Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

       ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՎԱՆՔԵՐ
       1. Մակաբայեցւոց վանք կամ Ս. Առաքեալ. Լճէ աւանէն 3 ժամ հեռի՝ յարեւելեան հարաւ, որ ունի 12 կտոր արտ, 21 քիլէ սերմամուտ, արտերէն 8 հատն ջրարբի են։ Ունի 1 տուն՝ Ագրակ գեղը, 2 ջաղացք, 3 այգի եւ 3 ծառաստան պարտէզ՝ վանքին շուրջ եւ Շամշամ գեղը, եւ 2 կտոր անտառ։ Հողերը թափու եղած են։ Վանքն իր լուծքով եւ մշակներով կը վարէ, կը ցանէ։ Թեմ ունի 15 գեղ, որոցմէ կ’ստանայ տարին 109 քիլէ ցորեն եւ գարի։ Ջաղացքներէն՝ 10 քիլէ։ Այգիներէն՝ գինի 400 լիտր, որ է 2400 հօխա։
       Այս վանքին վանահայրն էր Յովհաննէս Վ. Ատանացի, իսկ այժմ՝ Տիգրանեան Սրբազանն է։
       2. Թրջլոյ վանք, Ս. Թովմաս Առաքեալ, ուր կը նստէր Մխօ անունով աշխարհական Հայ մը՝ իւր ընտանեօք։ Վանքին պարտէզներ եւ այգիներ կը մշակէր, վանքին անունով ժողովք կ’ընէր իբրեւ վանահայր։ Արտեր չունէր այս վանքը։
       3. Այն-ըբրըղ վանք Ս. Թովմայի անուամբ, Հազրոյ աւանին մօտ, ուր երբեմն վարդապետ, երբեմն աշխարհական վանահայր կը դրուի։ Մշակելի արտեր չունի, բայց պարտէզներ եւ այգիներ կան եւ ընտիր ջրոց երկու աւազան, որոց շուրջ զուարճալի օրեր կ’անցունեն քաղաքէն եւ այլ տեղերէ գնացողք, յամարան։ Այն-ըբրըղ կը նշանակէ Պայծառ ակն, բիւրեղեայ ակն ջրոց։
       4. Ս. Դանիէլի վանք Տէրըկի մօտ, որոյ հողային կալուածներ երկար միջոցէ ’ի վեր քրդաց ձեռքն է եւ մաս մը՝ երկու տնուոր Հայոց, որ կը նստին վանքին մէջ։
       Վիճակիս դիրքը մեծաւ մասամբ դաշտային է։ Անմշակ, բայց մշակելոյ յարմար հողեր կը գտնուին, բերրի, այլ ջուր չունին, եւ օդն տօթ է, մասնաւորապէս՝ Ղարբ նահիէն, որ մեծ դաշտին հարաւը կ’իյնայ եւ կը տարածի Խարաջայ ըսուած լերան կողերը եւ ստորոտը, ուր 60 գեղի չափ աւերակներու հետք կան։ Այս հողերէն մասն-մասն Տիգրանակերտի քաղաքացիներէն ոմանք թափու ըրած են, բայց ամենամեծ մասն կը մնայ ասոր-անոր ձեռք՝ առանց թափուի։ Այս լերան ստորոտն ու վրան հազարաւոր քրդեր վրանաբնակ կը շրին։ Լերան մերձակայից օդն ընտիր է, եւ ջուրն է Համրվար վտակն, որ կը հոսի Խարաջայ տաղէն, եւ քաղքին քովերը կը մտնէ Տիգրիսին ծոցը։
       Աւելորդ է կրկնել լեռնային գաւառները, որ կը վերաբերին Սասնոյ եւ Մշոյ լերանց, իսկ անոնց միջով հոսած ջրերն են Ամբար գետ, որ, Հէյնէէն անցնելով, արտեր կ’ոռոգէ, ջաղացքներ կը դարձունէ եւ Պշէրիկէն անդին կը միանայ Տիգրիսին։ Բաթման գետը, որ Սասնոյ Բռնաշէնէն կուգայ Խիանը, անտի կ’երթայ Պշէրիկը եւ Բաթման գեղէն կ’անցնի, ուր կամուրջ մի եւս կայ, եւ Քէօփրիւ գեղին առջեւ կը միանայ Տիգրիսին՝ արտերը ոռոգելէն եւ ջաղացքները դարձնելէն յետոյ։ Խարզանայ կամ Ռընտվանու գետ, որ նոյնպէս արտերը ոռոգելէն եւ ջաղացքները դարձնելէն զկնի, կը թափի ’ի Տիգրիս։ Ամէնէն մեծ ջուրն է Շատ կամ Տիգրիսը, որոյ ծագումն եւ ընթացքը գրեցինք կանխաւ։ Բոլոր այդ ջրերը իրենց մէջ ունին առատ եւ ընտիր ձուկեր։ Քաղաքացիք Շատէն կ’որսան։ Ահա անոնց տեսակներուն ոմանց անունները՝ Շաբօթ, Որըք, Կարմրախայտ, Օձաձուկ, Պահրան, Ճառոյ, Ավրի, Զուլ, Ջըհուտ, որ Մօրուքով ձուկ ալ կ’ըսուի, Խալղան-բուղայ, որ կրիայի ձեւ ունի եւ այլն։
       Տիգրանակերտէն ’ի դարձիս Արմտանները եւ Շապին Գարահիսարի թեմերն եւս շրջած ու գրած եմ մինչեւ ’ի Կիրասոն, բայց ստիպուեալ եմ առ այժմ յետաձգել զայն։