Հայապատում

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

41. ԵԶՆԱԿ ԵՐԷՑ 

Թուղթ մի բան է գրուածն անուն Եզնկանն երիցու նիւթն այլ կ՚իմացուի այսու խորագրովս, «Նշանագիր կարգաց բանից, թէ ուստի էին կամ՝ որպէս զիարդ՝ յաջորդութիւնք թագաւորացն Տրդատայ եւ քահանայապետիցն, ի Սրբոյն Գրիգորէ՝ որ կացին մինչեւ առ մեզ. վարումն՝ փոքր ի շատէ դրոշմեալ, վասն գիտութեան ի վերայ հասանելոյ». Թուի մեծ բան մի խոստանալ, այլ համառօտ յիշատակ է Տրդատայ յաջորդաց մինչեւ  ցԱրտաշէս վերջին, զոմանս այլ դուրս թողլով, նոյնպէս եւ ի կաթուղիկոսացն՝ մինչեւ ի Ս. Սահակ, որոյ Հռիփսիմեանց եկեղեցին նորոգելը յիշելով՝ կ՚անցնի գրեթե երկու դար վերջը Կոմիտաս կաթուղիկոսի զնոյն եկեղեցին նորէն լինելուն, անոր եւ Ս. Սահակայ միջոցի կաթուղիկոսները բնաւ չյիշելով: Իսկ քաղաքական վարչութեամբ այլ Հայոց երկու բաժին ըլլալը յիշէ՝ ի Յոյնս եւ ի Պարսս, յորոց «Մարզպանք Պարսիկք կալան (զաշխարհս Հայոց) մինչեւ առ մեզ», - ըսէ անորոշ ժամանակաւ: ԹԷ խորագրին եւ թէ հետեւեալ բանից շարադրութիւնն մութ կետ եւ հնութեան տիպ ունի. այնպէս որ հաւանական կարծեցինք թէ առաջին դասու Եզնըկան կողբացւոյ ըլլայ գրուածս, եւ երկրորդէ մի կցուած Կոմիտասայ կաթուղիկոսի նոր շինութեանց դէպքն, Է. դարու առաջին քառորդին. մանաւանդ որ այս յիշատակէն եւ Պարսից Բ Խոսրովու քսանեւիններորդ տարւոյն թուականէն [1]. անմիջապէս վերջը կցուած է, նմանապէս մթին, այս  վերջին տողս. «Եղիցի յիշատակ Եզնակն ( Եզնկան) ի թարգմանել Գիրս զայս»։ Եւ զի այս Յիշատակարանս Ագաթանգեղի հնկեկ օրինակի մի (Բարիզու գրատան վերջը գրուած է, կրկին կարծել տուաւ թէ նշանաւոր Հին Եզնիկն ըլլայ Ագաթանգեղի թարգմանողն եւ այս որ եւ է յիշատակը գրողն. որոյ վերջն աւելցուցած յիշատակն է. դարու, կըրնայ համանուն Եզնակ երիցու մի ըլլալ։ Տես ինչ որ ըսինք ի յիշատակի ծանօթ Եզնըկան թարգմանչի։

42. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔՈՐԵՊԻՍԿՈՊՈՍ 

Եօթներորդ դարու երկրորդ կիսում՝, երեւի Արծրունեաց երկրին, Վանայ կողմերու մեծ աւանի կամ վանքի մի առաջնորդ. յոմանց պարզապէս Քահանայ կոչուած, այլ ի վերնագրի գրուածքին՝ Քորեպիսկոպոս, գրուածն՝ իբր երկու թուղթ պատմութիւն «Վասն որ ի Վարագ (լերին) երեւեցաւ սուրբ Նշանն է, այսինքն լուսեղէն խաչի կամ խաչից երեւիլն Թոդկայ, Վարագայ վանից առաջնորդին, Վարդ պատրիկի իշխանութեան ժամանակ [2] ։ Որոյ յիշատակն տարեկան տօն կարգեցաւ եւ տօնուի  յեկեղեցիս մեր։ Այս երեւումնը եւ համբաւն, Վարդայ եւ բազմութեան ժողովրդոց գալն եւ եկեղեցական եւ աշխարհական հանդէսներ կատարելն եւ խաչից երեւցած տեղերում մատրանք լինութիւնը, պատմէ հեղինակն՝ իր դարուն վայելուչ լեզուով, որով եւ փափագել տայ աւելի երկար գրած ըլլալուն։

Իրմէ իբր երկու դար վերջը՝ Տաճատ Վարագացին այս գրուածին յարեր է Թոդկայ նախորդ եւ յաջորդ վանահարց յիշատակը։

43. ՄՈՎՍԷՍ ՊԱՏՄԱԳԻՐ

Յովհաննու Քորեպիսկոպոսի գրածին նման, քիչ  այլ համառօտ՝ նոյն Պատմութիւնն գտնուի՝ վերնագրաւս «Յաղագս Սրբոյ Նշանին որ ի Վարագ լերին, Մովսիսի Պատմագրի ասացեալ»: Հեղինէի ձեռքով յԵրուսաղէմ, գտնուած Ս. Խաչի Պատմութիւն մ՚այլ կ՚ընծայուի Մովսիսի, զոր Խորենացւոյ նորացընողը՝ կրնան իրեն համարիլ. բայց այս Վարագայ պատմութեան ոճն թէ եւ հնկեկ, բայց քան զՔորեպիսկոպոսին նորագոյն երեւի եւ աննման մեր քերթողաբօր ոճոյն։ Ասկէ առնուն եւ  Յայսմաւուրք, եւ երկու խաչգիւտներն այլ միացնելով՝ պատմեն ի 26 Փեբրուարի, Ի Մեհեկանի։

Այս խաչի յիշատակաց յարմար տեղ է յիշել եւ զՀացունեաց խաչի Պատմութիւնն, որոյ եւ ժամանակն մօտ եւ քիչ առաջ է. ասոր էութեան եւ գրութեան ճաշակն այլ ընթերցողը գտնեն ի 183 Յօդուածի յ՚Բ Մասին Հայապատումիս, եւ դատել հնութիւնը։ Վարագայ վրայք գրուածքն այլ տես ի Յօդուածս 189, 190։ 

44. ՄՈՎՍԷՍ ԿԱՂԱՆԿԱՏՈՒԱՑԻ 

Պատմչաց ցանկերու մէջ յիշուած՝ բայց շատ դարեր անծանօթ մնացած, հազիւ ասկէ կէս դար  առաջ երեւան ելաւ Մովսես Կաղանկատուացին, եւ յարգը ճանչցուեցաւ, քիչ ծանօթ տեղեաց եւ  իրանց կարեւոր ծանօթութիւններ տալուն համար, որով եւ ոչ միայն կրկին անգամ տպագրեցաւ, այլ եւ թարգմանեցաւ ի ռուս ի Քերովբե Պատկանեանէ ի 1861 ամի, եւ ի փռանկ լեզու՝ յԵւգինէոս Պօրէ եւ ի Պրոսէ հայագիտաց՝ աւելի կամ պակաս լրութեամբ։ 

Իր անձին կամ ժամանակին վրայ տարակոյս կայ. ոմանք Է. դարու մատենագիր ըլլալն ընդունին, ոմանք Ժ. դարու։ Երկուքն այլ մէկմէկ կերպով կրնան ստոյգ համարուիլ. զի երկու հեղինակաց, այսինքն երկու Մովսիսից, երեւի գործն, բաժանուած յերիս Գիրս։ Առաջին երկուքն շարաբանութեան ոճով եւ լեզուաւ՝ հնութիւն եւ ընտրութիւն ցուցընեն, եւ հեղինակն Հոնաց ասպատակութեան պատմութեան մէջ. Է. դարու, անոնց գնացող դեսպանաց մէջ իւր ներկայ ըլլալն եւ ականատեսօրէն գրելն՝ հաւաստէ։ Տեղ մ՚ալ յիշելով զԿաղանկատուք գիւղն կամ՝ աւան՝ Ուտի գաւառին մէջ, յայտնէ զհայրենիսն, որով յիշողքն՝ կամ նոյնպէս Կաղանկատուացի կոչեն զնա, կամ Աղուանեցի, իբրեւ պատմիչ Աղուանից։ Սակայն ոչ Ասողիկ ի վերջ կոյս Ժ. դարու, կամ ի սկիզբն ԺԱ–ին, եւ ոչ ուրիշ մի յառաջ քան զԺԲ. դար յիշեն զնա։ Առաջին յիշողն է ԺԲ. դարու վերջերին՝ Մխիթար Անեցի, որ յետ Սեբիոսի եւ յառաջ քան զՇապուհ եւ զՅովհան կաթուղիկոս դասէ զնա։ Գրեթէ նոյնպէս եւ Մխիթար Այրիվանեցի, սակայն ի ժամանակագրական ցուցակն՝ ընդ մէջ ՆԼ եւ ՆԾ թուականաց (980–1000) կարգէ։ Իրմէ վերջիններն այլ՝ Կիրակոս եւ այլն, նոյնպէս ետ Յովհաննէս կաթուղիկոսի կը դնեն։

Ասոնցմէ աւելի նշանաւորն եւ գրեթէ տեղակից եւ հնագոյն, գիտնական վարդապետն Մխիթար Գոշ, չի ճանչնար Մովսես Կաղանկատուացի, այլ Մովսես Դասխուրանեցի, եւ վկայէ թէ նա, «Որ զբովանդակ գրէ (զՊատմութիւն) տանս Աղուանից»։ Այս բովանդակն ըստ այժմու ծանօթ եւ տպագրեալ գործոյն՝ արդարեւ ոչ միայն Ժ. դարու վերջերը հասնի, այլ եւ նոյն ինքն Գոշն՝ այն պատմութեան դադրած տեղէն սկսի շարունակել նոյն Աղուանից երկրի տիրողաց եւ կաթուղիկոսաց յիշատակը՝ քանի մի թուղթ բանիւ, զի գրածն չէ հասած մեզ ամբողջ, որպէս յիշուի իր կարգին։ Իր արժանաւոր աշակերտն եւ Կիրակոսի վարժապետն՝ Վանական վարդապետ, որ եւ նոյնպէս հայրենակից կրնայ ըսուիլ, իր պատմական համառօտ գիտելեաց մէջ հարցընէ թէ ո՞վ է «Աղուանից պատմագիր», եւ պատասխանէ, «Մովսէս. եւ գեղէն (անուն)՝ Դասխորէն»։ Դարձեալ, Գոշն՝ ըստ վերոյգրելոյս՝ մինչեւ ի կէս Ժ. դարու այս Մովսիսէն առնըլով իր համառօտածը, կ՚ըսէ. «Յայն ժամանակէ մինչեւ ցայժմ՝ ոչ ոք գրեաց»

Արդ, զի անհաւանական է որ Կաղանկատուք եւ Դասխորէն նոյն եւ մի տեղն ըլլան, ապա երկուքն այլ զատ համանուն անձինք եղած են, որ է ըսել երկու Մովսէսք կան։ Իսկ թէ ինչպէս մեր երկու հմուտ վարդապետքն (Գոշ եւ Վանական) չեն, յիշեր զԿաղանկատուացի, չեմ կարող ուրիշ կերպ մեկնել կամ կարծել, բայց եթէ կաղանկատուացին յատուկ իր ժամանակի Է. դարու նշանաւոր դիպուածները գրած է, որ է Հոնաց արշաւանքն, մանաւանդ ի կողմանս Աղուանից, եւ նոցա հաւատալն ի Քրիստոս, իսկ Դասխորանեցին «Զբովանդական գրէ», ինչպէս կ՚ըսէ Գոշ. այսինքն՝ իրմէ առթինին գրածը խառնել է իրենին։ Թողում մեր արդի բանասիրաց ընտրել եւ ընդունել զլաւն եւ զստոյգ։

Աղուանեցւոյն Ա. Գիրքն՝ Հայոց ծանօթ պատմութեան համառօտութիւն մի ըլլալով՝ չունի մեծ յարգ մի. եւ ոչ Գ Գիրքն, թէ եւ սա Աղուանից Ը. –Ժ. դարուց իշխանաց եւ քանի մի դիպուածոց վրայ ունի պիտանի տեղեկութիւններ։ Պատուական եւ հետաքննականն է միջինն, ուր յիշեալ  Հոնաց եւ նմանեաց բարքն եւ կրօնքն նկարագրուի, որպէս տեսնուի եւ ի մեր Բ Մասին, քաղած Յօդուածս 90, 182. 184–7. 194։ 

Կարեւոր են եւ Արաբացւոց աշխարհակալութեան առաջին դարուն դէպքն՝ մեր եւ մեր դրացի երկիրներուն նկատմամբ։ Այդ ժամանակի պատմագրութեան ոճն եւ շարադրութիւնն այլ վայելուչ է, եւ ոչ սակաւ բառ ընծայէ մեր հարուստ լեզուին։ 

