ,
լցուցեր
է
դաշտը,
եւ
երամ-երամ
հաւքեր
ելեւէջ
կ’ընեն
քաղուած
արտերու
մէջը,
արեգակն
իւր
ճառագայթներ
կ’ամփոփէ։
Կը
զրկուիմ
Զմարա
երթալէ,
ուր
շատ
Հայեր
կան
եւ
լաւ
բարեկամներ։
Ահա
կը
մօտինք
Բենկայի
ծառաստանեայց,
ուր
լի
են
բազմախուռն
թթենիք
եւ
այլ
մրգաբեր
տունկեր։
Բեռնաբարձ
ուղտուց
մեծ
կարաւան
մը
Մալաթիա
կ’երթայ։
Կայտառ
պատանեակք
անոյշ
ձայնով
խաղ
կը
կանչեն
ծառոց
մէջ,
հարսունք
եւ
երիտասարդք
երամ-երամ
Բենկայ
կը
դառնան,
գերեզմանատան
կշտէն
զառ
’ի
վայր
կ’իջնանք,
ուր
ընտիր
տապանաքարեր
կան
տաշածոյ։
Ժամը
12
անցեր
էր,
արեւուն
վերջնալոյս
հազիւ
կը
լուսաւորէ
մեր
ուղին,
եւ
ահա
Եփրատայ
ափն
ենք…
Եփրա՜տ,
ո՜
Եփրատ…
Եփրա՜տդ
իմ
Եփրատ…
ո՜վ
իմ
պաշտելի
ջուր…
ուժգին
կը
յուզես
զիս։
Դեռ
կը
բաբախի
սիրտս,
կը
թրթռան
շրթունքս,
կը
դողդողան
մատունքս,
չեմ
կարող
նկարագրել
զքեզ
եւ
’ի
քեզ
զգացածներս…։
Անցանք
կամուրջէն,
քարերու
մէջ,
նեղ-նեղ,
ոլոր-մոլոր,
վեր
ել
փողոցներէն,
եւ
իջեւանեցանք
տէր
Յակոբ
քահանայի
տունը,
ուր
անմիջապէս
մեզ
’ի
տես
եկան
բնակչաց
երեւելիներէն,
ուսեալ
երիտասարդներէն
եւ
վարժապետներ։
Տէր
Յակոբ
դեռ
երիտասարդ,
բայց
ուսեալ
եւ
բարեբարոյ
քահանայ
մ’է։
Ինչպէս
իւր
անունն
էր,
նոյնպէս
եւ
իւր
հիւրասիրութիւնը
հաւասար
նահապետական
էր։
Հետեւեալ
առաւօտը
եկեղեցւոյ
սենեակը
ժողովեցան
Բենկայի
ազգայինները,
որոնք
ամենքն
ալ
գրեթէ
Պօլսոյ
մէջ
ծանօթ
անձինքներ
էին։
Տեսակցութիւնք
եւ
հարց
ու
պատասխանիք
իրենց
ու
մեր
կողմէն
փոխանակուեցան։
Պաշտօնս
լրացնելէն
զկնի՝
երկսեռ
վարժարանը
այցելեցինք,
զորս
գոհ
աչօք
տեսայ,
բայց
դիտեցի,
որ
կրնային
աւելի
լաւ
վիճակի
մը
վերածել։
Կարի
ստիպումներ
ըրին,
ես
ալ
կը
փափաքէի
քանի
մը
օր
հոն
անցունել,
բայց
պաշտօնս
յառաջ
կը
մղէր
զիս։
Բենկայի
դիրքը
խիստ
ամուր
է,
ապաստանարան
մ’է
կամ
ամրոց
մը
փակած
ապառաժներուն,
նեղ
եւ
խոր
կիրճեր
ունի
յայսկոյս
եւ
յայնկոյս,
ուստի
մեծն
Եփրատէս
կծկելով,
սղմուելով
պտուտընթաց
կ’անցնի։
Կամուրջը,
որ
կը
կապէ
դիմացի
դաշտը
գեղին
հետ,
ամէն
երեկոյ
դռներով
կը
փակուի,
եւ
եթէ
թշնամի
ունենան,
կամուրջը
կը
բառնան,
որով
անանցանելի
կը
լինի
գետն,
քանզի
կրնան
միայն
քար
գլորելով
դիակնացնել
եւ
ջրոյն
հոսանաց
տալ
յարձակողները։
Բենկացւոց
մեծն
ու
փոքր
զէնքեր
ունին.
