Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԻՒՄԻՒՇՀԱՆԷ
       Մայիս 12-ին մեկնեցայ Տրապիզոնէն եւ 14-ին հասայ Կիւմիւշհանէ։ Տրապիզոնէն մինչ ’ի Կարին շինուած ճանապարհով կ’երթանք, որ կ’անցնի Զղանայ լեռնէն, անտառոտ, զուարճալի։ Մօտ առ մօտ խաներ շինուած են, եւ անտառներու մէջը սփռուած զառ ի վեր եւ զառ ի վայր Լազերու տները կը զարդարեն ու կը գեղեցկանան։ Շալակաւոր եւ աշխատաւոր կանայք, ծառախիտ ձորեր, ջրոց խոխոչն, թռչնոց դայլայլն եւ Լազ պատանեաց պարկապզուկն ու կայտառ պարերն կանանց եւ աղջկանց երամով, զոր կը կատարեն ’ի գնացս ճանապարհին, զմայլումն կ’առթեն։ Տեղ-տեղ ալ մատուռներ, ձայն զանգակաց, երէցն ու ժիր պառաւունք՝ աղօթից մրմունջներով կը լնուն այդ վայրերը։ Աստ ամենայն ինչ նուագաւոր է. ուղեւորն՝ հետի կամ հեծեալ, կ’երգէ, այծն, ոչխարն, կովն, որ կը սփռին յարօտ, զանգակաւոր են, բեռնակիր էշն, ջորին, ձին ’ի ձայն զանգակաց, զորս կը կրեն իրենց լանջերէն, կողերէն եւ յետուստ ’ի կախ, կ’ընթանան ծանր բեռանց տակ անտրտունջ, պարսիկ չարվադար ն (գրաստապան) հարայը կը կանչէ, այլք գնտակ կ’արձակեն, եւ հրարձակներու որոտալից արձագանքը, ժայռէ ժայռ անդրադարձնելով անդունդն ու անտառը, ահեղ կը թնդացնեն, որոց ձայնէն խուռն ու արագ կը թռին թեւոց բախմամբ երամք զանազան թռչնոց։ Հողմոց շնչմամբ վայրենի ծառոց սաղարթալից գլուխներ, իրար խռնուած, կը ծռին, կը շտկուին ծովու կոհակաց նման, եւ սօսափիւնն կը դաշնակաւորէ միւս բոլոր ձայներն ու եղանակները։ Մերթ ընդ մերթ Մայիսին սիւքը կը մատուցանէ քմացդ զմայլելի անուշահոտութիւն մանուշակին եւ երփն-երփն ծաղկանց՝ ծածկուած ծրարուած պարարտ պրակներուն ծոցը։ Ոտքիդ առջեւ մրջիւններու կարաւանը, կաղնեաց եւ մայրեաց թիկանց վրայ փեթակները եւ մեղուաց ժրավաստակ բիւրք։ Հանգիր առուակի մը եզերք, աղբիւրի մը գլուխ կամ խանի մը դուռն։ Ինչ որ ուզես կը բերէ խանջին , կամ բաց քո խուրջին, ծծէ ըմպելին, ծծէ օդը, զուարճացիր տեսարաններով, վայելէ մայիսի արքունական պերճանքն եւ բնութեան բարիքը, նայէ երկինքը եւ փառք տուր Ստեղծողին։
       Կիւմիւշհանէի ձորը, ուստի կ’անցնի ճանապարհը, թէպէտ տօթագին է ամառը, սակայն ’ի գարնան սքանչելի է՝ զարդարեալ պտղաբեր ծառաստանօք, որոց պտուղները՝ համեղ, խոշոր եւ ազնիւ տեսքով, տարուան ամէն եղանակին մէջ կրնայ գտնել ուղեւորն։ Հռչակաւոր է իւր տանձն ու խնծորը։ Այժմ կը թողունք մեծ ուղին, որ կ’երթայ Բաբերդի միջով ’ի Կարին, եւ կը խոտորինք յաջ։ Քիչ մը զառ ’ի վեր կը բարձրանանք, եւ ահա Կիւմիւշհանէն՝ գոգաւոր եւ մանեկաձեւ դիրքով։ Սակայն տխուր քաղաք մ’է. շատ տներ անբնակ եւ աւերակ լքեալ, իսկ շէն մնացածները կը ցուցնեն, թէ փայլուն օրեր տեսեր է սա, երբ կը հանէր իր հանքերէն արծաթն ու ոսկին, եւ արդիւնաւոր աղբիւր մի էր Օսմ. Պետութեան գանձուն, որոց դադարման հետ դադարած էր գրեթէ ամբողջ կեանքը բնակչաց, որք սակայն մեծ յուսով կը սպասէին, թէ վերստին պիտի սկսուին բովերը, զի քննիչներ կուգային կ’երթային, եւ կը հաստատէին, թէ առատ նիւթ կայ այդ հողին աղիքներու մէջ։ Արդէն կ’իմանամք, թէ գործն սկսուած է։
       Հետաքրքրական էր տեսնել եւ լսել բացուած ու բանուած բովերը։ Դեղնակարմիր գոյնով տնկուած քար մը կը ցուցնեն, զոր կ’անուանեն Ալ չուխայով քար, եւ ամէնք ’ի մի բերան կը հաստատեն, թէ առատ ոսկի կայ այդ քարին տակը։ Ասոր մօտ տեղ մը կը ցուցնեն երկար փլածոյ մը, ուր արծաթ հանելու համար աշխատող յոյներէն քառսուն անձինք փլածին ներքեւ մնացեր մեռեր են, քառսունի անունն ալ Պաւլօ, քառսունին ընտանիք եւ բարեկամք այս աղէտին առթիւ լալով կը լեցնեն քաղաքը՝ կրկնելով «Պաւլօ, Պաւլօ»։ Ո՞վ է այս Պաւլօն եւ ի՞նչ մարդ է եղեր, զոր կ’ողբայ ամբողջ քաղաքը։ Կը պատասխանեն. «Ամէն մէկ իր Պաւլօն կուլայ, քառսունն ալ էին Պաւլօ»։ Ասկէ շինուեր է առածը, թէ. «Ամէն ոք իւր Պաւլօն կուլայ», եւ տեղին կը կոչուի Քըրք Պաւլօ։
       Քաղաքիս բնակիչներէն շատեր ցրուած էին մերձակայ քաղաքները եւ գեղերը, եւ դեռ կը գաղթէին, զի ուրիշ արուեստով եւ առուտուրով չէին կրնար ապրիլ հոն, իսկ մնացելոց տնական եւ եկեղեցական անօթներ ու զարդերը ծանրագին արծաթեայ էին, որք յօրինուած էին առատութեան օրերու մէջ։
       Վայելչաշէն էր Հայոց եկեղեցին, իսկ վարժարան գրեթէ չունէին։ Բնակիչք երեք ազգէ են՝ Թուրք, Հայ եւ Յոյն. առողջ, կայտառ եւ սիրուն են։
       Կէս ժամ հեռի է քաղաքէն Ամենափրկիչ վանքն Հայոց՝ փոքր բայց գեղեցիկ ձորակի մը ծոց։ Իր շրջապատը կը բարձրանան լեռները, յորս թէպէտ կը գտնուին գեղեր, բայց սովորաբար աւազակաց վայրեր են։ Այն վանքը իւր շէնքերով, ծառաստանով, ջրերով, խիստ զուարճալի ու սխրալի է, մանաւանդ սուրբ տաճարն սիրուն եւ վայելուչ շէնք մի է։ Կիւմիւշհանէի Հայ աղաներ կը կառավարէին վանքը, որ ունէր ոչխարներ, դուար, արտեր, կարասիներ, անօթներ, եկեղեցական ընտիր զարդեր։ Երբեմն-երբեմն վարդապետ վանահայրերն եղեր են, բայց չեն շարունակած, յորոց մինն, կը պատմէին, Եօզղատցի հռչակեալ Աբրահամ վարդապետ, որ այդ վերջին օրերը գնացեր էր Պաթում եւ, այն տեղ մեծ տուն մը գնելով, կը նստի եղեր. կեր, արբ եւ ուրախ լեր…։
       Կիւմիւշհանէն Տրապիզոնի թեմ է, եւ Ս. Առաջնորդն աշխարհական փոխանորդ մը ունէր հոն։