Հայապատում

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Յետին երկուց դարուց, այսինքն Ու թեւտասներորդին եւ իննեւտասներորդի, ազգային պատմագիրք՝ մեր նպատակին չեն ծառայեր, մանաւանդ որ շատքն յստակ հայերէն այլ չեն գրեր։ Հարեւանցի յիշեմ միայն ոմանց անունները, որոց նմաններ այլ եղած են հաւանօրէն, որք կամ ծանօթ չեն ինձ եւ կամ՝ չեմ կրցած նշանակել։

142. ՂՈՒԿԱՍ ՎԱՆԱՆԴԵՑԻ. 143. ԵՍԱՅԻ ՀԱՍԱՆ ՋԱԼԱԼԵԱՆ 

Բաւական ծանօթ է Ղուկաս Վանանդեցի թէ գրութեամբք թէ տպագրութեամբ, բայց իր գլխաւոր գործն որոյ համար Ղազար Ջահկեցի՝ զնա մեր բոլոր Հայոց Պատմչաց վերջին դասի ժամանակաւ, ծանօթ չէ ինձ։ 

Աղուանից կաթուղիկոսն Եսայի Հասան Ջալալեան՝ իր երկրին հանդիպածները գրած է իր ժամանակին, ի 1717. որ եւ տպագրուած է ի Շուշի, յամին 1839։

144. ՅՈՎՍԷՓ ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ 

Յովսեփ Քահանայ Ջուղայեցի՝ շատ տարիներ աշխատելով Հաւաքեր եւ գրեր է՝ երեսունեւչորս Պրակներու բաժնելով՝ եկեղեցական Պատմութիւն ի Քրիստոսէ մինչեւ ի կէս ԺԸ. դարում, եւ անուաներ է Քննիկոն։ Գործն աւարտեր է ի Բասրայ, ի 1761, եօթանասնամեայ ըլլալով, որդւոց եւ թոռանց տէր։ Յակոբ Այուբեանց գրէ ասոր  համար. «Պատմագիրք որ Քննիկոն կոչի, յԱդամայu մինչ ի ՌԲՃ (1751) թիւն. յորս գոն զանազանն ասութիւնք ի վերայ աստուածայնոց արանց, եւ  պատմութիւնը Հայոց իշխանաց եւ թագաւորաց, եւ վասն ամենայն անցիցն անցելոց. զոր տեսողացն է յայտնի»։ Տես «Ազգասեր Արարատեան լրագրի, Ա. 136, Գ. 145։

145. ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ 

Գրած է Խաչատուր Ջուղայեցի` Պատմութիւն Պարսից եւ Նոր Ջուղայի. վախճանեալ է ի 1796։ Վերոյիշեալ Այուբեանն այլ կ՚ըսէ. «Խաչատուր վարդապետ, Պատմագիրք վասն բռնակալութեան Պարսից եւ թագաւորաց Նետողաց, եւ վասն ժառանգութեանցն Հայոց եւ նահանգաց նոցին, այլ  եւ գետոց եւ լերանց: երկու Հատոր արարեալ է վասն անցելոցն եւ ներկայիցն, որ ունի պարաւանդեալս յինքեան զբազում՝ եւ զզանազան պատմութիւնս»: Տես Ազգասեր Արարատ. Ա: 136։

Որովհետեւ Նոր Ջուղայի վրայ խօսիմ, հարկ է համարիմ՝ յիշել նաեւ

146. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆՑ 

Նոր Ջուղայի աւելի կարգաւ Պատմութիւն գրող մեր օրերում՝ զՊ. Յարութիւն Յովհաննիսեանց այլ որ եւ տպագրեցաւ հօն ի Նոր Ջուղայ, երկու հատոր, յամին 1880։

147. ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՂԱՓԱՆԵՑՈՑ 

Պատմութիւն Ղափանեցոց կամ՝ «Պատմութիւն Դաւթ Բեկի, արժանաւոր պատմական դեպք է, որով գրուածն այլ կարգի։ Բաւական ծանօթ է ԺԸ դարուն սկզբոն Սիւնեաց Ղափան [1] կոչուած արեւելեան կողմանց պայազատող Հայ տանուտերանց Մելիք անուանելոց` միաբանելով դէմ կենալն, կռուիլ եւ շատ տեղ յաղթել վանելն զիրենք զզուող նեղացնող պարսիկ բռնաւորները եւ իրենց առաջին գլուխ եւ զօրավարն ըլլալով Դաւիթ անուամբ մէկն, բոլոր իրենց գործոց պատմութիւնն եւս թէ անոր անուամբ կոչուի եւ թէ իրենց երկրին (Կապան–Ղափանի)։ Ոչ շատ տարի առաջ Էջմիածին տպագրեցաւ այս պատմութիւնս, առանց ճանչնալու հեղինակին անունը եւ հարկ է յայտնել՝ որ այն գործոց եւ պատերազմաց առաջնորդաց մէկն էր Ստեփանոս Վրթանես Շահումեան, որ յետ այն գործոց՝ վաճառականութեան զբաղվելով՝ շատ տարի (1730-50 ամաց միջոց) կեցած է ի Վենետիկ, եւ գրած է այդ Ղափանեցոց ըրածը, հաւանօրէն ուրիշներէ յորդորուած, եւ ինքն գրոց լեզուի բաւական հմուտ չըլլալով, մեր Մխիթար Աբբահօր աշակերտ եւ Հայրենակից սեբաստացի Ստեփանեան Հ. Ղուկասայ տուեր է կոկիկ շարադրել։ Յիշեալ վարդապետս վախճանած է յԱռինճ Մշոյ, յամին 1751, քառասունեւերկու տարեկան։ Ղափանեցոց՝ նախընթաց ըղձիւք եւ յարատեւանօք իրենց երկիրն եւ ազգն ապահովելու համար քրիստոնեայ տէրութեանց պաշտպանութեամբ՝ ամէն ըրածն եւ գրածն, այս ետքի տարիներում՝ լաւ ծանօթացուց մեր պատուաւոր եւ գիտնական Պարոնայց եւ Ռուսական տէրութեան բարձրաստիճան պաշտօնէից մէկն, Կարապետ Եզեան, իր հաւաքած  թղթովք եւ ճոխ տեղեկագրութեամբք. որ կրնայ  այն եռանդուն գործողներուն արժանաւոր վարձք համարուիլ։ 

Այս մեր Հայոց զինուորական վերջին գործերն անշուշտ միայն Շահումեանն չէ գրած կամ թելադրած եւ թէ ոչ միայն անոր յիշածները, այլ  նոյն կամ՝ մօտիկ կողմերու Ղարապաղի ժամանակակից կամ քիչ առաջ եւ վերջը եղող տանուտերանց նման գործերն՝ ուրիշներ այլ գրած են, Մէլիքաց Պատմութիւն անուանելով, որ շատ անգամ լսուած է, բայց կարծեմ՝ ոչ է հրատարակուած, բայց եթէ եւ Րաֆֆիի (Գաբրիել Պատկանեանի) Վիպասանականն։

148. ԱԲՐԱՀԱՄ  ԵՐԵՒԱՆՑԻ

Աբրահամ Երեւանցի, որդի Յովհանի, գրած է Պարսից Թամազ Ղուլի թագաւորին գործոց եւ պատերազմաց Պատմութիւնն ռամիկ ոճով, բայց ոչ բոլոր կենացն, այլ` քանի մի տարուան

Նման իմն եւ իր անուանակից կաթուղիկոսն  Աբրահամ Գ Կրետացի (1734–7), գրած է քանի եւ մի եւս տարուան պատմութիւն՝ այդ Պարսից վերջին աշխարհակալին, եւ յատկապէս իրեն (պատմըչին) հանդիպածները, իր ճամբորդութիւնները, Էջմիածնի վիճակը, հօն գալն Թամազայ, եւ այլն։

149. ՅԱԿՈԲ ՆԱԼԵԱՆ 

Յակոբ Նալեան անուանի պատրիարք է Կոստանդնուպօլսոյ Հայոց: Իր թերուղիղ կրօնական գրածներէն զատ, ունի եւ տպագրուած եւս Համառօտ Պատմութիւն Հայոց տէրութեան, ի Հայկայ մինչեւ ի վերջ Ռուբինեանց. նաեւ Աշխարհագրութին մի Հայոց ըստ Խորենացւոյն, եւ առանձինն գլխաւոր քաղաքաց թէ բնիկ Հայոց երկրի եւ թէ սահմանակցաց. որ շատ կարեւոր տեղեկութիւններ ունի քան զպատմութիւնն։ Լեզուն ռամիկ է, եւ թուրքերէնով իսկ խառնած։

150. ԲԱՐԱՂԱՄ 

Նման իմն Նալեանի Աշխարհագրութիւն մի գըրած է Բարաղամ, կամ Բաղրա: Յետ Պատմութեան Ռուբինեանց եւ Արցախոյ իշխանաց, այսինքն: Մէլիքաց Ղափանու, զՄեծ եւ Փոքր Հայս քսան Աշխարհք հաշուէ ըստ նախնեաց, յորս երկու հարիւր՝ յիսունեւութ գաւառներ նշանակէ։ Լեզուն աւելի յստակ է քան զպատրիարքին։ Այս գործս տպագրուած է ի Մատրաս Հնդկաց, յամին 1772։

151. ՄՈՒՐԱՏ ԽԱՆ. 152. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ.   153. ՅԱԿՈԲ Վ. ԹՕՓՈՒԶԵԱՆ

Մուրատ Խան վանցի` Վարագայ Խաչին երեւան նէն սկսելով՝ այն կողմերու դիպուածները տարեգրաբար նշանակեր է մինչեւ ի սկիզբն ԺԹ. դարու: Յովհաննես Արքեպիսկոպոս Սեբաստիոյ՝ գրեթէ՝ վերոյգրելոյն ժամանակակից է, եւ մինչ ԺԹ. դար Հասուցած է զպատմութիւն իւր նախորդ եպիսկոպոսաց Սեբաստիոյ, սկսեալ ի ԺԱ. դարէ եւ ի Սիոն եպիսկոպոսէ։ 

Լմայ վանաց միաբան էր Յակոբ Վարդապետ  Թոփուզեան, որոյ առաջնորդաց գործերն եւ կղզւոյն  հանդիպածն երկուհարիւր տարիներու միջոց (1621–1830) պատմագրեր է։

154. ԱՌԱՔԵԼ Վ. ԿՈՍՏԱՆԴԵԱՆՑ 

Անցեալ (ԺԹ. ) դարու գրիչ է Առաքել Վարդապետ Կոստանդեանց, որ խնամով ժողվեր է իր հայրենեաց՝ Հայ–Աղուանից՝ յիշատակները եւ ընդարձակ գործ մի ձեւացուցեր է, շատ հետաքննելի  կարեւոր տեղեկութեամբք. այլ ուր մնայ ձեռագիրն. չգիտեմ։ Սա իր երկրին եւ Վասպուրականի կողմանց նոր պատմիչները ծանուցանողն եղած է։

155. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՌՈՇՔԵԱՆ 

Ի կէս ութեւտասներորդ դարու, Ստեփանոս Ռոշքեան, կանոնիկոս էր Կամենիցոյ։ Արժանաւոր է կերպով մի դասուելու ի կարգս Պատմչաց, եւ իր Հայ–լատին եւ Լատին–Հայ ընդարձակ բառագրոց համար, որով անմոռանալի անուն եւ յիշատակ թողած է, մանաւանդ իրմէ առաջ եղած  Հայոց Պատմչաց գործերէն քաղած անթիւ վկայութեանցն համար, յորս կան եւ ցարդ անծանօթ Պատմիչք. միանգամայն իր իսկ գրած Լեհահայոց եպիսկոպոսաց եւ այլ գործոց տեղեկութեանցն համար։ 

156. ՄՈՒՐԱՏՃԱ 

Թողլով վերոյգրելոց նման կամ աւելի նուաստ մասնական դիպաց՝ մեր ԺԸ-ԺԹ. դարուց Պատմութիւն գրողները, օտար լեզուով համազգի գրողաց մէջ չկարեմք մոռնալ եւրոպական համբաւ ստացող եւ անոնց ու արեւելեան լեզուաց հմուտ Մուրատճա ազգայինն (ծն. 1740, մեռ. 1807), փռանկերէն գրող եւ կոչուող Le Baron d'Ohsson, դեսպան  Շուետաց ի Կ. Պօլիս, իր արժանապէս գովեալ չորս  հատոր Մողոլաց Պատմութեան համար, (Histoire  des Mongols, depuis Tchinguiz-Khan jusqu'à ! Timour Bey ou Tamerlan; 1852, Amsterdam): Զատ յայլոց` գովուած է եւ միւս գրածն եւ մեծադիր տպագրեալ՝ Tableau de l'Empire Ottoman տիտղոսով։

157. ԹՈՎՄԱՍ ԽՕՋԱՄԱԼԵԱՆ 

կարծեմ թէ այդ Մողոլաց սերունդի յաջորդ Հնդկաստանի ինքնակալաց կամ անոնց վերջին Ժամանակաց գործոց վրայ գրած է Թովմաս Խօջամալեան անուամբ մէկն. բայց տեղեկութիւն, չունիմ գրած էին որպիսութեան վրայ։ Յիշուած է. Ազգասեր Արարատեան, Ա. 62. 125։

158. Հ. ՄԻՔԱՅԷԼ Վ. ՉԱՄՉԵԱՆ 

Բայց արդ թողլով ոչ միայն յիշել՝ այլ եւ փընտռել զյետին ժամանակաց ազգային պատմագիրս, գրեա թէ յանցանք համարիմ՝ յիշելն՝ որով եւ կնքել զշարս Պատմչաց Հայոց, անով՝ զոր կարելի էր ոչ ամենէն վերջին այլ եւ ամենէն առաջին դասել, եւ անուանել գերագոյն եւ իսկագոյն պատմիչ Հայոց, Հ. ՄԻՔԱՅԷԼ Վ. ՉԱՄՉԵԱՆ, ծնեալ ի 1738 Ի Կ. Պօլիս, եւ վախճանեալ անդ ի 29 նոյ 1823 ամի։

Բանասէրք ոմանք, նաեւ բանածախք՝ լուսաւորեալ դարում զուգընթաց չեն համարիր նորա գործն, եւ պակաս շատ ծանօթութիւններէ. այլ այս արդարեւ ժամանակին ժլատութիւնն է եւ ոչ գրողին. եթէ յիշենք որ այդ մեծ եւ ծանր գործն ասկէ հարիւր քսան տարի առաջ հրատարակուած է ի վանս մեր (1784–86). յորում՝ տասնեակք մերին Պատմչաց դեռ չէին եկած ի յայտ, եւ ոչ եւրոպական արեւելագիտութիւնն բարգաւաճեալ։ Իսկ նա երկար տարիներ քննելով եւ քաղելով ինչուան իր ատեն գտնուածները՝ ոչ միայն պատմագիրներ, այլ որ եւ է տեսակ հին եւ նոր ազգային գրուած, եւ օտար պատմիչներ (Լատին՝ եւ ի լատին թարգմանեալ Յոյն պատմիչք), մեծ եւ տաժանելի աշխատանօք, անդուլ քրտամբք եւ երբեմն այլ վայրկենական լքման արտասուօք (որպէս վկայեն իր ձեռասուն մեծարգոյ աշակերտք), այդ թանձր երեք հատորովք այնպիսի գործ մի երեւան հանեց, որ ի ժամանակին ափշեցուց, նախանձեցուց եւ ինչուան հիմայ ողջամիտ օտար եւ ազգային գիտնականները հիացընէ եւ արժէքը բարձրացընէ։ 

Նախնի պատմիչք մեր կամ՝ միայն իրենց ժամանակին եւ մասնաւոր դէպք ինչ պատմէին, կամ  թէ իրենցմէ առաջ (օրինակ իմն Խորենացին, ի սկզբանէ հետէ գրեն ազգին քաղաքական պատմութիւնը, զնոյն կրկնեն յաջորդք իրենց ոճով, եւ  աւելցընելով իրենց օրերուն դէպքերը։ Իսկ սա  Քրիստոսէ առաջ եւ վերջ քսան դարուց Հայոց։ Պատմութիւնը հաւաքեր դասեր է ժամանակագրական կարգաւ, շատ տեղ Հայոց սահմանակից կամ  գործակից ազգաց ըրածն այլ կարեւոր համարելով՝ նշանակած, բաղդատելով ազգայնոց եւ օտարաց ըսածները

Քաղաքականին հետ զուգեր է եւ կրօնական  Պատմութիւնն, որպէս ոչ ոք ըրած էր, ստոյգ եկեղեցական եւ աստուածաբանական քննութեամբք. որոց նորութիւնն եւ ընդարձակութիւնն՝ ոչ միայն զշատս ափշեցուցին, ինչպէս վերն ըսինք, այլ եւ ի նախանձ եւ ատելութիւն շարժեցին, մինչեւ բողոքել ի գերագոյն ատեան կրօնական, ի գահն  Հռովմէական, եւ նա ոչ միայն մանրամասն քննութեամբ արդարացուց, այլ եւ զարմացմամբ վկայեր է ոմն ի քննողաց եւ Սարսափելի Աստուածաբան կոչեր է զՉամչեանն։

Ես արժէ գիտնալ (նաեւ մեր այս համառօտ յիշատակաւ, որ արդարեւ բազմահմուտ էր յաստուածաբանութեան՝ ո՛ր եւ է հարց գրոց եւ կարծեաց. եւ ոչ հասարակ գիտութեամբ, այլ գերագոյն յստակ եւ խոր տեսութեամբ, միանգամայն եւ աստուածաշնորհ լուսով եւ սիրով։ Այս բանիս յայտնի  եւ ինքնախօս վկայք են՝ իր զանազան գրուածքն, որով եւ մտացն սովորականէ վեր պայծառութեան եւ Հարստութեան։

Հասարակաց ծանօթն վերոյիշեալ մեծ Պատմագրութիւնն է. որոյ եւ համառօտութիւնն գրած է մէկ հատոր, Խրախճան անուանելով, եւ զնոյն թարգմանելով թուրքարէն՝ Կիւլզարի կոչմամբ։ Այլ եւ ասոնցմէ աւելի կրնան ապացոյց ըլլալ Չամչեանի խորին գիտութեան եւ տաղանդին՝ իր աստուածաբանական գրուածքն, որոց մէկն այլ է հռչակաւոր Յակոբ Նալեանի յաջուձախ կրօնական գրուածոց հերքումնը, նոյնպէս եւ քանի մի նմաններու: Դարձեալ տասն հաստ հատոր Սաղմոսաց Մեկնութիւնն, անբաւ հարստութեամբ, ոչ միայն հին Ս. Հարց աւանդութեանց, այլ եւ Հրէից, որոց լեզուին այլ հմուտ էր, իսկ լատին լեզուի եւս քաջ տեղեակ։ Թերեւս ասոնցմէ վեր դնելու է, եթէ ոչ ըստ հմտութեան, այլ ըստ աստուածախոհութեան՝ իր հոգեւոր գրեանքն, Նուագարան Օրհնութեանց, Սեղան խնկոց, Պատկեր տօնից, եւ Հրահանգ եօթնեկի աղօթք. ասոնք, եւ այլ անտիպ մնացեալ գրութիւնք։ Իսկ բերնով՝ շատ տարի եւ շատ հոգեւոր շահով քարոզած է Ունգարիա, ի Պասրա՝ սաստիկ մարդածախ ժանտամահի ատեն, եւ աւելի երկար՝ իբր երեսուն տարի՝ ի Կոստանդնուպօլիս, ուր եւ կնքեր է իր բազմարդիւն կեանքը ութսունեւվեց տարուան, ուր եւ իբր քսան տարի առաջ վախճաներ էր իր անդրանիկ կրօնակից եղբայրն եւս, Հ. Յակովբոս Վ. (1805) ութսունեւերկու տարուան։

Այս ամէն գրուածոց մէջ այլ՝ եթէ աւելի կամ պակաս լեզուի պարզութիւն մի բանեցուցեր է, բազմաց հասկանալի ըլլալու համար (մինչեւ առանձնական գրուածոց մէջ ռամկականն եւ այլազգականն այլ խառնելով), սակայն Հայկաբանութեան հմտութեանն այլ յատուկ վկայ եւ հաւաստիք թողած է Քերականութիւնն, կատարեալ քան իրմէ  առջիններուն եւ գրգիռ աւելի կատարելագործելոց:

Թէ եւ մեր նպատակն իր Պատմագրութեանն  վրայ էր, սակայն այս տարբեր յիշատակք այլ կարեւոր են իր հանճարոյ եւ ոգւոյ հարստութիւնն եւ լայնութիւնն յայտնելու, որ ուրիշ եւ մասամբ  նիւթական կերպով յայտնուած է եւ յառաջ քան զայլս. վասն զի ի պատանեկութեանն՝ Օսմանեան արքունի սպասաւորութեամբ ճարտար ոսկերիչ եղած է, եւ ինչուան հիմայ պահեմք եւ դնեմք ի հանդիսի իր շինած արծաթեայ գեղեցիկ անօթներ նշխարաց Սրբոց. եւս եւ վայելուչ զարդագրեր եւ նկարաձեւեր, յորոց ոմանք փորագրեալ եւ տպագրեալ եւս են։ Այդ արուեստով անտարակոյս էր որ համբաւաւոր վարպետ մի պիտի ըլլար. բայց ինքն՝ երբ ի չափաւոր հասակին աշխարհական կարգի հրաւէրք եղած է իրեն, քսանեւերեք տարուան եռանդեամբ թողլով զաշխարհ՝ իր մեծ եղբօր ճամբուն հետեւեր եւ եկեր է 1763) ի Ս. Ղազար վանս Մխիթարայ. ուր զատ յայլոց գործոց՝ մեծագոյն եւ իսկական յիշատակներ այլ թողած է, հոգեսուն եւ հոգեկիր աշակերտներ, յորոց բաւական ըլլայ յիշել զԱւգերեան Հ. Մկրտիչ Վ., զՓափազեան Իգնատիոս արքեպիսկոպոսն, եւ զՄաղաքեան Հ. Մատթեոս Վ. ։

Այս ամենն բաւական կարծեմ բանաւորաց՝ ի դասս Պատմչաց Հայոց ո՛ւր պատշաճ համարին կարգելու, այլ անշուշտ բոլոր Հայ հանճարեղաց վերագոյն դասակարգին՝ զՀ. ՄԻՔԱՅԷԼ Վ. ՉԱՄՉԵԱՆ։ 



[1]       Յանուն Հին կապան գաւառի Սիւնեաց: