ՀԵՌԱՒՈՐ
ՍԷՐ
Ուժգին
հով
կայ
դուրսը
նորէն.
Նորէն
գիշե՛րն
է
յուշերուն…
Միտքըս
կ՚երթայ
հեռուն,
հեռուն,
Աւերակուած
ճամբաներէն։
Նորէն
գիշե՛րն
է
յուշերուն…
Աչքերըս
գոց
ամբողջովին,
Հոգիս
յանձնած
այս
մութ
հովին՝
Ահա
հասայ
արդէն
հեռուն։
Աչքերըս
գոց
ամբողջովին
Կը
նշմարեն
մե՛ծ
լուսնկան
Մշուշապատ
այն
գիշերուան՝
Ուր
ես
լացի,
ափը
ծովին,
Աչքերըս
գոց
ամբողջովին…։