ամէն
սենեակի
մէկ
կողմն
գիրք
շարած
են,
երկու
կողմն՝
զէնքեր,
մէկ
կողմն
ալ՝
փորի
պէտքեր։
Ընտիր
նժոյգներ
ունին,
քաջավարժ
հեծեալներ
են
եւ
արագոտն
գիտեն
վազել
քարեր
ու
լեռները։
Ովաճըգի
կամ
որ
նոյն
է՝
Դէրսիմի
Քրդերը
այս
կողմի
Հայ
ու
Թուրք
գեղացիներէն
տուրքեր
կ’առնուն,
կը
կողոպտեն,
կ’սպաննեն
եւ
այլն։
Միայն
Բենկացիք
իրենց
քաջութեամբ
ոչ
միայն
ազատ
կ’ապրին,
այլ
եւ
կը
սարսափեցնեն
Քրդերը։
Դեռ
Ովաճըգցի
մը
ոտք
կոխած
չէ
Բենկայ։
Թէպէտ
երբեմն-երբեմն
որսի,
ճանապարհի
եւ
դաշտի
մէջ
կը
պատահին
իրարու,
բայց
հաւասար
քաջութեամբ
կը
կշռեն
մէկզմէկ,
եւ
եթէ
դէպ
լինի,
որ
դարանակալութեամբ
Բենկացի
Հայ
մը
կողոպտեն,
կամ
վիրաւորեն,
կամ
սպաննեն
Քրդերը,
քանի
մը
պատիկ
պիտի
տուժեն։
Մէկ
խօսքով՝
Բենկացի
Հայեր
հարուստ,
քաղաքակիրթ
եւ
քաջարի
են,
եւ
եթէ
իրարու
հետ
միութիւն
պահեն,
իրար
սիրեն
ու
յարգեն,
անհամեմատ
են
բոլոր
Հայաստանի
Հայոց
մէջ,
որոց
օրինակ
ալ
կրնան
լինիլ։
Գեղին
ստորոտը
քանի
մը
տուն
Թուրքեր
կը
բնակին՝
զատ,
եւ
կ’ապրին
Հայոց
շնորհիւ։
Թրքաց
թաղը
կ’անուանուի
Ռաբաթ։
Իրօք
Հռաբաթ
եղած
է,
կ’ըսուէր,
գեղիս
հին
անունը,
զոր
Սենեքերիմայ
Բենիկ
իշխանն
նորոգեր,
եւ
անոր
անուամբ
ըսուեր
է
Բենկայ
կամ
Բենկայ
տուն։
Երեք
եկեղեցի
ունին՝
Հրեշտակապետ,
Աստուածածին
եւ
Երեք
մանկունք։
Վարժարան՝
2.
Մեսրոբեան
եւ
Նունեան։
Ուսանող՝
120
մանկունք,
60
աղջկունք։
Գեղի
շուրջն
են
Ս.
Թագաւոր,
Ս.
Նիկողոս,
Ս.
Խաչ,
Ս.
Յակոբ
եւ
Խանակտուր
եկեղեցեաց
աւերակք։
Բենկայ՝
Տիւրիկու
գայմագամութեան,
Սեւաստու
վիլայէթին
վերջինն
է։
Յուլիս
6։
Ժամը
վեցն
էր։
Մեկնեցանք
Բենկայէն։
Քահանայք
եւ
իշխանք
յուղարկաւոր
եղան,
եւ
երկու
նորահաս
առոյգ
երիտասարդք՝
Պօղոս
Մեծատուրեան
եւ
Նազարէթ
Ասլանեան,
տոհմականութեամբ,
կրթութեամբ,
սրտի
բարութեամբ
եւ
արիութեամբ
հաւասար
գերազանց,
թռան
իրենց
կրակոտ
ձիոց
քամակը,
սարասիւք
եւ
զէնքերով
շողշողուն,
հեծեալք
եւ
նժոյգք
մէկ
քան
զմէկ
աշխոյժ։
Ձիոց
վրնջիւններով,
հրազինուց
պայթիւններով
ու
շառաչներով
թռանք
լեռնագլուխը,
կապան
է
մեր
անցքը,
վարը
գահավէժ
ձորեր,
եւ
հեռուանց
Եփրատն
կը
պտըտի,
որոյ
միւս
երեսն
կը
նշմարուի
Արակայ
կամ
Նարեկայ
լեռն,
գեղն,
ու
վանքին
դիրքը։
Ապրանք
կամ
Ապարանք
գեղ
եւ
ուրիշ
գեղեցիկ
գեղեր
Թրքաց
ու
Քրդաց.
սոյն
կողին
վրայ
է
նաեւ
Նարվէր
գեղ
Հայոց,
եւ
այլն։
Մեր
միւս
կողմն
են
Բենկայի
այգեստանք,
եւ
խումբ
մը
աշխատաւորներ
կը
տեսնանք,
որ
նոր
աղբիւրի
մը
ջուրը
գեղը
տանելու
ճամբան
կը
շինեն։
Ասոր
համար
յատուկ
կտակ
ըրած
էր
15000
ղրշ.
