Կարմիր գիրքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿԱՐՄԻՐ ԿԱՐՕՏ
(ՃԱՄԲՈՐԴ)

Ճամբո՜րդ, անցա՞ր դուն այն գիւղէն հեռաւոր,
Որ ժայռերուն սերտիւ կառչած վէս կուրծքին՝
Իր քարուքանդ պարիսպներուն դարաւոր
Կը դիտէ շո՛ւքը ծովուն մէջ տրտմագին.
Ճամբո՜րդ, անցա՞ր դուն այն գիւղէն հեռաւոր ։

Տեսա՞ր սուգի տընակները հին ու ցած,
Որոնց սեմին առջեւ ծերեր կ՚երեւին.
Արիւնաներկ մամռոտ պատերն ալ հինցած՝
Ուր մողէսները կը տաքնան արեւին.
Տեսա՞ր սուգի տընակները հին ու ցած ։

Անցա՜ր վըտիտ արահետէն, բարեկամ,
Որ մարգերուն մէջ կը խաղայ գետին հետ,
Կամուրջներով կ՚ընդհատէ զայն շատ անգամ
Յետոյ հեռո՜ւն կ՚ըլլայ դաշտին մէջ անհետ.
Անցա՞ր վտիտ արահետէն, բարեկամ ։

Ա՜խ, հո՞ն են դեռ այգեստաննե՛րը գիւղին
Ողկոյզներու տակ բեռցուած քաղցրաւէ՜տ
Ու ցորենի անծայր դաշտերը դեղին
Որ ոսկեցո՜լ կը ծփային ալեւէտ.
Ճամբո՜րդ, տեսա՞ր այգեստանները գիւղին ։

Ու նայեցա՞ր ապառաժին բարձունքէն,
Գիշեր ատեն երբ սիւքը մեղմ կը փչէ
Ու ծովափին վրայ ալեակնե՛րը կ՚երգեն,
Երբ աւերակ գիւղն իր մա՛հը կը ննջէ
Նայեցա՞ր դուն ապառաժին բարձունքէն ։

Լուսնակ լոյսով գերեզմաննոցն ալ տեսա՞ր,
Որ ժայռերուն հանդարտ կողքին կը փարի.
Բլրակներու ներքեւ գետնին հաւասար՝
Կը ննջեն մեր նահատակնե՛րը բարի
Լուսնակ լոյսով գերեզմաննոցն ալ տեսա՞ր ։

Տարիներո՜վ կարօտն ունիմ սիրագին
Այդ հողերուն, աղբիւրներուն մեղմ հոսան
Այգիներուն, գերեզմանին, լուսնակին,
Ու ժայռերուն որ իմ ծընի՛լըս տեսան
Անոնց կարմիր կարօտն ունիմ ախտագին ։

Ճամբո՜րդ, անցա՞ր դուն այն գիւղէն հեռաւոր ։

10 Օգոստոս 1908