Հայապատում

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

121. ԲԱՐՍԵՂ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԱՀԱՆԱՅՔ ԱՐՃԻՇԵՑԻՔ 

Բարսեղ եւ Յովհաննէս քահանայք՝ վեշտասաներորդ դարու սկիզբէն ի Շահ Իսմայէլէ սկսեալ Պարսից նոր թագաւորաց գործերը եւ Օսմանեանց հետ ըրած կռիւները գրած են։  Ասոնց շարունակութիւն կրնայ ըսուիլ Բարսեղ Վարագեցի վարդապետի գրածն ԺԶ. դարու վերջերը, Շահից եւ Սուլտանաց Հակառակամարտութիւնը։

122. 123. ԴԱՒԻԹ ԵՒ ՎԱՐԴԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՔ. 124. ԲԷԿԼԱՐ ՎԱՆՑԻ 

Դաւիթ Բաղիշեցի՝ Արաբացւոց աշխարհակալութեան սկիզբէն մինչեւ մօտ ի վերջ ԺԷ դարու, վերոյիշեալ աշխարհաց տիրողաց գործերն ըստ կարգի տարեգրութեան՝ տեղ տեղ ընդարձակ տեղ տեղ համառօտ՝ գրած յիշուի։ 

Վարդան Բաղիշեցի այլ իր ժամանակի (ԺԷ դար) քանի մի դիպուածները պատմել է, յորս եւ, Երուսաղեմի Հայոց եւ Յունաց հակառակութիւնը։ Բեկլար Վանցի իր հայրենեաց կողմերում հանդիպածները գրած է` իբրեւ հարիւր տարուան միջոցի (1635–1732)։

125. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԾԱՐԵՑԻ 

Ապարանեցւոյն ժամանակակից ԺԶ. դարը կնքող քանի մի փոքր կամ քիչ ծանօթ Պ ատմիչք կամ Ժամանակագիրք այլ յիշուին։ Այս երկուքն Հայ– Աղուանից աշխարհէն են եւ ազնիւ ցեղէ Դօփեանց. յորոց Ջհանշահի որդւոյն Միրզաշահի, եւ ասոր որդւոյն Մելգոնի՝ որդի է Տէր Յովհաննես, որ թէ՛ պապուն անուամբ մականուանի, թէ ցեղին եւ թէ անոնց եւ իր հայրենի Ծար աւանին։ Այս կողմերում՝ յետին դարուց այլազգեաց իշխանութեան ատեն ըրածն եւ եղածն՝ թուի բաւական երկարօրէն գրած ըլլալ, որոյ թերեւս վերջին մասն է Առաքել Դավրիժացւոյ պատմագրոց վերջը տպագրած եօթն կամ ութ թուղթ բանը` 1572 թուականէն սկսեալ իբր տասն տարուան պատմութիւն։ Թէպէտ ոմանք կարծեն թէ աւելի առաջ տարած ըլլայ պատմութիւնը, սակայն թէ իր թոռնեակն Յովհաննիսկ եւ թէ Մաղաքիա իր մահը նշանակեն 1582–ին։ Թաղուեր է ի Վասակաշէն գիւղ, Սեւանայ ծովեզերքը։ Ամէն յիշողքն գովութեամբ եւ մեծարանօք յիշեն զնա. Մեծ Վարդապետն կոչէ Մաղաքիա, եւ այսու ես հաւանելի կ՚ըլլայ՝ թէ աւելի արժանաւոր բան մի գրած է։ Ինքն (Յովհաննէս) նշանակած է ձեռագրի մի մէջ թէ ստացեր է զայն յամին 1531, յորմէ յայտնի բաւական ծեր ըլլալն ի մահուն։ Պատմութեան սկիզբն այլ գրէ, թէ երբ տասներկու տարուան եղայ՝ ինքզինքս ճանչցայ. եւ սկսի պատմել. բայց այս ըսել չէ թէ տասներկու տարուան սկսած է գրել գրածը, այլ բան պակսի տպագրուածին մէջ։

Իսկ ինչ որ հիմայ ծանօթ է, զայն շարունակեր է՝ իբր քսան տարի այլ՝ ցվերջ ԺԶ. դարու (1600) վերոյիշեալ Յովհաննիսիկն, Ծարեցւոյն եղբօր թոռն, որոյ պատուոյ համար կամ առ խոնարհութեան՝ այդպէս փոքրեր է իր անունը եւ մասնըկամբ։ Ասոր գրածն հրատարակուած է ի Ճռաքաղ ամսագրի . Բ. 1859–60)։ Գլխաւոր դիպուած պատմութեանն է Օսմանեանց, Լալա փաշայի առաջնորդութեամբ, եւ Պարսից Խիւտապէնտ Շահի պատերազմներն ի Հայս, ի Վիրս եւ Աղուանս, սովք եւ սրածութիւնք, Օսմանեանց առնուլն զԴավրէժ (զոր եւ Ապարանեցին յիշէ), եւ Վրաց Սիմոն խանի կամ թագաւորի բռնուիլն եւ ուղարկուիլն ի Կ. Պօլիս։ 

127. ՕՀԱՆ ԱՌԱՔԵԼ 

Այսպիսի անուամբ մէկ մի յիշէ Յակ. Շաբան Ջրպետ իր փռանկերէն գրած Հայոց պատմութեան մէջ, որպէս թէ Օսմանեանց եւ Պարսից պատերազմաց գործերը պատմագրած ըլլայ ցամն 1586։ Իրմէ առած երեւի Շոբէն զայս յիշատակ, եւ  1586 թուին տեղ՝ որպէս թուի սխալմամբ գրէ  1568։ Ուրիշի յիշատակ մի չգտնելով՝ տարակուսիմք պատմիչին ըլլալուն վրայ, կամ կասկածում է որ շփոթուի վերոյիշեալ Յովհաննիսեանց հետ։

128. ՍՐԱՊԻՈՆ  ԿԱԹՈՒՂԻԿՈՍ

Ծանօթ ի շարս կաթուղիկոսաց Էջմիածնի նաեւ Գրիգոր ԺԳ անուամբ, ի սկզբան ԺԷ. դարու, (1603-24). Հայրենեօքն եւ առաջնորդութեամբ Ամդայ եւ Եդեսիոյ, այդ քաղաքաց անուամբ այլ կոչուի։ Կաթուղիկոսութենէն առաջ եւ կաթուղիկոսութեան ատենն այլ ազգային դիպաց եւ խնդրոց մէջ գործունեայ եղած է եւ ի գիրս ժամանակակցաց շատ եւ շատ անգամ յիշուի։ Բայց մենք իբրեւ Պատմիչ դիտելով՝ լսեմք իրեն Թումաս աշակերտէն՝ որ  նա գեղեցիկ մտածութեամբ իր հայրենեաց (Եդեսիոյ) պատմագրին Մատթէի Ուռհայեցւոյ հետեւեր  է, եւ անոր Տարէգրութեանց կըցեր է նորագոյն դիպուածներ, Ձեռագրաց Յիշատակարաններէն քաղելով [1], որ թէ եւ հեղինակութիւն չըլլայ, այլ գովելի է եւ կարեւոր գործ է։ Մատթէոսի տարեգրոց շարունակեալ օրինակաց մէջ գտնելու է Սրապիոնի Յաւելուածը։

129. 130. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՆԹԱՊՑԻ ԵՒ ԵՓՐԵՄ ԿԱԹՈՒՂԻԿՈՍՔ ՍՍՈՅ 

Էջմիածնի կաթուղիկոսին գրեթէ ժամանակակից է Յովհաննես Անթապցի կաթուղիկոսն Սսոյ, որ իր մէկ յաջորդին (Եփրեմայ) գրածներէն երեւի՝ թէ Պատմական տեղեկութիւններ գրած է. որոցմէ մին՝ իր ատեն Սատուռճի Դալիլայ անուանելոյն աս. պատակութիւնը բաւական երկարօրէն գրած։ Եփրեմ երկու անգամ՝ յիշէ զնա՝ ըսելով. «Այն որ բանիս է վիպաբան». դարձեալ. «իսկ Աջապահն այն քաջաբան, Յորմէ լինիմք մեք վիպաբան»։

Յիշատակս պահանջէ զիջողն այլ անցընել ի կարգ յիշելոյն, թէ եւ ժամանակաւ հեռի՝ նոյն եւ ի մեր գործոյս, այսինքն զԵփրեմ կաթուղիկոս Սսոյ (1771-1784), որ գրած է իր ցեղին Աջպահից  Պատմութիւնը յաջորդաբար՝ թէ արձակ եւ ընդարձակ, եւ թէ համառօտ՝ չափաբանութեամբ։ Յայտնի է մեր բանասիրաց՝ որ Աջապահք կամ Աջպահք՝ կոչուեցան թէ եկեղեցականք եւ թէ աշխարհիկք՝  որք յորդւոց յորդի պահէին Ս. Լուսաւորչի Աջը, եւ թէպէտ սովորաբար ի կաթուղիկոսարանի պահուէր այն՝ ուրիշ սրբութեանց հետ, բայց առջի  պահողին սերունդքն յորդւոց որդի այդպէս կոչուեցան։ Սսոյ թեմին նկատմամբ Հանդիպած  բաներու եւ կաթուղիկոսաց՝ կան մասնաւոր գիտելիք ի գրութեան Եփրեմի, յորս գտնուին եւ անստոյգք ինչ կամ սխալք

131. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՒԱԳԵՐԷՑ ԿԱՄԵՆԻՑՈՅ 

Մասնական յիշատակաց գրող է մեր գաղթա. կան Լեհահայոց գլխաւոր քաղաքաց միոյն (Կամենիցոյ) խոհական աւագերէց Յովհաննէս, ԺԶ դարու վերջերը, ութսունեւչորսամեայ վախճանեալ յամին 1611։ Յիսուն տարիէ աւելի եկեղեցւոյն քովիւ ըլլալով, թէ եկեղեցական եւ թէ քաղաքական դիպուածները տարեգրած է, սկսանելով Համառօտաբար ՝ամէ 1230, եւ երկարելով հետզհետէ մինչեւ ի 1610. յետ որոյ իր որդւոյն եւ յաջորդի Տէր Գրիգորի որդին Օքսենտ շարայարեր է տարեգրութիւնը մինչեւ ի 1621, բայց թաթարերէն։ Այս գործս ամենիոյ գաղթականաց մէջ ազնուական եւ տէրութեան ատենի դատավոր Պր. Գրիգոր Պըյըգեանի խնդրանօք եւ ծախիւք տպագրեալ հրատարակեցինք ի վանս մեր յամին 1895, աւելցնելով շատ յիշատակներ՝ նաեւ Լեհաստանի Հայոց վրայօք, քաղեալ ի պատմըչաց եւ ի ձեռագրաց, հանդերձ քսան կոնդակօք կաթուղիկոսաց առ եպիսկոպոսս եւ առ ժողովուրդ այն կողմանց եւ առ թագաւորս Լեհաց յետ կիսոյ ԺԴ. դարու մինչեւ յետ կիսոյ ԺԷ–ին Մեսրովպ կաթուղիկոսէ մինչեւ ի Փիլիպպոս), եւ շարակարգաւ անոնց քսանեւհինգ եպիսկոպոսաց, 1365 թուականէն սկըսեալ։ Այլեւայլ հետաքննական դիպաց Յաւելուածք այլ կան այս հաւաքման մէջ, յորս եւ երկար չափաբանեալ պատմութիւն հռչակաւոր Թորոսովիչ Նիկոլ եպիսկոպոսի գործոց, եւ Լեհահայոց միաբանելուն ընդ Հռովմէական եկեղեցւոյ։ Անտարակոյս գտնուին այսպիսի տարեգրութիւնք ուրիշ կողմանց եւ քաղաքաց գաղթականաց մէջ այլ, ծանօթք եւ անծանօթք, որք կրնան ոչ սակաւ լոյս կամ գէթ նշոյլ ծագել մեր համատարած ազգին սփռեալ եւ իրարմէ շատ հեռացեալ սերընդոց ծանօթութեան համար, եւ այսու կրնան եւ ի կարգ Պատմըչաց անցնիլ, թէ եւ ոճով գրուած չըլլան. վասն զի Պատմութեան պատուականագոյն պահանջն է յայտնութիւն եղելոց։

132. ՍԻԻՒՆԵՑԻ (ԱՆԱՆՈՒՆ).   133. ԳՐԻԳՈՐ ԿԱՄԱԽԵՑԻ

Ստեփանոս Ռոշքեան իր Տարէգրոց մէջ շատ մ՚տեղ քաղեր է ի պատմական գրուածոյ մէկու մի, որոյ ոչ անունը յիշէ եւ ոչ գրոց անունը, այլ միայն Սին. համառօտելով, եւ տեղ մի ամբողջ Սիւնեցի։ Յայտ է որ չէ սա Օրբելեանն որ երբեմն Սիւնեցի կոչուի, այլ թուի այն աշխարհին կողմերէն մէկն, եւ ԺԶ. դարէն այլ ասդին, վասն զի քաղած պատմական յիշատակքն ԺԴ. դարու կիսէն մինչեւ ի 1636 հասնին, բայց որոշ չիմացուիր թէ որ տեղւոյ կամ անձանց պատմութիւն է այդ Սիւնեցւոյն գրածն։ Գրիգոր Կամախեցի վեշտասաներորդ դարու երկրորդ կիսուն՝ Պարսից Շահ Թահմազի Օսմանեանց հետ ըրած կռիւները պատմած է։

134. ԱՌԱՔԵԼ ԴԱՒՐԻԺԵՑԻ 

Յետ կանոնաւոր Պատմչաց ԺԳ. դարու եւ ԺԴ–ին եւ սկզբան, արժանաւոր պատմիչ մի չէ չասած մեզ յետագայ դարերուն՝ մինչեւ ի սա, որ թԷ իրմէ եւ առջի երկու երեք դարուց պատմիչներէն եւ թէ իրմէ վերջնոց ամենէն լաւագոյնն է եւ կ'արժէ օրի նաւոր Պատմչաց դասակցել։ Եթէ եւ Հայաստանութեամբ ստորին է, բայց կարգաբանութեամբ գովելի. եւ շատ յարգի եւ պատուական է ծանօթու. թեամբք ԺԷ դարու սկիզբէն մինչեւ ի կէսն եւ աւելի անդին, այն ժամանակի քաղաքական մեծ դիպաց նկատմամբ մեր ազգին, երկու մեծ տէրութեանց՝ օսմանեանց եւ Պարսից ըրած պատերազմներով եւ իրարմէ խլելով մեր երկրին մասերը, եւ պատմելով այն ցաւալի դիպուածն, որ է Շահ-Աբասայ մեծ մաս մի Հայոց հանել քշելն Երասխան եզերքներէն եւ յատկապէս ի վաճառաշահ գիւղաքաղաքէն Ջուղայ՝ ի խորս Պարսկաստանի, ողորմելի վտանգօք, եւ շատերու ջրախեղդ եւ սովալլուկ մահուամբ։ Պարզ, անարուեստ՝ բայց զգայուն եւ իրաւախոհ կերպով գրած է այս ամենը՝ որոց կըցէ եւ քանի մի նահատակելոց պատմութիւն։ 

Մէկ կարեւոր մաս մ՚այլ պատմութեանն է յիշատակն այն ժամանակի Մովսէս եւ Փիլիպպոս խոհական կաթուղիկոսաց ըրած նորոգութեանց եւ բարեկարգութեանց Էջմիածին. նոյնպէս եւ ճգնաւորական եւ կրօնաւորական կարգաց նորոգման՝  քանի մի հոգեսէր անձանց առաջնորդութեամբ։ իր ծերութեան ատեն՝ Փիլիպպոս կաթուղիկոսի յորդորանօք գրեր է Առաքել իր Պատմութիւնը. եւ դադրեցուցած թուականէն քիչ վերջը վախճաներ է։ Լաւ մտածութեամբ՝ իր ժամանակի տեսած եւ լսածէն առաջ եղած դիպուածոց ժամանակագիր կամ տարեգիրներ այլ գտնելով, զանոնք այլ կցեր է գրոց ետեւը. այսպիսի են մեր առաջ յիշած Ծարեցին Յովհաննէս եւ Յովհաննիսիկն, եւ այլն:

Պատմածներուն մեծ մասին ականատես ըլլալով Առաքել, մեծ յարգ ունի անտարակոյս ստուգութեամբ, եւ օտարաց անծանօթ բաներ յայտնելով։ Ասոր համար իրաւամբ արժանի համարեցան Պրոսէ եւ Լանկլուա, մին փռանկերէն թարգմանելով, միւսն  տպագրութեամբ հրատարակելով զայն 1874)։ առաջինն շատ տարի առաջ այլ Բեդրպուրկի գիտնական Ճեմարանին Յիշատակարանաց մէջ տեղեկութիւն գրած էր այս հեղինակիս վրայ. որոյ բնագիրն անոր գրելէն քիչ վերջը նորէն տպագրեցաւ Էջմիածին, եւ այս վերջին տարիներս այլ աւելի վայելուչ եւ յստակ, եւ սակաւ յաւելուածով։

Առաքելի արժանեաց համար, մեր Հայապատումի որոշեալ ժամանակէն (ԺԶ. դար) անդին անցնելով, քանի մի յօդուած առած եմք իրմէ (395 398 399, յ՚Բ Մասին), Հայոց բռնի գաղթականութեան եւ եկեղեցեաց եւ վանորէից նորոգման, նաեւ սասանութեամբ աւերմանց նկարագրութիւնքը։

135. ԶԱՔԱՐԻԱ ԿԱՄ ԶԱԿՔԷՈՍ ՊԱՏՄԻՉ 

Յետ Առաքելի եւ քիչ վերջ իրմէ եւ իբր յետին դասելի ընդ Պատմիչս է Սարկաւագս այս, որ թէ նկատմամբ իր ժամանակակից Վաղարշապատցի համանուն համբաւաւոր վարդապետին, եւ թէ իր կարճ հասակաւ եւ կաղ ըլլալուն համար` Փոքր կոչուեր է, նաեւ Զակքեոս, յԱւետարանի յիշեալ կարճամանակին նմանութեամբ։ Երեւանի Քանաքեռ գեղէն է հայրենեօք, ի տղայութենէ ղրկուած, վարժած եւ ապրած մօտաւոր հին եւ հռչակաւոր Յովհաննավանից մէջ՝ մինչեւ ի ծերութիւնն, թերեւս եւ հօն թաղուած, որոյ եւ Պատմոթիւնը գրած է խնամքով՝ կոչելով կոնդակ Յովհաննավանից, այս ինքն առաջին հիմնարկութեանն եւ այլեւայլ ժամանակի շինութեանց, առաջնորդաց եւ վարդապետաց տեղւոյն, եւ եկեղեցեաց արձանագրութեանց զորս մի առ մի օրինակեր է։ Ես շատ պատուական գործ է։ 

Բայց ասկէ մեծ եւ իր գլխաւոր գործն է՝ երկու Հատոր բաժնած Պատմութիւնք, մաս մի Առաքելի պատմածներէն յիշելով, այլ մեծաւ մասամբ անոր պատմածներէն իբր քառասուն տարի վերջը եղածներն ի Մեծ Հայս եւ ի Վիրս։ Առաջին հատորն քառասունեւութ գլուխ բաժնած՝ յիշէ Պարսից թագաւորաց գործերն՝ յատկապէս ի Հայս, սկսելով ի Ճիհանշահէ եւ ի Շահ–Իսմայէլէ մինչեւ ի մեծ Շահ–Աբաս, եւ անոր ընդ Օսմանեանց կռիւները եւ Երկրորդ հատորն, վաթսունեւվեց գլուխ բաժնած է, յորում՝ մաս մի Շահ–Աբասայ եւ յետոյ անոր առաջին յաջորդաց եւ Երեւանի կողմնակալ դրուած խաներու ատեն եղածները։ Այս հատորին մէջ են եւ աւելի քան զառաջնոյն՝ յիշատակք գործոց Մովսեսի, Փիլիպպոսի եւ Յակոբ կաթուղիկոսաց, նահատակաց ոմանց պատմութիւնք, ժամանակակից է նշանաւոր վարդապետաց եւ եպիսկոպոսաց յիշատակք, եւ կերպ կերպ հետաքրքրական դիպուածոց նկարագրութիւնք։ Բոլոր կարճ կամ երկայն պատմածքն սկըսին ի կիսոյ ԺԵ. դարու մինչեւ ի 1634. այս թուականէն սկսի բուն իր հեղինակօրէն գրածն, եւ հասնի գրեթէ ի վերջ ԺԷ. դարում։ Առաջին մաuնը քաղած է գրոց յիշատակարաններէ, եւ ի ծերոց լսածներէն, իսկ վերջինն՝ իր ատեն Հանդիպածքն են։ Գրուածն է պարզ եւ յստակ. թէ եւ ստորին վկայաբանութեամբ, այլ հաճութեամբ կարդացուի՝ դիպուածոցն պէսպիսութեանն եւ նորութեանն համար։ 

Ի վերջ յետին գլխոյ Հատորի) Պատմութեանն գրած է Զաքարիա. «Յայսմ աւուր որ զՊատմութիւնս աւարտեցաք՝ ի թուին ՌՃԽԸ (1699-1700) եկն կարկուտ, ի մայիսի 30, ի չափ է ձուոյ հաւու, եւ փշրեաց զամենայն բոյսս»։ Ասով կ՚իմացուի որ Զաքարիա ինչուան այն ատեն՝ ի խոր ծերութեանն այլ՝ ուզեր է շարունակել զՊատմութիւնը, բայց չէ կրցած նորէն աչքէ անցընել ս իր ձաբըռտած որ ձեւ է թղթի վրայ գրածները, եւ  մաքուր օրինակել եւ այնպէս երկար ատեն մնացեր է ձեռագիրն, մինչեւ մօտ ի վերջ ԺԸ. դարու՝ Ղուկաս կաթուղիկոս յանձներ է Կեսարացի Նահապետ անուամբ դպրի մի, կարգադրել զայն եւ  մաքուր օրինակել, յորմէ շատ օրինակներ այլ գաղափարուած են։ 

Ըստ արժանեաց պատմութեան ժամանակին՝ է յետ Առաքելի զԶաքարիա եւս փռանկերէն թարգմանած է Պրոսէ։ 

136. ԶԱՔԱՐԻԱ ԵՐԷՑ 

Անծանօթ եւ երկբայելի Ձեռագրաց ցանկի մի մէջ յիշուած է. «Զաքարիայ Երիցու Պատմագիրք, որ ժողովեաց յամին 1689... բայց յոյժ վեր ի վայր է գրեալ Պատմագիրքս, եւ բազում՝ ուրեք անստոյգ»։ Թուի թէ Ժամանակագրական  բան կամ՝ Գաւազանագիրք մ'էր, յորում՝ նշանակեալ էին թուականք ժողովոց, կարգաւ կաթուղիկոսաց, Պատրիարքց չորից գլխաւոր աթոռոց, կայսերաց Հռովմայ, Օսմանեան Թագաւորաց, եւ այլն։

137. ԳՐԻԳՈՐ ԿԵՍԱՐԱՑԻ 

Ծանօթ պատրիարք կոստանդնուպօլսի, աշակերտ Ուռհայեցի հռչակեալ Սրապիոն Վարդապետի։ Իր եղբօրորդին Տէր Յակոբ վկայէ թէ՝ սա «Ժողովեաց եւ շարադրեաց երկու գիրք. զմէկն Թվականք եւ Պատմութիւնք, յԱդամայ մինչեւ ի վեր ՌՁԵ (1636) թիւն, աշխատեալ մինչեւ ի վախճան իւր։ Այլ եւ թարգմանեաց գիրք մի  ըuտուռլապի (աստեղաբաշխական) արաբի լեզուէ ի մեր բարբառ. այլ եւ գունդ մի մեր լեզուաւ՝  երկնից հանգոյն, աստեղազարդ շարիւ զարդարեալ։ Այլ եւ ասաց մխիթարական բանս վասն մահուան վարդապետին իւրոյ Տէր Սրապիոն Րաբունապետին»։ Յիշէ եւ այլեւայլ գրուածները, ոտանաւոր եւ արձակ, աղօթք, եւ այլն։

138. ՄԵԼՔԻՍԵԴ ՎԺԱՆԵՑԻ 

Զաքարիա Սարկաւագ պատմելով . խդ) դիւախաբ Յովհաննէս եպիսկոպոսի մի ըրածը կամ երազը, կ՚ըսէ թէ «Մելքիսեդ գրեալ էր զՊատմութիւն նորին, յաճախ աւելի քան զՍաղմոսն. եւ էր գիրքն այն ի գրատանն Յովհաննավանից, եւ ոչ գիտեմ զինչ արարին». Այդ եպիսկոպոսին սուտ տեսիլներն էին անշուշտ պատմագրածին մեծ մասին։ 

139. ԵՐԵՄԻԱ ՉԷԼԷՊԻ ՔԷՕՄԻՒՐՃԵԱՆ 

Այդ թուրք մականունը՝ զինքն եւ իր եղբայրը յիշող իտալացիք` Carbonari թարգմանած են: Երեմիա Չելեպի ԺԷ. դարուն վերջերը (1695–ին) կնքած է կեանքը, ի Կ. Պօլիս։ Հանճարեղ եւ աշխոյժ գրիչ մի` հմուտ եւրոպական լեզուաց, աւելի եւս արեւելեայց, որոց (թուրք) բառերը՝ շատ հեղ իր հայերէն երբեմն պարզ երբեմն ռամկականին մէջ խառնէ, ծանօթ արեւելեան եւ յատկապէս Օսմանեանց պատմութեանց, որոց թէ նախորդաց թէ իր ժամանակակցաց վրայօք շատ տեղեկութիւն գրած է։ Նոյնպէս եւ Հայոց Պատմութիւն մի, թէ Հայերէն եւ թէ թուրքարէն։ Գրած է առանձինն եւ ազգային Նահատակաց Պատմութիւններ, թէ ի  Յայսմաւուրաց եւ թէ յայլ գրոց, այլ եւ ի լրոյ եւ ի տեսոյ քաղեալ եւ հաւաքեալ՝ յորոց կարգին չհասաւ անցընել իր երանելի եղբայրն՝ որ Կոմիտասը, որ տասներկու տարի իր մահուընէն ետքը նահատակեցաւ։ Գրած է նաեւ Աշխարհագրութիւն մի Հայաստանի, եւ ի խնդրոյ Աւստրիոյ կայսեր դեսպանին՝ ժամանակին Հայոց ամեն վանաց տեղագրութիւն կամ տեղադրութիւն. շատ հետաքննելի գործ, եթէ յայտնուի ի Վիենա կամ ուրիշ տեղ։ Գրածներուն մեծ մասն անյարդար եւ առձեռն ժողոված են. գուցէ զոմանս յետոյ կոկած ըլլայ. կան մեր քով իր այդ գործոց իր ձեռօք գրածներն եւս։ 

140. ԵՐԱՆԵԼԻ ՏԷՐ ԿՈՄԻՏԱՍ 

Տեր Կոմիտաս Քեօմիւրճեան, կրտսեր եղբայր առաջնոյն, իրմէ առաջ նահատակելոց շատերէն եւ իրմէ վերջիններէն ամենէն աւելի հռչակեալ եւ սքանչելագործ վկայ, մեծապէս յիշեալ եւ պատուեալ, մանաւանդ յամսաթուի նահատակութեանն (6 նոյեմ. բերի, 1707, ի Կոստանդնուպօլիս). որոյ վարքն եւ սքանչելիքն՝ իտալերէն այլ եւ հայատառ թուրքերէն այլ տպագրուած են, եւ զարմանք է հանդիսապէս չտօնուիլն, թէ եւ անցած է ի կարգս Յայսմաւուրաց։ Եռանդուն հոգեսէր, եւ երէց եղբօրն պէս սրամիտ եւ աշխոյժ յայտնուի իր արձակ եւ չափով գրուածոց մէջ, որոց գլխաւորն է՝ ըստ մեր նպատակի՝ Պատմութիւն իր ժամանակակից եւ տարբեր հոգւով հռչակեալ Աւետիք պատրիարքի գործոց, աքսորանաց եւ իբր յաղթանակաւ դարձին ի Կոստանդնուպօլիս։ Տօնացոյց մ՚այլ յօրինած է՝ Երից ազգաց անուանեալ, այսինքն Հայոց, Յունաց եւ Լատինաց։

141. ՄԱՂԱՔԻԱ ԴՊԻՐ 

Մաղաքիա Դպիր կրնայ կոչուիլ վերջին ի Պատմագիրս մեր, ոչ ընդարձակ գրութեամբ երկար կամ կարճ ժամանակի դիպուածոց, այլ համառօտ ազգային յիշատակօք բովանդակ ժամանակի, այսինքն Ժամանակագրութեամբ, սկսեալ ի Հայոց թուականէն մինչեւ ի սկիզբն ԺԸ. դարու (ց՝ ամեն 1707). յիշելով մէկ երկու տողով նշանաւոր դիպուածներն նաեւ այն ազգաց, որոց իշխանութեան ներքեւ էին մերազգիք, եւ ընդարձակելով յետին դարուց (ԺԶ–Է ) յիշատակներն՝ Օսմանեան տէրութեան Հպատակաց * ԹԷ եւ կարճ են յիշատակքն, այլ շատ թուով, եւ շատ պատմիչներ քննած է թէ՛ առաջին դարերուն եւ թէ իրեն մօտ դարերուն, իսկ իրեն աւելի մօտ ժամանակին՝ այլ աւելի ճոխ է տեղեկութեամբք։ Մեծադիր անծալ թղթով խիտ տողով եօթանասուն երես է ըլլայ բովանդակ գը րուածն. յառաջաբանն կամ սկիզբն պակսի, գոնէ մեր քով եղած օրինակի մէջ, նոյնպէս եւ վերջաբան չկայ. այլ երեւի որ հեղինակն ինչուան իր կենաց վերջին տարիներին նշանակէ տարէգրութիւնը, որ եւ կենացն հետ դադրի։

Մաղաքիա որդի է Գրիգորի, եւ թոռն Թորոսի, ի Չնքուշ աւանէ՝ Խարբերդ գաւառի սահմաններէն։ Իսկ իր որդիքն՝ իր անունն իրենց մականուն սեփականեր են, այսպէս մէկ թոռնը կոչուի Հ. Յարութիւն Մաղաքեան, ի Մխիթարեանց Ս. Ղազարու, (վախճանեալ ի 1797). ասոր եղբօրորդին այլ է Մատթեոս Մաղաքեան, նոյնպէս Մխիթարեան, (վախճանեալ ի 1847), հեղինակ երկհատոր կենսագրական բառագրոց, յորում ազգային անձանց շատ տեղեկութիւնք կան, մանաւանդ վերջին դարուց :

Ժամանակագրութենէն վերջը դրած է Մաղաքիա եւ զկարգ կաթուղիկոսաց Հայոց, նաեւ զUսոյ՝ յետ յերկուս բաժանման աթոռոյն, եւ վերջին ժամանակաց բաւական տեղեկութեամբք. նաեւ զպատրիարքաց Երուսաղեմի, զթագաւորաց Հայոց, եւ այլն։



[1]       «Այսր մատենագրութեան (Մատթէի) փափագող եղեալ մեծ Րաբունապետ ՏԷր Սրապիոն Ուռհայեցի, որ յայսմ ժամանակի սա միայն երեւի Հոգաբարձ ու ծածկեալ եւ անյայտ Պատմագրաց. զոմանս ի հեռաստանէ բազում ծախիւք ետ բերել եւ զոմանս գրել։ եւ զայն որ ոչ յայտնի շարագրով էր կարգեալ է ինքն ի գրոց Յիշատակարանաց ժողովելով՝ հաւաքեաց ի տըփի՝ զպատմութիւն եւ զժամանակս. որ եւ զայս Պատմագիրս Մատթէի տեսեալ ետ ինձ Թումայիս գրել: ի թուին ՌՆԹ (1600) ի գաւառն Եկեղեաց, ի դուռն Ս. Նշանիս եւ Ս. Սարգսիս ). եւ այլն: (Տես Հայաստան լրագիր, Բ. 75)։