45. ԱՆԱՍՏԱՍ 

Համառօտ յիջատակ մի թողած է սա, բայց չի շատակուած ին շատ Հետաքննական ըլլալուն հս մար, արժան դատիմ՝ ի չարս պատմըչաց դասել: Հաւանելով եւս թ է ոչ միայն այս վանորէից չոր ցանկը գրած ըլլայ՝ «ի խնդրոյ իշխանին Համազասպայ կամսարականի Պահլաւունւոյ», այլ եւ չափաւոր տեղեկութիւն մի նշանակած այն եօթանասուն վանորէից Հայոց ի (Պաղեստին, որով կարենար գողանալ խնդրողն, «Որ կամէր գնալ յԵրուսաղէմ՝, որ եւ գնաց իսկ... եւ ի Հայրապետացն Երուսաղեմի թափեաց զՀայոց վանորայսն»։ Իբրեւ Հեռաւոր աշխարհի մէջ մեր նախնի Հարց եւ իշխանաց բարեպաշտութեան եւ  առատաձեռնութեան յիշատակարանը՝ անշուշտ ախորժելով կարդացուին վանորէիցս եւ շինողաց անուանքն, միանգամայն եւ տրտմութեամբ, ոչ միայն  հիմայ անոնց ջնջուած ըլլալուն համար, այլ եւ տեղեացն անյայտութեան, իսկ մեզ եթէ զանոնք գտնելն անկարելի է, ոչ սակաւ եւ դժուար է շինողներն այլ ճանչնալ եւ ճանչցընել։ Քանի մի տարի առաջ (տ 1896) եւ խնդրոյ L'Orient Latin հաւաքմանց փռանկ հրատարակողին՝ Անաստասայ գրածը  թարգմանեցինք եւ հրատարակեցինք ի վանս մեր (փոքրիկ թերթով, որոյ հետ նաեւ ազգային Նիկողայոս Ագքիրմանի եպիսկոպոսի մի՝ U. Տեղեաց Երուսաղեմի եւ շրջակայից ցուցակ մի, 1483ին գրուած։ Տես զՅօդուած -188, Բ Մասին։

46. ՍՈՂՈՄՈՆ, ՀԱՅՐ ՄԱՔԵՆԱՑՈՑ ՎԱՆԱՑ [3] 

Սեւանայ ծովուն հարա–արեւելեան ափանց մօտ՝ շատ նշանաւոր աւերակացեալ տեղեաց հետ՝ դեռ ճանչցուի այն կողմանց վանորէից գլխաւորն, որոյ միանձունք ոչխարի մորթէ զգեստ հագնել նուն համար՝ վանքը կոչուեր է Մաքենեաց կամ՝ Մաքենոցաց [4] ։ Որոյ սրբակաց միանգամայն եւ գիտնական անձանց գերագոյնն եղած է Հայրն Սողոմոն, Ը. դարու առաջին կիսում, եւ իր գերազանցութեանն համար, միանգամայն եւ իրմէ քիչ մի, վերջ ուրիշ Սողոմոնէ մի զանազանելու համար, սա ոչ միայն առաջին կոչուի, այլ եւ Հարանց Հայր, եւ շատ արժանաւոր աշակերտներ ունեցեր է, որոց գլխաւոր կրնամք համարիլ զՍտեփանոս Սիւնեաց եպիսկոպոսն եւ հռչակեալ իմաստասէրն, այլ եւ տարօրինակ նահատակեալն։ 

Այդ հիմայ անծանօթացեալ եւ ի հնումն այլ միայնացեալ վանաց մէջ, Սողոմոն անմահ յիշատակաց արժանի գործ մի ընծայած է մեր դպրութեան եւ եկեղեցւոյ. Տօնական գիրքն, ուր հաւաքած է թէ ազգային եւ թէ օտարազգի Սրբոց վարք. «Վսեմական արտադրութիւնս Հոգեպատումն ճառից Պատմութեանց». ինչպէս կ՚ըսէ խրթին շարադրութեամբ յառաջաբան գրողն։ Ութերորդ դարուն առաջին տարիներուն, (իբր 704–10), սկսած կ՚երեւի այս գործս, եւ աւարտած իբր 747 կամ՝  750 տարւոյն. յոր՝ յայտ է թէ յետինք աւելցուցեր են նոր Սրբոց մանաւանդ վկայից, կամ՝ նոր գտնուած Պատմութիւններ։ Որպէս է եւ հռչակաւոր մեծաքանակ Ճառընտիրն Առաքելոց վանաց Մշոյ, որոյ յառաջաբանն կ՚ըսէ «Զորս ի մի կանոն կարգադրութեամբ ժողովեալ առն Աստուծոյ Սողոմովն Մաքենոցաց ուխտին առաջնորդ, ի գաւառն Գեղարքունի», եւ այլն։ Թէ եւ յատուկ Հայոց պատմութեան չի վերաբերիր գործն, այլ ունի եւ Հայ Սրբոց պատմութիւններ, եւ հեղինակն կամ հաւաքողն արժանաւոր է քան զշատ յատուկ պատմողս՝ Պատմիչ կոչուելու։

Տօնականէն զատ ուրիշ պատմական յիշատակներ այլ գրած է Սողոմոն. որպէս Վրաց եւ Հայոց կրօնական վիճից եւ բաժանմանց դէպքն, ըստ վկայութեան Ստեփանոսի Օրպելեան (ԻԵ). «Որպէս ուսայ ի Սրբոյն Սողոմոնէ Մաքենոցաց առաջնորդի Թղթոյն, որ կարգեալ է յԱղուանից Պատմութիւնն, ի միջին հատորն»։ Արդարեւ ի միջինն, որ է Բ Հատոր Աղուանից պատմչին, ի ԽԷ գլուխն, գոյ համառօտ յիշատակ մի այդ Վրաց եւ Հայոց խնդրոյն, բայց ոչ Սողոմոնի անուն կայ եւ ոչ անոր արժանաւոր ոճով կամ բաւական գիտելիք բան մի թերեւս Օրպելեանի ունեցած օրինակին մէջ գտնուէր։

47. ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԱԲՐԱՀԱՄ 

Այս երկու անուամբ այլ կոչուէր Վասպուրականի Արծկէ քաղաքի Երաշխաւոր անուանեալ Վանաց առաջնորդն, որ ընդունեցաւ զՎահան Գողթնացի, երբ սա իբրեւ ուխտաւոր եւ ապաշխարող այդ եւ այդոր նման վանքերու այցելութիւն կ՚ը նէր, կ՚աղօթէր եւ աղօթք խնդրէր իր չգիտութեամբ ըրած մեղաց (ուրացութեան) գիտութեամբ թողութիւն խնդրելու։ Յետ նորա նահատակութեանն, Արտաւազդ գնաց յԱսորիս ի Ռուծափ Սրբոյն նահատակութեան եւ թաղման տեղին, ուր Յունաց կրօնաւորներէն խնդրեց առաւ անոր վկայաբանութիւնն յունարէն, եւ եկաւ յՈւռհա, թարգմանել տուաւ, ապա դառնալով ի Հայս իր վանքը, կամ՝ ինքնին կամ ուրիշ ճարտարի մի ձեռօք գրեց Վահանայ վկայաբանութիւնը, նախակարգելով այնպիսի այրած սրտի գորովաշարժ ողբախառն բան մի, այն ժամանակ զՀայս՝ իրենց եկեղեցւոյն մէջ հրակիզողաց եւ հրկիզելոց վրայ, որ  այդ միայն բաւական էր զգրողն անմոռանալի կարգելու մեր որ եւ է չափով Պատմչաց եւ գրչաց մէջ։

Աւելի կամ պակաս երկարութեամբ գրուած գտնուի այս գործս էին Ճառընտրաց մէջ, եւ տպագրութեամբ հրատարակուած է յամի 1854, ի վանս մեր, ի շարս Սոփերաց (Հտր. ԺԳ)։ Ասողիկ յիշելով Գողթնացւոյն նահատակութիւնն ի թուին ՃՁԶ, (737), յիշէ եւ զայս գրութիւն. «Որպէս ուսուցանէ որ վասն Նորայն ասի Պատմութիւն»։ 

Այս գրուածէն կ՚ընծայուին, յ՚Բ մասին Հայապատումիս, Յօդուածքն 199. 202։ Վահանայ հայրենասիրութեան փափուկ բացատրութիւնն, եւ նահատակութեան հանդիսին հետ անկարելի է չյիշել եւ իրեն նուիրուած եկեղեցւոյ եղերերգն, շարականն, զոր՝ ըստ աւանդութեան՝ իր քոյրն կամ՝ իր նորապսակ սրտակից ամուսինն երգած է։ Ոչ միայն այն ցաւալի ժամանակներում է հարկէ ցաւազգած սրտեր ունէին մեր դժբաղդ նախահարք եւ նախամարք, այլ եւ այնպիսի ցաւեր բացատրելու սուր եւ հուր լեզու. եթէ բաւական են սոքա՝ իրենց երկրին եւ սրտին կրակները զովացընելու, թող թէ մարելու։

48. ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑ. 49. ՂԵՒՈՆԴ ԱՌԵՔԵԼՈՑ ՊԱՏՄԻՉ 

Յետ Սեբիոսի, Կաղանկատուացւոյն եւ ասոնցմէ վերջը յիշուածներէն՝ նշանաւոր պատմիչ է Ը. դարում Ղեւոնդ, որ սոսկ քահանայական աստիճանին համար Երէց մականուանի, թէպէտ եւ ձեռագրաց Ցանկի մի մէջ կոչուած է եւս Եպիսկոպոս, բայց ոչ միայն այս կոչմանց զանազանութեամբ, այլ եւ յանուն Ղեւոնդի, յիշուած պատմական բանից՝ որք չեն գտնուիր հիմայ մեզի ծանօթ պատմութեանը մէջ, կարծուի որ երկու համանուն Ղեւոնդ պատմիչք եղած ըլլան։ Ի հակառակէն, որովհետեւ այդ պատմագրութեան սկիզբն պակաս է, ոչ յառաջանան կայ եւ ոչ Արաբացւոց կամ՝ խալիֆայից եւ անոնց օրինադրին ծագման եւ գործոց յիշատակն կայ, որ հարկ էր ըլլալ, վասն զի ինչպէս Կիրակոս իմացընէ՝ անոր գրածն էր «Պատմութիւն որ զինչ գործեցին... եւ աթոռակալք նորա», եւ այդ պատմութեան վերնագիրն է՝ «Ղեւոնդ վասն Ժամանակագրաց տանս Թորգոմայ», այս ամէն բան երեւցընեն, թէ հիմայ գտնուած (քիչ) օրինակք Պատմութեանն պակասաւորք են, եւ թերեւս կամաւ զգուշութեամբ եւ վախով՝ դուրս ձգուած է պատմութեան սկիզբն, գուցէ եւ տեղ տեղ։ Օրպելեան Հայոց նախարարաց դասակարգութիւնը յիշելով (ԼԷ), կ՚ըսէ. «Զայս այսպէս ի Գահնամակի իշխանացն Հայոց, զոր Ղեւոնդ գրեաց, եւ սակաւ մի ցուցանէ Ագաթանգեղին եւ Ներսիսին [5] ». երկու կարծեաց այլ փաստ կրնայ տալ թէ ծանօթ Պատմութենէն դուրս մնալուն, եւ թէ այդ յիշատակը (որ կասկածելի բան մի չէր) ուրիշ Ղեւոնդի գրած ըլլալուն։

Արդ, որպէս եւ ըլլայ, մեր այժմու ունեցած Ղեւոնդի պատմագրութիւնն ամբողջ չէ, որով չեմք կրնար մենք այլ ամբողջապէս դատել իր արժէքը. սակայն հաւանիմք որ արժանաւոր գործ մի եղած  է, եւ յետ Սեբիոսի, ինչպէս նախ ըսինք, եւ աւելի եւս քան զնա, կարեւոր նիւթ մի ընտրած է պատմագրելու, եւ ըստ այսմ կրնար մեր ամենէն նշանաւոր Պատմըչաց կարգն անցնիլ, մանաւանդ եթէ ոչ միայն ակնարկեալ մասերն եւս գտնուէին, այլ եւ պատմագրութեան վախճանին վերոյիշեալ գրուածը, «կատարեցաւ Պատմութիւն Ղեւոնդի վասն Ժամանակագրաց տանս Թորգոմայ, ի հրամանէ Շապհոյ Բագրատունւոյ», ընդարձակ իմանայինք. իբր թէ ըստ օրինակի Կաղանկատացւոյն եւ այլոց՝ Հայոց առաջին դարերու պատմութիւնն այլ ժամանակագրօրէն համառօտ գրած ըլլայ, եւ անոնց յարած՝ իր եւ իր մօտ ժամանակին դիպուածները, որոց գլխաւորն է Արաբացւոց տիրելն եւ յաջորդաբար գործելն ի Հայս, անկէ դուրս այլ Բիւզանդացւոց հետ ունեցած վերաբերութիւնն, եւ նաեւ կրօնական երկար Թուղթ մի կայսեր՝ գրած առ ամիրապետն Օմար, որ գրոց երրորդ մասը գրաւէ եւ եթէ ստոյգ եւ թէ ոչ՝ Ղեւոնդի բաւական երկարօրէն գրելը յայտնէ։

