ԵԹԷ
ԳԱՐ…
Ի՜նչ
հեշտագին
մշուշ
է
այս
նորէն
շուրջս.
Աչքերուս
մէջ,
գիշերին
հետ,
կարծես
աստղեր
կը
դողան.
Ու
կարծես
թէ,
հոգիէս
դուրս,
Մանիշակի
թախծոտ
բոյր
մը
կը
տարածուի
գիշերին…
Այնպէ՜ս
բարի
եմ
այս
գիշեր.
Այնպէ՜ս
ներող,
զղջացող.
Այնպէ
՜ս
պատրաստ
հեծեծանքի…
Հոգիիս
մէջ.
Հպարտութեան
ապառաժէն
ա՛փ
մը
փոշի
իսկ
չկայ.
Ու
հին
կարօ՜տն
է
որ
ահա,
Երազակոծ
աչքերուս
մէջ,
Օրհասական
հիւանդներու
քաղցրութիւնով,
Յամր-յամր
կը
ծաւալի…
Իրաւ,
այնպէ՜ս
ես
հիւանդ
ես
այս
գիշեր.
Հիւանդութիւն
մը
որ
մահուան
փոսին
տեղ՝
Յաւերժութեան
ապարանքին
կը
տանի…
Իրաւ,
իրաւ,
այս
հոգիովս
երթամ
պառկիլ
աստղերուն
տակ.
Ահ,
եթէ
գա՜ր
այս
գիշեր…։