հանգուցեալ
Մ.
Պաղտասար
Չայեան,
1000
քօնսօլիտ
ալ
եկեղեցեաց,
500
քօնսօլիտ
վարժարանին
եւ
այլն։
Ժամու
մը
չափ
յառաջացած
էինք,
խնդրեցինք
եւ
օրհնութեամբ
յետս
դարձուցինք
մեր
քաջարի
բարեկամները։
Մեզ
հետ
մնացին
Գէորգ
քաջայաղթ
սպառազէնն
Նիկողոս
սուրհանդակն,
եւ
մեր
ոստիկանն։
Գէորգն
ու
Նիկողոս
կը
պատմեն
Բենկացւոց
եւ
Ովաճըգցւոց
կռիւները։
Հոս
է,
կ’ըսէ
Գէորգ,
ուր
եղբայրս
որսի
ելած
ժամանակ
Քրդերը
դաւով
սպաննեցին։
Քրդերու
բազմութիւն
մը
կարաւանով
կը
պատահին
մեզ։
Մենք
անոնցմէ
եւ
անոնք
մեզմէ
կը
զգուշանանք.
տեղերը
արիւն
կը
հոտին։
Եւ
ահա
ժխոր
մը
տեղի
ունեցաւ,
Քրդերը
մէկանց
բարեւի
կայնեցան,
ամենախոնարհ
յարգանօք
բարեւեցին
մեզ։
Գէորգին
կը
հարցընեն,
թէ՝
Սա՞
է
(զիս
ցոյց
տալով)
Պօլսէն
եկող
քննիչը,
որ
Սեւաստն
էր։
Հասանք
Սօսիք
ըսուած
զուարճալի
տեղը,
ուր
հովեր,
պաղ
աղբիւրներ
եւ
բազմաթիւ
ուռենիներ
կան։
Բենկացւոց
տուարաց
մակաղատեղն
է։
Աւեր
եկեղեցի
մը,
որոյ
որմոց
շուքը
եզները
հանգչած
են։
Քիչ
մը
հանգստացանք
մենք
ալ
եւ
դարձեալ
զառ
’ի
վեր
կը
բարձրանանք.
քա՛ր
եւ
շարունակ
քա՛ր։
Չորս
ժամէն
զկնի
կը
հասնինք
քանի
մը
Թուրք
գեղեր՝
ձորերու
մէջ
զուարճալի
դիրքերով
եւ
ծառաստաններով։
Հարսնիք
կայ։
Հայ-հոռոմի
գեղի
մը
քովէն
անցնելով՝
ձորակ
մը
կը
բացուի
առջեւնիս՝
անդնդային
խորութեամբ։
Պտուտաւոր
եւ
խանգարեալ
է
ուղին,
սանդխտաւոր
եւ
նեղ,
ժայռերով
շրջապատուած։
Ոչ
մարդ
եւ
ոչ
ձի
կրնայ
ուղղաձիգ
կանգնիլ,
ձորակի
խոր
յատակը
քանի
մը
ջաղացներ
կան,
վտակ
մը
կը
հոսի,
եւ
մեծ
ջրոյ
ակն
մի
կայ
սառնորակ։
Դալար
ուռենիք
միակ
զարդ
են
այս
ամայի
վայրին։
Սեպ-սեպ
բարձրացած
են,
կարծես
մինչեւ
երկինք,
լերկ
ու
մոյգ
քարինք։
Տեղ
մը
չկայ
այնքան
զարհուրանք
ազդող
մարդու
մը,
որչափ
հոս,
ուր
արեւն
անգամ
չհամարձակիր
իւր
ճառագայթներ
տարածել։
Դէլիքլի-դաշն
ենք,
կամ
Ծակքար,
որ
կամարաձեւ
դրան
նման
բացուած
է
եւ
այդ
ծակի
միջէն
կ’անցնի
ուղեւորը։
Երկինք
հազիւ
ժապաւէնի
մը
չափ
կը
տեսնուի։
Կ’աճապարենք
փախչիլ
ելնել
այս
անդունդէն՝
ծնկակոտոր
եւ
շնչասպառ
եղած։
Ասոր
գագաթէն
կը
տեսնանք
Հայ-հոռոմոց
Վան
կամ
Վանք
գեղ,
ապա
Ձորակ,
վերջապէս՝
շքեղաշէն
Ակն,
որոյ
ոտից
տակէն
մահեկաձեւ
կը
ձգի
Եփրատէսն՝
ահեղ
եւ
ծանրացասումն
երեսօք։