Իսկ ինչ որ իբր երկու դարու միջոց Արաբացւոց  երբեմն խիստ երբեմն կակուղ տիրապետութեան ատեն՝ Հայոց վրայ գրէ, շատ մանրապատում չէ, բայց միշտ յարգի։ Թէ եւ չունենայ տիրաբար եւ վսեմական ոճ մի, եւ ոչ ամէն անգամ դիպուածները որոշ թուականաւ յիշէ, բայց դարձեալ խոհական կերպ մի ցուցընէ, եւ բաւական յստակ շարագրութեամբ, ընդ մէջ Ե. Զ. դարուց նուրբ ճաշակով գրողաց եւ ընդ մէջ Ժ. դարու չափազանց ճոխաբանից, ինչպէս Յովհաննէս Զ կաթուղիկոսն։ 

Վերոյիշեալ վերջաբանն յայտնէ որ Ղեւոնդ իր - ժամանակի Բագրատունեաց մեծ իշխանի մի (Շապհոյ) հրամանաւ կամ խնդրով գրեր է իր Պատմութիւնը։ Յայտ է, որ այդ Շապուհ՝ գրեթէ դար մի առաջ է քան զհամանուն Պատմիչն։ Ղեւոնդի գրածն հասնի մինչեւ 788 թուական Փրկչին, ի կաթուղիկոսութեան Ստեփանոսի Ա, որ եւ այս թուականով վերջանայ։ 

Ղեւոնդի պատմագրութենէն ընտրած ենք 198, 203–6 Յօդուածներն յ՚Բ Մասին։

Արաբացւոց գործոց նկատմամբ անտարակոյս հետաքննելի պիտի ըլլար Եւրոպացւոց` Ղեւոնդի պատմագրութիւնն. զոր լաւ գիտնալով Շահնազարեան կարապետ Վդ., որ անոնց մէջ բնակէր ի Բարիզ, յառաջ քան զհայերէն բնագիրը հրատարակելն 1859), փռանկերէն թարգմանելով տպագրեց հօն, 1856 [6] ). յետոյ 1862) Պատկանեանն ռուսերէն ի Բեդրսպուրկ։ 

Վերադառնալով ի խնդիր՝ մի կամ՝ աւելի Ղեւոնդ պատմիչ լինելուն, շատ անակնկալ քննաշարժ յիշատակ մի գտնեմք (լիցէ թէ ստոյգ ըլլար), փռանկերէն Ընդհանրական Մատենագրութեան ( Biographie Universelle) գրքին մէջ։ Ըստ այսոր, ի սկիզբն կոյս Զ. դարու՝ Ղեւոնդ կաթողիկոս, ուրիշ  գործերի զատ՝ գրած ըլլայ եւ զՊատմութիւն քարո զութեան Առաքելոց ի Հայս։ Այս Ղեւոնդ կաթուղիկոս, եթէ եղած է, այն Զ. դարուն առաջին քա ռորդին շփոթ ժամանակին՝ իբրեւ 525 թուականին միայն կեցած՝ հազիւ յիշուի, եւ շատ գաւազանագրաց անծանօթ է։ Բայց թէ ոչ անուանն եւ ժամանակին՝ այլ գործոյն հաւաստիք գտնեմք Նոր Ջուղայի Ձեռագրաց հնկեկ ցանկի մի մէջ, յորում նշանակի Առաքելոց Պատմութիւն որ ի Հայս կատարեցան։— Ամէն ընթերցող այս կարճ յիշատակիս՝ վկայէ ինքնին թէ որքան թանկ եւ ցանկալի գործ պիտի ըլլար գայ, եւ թերեւս Ճառընտրաց մէջ հիմայ գտնուած քանի մի Առաքելոց պատմութիւնք, ինչպէս Բարդողիմեայ, Թադէոսի եւ այլն, ըլլան այդ Պատմութիւնը Գրողին կամ հաւաքողին, եւ դա ըլլայ այն Ղեւոնդն, կաթուղիկոսական աթոռոյն վրայ յանկարծ երեւեալ եւ յանկարծ աներեւութացեալն։ Եթէ արժան է քննութեան այս գրգռիչ ծանօթութիւնս, յիշուի մեր վերոյիշեալն՝ թէ ցանկի մի մէջ գրուի՝ Ղեւոնդ Եպիսկոպոս Պատմիչ։

50. ՄԱՇՏՈՑ ԿԱԹՈՒՂԻԿՈՍ 

Իններորդ դարուն վերջերը մեծ համբաւ ստացաւ սա, հայրենեօք. Եղիվարդ գիւղէ Արագածոտն գաւառի, թէ վարուց սրբութեամբ եւ թէ գիտութեամբ, եւ գովութեամբ յիշուի, որոյ համար եւ արժանացաւ կաթուղիկոսական աթոռոյ, թէ եւ քանի մի ամսէն մահն վրայ հասաւ։ Ստեփանոս Օրպելեանի մէկ խօսքն (ԼԴ) Թանահտի վանաց միաբան նից համար, թէ «Զայս ծանոյց մեզ Պատմութիւն երանելւոյն Մաշտոցի որ ի Սեւան», երեւցընէ թէ պատմական մի գրած էր, որ հիմայ չի գտնուիը. նոյնպէս եւ գրած է Թուղթեր առ Գէորգ կաթուղիկոս, եւ առ այլս։ Իր ատեն հանդիպած Դունայ մայրաքաղաքի մեծ շարժի եւ կործանման համար գրած ողբն եւ մխիթարութիւնը` իր աշակերտն Յովհաննէս կաթուղիկոս իր պատմագրութեան մէջ պակած է։

Կարծած են ոմանք թէ մեր ծանօթ Մաշտոց գրոց կարգաւորութիւնն ըրած է սա, եւ իր անուամբ կոչուած է այդ կարեւոր գիրքն, սակայն շփոթուի  մեծին Մեսրովբայ Մաշտոցի հետ. թէ եւ անհաւանական չէ որ այս Սեւանեցին այլ ձեռք մի տուած ըլլայ այն կարգաց. որովհետեւ ընդարձակ կամ Մայր մաշտոց գրոց ոմանց վերջը գրուած կայ իր վարքն այլ, իր մէկ աշակերտէն Ստեփանոս անուամբ. քանի մի թուղթ բան, յամին 896–7. երբ Մաշտոց վաթսունեւվեց տարուան էր, եւ քանի մի ամիս վերջն ընտրեցաւ կաթուղիկոս, եւ յետ եօթն ամսոց այլ վախճանեցաւ։ Իր մէկ մեծ արդիւնական գործն է Սեւան կղզւոյ Գեղարքունեաց ծովակին մէջ՝ քարակտուրի մի վրայ շինած եկեղեցեակն, եւ յետոյ հաստատած վանքն, ի խնդրոյ Սիւնեաց նախարարին տիկնոջ, որ յետոյ եղեւ մի ի նշանաւոր վանորէից ճգնասուն միանձանց եւ գիտնականաց, եւ մինչեւ ցայժմ յետ հազար բազմադէպ տարիներու, իբրեւ ուխտի եւ ապաշխարութեան տեղի շէն է, եւ շատ նշանաւոր օտարազգի գիտնոց եւ ազնուականաց այցելութեամբ եւ քննութեամբ պատուած։ 

  51. ՀԱՄԱՄ 

Հաւանօրէն մէկէ աւելի հեղինակք եղած են այս անուամբ ծանօթագոյնն՝ որոյ եւ գրուածք ինչ մնան՝ մականուանի Արեւելցի, Հայոց աշխարհին արեւելեան կողմէն ըլլալով, կամ Աղուանից։ Իր աւելի կամ պակաս մասամբ գործերն են՝ քանի մի Ս. Գրոց մեկնութիւնք, ինչպէս՝ Սողոմոնի Առակաց, Յովբայ գրոց քանի մի բանից, եւ այլն։ Իրեն թուի եւ Քերականի մեկնութիւն մը, ուստի Յովհաննէս Եզնկացի քանի մի կարճ հատուած պատած է իր ընդարձակ մեկնութեան մէջ։ Կայ եւ ողբական շարական մի՝ անուանը գրերու կարգաւ տնագլուխ ըրած, բայց այս մեծ իշխանի մի գրուած է, որ անիրաւ սպանութիւն մը ըրած կամ՝ ընել տուեր է (եղբօր կամ մերձաւորի), եւ յետոյ զղջալով գրեր եւ  եւ երգեր է, եւ գտնուի քանի մի Հին օրինակաց մէջ։ Այս երկու հեղինակաց մէկն (եթէ չէ եւ երրորդ մի եւս) կարծուած է Պատմիչ ըլլալ, անծանօթ տեղւոյ կամ դիպուածի. որոյ ուրիշ յիշատակ կամ՝ մնացորդ չկայ, բաց եւ Ռոշքեան Ստեփանոսի բազմագանձ Բառարանին մէջ բերուած քանի մի տողէ. ինչպէս, «Երթային քառասնեակը եւ դոյնպէս դառնային»։ «Նոխազերգուացն ետ արժանաւոր ընծայս»։ Այս ետքի տողս Քերականի մեկնութեան պատշաճի։ Սակայն պատմագիր Համամայ մը եղած ըլլալն անսարակոյս կ՚երեւի պատմչաց լաւագոյն ցանկը գրողէն, այն որ վաթսուն եւ երկու պատմագիրք Հայոց եղած են կ'ըսէ։

52. ԱՀԱՐՈՆ ՎԱՆԱՆԴԵՑԻ 

Իններորդ դարու վերջին տասնեկին գրած է սա Ս. Նունէի խաչին Պատմութիւնը. ինքն զինքը կ'անուանէ թոռն, այսինքն ի ցեղէ Ս. Ղեւոնդեայ Երիցու, Իջեվանից, ուսկից էր Մեծ Նահատակն այն եւ իբրեւ նշանավոր գրիչ կամ պատմիչ մի յիշէ զսա Այրիվանեցին ժամանակագրական թուականաց մէջ։ Չորս հինգ թուղթ բան է Ահարոնի յիշեալ ծանօթ գրուածն, բայց ինչպէս կ'ըսէ ի սկզբանն, «Բազում աշխատութեամբ եւ խուզիւ քննեալ ի բազում մատենից Հայոց եւ Վրաց». վասն զի որչափ որ փոքր բան մի է պատմութեան նիւթըն, Ս. Նունէի ձեւացուցած եւ օրհնած փայտեղէն Խաչ մի, ի Մծխիթայ մայրաքաղաքի Վրաց, նոյն իսկ փոքրութիւնն դժուարացուցեր է գիտնալը, թէ որ եւ որ ձեռքէ ձեռք կամ տեղէ տեղ անցեր, պատուեր եւ կորեր է։ Իբրեւ մեծ սրբազան եւ հրաշագործ գործի մի՝ ոչ միայն Ահարոնի, այլ եւ այլոց պատմագրաց եւ Յայսմաւուրաց հետաքննելի եղած է. եւ յիշեն որ ինչուան է ժամանակ տառապանաց խոստովանող Ս. Շուշանկայ` մնացեր է ի Մծխիթայ, եւ այս տիկնոջ պատուիրանաւ՝ Անդրեաս մի յաշակերտաց Ս. Սահակայ վերուցել է գաղտուկ [7] ։ Յայտնի չէ թէ պատմութեան վերջն իրմէ գրուած է՝ թէ ուրիշ մի աւելցուցեր է, խաչին ի Կարս քաղաք փոխադրուիլն (յամի 931), ուսկից շատ ժամանակ վերջը  (1094ին) բերուեցաւ, Անի մայրաքաղաքն, եւ մնաց հօն մինչեւ յառումն եւ յաւեր քաղաքին ի Թաթարաց. այն պատահարին ժամանակ՝ անյայտացաւ խաչն։

Ահարոնի կամ շարունակողին պատմած նշանաւոր դիպուած մ՚է Սպըրքի կամ Սըփռքի Նասր [8] վայրագ ոստիկանի մի իբրեւ տեղակալ Յուսփայ, կողոպտելն զեկեղեցիս Հայոց. ընդ որս եւ Ս. Խաչի  եկեղեցին, որոյ եւ մէկ թեւը զարկա իր սրովն եւ նշանն մնաց անոր վրայ. բայց ինքն Սըպըքի իբրեւ այսահարեալ «Յերկիր թաւալէր եւ փրփրեայր. իսկ խոցուածք Սուրբ Նշանին եռացեալ որպէս զմեղինի՝ սպիանայր։ (իսկ) Զանօրէնն Սպիքի ըմբռնեալ սպասաւորացն արքունի՝ պահանջէին ի նմանէ զհարկ եւ զբասս... արկեալ տոռն ի պարանոց նորա՝ փութով հասուցանէին ի դուռն արքունի»։ 

