ԳԻՇԵՐ
Գիտե՞ս
թէ
ո՛րքան
երկար
Սպասեց
ան,
ու
չեկար.
Տես,
ալ
վա՛րդ
մը
չմնաց.
Եւ
այդ
տղան
խենթ,
հարբած,
Ալ
մեռած
է
անկասկած՝
Սա
ծառին
տակ
ուր,
երկա՛ր,
Լուսինն
հիւանդ
երբ
ըլլար,
Ամէն
գիշեր
կը
կենար,
Գլուխը
կախ,
աչքը
թաց…
Ահ,
մեռա՜ծ
է
անկասկած։
Ալ
գիշեր
է
մութ,
երկար,
Տժգոյն
աղջիկ,
ո՛ւշ
եկար…