ՄԵՌԱԾ
ԵՂԲՕՐՍ,
ՎԱՀԱԳՆԻՆ
Եթէ
վշտացած
ես
ինծի
դեմ,
քա՛ղցր
հոգի,
որ
անփոյթ
գտնուեցայ,
մահէդ
վերջ,
քու
սիրելի
տողակոյտիդ
հանդէպ,
ու
օ՛ր
մը
չդադարեցի
զայն
քու
սիրած
ծաղիկներովդ՝
ներէ՛
ինծի։
Ու
հիմա,
եղբա՜յր
իմ,
մեռելի
քու
անսահման
բարութիւնովդ
ընդունէ՛
հոգիիս
այս
տժգոյն
ծաղիկները՝
զորս
քեզի
կ՚երկարեմ,
յուզումէն
ու
կարօտէն
դողացող
ձեռքով
մը։
Դուն
պիտի
սիրես
զանոնք,
գիտեմ։
Միայն
թէ,
արցունքի
շիթերը
որ
կը
դողան
անոնցմէ
ամէն
մէկուն
վրայ,
պիտի
տրտմեցնե՞ն
արդեօք
քեզ,
քու
ցուրտ
հոգիդ
տակ…