Վերջաբան Պատմութեանն եւ իմացընէ որ Ահարոն Սպասաւոր էր, այսինքն պահապան, իբրեւ եկեղեցապան, եւ թէ Պատմութիւնը հաւաքած է «ՅԱգաթանգեղայ պատմագրէ [9] (?), եւ ի Վկայութենէ Շուշանկանն, եւ ի Վարոց Սրբոյն Սահակայ, եւ ի Ճգնաւորէն Անդրիասու [10]. գտի եւ զՍրբոյն Հմայեկի Վկայաբանութիւնն քառասուն արամբք ի տանն Տայոց, որ այժմ Քառասնի վանք կոչի։ Գտի եւ այլ բազում՝ յիշատակ Սրբոց, որոց մոռացմունք եղեալ (էր) ի տագնապ լինելոյ աշխարհիս»։ Թերեւս եւ հաւաքելով այդ Սրբոց յիշատակները, ինքն Ահարոն այլ գիրք մի ձեւացուցած ըլլայ։  Ահարոն այս կարճ գրուածի մէջ շատ նոր, հետաքրքրական եւ պիտանի տեղեկութիւն է ընծ այլ՝ անձանց եւ տեղեաց։

53. ԳԱԳԻԿ ՀԱՅՐ ԱՏՈՎՄԱՅ 

Ասողիկ . ) յիշելով Սմբատայ Ա թագաւորելն ի վերջին ամս Թ. դարու, նոյն ժամանակ Մաշտոցի հետ յիշէ եւ զսա՝ քանի մի տողով, բայց կարեւոր նշանակաւ. «Յայսմ ժամանակի պայծառանայր առաքինութեամբ Հայր Գագիկ առաջնորդ ուխտին Ս. Ատոմայ Վասպուրական), որ զյիշատակ մարտիրոսացն միայարեալ ի գիր, որ Ատոմադիրն անուանի»։ Մեր եկեղեցական գրոց հեղինակները յանուանէ յիշողքն կ'ըսեն. «ԶՏօնացուցակն (կամ՝ զՏօնացոյցն) Վարագայ Հայրն Ատոմ կարգեաց»: Մէկն այլ յիշէ որ Ատոմ այս պատուական գործոյ օգնական ունէր Գրիգոր կամ Գրիգորիս անուամբ սարկաւագ մի։ Ասողկայ խօսքէն եւ իմացուի՝ որ ոչ սոսկ Տօնացոյց մ'էր իր գործն՝ ինչպէս կրնար կարծեցնել յետնոց այդպէս անուանելն զգործը, այլ մարտիրոսաց յիշատակներ, վկայաբանութիւններ հաւաքած մէկտեղ՝ միայարեալ ի գիր։ Պարզապէս ըսելով, Մարտիրոլոգ (Martirologium) մի յօրինեց. նման եւ աննման Սողոմոնի Մաքենոցաց Հօր գործոյն. վասն զի սա հաւաքեց որ եւ է Սրբոց եւ  Տօնից յիշատակները, վարքեր եւ ճառեր, իսկ Գագիկ յատկաբար՝ մարտիրոսաց վկայաբանութիւնքը. յորմէ օգտուած են Յայսմաւուրաց հեղինակքն։ Դժբաղդաբար Գագկայ գործն՝ որ իր վանաց անուամբ Ատոմադիր անուաներ է, իբր դրուած կարգաւորուած յԱտոմայ վանս, հիմայ անծանօթ է. ոչ ոք իբրեւ գտած յիշէ, թերեւս Ճառընտրաց մէջ անցած վկայաբանութեանց ոմանց վերջը գտնուի իր անունն կամ յիշատակը։

54. ՇԱՊՈՒՀ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ 

ԹԷ Ժամանակակից եւ թէ յետագայ ամէն պատմըչաց անունները շարագրողներէ, յիշուած է սա, իբրեւ հասարակաց ծանօթ, եւ ինչուան մեր օրերուս այլ հասած եւ կորած է գործը շատ մեծ եւ նշանաւոր գործ, եւ առաջին յետ ոսկեղինակ դարու պատմըչաց, երկարօրէն գրուած, թէ եւ յատուկ իր Բագրատունեաց ցեղին, որոյ թագաւորութեամբ փառաւորող Ա Աշոտոյ որդի եւ Ա Սմբատայ նահատակի եղբայր էր, քաջ, հանճարեղ եւ գործունեայ պայազատ մի։ Ասողիկ իր շարադասած պատմըչաց վերջին զսա գրէ, . ա). «Հուսկ յետոյ ի վերջին աւուրս՝ Պատմութիւն Շապհոյ Բագրատունւոյ։ Շատ հեղ չէ զնա Յովհաննէս կաթուղիկոս, եւ գրիչը կ՚արգելու ճոխաբանելէ, վասն զի Նախ քան զմեզ, եւ ըսէ, Շապհոյ Բագրատունոյ եւ մերումս ժամանակի Պատմագրի` գրով դրոշմեալ է զնորայն (Աշոտոյ Ա. ) գործոց եւ զգնացից եւ իմաստից եւ մրցարանաց եւ շինութեանց եւ խաղաղութեան հանդէս»։ Ուրիշ տեղ այլ. «Հաճեցաւ բանս ոչ երկրորդել միւսանգամ՝ զհետեւակս զրուցաց Շապհոյ Բագրատունոյ… որ է յայտապատում՝ իսկ արարեալ է զզրոյցս պայազատութեան որդւոյ Աշոտոյ Սպարապետին Սմբատայ՝ զիշխանական պատմութիւնն, եւ զթագաւորացն հանգամանացն զկարգս». եւ այլն։ Պատմութիւնը լիովին գրելուն պակաս չի գտնար մեր կաթուղիկոսն, բայց անոր շարադրութեան կամ Հայկաբանութեանը չի հանիր. «Ոչ կարացեալ ըստ քերթողական հրահկանգացն համառօտաբար  ընձեռել, սակայն ըստ իւրումն ժամանակի ընտանի գոլով նորա զրուցացն ամենայնի, գեղջուկ բանիւ՝ բաւական քեզ տայ պատճառս տեղեկութեան»։ Նոյնպէս ուրիշ տեղ այլ։ «Ես աստանօր զբովանդակն ի նա (Շապուհ) թողացուցեալ. համառօտ քեզ ընձեռութիւն առնելով՝ փորձեցայց սակաւուք», եւ այլն։ Կ'երեւի թէ կաթուղիկոսն կ՚ուզէր իր պերճ ոճով գրել այն դիպուածները զոր Շապուհ իրմէ առաջ ծանօթացուցեր էր հասարակաց, եւ իր իշխանական շուքով այլ հաճելի ըրած, սակայն չհամարձակելով կրկնել, եւ չյուսալով որ իբրեւ նոր բան մի գրող ընդունելի ըլլայ իր ժամանակակցաց, անոր գրութեան ոճը գեղջուկ գտնէ։ իսկ իր ոճն այլ մենք չափազանց պերճուկ գտնեմք. մինչ Շապհոյ գրուած էն քանի մի մնացեալ կտորք՝ շատ վեր են քան զգեղջուկն։

Շապուհ մեծ արդիւնք ունի նաեւ քաղաքականօրէն, իր հօր օգնական ըլլալով յառաջ եւ յետ թագաւորութեանն. երբ նա խայտառակելով ոստիկանի կողմէ եկած Ահման գործակալի խարդախութիւնը՝ վռընտեց զնա, Շապհոյ յանձնեց՝ «Ելեալ զհետ նորա տանել Հասուցանել զնա ի մուտս Ասորեստանեայց ճանապարհին», (Թովմ. Արծր. ). որ է ըսել Հայաստանի սահմանէն դուրս վռընտել։ Քիչ տարի յետոյ՝ երբ այդ վռնտուածին նման մէկն այլ (Ապլ–բերս) սպաննեց զԴերենիկ Արծրունին (իբր 887ին), եկաւ Շապուհ, «Եւ ետ զիշխանութիւնն ի ձեռս Աշոտի որդւոյն Դերանկին... եւ զԳագիկ՝ որ եւ Ապերուան` զնա ոստիկան կարգեաց ի վերայ աշխարհին, տեղապահութեամբ տիրել, զի կարի մատաղօրեայք էին որդիք Դերանկին», (ինն, եօթն եւ հինգ տարեկանք՝ ըստ Թովմ. Արծր. Երբ Աւշին կամ Աւշին ոստիկանն, Բուղայի յաջորդ, եւ նախորդ Յուսփայ տառապեցուց զՀայս, դարձեալ Շապուհ գնաց առ Ափշին ամ՝ 890), գերիները ազատեց, եւ իր եղբօր Ա Սմբատայ թագաւորական թագ բերաւ, (Ասողիկ, Գ. գ)։ Երբ վերոյիշեալ Դերենկան որդիքն զարգացան, եւ անդրանիկն Աշոտ գերի բռնուեցաւ ի վերոյիշեալ Ապմրուանայ, նորէն գալով Շապուհ, «Կացուցանէ զԳագիկ իշխան Վասպուրական տէրութեան, մանաւանդ զի փեսայացուցեալ էր Շապհոյ զԳագիկ ի դուստր իւր [11] », (Թովմ. Արծր. Այս տիկինս ըստ խնդրոյ Արծրունեաց տիկնոջ (Սեդայի), աղաչեց զԱւշին եւ ազատեց զԱրշակ ազնուական Վարաժնունին։ Քիչ մի վերջը, (898 թուին), սրածութենէ բռնուելով՝ չարաչար ցաւերով մեռած է Աւշին, ի Մարաղա, իր զօրաց շատերու հետ։

Շապուհ թուի մեռած եւ միջոցի 904–7 տարիներու, վասն զի այդ վերջին թուականին իր որդին Աշոտ ուրիշ իշխանաց հետ իր հօրեղբօր Սմբատ թագաւորի հետ՝ չմիաբանեցաւ կամ չօգնեց անոր ընդդէմ Յուսփայ, մինչ Հայրն Շապուհ այնքան խնամքով պաշտպանէր զեղբայրը եւ թագով պսակեց [12]. եւ իր գութն ու մեծարանքն արձանա. գրեց ինքն իրեն իր քրոջ ձեռքով պատրաստած գերեզմանին վրայ, յամին 903, է Վանեվան, Գեղամայ ծովուն մօտերը Յանուն Աստուծոյ, ես Շապուհ Բագրատունի, Հայոց Սպարապետ, Տերանց տէր, որդի Աշոտի Հայոց թագաւորի, ի ժամանակս Հայոց թագաւորի մեծի Սմպատայ հարազատ եղբար իմոյ… ծանեայ թէ ամենայն փառք եւ մեծութիւն սպառելոց են ի վաղիւն եւ կորնչելոց, եւ մեծափափագ տենչանովք վերակացու եւ տեսուչ առնելով զքոյր իմ՝ Մարիամ Սիւնեաց տիկին, յիւրում իշխանութեան ի Վանավանս տուն Աստուծոյ կանգնել վիմատաշս կոփածովք շատածախ գանձիւք եւ մեծաջան վաստակով կատարել. թերեւս լիցի ողորմութիւն   յայնմ՝ աւուրն յորժամ բանք սպառին եւ գործք թագաւորեն», եւ այլն։ Մահարձանն անգամ վկայէ Շապհոյ բարեպաշտութեան, քաջութեան հայրենական սիրոյ եւ մեծարանաց առ օրինաւոր իշխանութիւնն, եւ սէրն առ հարազատս իւր։ Ցաւալին այս է՝ որ իր գործոց գլուխն՝ Պատմութիւնն որ ինչուան այս վերջին տարիներս այլ երեւցեր է. Հին գրութեամբ, թշնամութեամբ օտարազգւոյ՝ տնով տիրոջն այրուեր փճացեր է. եւ զի այսքան մօտ ժամանակ գտնում է, եւ այնքան յիշուած ի նախնեաց, յուսալի է թէ օր մի երեւան ելնէ ուրիշ օրինակ մի։ Նոր Ջուղայի վանաց ձեռագրաց  ցանկի մէջ ի կէս անցեալ դարու յիշուած է, կոչուելով՝ «Շապուհ պատմագիր, որ է Պատմութիւն Որմըզաքրադայ (?) ստրատելատին եւ այլ Սրբոց Նահատակաց՝ որ ի թուին ԳՃԲ» ( 853)։ Յայտ է թէ սխալ գրուած է այդ անհեդեդ անունը, զոր ուղղօրէն գրէ ուրիշ ցանկ մի... «Որ» է Գիրք Սրբոյն Սմբատայ ստրատելատին», եւ  այլն։ Այս Սմբատս է խոստովանող կոչուածն, - Շապհոյ պապն, Բուղայի բարբարոսութեան գերի  եւ զոհ եղած։

Քանի մի հատուածք միայն ծանօթ մնան ի Շապհոյ Պատմութենէն. որոց գլխաւորն՝ աւանդութիւնն Դաւթի մարգարէ ի թագին, որ Նաբուգոդոնոսորի գերութենէն՝ Քաղդէացւոց եւ յետոյ մի ըստ միոջէ Պարսից, Պարթեւաց եւ Սասանեանց ձեռք անցեր է, եւ Կոստանդիանոս խնդրելով ընդուներ է յերկայնակեաց Շապուհ թագաւորէն։ Ասողիկ յիշելով զայս . զ) կ՚ըսէ. «Որպէս ուսուցանէ մեզ Պատմագրութիւնն Շապհոյ Բագրատունւոյ, որդւոյ Աշոտի Անթիպատրիկին»։. Որչափ զարմանալի երեւի այս բանս, ոչ սակաւ  զարմանալի է եւ մեր Շապհոյ պատմչի՝ Յաղագս. Պահոց ճառ մի գրելն, որոյ եւ հատուածք ինչ մնան, է եւ վկայեն հեղինակին բազմաշնորհ հանճարոյն. որք. եւ աւելի փափագելի կ՚ընեն իր պատմութեան  գիւտը։ Հաւատալի է անոր մէջ շատ պիտանի տեղեկութեանց ըլլալն, մանաւանդ Բագրատունեաց ցեղի եւ իշխանաց վրայօք, եւ անոնց երկրին բնակութեան եւ կրօնական տեղեաց. միանգամայն եւ եւ մեզի ընծայելով պանծալի եւ հռչակելի ընտանիք մի, Ստրատելատ խոստովանողն, թագաւորութիւն կանգնող որդին Աշոտ Ա, ասոր որդին երկրորդ խոստովանող եւ Նաուատակ Սմբատ թագաւոր, տօնելու արժանաւոր, ինչպէս որ երկուքն այլ ի Յայսմաւուրս նշանակեալ են (մին յ՚3 մարտի միւսն յապրիլ 16 կամ ի մայիս 8): Շապուհ Պատմիչն, Մարիամ Սիւնեաց մեծոգի եւ աշխարհաշէն տիկինն. նոյն ոգւոյ տէր Մլքէ թագուհին, որք ոչ  շատ նուազ արժանաւոր ժառանգներ եւ պայազատ, ներ ընծայած են երկու դարուց միջոց կիսոյ Թ. –ին ցկէս ԺԱ. –ին)։

55. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ  ԿԱԹՈՒՂԻԿՈՍ

Քաղաքական նորոգութիւնն Հայոց՝ թագաւորութեամբք յետ չորս եւ կէս դարուց անբնիկ իչ խանութեան, յայտնապէս արծարծած է ազգին բարոյական կարողութիւնն եւ մտաւոր եռանդն եւս, եւ մինչ այն անիշխանութեան դարերուն՝ ոչ մի ոճով երկար գրող Պատմիչ մը չէ երեւցեր (գոնէ մեզի ծանօթ ), թէ եւ չափաւոր գրողք եղած են, ի թագաւորելն Բագրատունեաց յելս Թ. դարու, եւ ապա Արծրունեաց եւ Սիւնեաց, իսկոյն ի Ժ. դարու անոնց գործոց եւ նախնեացն եւս Պատմիչք ելեր են, որոց պարագլուխ եւ երիցագոյն տեսնում. ցաւ Շապուհ, դեռ Թ. դարու վերաբերեալն, իսկ յաջորդ Ժ. դարն ընծայած է նախ ամենէն անուածնին Յովհաննես Զ կաթուղիկոսը, ապա զԹովմաս Արծրունի, Մեսրովա Երէց, Ուխտանես, Մովսէս Դասխորանեցի, որ յիշուեցաւ ընդ կաղանկատացւոյ, եւ Ասողիկ որ կնքէ զդարն՝ յիշելով իրմէ առաջ Պատմագրողները։

Ասոնց մէջ թէ ժամանակաւ թէ պատուով, թէ վայելուչ գրութեամբ եւ թէ բովանդակութեամբ Հայոց ի սկզբանէ մինչեւ յայն ժամանակ պատմութեանն, առաջին եւ հասարակաց ծանօթ ըլլալով՝ է հռչակեալն Յովհաննես Զ, միակ կաթուղիկոս Պատմագիր, այսպէս կոչուելու արժանի, եթէ եւ այլք ոմանք աթոռակիցք նորա՝ գրած ըլլան քանի մի պատմական բան։ Իր գրուածին մէջ անձնական յիշատակքն եւ ոճն, եւ իր հայրենիքն Դրանխանակերտ, (ոչ շատ ծանօթ, այլ մօտ ի մայրաքաղաքն Դուին), տան գուշակել որ ազնիւ ցեղէ էր, եւ լաւ կրթուած՝ զատ յայլոց՝ ի Մաշտոցէ՝ որ յետոյ կաթուղիկոս եղաւ, (Տես թիւ 50)։ Բարուցն, աստիճանին եւ նախնեաց լեզուին հմտութեանն համեմատ է լեզուն կամ՝ չարադրութիւնն, գուցէ քիչ մի եւ աւելորդ ճոխաբանութեամբ կամ՝ ուռուցմամբ, որ ժամանակին տիրապետող արարական լեզուի հետեւութիւնը ցոյց կու տայ: Իր միակ ծանօթ գրուածն է Պատմութիւնն Հայոց, յետ Մովսիսի խորենացւոյ այսպէս կոչուելու արժանացեալ, վասն զի անոր պէս ի ջրհեղեղէն կու սկսի համառօտելով պատմաբանել զչարս, եւ զգործս Հայկազանց  եւ Արշակունեաց, եւ անոնց եւ իր օրերուն կանգնուած Բագրատունեաց միջեւ եղած դարերում՝ Յոյն, Հայ, Պարսիկ իշխանաց, եւ ապա Արաբացւոց, մինչեւ հասնի նոր թագաւորութիւն կանգ նող Ա. Աշոտոյ. բայց ասոր եւ իր հօր գործերը թողու որ Շապուհ արքայորդին պատմէ, ինքն համառօտ յիշէ, եւ սկսի երկարօրէն պատմել Շապհոյ եղբօր՝ Ա Սմբատայ եւ ասոր որդւոյ Բ Աշոտոյ գործերը, Արծրունեաց գլուխ կանգնելն ինքնիշխանութեամբ եւ յետոյ թագաւորութեամբ, եւ աւելի երկար եւ ցաւալի գործեր Բուղայի, Աւշնի, Յուսփայ եւ անոնց տեղակալաց, արժանապէս ողբալով անոնց անգթօրէն եւ աւազակօրէն այրել արել եւ ջարդելն զՀայս, եւ զոմանս նահատակելով, որոց գլուխ նոյն ինքն թագաւորն Սմբատ, զոր արժանապէս՝ այլ դեռ ոչ ըստ բաւականին սգայ, որպէս եւ ինք զինքն՝ այնպիսի աղիտալի իրաց ականատես ըլլալով եւ իր աթոռէն տարագիր թափառելով մինչեւ. յարեւմտեան ծայրս Մեծ Հայոց։ Որչափ որ շարաբանութեան ոճն պաճուճեալ է, սակայն ըստ իր աստիճանին ստուգապատում է եւ արդարադատ. հայրենասէր` բայց ոչ վատասիրտ, միով բանիւ՝ թէ իրեն թէ ազգին պատիւ եւ հաճոյք ընծայած, որով եւ հանրածանօթ եղած. եւ իրմէ վերջը գրող պատմիչներէն պէսպէս գովաբանութեամբ յիշուած, եւ կարդացուած։ Որով եւ շատ ձեռագիր օրինակներ գտնուին իր գրոց. տպագրութեամբ այլ հրատարակուած է, յԵրուսաղէմ 1843), եւ ի Մոսկուա, յԷմինեանէ 1853)։ Եւ աւելորդ համարիմ՝ երկարահանել. զի ամէն Հայերէն Դպրութեան վրայ գրուածոց մէջ թէ մեր թէ օտար լեզուօք՝ գտնուի իր վրայ տեղեկութիւն։ Հայագէտն Սէն–Մարդէն թարգմանել էր փռանկերէն, զոր շատ տարի յետ իր մահուանն տպագրեց յամի 1841 Փելիքս Լաժար (Félix Lajard), Գաղղիոյ Ուսմանց Պաշտօնէին ձեռնտուութեամբ։

Յովհաննու պատմաբանութեան քանի մի ճաշակ կ'ընծայեն մեր Յօդուածքն (յ՚Բ Մասին) 4. 197. 200. 208. 214. 216. 218–9. 221–3։ 

56. ԹՈՎՄԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻ 

Գրեթէ ժամանակակից Յովհաննէս կաթուղիկոսի, քիչ մ՚այլ անկէ վերջը, կրնայ ըսուիլ Թովմա Արծրունի, անոր մրցակից եւ հակառակորդ կաթուղիկոսն իր պատմութեան առարկայ ընտրած էր զցեղն Բագրատունեաց. իսկ Թովմաս իր ցեղն՝ Արծրունեաց, յորմէ ըլլալն յայտնի է, բայց ոչ բնիկ տեղի ծնընդեանն. եւ ոչ իսկ ծանօթ է իր կենաց վիճակը, որ իր եռանդուն եւ համարձակ գրելէն՝ կարծուի աշխարհական, քան քահանայ կամ վարդապետ, որպէս կրնայ այլ կարծուիլ իր շատ տեղ Սուրբ Գրոց բանից յիշատակութիւններէն։ Թէ եւ իր ցեղին ընդհանուր Պատմութիւնը գրած է, սակայն կրնայ ըսուիլ թէ իրեն յատուկ Վեհազն եւ շահատակ ընտրած է ժամանակակից Գագիկ թագաւորն իր երկրին, մինչդեռ կաթուղիկոսն թէ եւ իր ժամանակի Սմբատայ վրայ աւելի խօսի, բայց աւելի անյատուկ եւ հաւասարատես կամ՝ անկողմնասէր է, իսկ Թովմաս իր վեհազնը գովաբանելով՝ անոր պէս այլ պակսած կ՚երեւի Բագրատունեաց գերազանցութիւնը ճանչնալու եւ յարգելու, միով բանիւ՝ աւելի կողմնասէր, կուսակից կամ մասնակից համարելի է. ինչպէս որ իր պատմութեան նպատակն եւ կոչումն այլ է յատուկ նահանգ եւ ցեղ մի։ Հանդերձ այսու, առանձին դիպաց եւ անձանց վրայ գրած ատենն՝ շատ չեղ արդար դատէ։ Շարաբանութիւնն այլ տեղ տեղ պարզ է, տեղ տեղ այլ ճոխ, եւ ոչ ողորկ որպէս կաթուղիկոսինը։ Թերեւս իր գործոյն դեռ շատ հին ձեռագիր օրինակ չգտնուիլն այլ՝ պատճառ է մթութեան եւ տարակուսի։— Այսպէս պատմական շարակարգութիւնն եւս՝ ըստ ժամանակագրութեան՝ ուղղագնաց չէ իբրեւ զկաթուղիկոսին պատմութիւնը, այլ երբեմն ոuտոuտուն։

Գալով պատմական հմտութեան եւ արժէից, անհամեմատ վերադասելի է Թովմաս. շատ աւելի հմտութիւն ունի, ոչ միայն իր ընտրած նպատակին վրայօք, այլ եւ զայն լաւ ճանչնալու եւ լուսաւորելու համար՝ ըրած քննութեամբք եւ խուզարկութեամբք՝ կողմնակի ծանօթութիւններ այլ ստացեր է։ Ընդհանուր Հայոց պատմութիւն գրելն, - առաջին գրողներէն առնիլով-, ինչպէս կաթուղիկոսն ի Խորենացւոյ, շատ աւելի դիւրին էր, քան յատուկ առանձին ցեղի մի. որոյ համար (գէթ առաջին անգամ հաւաքուած բան մը չըլլալով) հարկ էր շատ տեղ պրպտել, շատ գրքեր քննել, եւ մանրուկտորիկ յիշատակներն անգամ ժողվել եւ կազմել մէկ զանգուած մի։ Եւ թէ այսպէս ըրած է Թովմաս՝ վկայէ նախ իր խոստովանութիւնն. «Քանզի բազում աշխատութեամբ է գտանել զչար ազգաբանութեան տանն Արծրունեաց, վասն հեռաւոր ժամանակաց կացեալ եւ դիւանացն անյայտութեանց ի մէջ Հայաստանեայցս... եւ իմ՝ է եւ երկար տաժանմամբ եւ խոյզ եւ ի խնդիր ելեալ  զհաւաստին գտանել ի հնախօս շարագրական մատեանս, եւ ի բազում վեպս Պատմութեանց անցեալ գրեցի` որ ինչ բաւական ձեռնհաս եղէ»։ 

Այսպէս գրէ ի յառաջաբանութեանն. եւ ի վերջաբանին այլ նշանակէ թէ ոչ միայն պատմական  դիպուածները՝ այլ եւ անոնց տեղիքը փնտռեր է  ստուգութեան համար. վասն որոյ «Մեր առ ամենայնն անձամբ հասեալ եւ աչօք տեսեալ, ձըկտեալ եւ ի հեռաւոր աշխարհս, մինչեւ ցեղարջը է եւ Շուշեթացիս եւ առ Լերամբն Կաւկոսայ, եւ  յԱհիզ, մինչ ի մուտսն Գաղայ եւ ընդ Տայաստան, եւ ընդ ամենայն հիւսիսականս եւ ընդ Արեւելս. ի հետիոտս գնալով՝ տեսաք զգործ քաջաց եւ նախնեաց»։ Ուրիշ տեղ այլ կ՚ըսէ, թէ գոյ չըլլալով ուրիշներու գրածին, ինքն անձամբ. «Ականատես եւ ականջալուր եւ իմով իսկ ձեռօք շօչափեալ, պատմել քեզ հաւաստապէս զեղելոցն  զարմանս»։ Վերը յիշեալ տեղեաց՝ երկուքն (Ահիզ եւ Գաղ) անծանօթ են, սակայն առջիններուն  եւ ամենէն վերջինին մէջ դասուած ըլլալով, թուին  անոնց պէս Հայոց երկրին Հիւսիսային սահմանակից երկիրներ։ Արեւելք այլ՝ Աղուանից եւ Ատրպատականի կողմերն են. իսկ զհարաւ չի յիշեր վասն զի իր Վասպուրականի երկրին սահմանակից ըլլալով՝ արդէն իրեն ծանօթ էին։` 

Հայոց երկրէն դուրս յիշածները ստուգելու համար՝ Թովմաս հարկաւ այն տեղերէն եկողները  տեսեր, հետերնին խօսեր եւ տեղեկացեր է։ ինչպէս Քաղդէացւոց, Պարսից եւ ուրիշ արեւելեայց հին կամ՝ դիւցազնական ժամանակաց առասպել  աւանդութիւններն ստուգելու համար, Պարսից Ապլաստան երկրէն (զոր յիշէ Խորենացի յաշխարհագրութեանն) եկող Շախրի կոչուած տեղացիներուն (Դեյրանայ մօտերն) հանդիպելով՝ հարցուցեր «Եւ ես իսկ տեղեկացեալ, կ՚ըսէ, գիտացի ի բազմաց յայնցանէ»։ Օտար կողմերէ ի Հայս եկողք՝ ինչպէս հիմայ՝ այն ատեններն այլ անպակաս էին։ Այս մէկ, յիշատակս անտարակոյս կ՚ընէ՝ նոյնպէս - շատերէ շատ բանի տեղեկանալն։

Զատ յանձանց եւ ի տեղեաց, կամ՝ ականատես  եւ ականջալուր ըլլալէ, ուրիշ աղբիւր մի կայ տեղեկութեանց. նախնեաց մատեանքն, մանաւանդ, Պատմչացն, իրմէ առաջ ազգայնոց գրածներն՝ աւելորդ է ըսել` թէ լաւ քններ է Թովմաս. ոչ միայն մեզի ծանօթներն, այլ եւ զանոնք՝ որոց ոմանց  անուանքն յիշեցինք՝ ի Ե–Զ. դարու, որք հիմայ անծանօթ են, այլ անշուշտ ծանօթ էին իրեն ինչպէս Եղիշէի ամբողջ պատմութիւնն, յիշատակաւ նահատակութեան Վահանայ Արծրունւոյ, (զոր  յիշեցինք ի թիւն 20). ինչպէս նաեւ Խորենացին՝ հանդերձ Դ գրքովն, եւ եղբայրն Մամբրէ եւ Թէոդորոս Քերթող, եւ այլն։ 

Շատ հաւանօրէն ասոնցմէ եւ ասոնց նմաններէն առած է այն աւանդութիւնները՝ Հայկազանց եւ հնագոյն ժամանակաց, որք չեն գտնուիր առ Խորենացւոյ. Բերոսոսի եւ Հեփթաղաց թագաւոր Մանիթոպի պատմածները Զրադաշտի եւ կրակի պաշտաման վրայ։ յանուն Աղեքսանդրի գրուած Թուղթքըն՝ Հնդկաց եւ մերձաւորաց վրայօք՝ որ անոր Պատմութեան մէջ գտնուին, եւ Կալլիսթենես (զոր անուամբ յիշէ Թովմաս) Աղեքսանդրի դեսպանն եւ տեղագիրն գրեր կամ ծանուցեր է. Պատմագիրքն զոր Տիգրան Ա. Արշակունի, յԱղեքսանդրիոյ գրատանէն բերել տուեր է՝ խնդրելով ի Կղէոպատրայ, ինչպէս նշեցինք» (Տես ի Դրուագ Երկրորդ, երես 19)։ 

Այս ամէնն յայտնեն որ Թովմաս՝ պատմչի առաջին կարեւոր յատկութիւնը ճանչցեր եւ ունեցեր է՝ իր չափով, եւ յետ Խորենացւոյ առաջինն է պատմութեան աղբիւրներ փնտռելու եւ ստուգելու։ Եթէ իր նպատակն ըլլար ընդհանուր Հայոց պատմութիւն գրել, շատ ցանկալի աւանդութիւններ այլ պիտի ունենայինք իրմէ, եւ թէպէտ ինքն իր գրոց երեք չորս բաժնած Դպրութեանց առաջին երկուքին մէջ՝ որ համեմատին Հայկազանց եւ Արշակունեաց ժամանակի՝ համառօտիւ կ'անցնի, եւ քանի մի նոր ծանօթութիւններ կ'ընծայէ, բայց անոնք այլ իր Արծրունեաց ցեղին վերաբերին, ինչպէս Կիւրոսի եւ Ալեքսանդրի ժամանակին եղած ցեղին գլխաւորքն կամ՝ նահապետք, զորս յանուանէ յիշէ, ինչպէս Խորենացի զՀայկազունս։ Մօտենալով իր ժամանակին, Գ Դպրութեան մէջ Հայոց անիշխանութեան ժամանակի դեպքերը համառօտէ, եւ աւելի ընդարձակօրէն՝ Արաբացւոց գերիշխանութեան ատեն ի Հայս ըրածքն իրենց Ոստիկանաց ձեռօք, մանաւանդ Բուղայի եւ յաջորդացն, զորս պատմէ եւ կաթուղիկոսն Յովհաննէս, բայց աւելի եւ նոր դիպուածներ, Վասպուրական եւ Տուրուբերան նահանգաց մէջ. ինչպէս Յուսուփ ոստիկանի կամ անոր օգնականի մի պատերազմն լեռնաբնակ Խոյթի Հայոց հետ, որոց մէկն աշտէիւն հարեալ սպաննեց զնա. «Եւ ես, կ՚ըսէ, հեղինակս, աչօք իմովք տեսի զայրն զայն՝ որ հարեալն էր զնա, եւ ի նմանէ ստուգեցի վասն նորա»։ Այս հանդիպած է յամի 852 իսկ Թովմաս անկէ գրեթէ ութսուն տարի այլ անդին վերջացընէ իր Պատմութիւնը։ 

Ասոր ամենէն հետաքննական եւ ճոխ մասն է Դ Դպրութիւնն, որում պատմէ Գագկայ՝ որդւոյ Գրիգորի Դերենկայ գործերը, եւ աւելի քան զպատերազմականն՝ իր խորագիտութեամբ այլ եւ խորամանկութեամբ՝ թագաւորական փառաց հասնելն. եւ այլ աւելի իր պերճափառ շինուածքն յԱղթամար կղզի, ապարանքն` եւ Ս. Խաչ եկեղեցին, որոյ հազար տարուան քանդակն ինչ դեռ մնան. Ոստանայ, Շամիրամակերտի եւ Արտամէտի եւ ուրիշ  կողմեր այլ՝ թէ քաղաքական եւ թէ կրօնական  շէնքերն, զորս ճարտասանութեամբ եւ բանաստեղծութեամբ մեծ աշխուժով նկարագրէ ոչ միայն ականատես, այլ եւ ինչպէս կ՚ըսէ տեղ մի, «իմով իսկ ձեռօք շօշափեալ»: Գագկայ կինն այլ Մլքէ թագուհին, դուստրն Շապհոյ իշխանի, իրեն պատշաճ մեծանձնութիւնը ցուցած է բարեպաշտական գործովք եւ տրովք, որոյ մէկն այլ հիմայ մեր ձեռքն է, հազարամեայ Աւետարան մի՝ իր ձեռագիր յիշատակարանաւ։

Թովմասու վեհազն Գագիկն վախճանած է 940 թուականէն վերջը, զոր չի յիշեր պատմիչն, ապա թէ ոչ՝ յուղարկաւորութեանը ճոխ նկարագրութիւն մի պիտի ունենայինք, ինչպէս Տրդատայն ի Խորենացւոյ. ըսել է որ ինքն Թովմաս անկէ առաջ վախճանած է։ իսկ Արծրունեաց պատմութիւնը շարունակեր է անանուն մէկ մի, կամ յաջորդաբար  ոմանք՝ մինչեւ ի ԺԴ. դար, բայց ոչ ոճով եւ երկար գրուած. եւ այս շարունակութիւնն կամ Յաւելուածն, Ե Դպրութիւն մի համարուի Թովմայի Պատմագրութեան։

Յայտնի չէ թէ Պատմութենէն զատ ուրիշ բան գրած ըլլայ Արծրունին։ իր ժամանակին մօտ յիշուի Թովմաս ոմն վարդապետ, կրօնական խնդրոյ վրայ հարցընող եւ գրող, բայց չի կարծուիր մեր պատմիչն։ 

Իր գրուած ոճին եւ կամ՝ ճաշակին, իբր ըսածներնուս հաւաստիք, կրնան ընծայել Հայապատումիս Բ Մասին Յօդուածքն՝ 20. 41. 207. 209–12, 224–5։

Թովմայի Պատմութիւնը ծայրէ ծայր փռանկերէն թարգմաներ եւ տպագրեր է ի Բեդրպուրկ, յամի 1874, Մ. Պրոսէ, (Th. Ardzrouni - X. Տ., Histoire des Ardzrouni; traduite par Brosset, St. —Pétersbourg, 1874), ոչ սակաւ ծանօթութեամբք, այլ տեղ տեղ թէ՛ թարգմանութեան եւ թէ՛ տպագրութեան սխալանօք, հանդերձ երկար յառաջաբանութեամբ եւ յաւելուածով Արծրունեաց պատմութեան։ 

57. ՄԵՍՐՈՎՊ ԵՐԷՑ 

Ինքնին ծանուցանէ իր ժամանակը (գրելով յամի 967), եւ հայրենիքը՝ Սիւնեաց Վայոց-Ձոր գաւառի  Հողոցմանց գիւղն, ուստի էր Ս. Յովսէփ կաթուղիկոս ընտրեալն եւ նահատակեալ ընդ Ղեւոնդեանս, որոյ եւ ազգակից կ'անուանէ զինքն։ Իր պատմական գործն է Մեծին Ներսիսի Պարթեւի վարքն, համառօտելով անոր նախորդ Հայրապետաց՝ Լուսաւորչի որդւոց եւ թոռանց յիշատակն այլ. իսկ Ներսիսին եւ անոր ժամանակի պէսպէս դիպուածներն, Արշակայ եւ որդւոյն Պապայ՝ ընդարձակօրէն գրէ, շատ կարեւոր՝ միանգամայն եւ յօժարընթեռնլի դիպուածներով, թէ եւ շատն ողբալիք են, եւ մասամբ միայն յիշուած ի Բուզանդայ եւ ի Խորենացւոյ. իսկ ինքն Մեսրովպ անոնցմէ աւելի՝ քաղեր է իր գրածներն ու պատմութենէ «Հայոց Մնացորդաց Արեւելից գրոց». զոր յիշեցինք իբրեւ գործ Աբրահամ՝ խոստովանողի, (Տես թիւ 12), եթէ նոյն է ընդ պատմութեան Արեւելեան Վկայիցն։

Որչափ այլ Մեսրովպ իր կողմանէ կամ՝ իր ժամանակի նորութիւն չի պատմեր, դարձեալ մեծ երախտաւոր է՝ մեր Ե. դարու կորուսեալ Թարգմանչաց անուշակ ճաշակն ընծայելով մեզ, յորս համարի իրենց մեծ վարդապետն եւ Հայր դպրութեան մերոյ Ս. Մեսրովպ Մաշտոց, որ եղած էր աշակերտ եւ պաշտօնեայ եւ ընթերակաց մահուան Մեծին Ներսիսի, հաւանօրէն եւ գրող վարուցն, յորմէ առեր է այս իր անուանակից Երէցն, եւ այլք։ Վերոյակնարկեալ Դ դարու դիպուածներն շատ զգալի եւ սրտաշարժ պատմէ Մեսրովպ՝ նոյն իր հանդարտ եւ պարզ ոճով եւ յստակ լեզուով։ Յիշատակաց մէջ նշանաւոր է Հայոց ազնուական տոհմից եւ թագաւորական ատենի կամ հանդիսից մէջ սահմանեալ դասակարգութիւնն, որ Գահք կամ Բարձք կ՚ըսուին, ժողովոց կամ՝ կոչնոց ատեն այլեւայլ ձեւով աթոռոց եւ բարձից վրայ բազմելնուն համար, եւ չորս հարիւրէն աւելի էին, յորոց հարիւր վաթսուն մի կարգադրուած գտնուի ի պատմութեանն, մնացածները ձանձրանալով` լռէ, եւ «Ծանր համարեցայ արկանել ընդ գրով», ըսելով՝ ինք զինքն անմեղադրէ:

Այս օրինօք սահմանեալ դասակարգութիւնն երբեմն փոփոխէին կամ հաստատէին թագաւորը մեր, եւ յետ բարձման մերոցն՝ թագաւորքն Պարսից. ինչպէս ընել տուաւ Ս. Ներսէս՝ Արշակայ. իր որդին Ս. Սահակ այլ՝ Պարսից Վռամ՝ թագաւորին, որոյ հին գրուած մագաղաթի մասն մի (եօթանասուն գահ) գտնուած եւ հրատարակուած է նմանատիպ ի Տեղագրութեան Այրարատ աշխարհի (երես 430)

Յիշեցինք պատմագրութեան թուականը (967), զոր անտարակոյս կ'ընէ եւ վկայելն՝ թէ «ի վերադիտողութեանն Տեառն Վահանայ Հայոց կաթուղիկոսի». որ արդարեւ միայն 966–7 թուականաց միջոց եղած է կաթուղիկոս։ Սակայն վրայ բերելն «Եւ յամս Աշոտոյ Բագրատունւոյ Հայոց թագաւորի», ճիշդ չէ. զի իրագործութիւն թագաւորութեանն՝ քսան տարի վերջ եղած է։ Բայց արդէն առաջ այլ իբր իշխանաց իշխան կերպով մի թագաւորական շուք ունէր, եւ թերեւս գրոց օրինակողքն՝ իշխանի տեղ թագաւոր գրած են։ Անհաւանական չէ որ ինքն Մեսրովպ այլ յետոյ տեսած ըլլայ Աշոտոյ թագաւորելը։

Հեղինակն կ՚իմացընէ եւս խնամով՝ թէ իր գործը՝ «Ետու որդիացելոյն իմոյ սուրբ աւազանին ծննդեամբն՝ Վահանայ Մամիկոնենոյ, ի գիւղն որ կոչի Վարժի»։ Այս գիւղս չի յիշուիր  որ գաւառի եւ որ նահանգի մէջ էր, ի Տարօն, է թէ ի Սիւնիս՝ ուր կարելի է եկած էին ծնողք  Վահանայ եւ սա հօն ծնած, եւ մկրտուած ի Մեսրովպայ Երիցուէ։ Սիւնեաց Սոթք գաւառին մէջ յիշուի Վարժակ աղբիւր անուամբ տեղ մի, եւ գաւառն չէ հեռի ի Վայոց-Ձորոյ եւ Հողոցմանց գիւղէ իր հայրենեացն։ Թերեւս աւելորդ էր մեզ զայս յիշել։ բայց ուզեցի ասով եւ ասոր նման Մեսրովպայ անդրադարձնելն է յիշելն զU. Յովսէփ՝ թէ սա թէպէտ կաթուղիկոս էր, բայց դեռ ոչ ձեռնադրեալ եպիսկոպոս, եւ ցուցընել թէ ինչպէս հեղինակս մանրամասնաբար քննած եւ պատմած է, որով եւ վստահութեամբ ընդունելի է, եւ փափագելի որ աւելի շատ այլ գրած ըլլար, կամ՝ հնագոյն ձեռագիրք գտնուէին իր գրոց:

Իր գործն բաւական կանուխ տպագրուած է, 1775 տարւոյն, եւ օտար աշխարհի մէջ, ի Մատրաս Հնդկաց. ազգասէր Յակ. Շամիրեանի ձեռօք։ Նորերումս 1853), ի վանս մեր, ի շարս Սոփերաց հրատարակուած է (Հտր. Զ)։ Փռանկերէն այլ թարգմանուած Յովհ. Ռափայէլեան երիտասարդին ձեռօք եւ տպագրուած է ի շարս Պատմչացն Լանկլուայի, ի 1869։ 

Մեսրովայ պատմագրութեան ճաշակ մի կ՚ընծայեն, Բ Մասին, Յօդուածքն 102. 103. 106։ 

58. ՊԱՆԴԱԼԷՈՆ ՔԱՀԱՆԱՅ 

Գրեթէ Մեսրովա Երիցու գրած տարին կամ երկու տարի առաջ (965) այս յոյնանուն Երէցս այլ պատմական յիշատակ թերթ մի թողած է, զոր կ'անուանէ խօսք (վասն). «Գիւտի Մատինն Սրբոյ Առաքելոյն Պետրոսի, թէ զիարդ եղեւ կտրումն, կամ ո՞րպէս բերաւ ի Հայս»։ Շարադրութիւնն կամ լեզուն պատշաճ է դարում . ), քիչ մի ճոխաբանութեամբ, այլ աւելի մեծաբան է պատմութիւնն, եթէ բոլոր գրուածն այլ հարազատ հեղինակին է եւ ոչ օրինակողներէ աւելցուած. բայց գրուածն գտնուի եւ իբր ԺԲ. դարու հին Ճառընտրաց մէջ։ Մեծաբանութեան օրինակ ըլլայ ժամանակին Արծրունեաց թագաւորին համար գրելն (որոյ կողմանէ պատգամաւոր կ'երթայ ի Կ. Պօլիս) Երկրորդ Տիեզերակալ արքայից արքայ. եւ այլն։ Սակայն ստոյգ համարելի է ինչ որ ինքն իր համար կ՚ըսէր թէ երբ մտաւ ի Ս. Սոփիա ի տօնի Յայտնութեան Տեառն եւ տեսաւ այն փառաւոր տաճարն անթիւ կանթեղօք եւ մոմեղինօք լուսաւորեալ, «Հիացեալ ուշ յապուշ զարմացմամբ» մնաց  եւ յափշտակուելով մտօք սկսաւ՝ ինչ որ Բղխեաց յիս Հոգին Սուրբ, բանս բարիս ներբողականս եւ դրուատելիս խօսել, ի խորանն լուսոյ, հառաչագին արտասուօք. զի ոչ գիտէի զիս յերկրի, այլ յափշտակեալ մինչեւ երրորդ երկինս»։ 

Հիացմանն ատեն խօսած ներբողականը լսողք զարմանալով, ներկայացուցին զինքը Նիկեփոր կայսեր. որում մատոյց իր թագաւորին կողմանէ բերածը, եւ ընդունեցաւ փոխարէն՝ ընծաներ։ Եօթն ամիս կենալով ի մայրաքաղաքին, շատ բան քններ տեղեկացեր է Պանդալէոն։ Ամենէն աւելի փընտըռածն էր Ս. Պետրոսի Առաքելոյ նշխարք մի: Կ'ըսեն իրեն, թէ ատենօք Յուստինիանոս կայսրն խնդրեր եւ բերել տուած էր ի Հռոմայ, բայց Հռովմայեցիք յետոյ ծածուկ գողցան։ Հօս Պանդալէոնի պատմութիւնն շփոթի. վասն զի նախ կ՚ըսէ, թէ դառնալով ի Հայս՝ հարցուցեր է աւանդութեան մի վրայօք, եւ Յակովբ Հայոց մարզպանն պատմեր է իրեն, յետոյ կ՚ըսէ, թէ ի Կ. Պօլիս գտած է  իր խնդրածը, եւ Յովսէփ անուամբ մէկու մի՝ ձեռքով յունարէնէ թարգմաներ է, աւելցընելով իր տեսածներն այլ։

իսկ ծուծ պատմութեանն այս է. Տուրուբերանի Կոգովիտ, կամ Ասպագունեաց գաւառի՝ Գոմ Բծրայրի (կամ Բզրայրի, Բծարի) գեղջ երէցն բանադրեր է տեղւոյն գլխաւորներէն մէկը՝ զինքն անարգելուն համար։ Անարգողն յետ մահուան երիցուն զգասիացեր եւ ուզեր է արձակուիլ բանադրանքէն. բայց զայդ անկարելի դատեր են որու որ դիմեր է, կամ պէտք է որ կապողն արձակէ՝ ըսելով, կամ՝ Ս. Պետրոս՝ Հռովմի քահանայապետին ձեռօք: Զղջացողը կ՚երթայ ի Հռովմ, լայ պաղատի, Պապն երկաթէ շղթայ մի անցընել տալով վըզին, ութ օր ապաշխարել տայ Ս. Պետրոսի գերեզմանին առջեւ, որոյ շնորհօք շղթաներն արձակուած գտնեն՝ տեսլեան մէջ, եւ զինքն այլ արձակեն ի բանադրանացն։ Նա խնդրէ, եւ նոյն Ս. Պետրոսի եկեղեցւոյն մէջ եօթն տարի սպասաւորէ. յետոյ ուզելով դառնալ ի հայրենիսն, փափագի եւ Ս. Առաքելոյն նշխարք մի տանիլ հետը, եւ գիշերանց անոր Ճկոյթ մատը կտրէ. սակայն պատժուելով՝ իբր կիսամեռ ինկած մնայ: Առաւօտուն սովորական ատենին ժամամարը չլսելով քահանայք՝ բանան եկեղեցին եւ գտան զնա այն դրից մէջ։ Իմանան գողութիւնը եւ կ'ուզեն սպաննել, բայց լսելով աղաչանացն, եւ Ս. Առաքելոյն ազդմամբ՝ Պապն ներէ, եւ նշխարն այլ թողու իրեն. զոր բերելով իր գիւղը ի Բծրայրի Գոմն, շինեն հօն եկեղեցի եւ դնեն, եւ կ՚ըլլայ տեղին Ուխտատեղի։ Որչափ եւ վիպասանական հիւսուած մի երեւի այս, անտարակոյս ստուգութեան հիմն մի ունի։ Այս է Պանդալէոնի գրածն, որով ի շարս Պատմչաց դասել արժան համարեցաւ։

Թէ եւ ի Յայսմաւուրս ի մայիսի 24 նշանակի այս Պատմութիւնս, բայց Պանդալէոնի գրածն սակաւագիւտ ըլլալով, մեծաւ մասամբն հրատարակեցինք յ՚Բ Մասին Հայապատումիս, ի Յօդուածն 234։

59. ՈՒԽՏԱՆԷՍ 

Նորալուր է անունս մեր ազգին մէջ. ծագմամբ աւելի յոյն թուի քան Հայ ուխտ բառէն։ Երեքտասաներորդ դարու պատմիչք մեր յիշեն զնա, նոյնպէս եւ պատմըչաց անուանագրովք. եւ ոմանք Սուրբ կոչեն զնա, որպէս եւ իր գրոց վերնագիրն. աստիճանա՝ եպիսկոպոս էր Սեբաստիոյ. միայն   Կիրակոս՝ Ուռհայի եպիսկոպոս կ՚ըսէ, գուցէ սխալմամբ գրչի։ Սեբաստիոյ եպիսկոպոս ըլլալն վկայուի թէ այն քաղքին հռչակաւոր Պաշտպանաց՝ U. Քառասնից տօնը փառաւորելուն առթիւ, եւ թէ այն կողմանց Ծադր կամ Ծայդ կոչուած ազգին պատմութիւնը գրելուն։ 

 

Գրութեան ոճն եւ լեզուն բաւական վայելուչ եւ կոկ է, միանգամայն եւ հանդարտ, հետաքնին եւ հմուտ, եւ ոգեսէր։ Այս յետին նշանակեալ ոգւով գրած է իր գլխաւոր գրածը, ըստ իր ճանչցած ճշմարտութեան։

Երեք մասն բաժնած է, զոր ինքն Հատուած կոչէ, իր Պատմութիւնը։ Առաջին, ըստ սովորութեան մեր նախայիշեալ գլխաւոր պատմչաց է սկսի ի սկզբանէ մարդկութեան եւ նախահարց Հայոց, հասուցանելով ազգային պատմութիւնը մինչեւ ի վերջ թագաւորութեան Արշակունեաց մերոց, հանդերձ յիշատակաւ Հայրապետացս։ Կրնայ գուշակուիլ՝ որ Խորենացւոյ պատմութեան հետեւանք եւ քաղուած մ՚է գրածն, բայց կան ի նմա ինչ ինչ նոր գիտելիք, ինչպէս Ս. Քառասնից վրայք, ի Շապհոյ Բագրատունւոյ առած Դաւթի թագին պատմութիւնն, Հռչէի եւ Տրդատայ մենամարտն, սորա Դաշնադրութիւնն ընդ Կոստանդիանոսի, Հայոց սրբազան դասակարգութեան երեսուն աթոռընկալ նախապատիւ եպիսկոպոսներն, U. Թէոդորոսի Ամասիացւոյ վկայութիւնն, Շուշանկի Ոփրէթ բերդի տառապիլն, եւ այլն։ Երկրորդ Հատուածն է իր գլխաւոր եւ յատուկ դիտած Պատմութիւնն Բաժանմանն Վրաց ի Հայոց՝ ասոնց Մովսէս եւ Աբրահամ կաթուղիկոսաց եւ անոնց Կիւրիոն կաթուղիկոսի ատեն, որ արեւմտեան Հայս Յունաց մէջ դաստիարակուած, Քաղկեդոնի ժողովոյ խնդրոյն տեղեկացել եւ ընդունել էր, եւ երբ ի Մովսիսէ Վրաց կաթուղիկոս ձեռնադրեալ՝ գնաց, կամաց կամաց այն ժողովոյն վարդապետութիւնը ծաւալեց, «Թարգմանել (տալով) զգիրս Չորից Ժողովոցն՝ որով Հոռոմք վարին, եւ ի Ս. Անաստաս եւ ի Ս. Սիով նոյն քարոզին», եւ ընդունելի իրաւ Վրաց ասկէ ծագեցաւ տարաձայնութիւն, վէճ, հակառակութիւն եւ յետոյ կրօնական բաժանումն այս երկու ազգաց մէջ. որոյ առթիւ երկու կողմէն քանի մի տարի թղթակցութիւնը եղած են, ի ժամանակս Հայոց կաթուղիկոսական աթոռոյն պա րապութեան՝ յետ Մովսեսի, եւ Վրթանես քերթողի տեղապահութեան, յետոյ Աբրահամու կաթուղիկոսութեան ատեն։ Կիւրիոն շատ խոնարհաբար եւ պատուադրաբար գրէ առ գլխաւորն մեր եկեղեցւոյն. սա այլ ի սկզբան բաւական ծանրութեամբ. այլ երբ յետ կրկնութեան Նման բանից չհաւանեցան իրարու եւ մեր կաթուղիկոսն տիրաբար եւ սպառնալեօք իմն գրէր, Կիւրիոն անօգուտ համարելով աւելի երկար վիճելը, բողոքեց առ պատրիար քըն Երուսաղեմի, եւ որպէս երեւի՝ նաեւ առ քահանայապետն Հռովմայ, զի կայ U - Գրիգոր Մեծին Պապի թուղթ առ Կիւրիոն այս նիւթիս վրայով։

Ուխտանես ոչ միայն այդ երկու կողմանց թղթերն հաւաքած է, որոց մէկ մասն պակսի իր մէկհատիկ գտնուած ձեռագրին մէջ, այլ եւ այն փոխադարձ թղթոց ժամանակին միջեւ հանդիպածներն է կարեւոր տեղեկութիւն տայ այդ թղթոց եւ վիճից գրգռման առիթ եղող Մովսէս Հայոց եպիսկոպոսի վրայ, եւ իր եպիսկոպոսական աթոռոյն, որ էր Ցուրտաւ, միջասահման Հայոց եւ Վրաց. սորա փախչելուն՝ երբեմն ի Յովհաննավանս, երբեմն ի Դուին, դիմելն առ Սմբատ մարզպան, Պետրոս եպիսկոպոսին ստէպ առ Վիրս նուիրակ երթալն, երբեմն իր կողմանէ այլ կրքով խօսիլն եւ գրգռելն, որոյ համար Գայլ կոչեցին զնա Վիրք եւ գայլօրէն այլ սպաննեցին լերանց վրայ։

Անշուշտ այս Երկրորդ գրոց կորսուած մասին մէջ այլ հետաքննական դեպք կային, մանաւանդ վերջաբանն, յորում թերեւս յիշուէր Կիւրիոնի առ պատրիարքն Երուսաղէմի եւ առ Սրբազան Պապն Հռովմայ նուիրակութիւնն։ Այս կորուստն թուի կամաւորաբար եղած. այսինքն այդ վիճաբանութեան մէկ կողմի անհաւանն վերուցեր ջնջեր է, կողմնատես աչօք եւ մտօք։

Կարծեմ թէ նոյն տեսութեամբ եւ Երրորդ Հատուածն կամ գիրքն կորսուած է, որ մեզ աւելի հետաքննական էր. վասն զի ոչ միայն այդ Ծադ ազգին կրօնից կամ դաւանութեանն վրայ խօսէր, այլ եւ մանրամասնաբար յիշէր եւ տեղագրէր ««Գաւառս եւ զգիւղս գլխաւորս, եւ զքաղաքս եւ ըզբերդս՝ իւրաքանչիւր գաւառօք, որ են աշխարհին յայնմիկ, որպէս եւ կամք քո (Անանիս Նարեկացի) հրամայեցին, եւ զվանորայս հանդերձ վանականօք, անուամբ իւրաքանչիւրոց»։ Այսպիսի յատուկ տեղեկագրութիւն ոչ ոք ի մերոց պատմչաց ըրած է, կամ յիշուած. վասն որոյ եւ կսկծալի է կորուստն, թերեւս աւելի եւս կորուսիչն։ Վասն զի այդ Ծադն, որ ըստ նշանակութեանն ճեղքուած բաժնուած, ծռած ծրդած նշանակէ, եւ հիմակուան Կեսարիոյ եւ Սեբաստիոյ միջեւ դեռ մնացեալ Հայ-Հոռոմներն են, այդպէս կոչուեցան ի Հայոց՝ Քաղկեդոնի դաւանութիւնն ընդունելնուն համար, ինչպէս նաեւ Յունաց ծէսերն  եւ աղօթքներն (որք կան մնան եւ առ մեզ քանի մի հարիւր տարուան ձեռագրաց մէջ)։

Այս Երրորդ գրոց վերնագիրն, «Յաղագս Մկըրտութեան ազգին այնմիկ Ծադ կոչեցեալ», կրնար կարծուի՝ թէ անոնց Մկրտութեան ձեւն եւ արարողութիւնը նշանակէ, սակայն այդ ձեւին համար միայն, այդչափ երկար տեղագրութիւն չէր արժեր։ Թուի (թէեւ չուզեմ զՈւխտանես նուաստացընել) սա իր ազգայնոց եռանդեամբն եւ կարծեօք վառեալ, այդ Ծայդերը (մասամբ) դարձուցեր է իր եկեղեցւոյն դաւանութեան, եւ կրկին  մկրտել հարկաւոր եւ օրինաւոր համարած ըլլայ, է ինքն կամ ուրիշ մի. ինչպէս Ռուբինեանց թագաւորութեան ժամանակ այլ կ'ընէին եռանդնամոլ  հայածէսք եւ լատինածէսք։

Վերը փակագծի մէջ յիշուեցաւ Անանիա Նարեկացին, ոմանք սորա աշակերտ կարծեն զՈւխտանէս, յայտնին այս է որ բարեկամն էր, եւ անոր խնդրով գրէ իր եռահատուած Պատմագրութիւնը, ինչպէս իմացընէ երկար եւ քիչ մի ձանձրանալի Յառաջաբանութեանը մէջ։

Ուխտանեսի Պատմութիւնն փռանկերէն թարգմանութեամբ հրատարակեց Պրոսէ ի Բեգրպուրկ, ի 1870։ Արդէն շատ տարի առաջ այլ բանասիրական օրագրաց մէջ այդ գրոց վերայ տեղեկու թիւններ տուեր էր Պրոսէ։ 

Ուխտանեսի գրուածներէն են Հայապատումիս Բ Մասին Յօդուածքն 178. 180։

60. ԱՆԱՆԻԱ ՆԱՐԵԿԱՑԻ 

Մեր նպատակին համար ամենէն կարեւոր տե ղեկութիւնն Անանիայի համար՝ տուած է նախայիշեալ Ուխտանեսն։ Ուրիշներն այլ շատ գոված են զինքն՝ սկսեալ իր եղբօր թոռնէն Ս. Գրիգորէ, թէ վարուց մաքրութեանն եւ թէ գիտութեան եւ վարդապետութեանն համար, այլ զարմանք է՝ որ նա որ զինքն աւելի պէտք էր գովել եւ պաշտպանել` Հայոց կաթուղիկոսն ժամանակին եւ անոր անուանակիցն՝ Անանիա Մոկացին՝ անշուշտ ուրիշներու քսութեամբ անոր հաւատոց վրայ կասկած ունենալով յայտներ է խիստ գրուած թղթով մի՝ (ինչպէս առ Խոսրով Անձեւացի, Հայրն U. Գրիգորի Նարեկացւոյ) իբրու թէ Թոնդրակեցւոց համամիտ ըլլայ. զորս Անանիա նզովէ եւ հերքէ իր պատասխանւոյ կամ անձին ջատագովութեան գրուածով մի։ Թուի ինձ թէ ոչ Թոնդրակայ, այլ Քաղկեդոնի համախոհ ըլլալուն համար ամբաստանուած ըլլայ եւ Մոկացիէն մեղադրուած։ 

Թողլով այս խնդիրս կրօնաբանութեան, եւ Անանիայի այլեւայլ գրուածոց քննութիւնն այլ՝ մատեն նաբանութեան (որք յիշուած են ի Պատմութեան Հայ. Հին Դպրութեան, Գ. տպագր. էջ 532–41), յիշենք մեր քննելին, որ է Պատմութիւն Հայոց։ Զուգադէպ իմն է՝ որ Անանիա խնդրեր է Ուխտանիսէ ինչ որ գրեց եւ քիչ առաջ ծանուցինք։ Ուխտանես այլ կերպով մի խնդրէ Անանիայի գրածն։ Սորա խնդիրն՝ Վրաց բաժանման պատմութեան, մեր վերը յիշեալ կարծեաց փաստ մի ընծայեն, թէ Անանիա ուզած է տեղեկանալ այն խնդրոյ առթիւ կրօնական դաւանութեան մասին եղածն եւ ըսուածն. իսկ իր գրածն ի՞նչ նպատակաւ կամ ի՞նչ ոճով էր, այսչափ եւ իմացընէ Ուխտանէս գրելով անոր. «Լուեալ էր մեր յաղագս Պատմութեանցս սակաւ հատուածով, սկզբանց թագաւորացն Հայոց՝ մինչեւ ի մեզ... Զուրախարար գիր Պատմութեանց Հայոց, փոքր հատուածովք, որպէս վերագոյն ասացաք. զոր արարեալ առ ի մխիթարութիւն ընթերցողաց... Յիշատակեալ զայս եւս Պատմութիւն հայցէի գրով իմով»։

Երկու բան կիմանամ այս կրկին կրկին ըսածէն... որ Անանիա՝ մեր ուրիշ պատմչաց սովորութեամբ ազգին բովանդակ պատմութիւնը գրած է, այսինքն Հայկազանց եւ Արշակունեաց. Բ. որ փոքր հատուածովք գրեր է, այսինքն համառօտ, կարճ գլուխ կամ՝ հատուած բաժնելով։ Բայց հետեւցընեմք Գ., որ առանց կարեւոր պատճառի այնպիսի ծանրագլուխ հեղինակն չէր գրեր միայն այդ սակաւ կամ՝ փոքր հատուածները։ Հարկաւ մեծ հատուածովք բան մ'այլ գրած է, կամ իր ժամանակին պատմութիւնը, կամ աւելի վեր երթալով՝ կրօնական եղելութիւնքը. եւ կասկածիմ՝ որ ինչպէս Ուխտանէսի՝ եւս առաւել սորա գրածն այլ հակախոհք անհետ ըրած են, կամ շատ չէ օրինակուած, եւ կորուսելոց եւ փափագելեաց կարգին մէջ մնայ։ Իսկ համբաւէն եւ ուրիշ իրեն անուամբ յիշուածներէն հարկ է յուսալ` թէ խոհական գրուած էր այդ պատմութիւնն։ 

Իրմէ առաջ յիշուած չըլլալով Նարեկայ վանքն՝ Անանիա համարուի հիմնադիրն եւ առաջնորդն, գոնէ ամենէն գլխաւոր առաջնորդն, ինչպէս ամենէն երեւելի միաբանն այլ եղած է իր եղբօր դստեր եւ Խոսրով եպիսկոպոսին որդին։



[1]       Որ ըստ մեր յետին պատմչաց չի համաձայնիր Կոմիտասայ թուականին, բայց եթէ ասոր տալով իրմէ առաջ եւ վերջը չփոթ ժամանակի տարիներն այլ։

[2]       Որոյ ժամանակակից գրէ զկոստանդին Դ կայսր եւ զՆերսէս Գ կաթուղիկոս. սա ըստ մեր ծանօթ Ժամանակագրութեան չի յարմարիր, աւելի առաջ համարուելով։

[3]       Տես Սիսական, էջ 65–7։

[4]       Մաքի՝ էգ գառն նշանակէ։

[5]       Մեծին Ներսիսի վարուց մէջ յիշուածքն իմանալու է, ինչպէս Մեսրով Երիցու, որ հարիւր յիսունէն աւելի Գահակալ ցեղեր յիշէ։

[6]       Histoire des Guerres et des Conquêtes des Arabes en Arménie, par l'éminent Ghévond Vartabed Arménien, écrivain du huitième siècle; tradui te... et enrichie de notes.

[7]       Տես թիւ 11։

[8]       Զսա յիշէ եւ Օրպելեանն, Գլ- ԼԸ։

[9]       Մեր Հիմայ ունեցած Ագաթանգեղի գրոց մէջ չկայ բնաւ Ս. Նունէի յիշատակ։

[10]     Տես թիւ 2

[11]     Այս դուստրն է՝ որ ստորագրէ զինքն թագուհի արաբ բառիւ Մլքե Ավետարանի մի յիշատակարանի մէջ, զոր ընծայել է Վարագայ վանաց յամին 902։ Թուի թէ ոչ այս Շապհոյ (ինչպէս կ'ըսէ Արծրունին), այլ ուրիշ համանուն եւ համացեղ իշխանի մի դուստր էր՝ զոր էր «Առեալ Աւշնի կնութեան՝ յանօրէն ամուսնութիւն»։

[12]     Տես Սիսական, էջ 60: